ԺԹ.
ՈՍԿԵՐԻՉ
ԵՒ
ԻՒՐ
ԿԻՆ
Ոսկերիչ
մը
եւ
իւր
կինը
կը
բնակէին
երջանկութեամբ
եւ
սիրով,
այնպէս,
որ
տիպար
ու
օրինակ
դարձեր
էին
ամուսնական
սիրելութեան։
Ասոնք
սովորութիւն
ունէին,
որ
գիշերները
իրենց
ճրագը
մինչեւ
լոյս
չէին
մարեր։
Օր
մի
թագաւորն
ու
թագուհին
խօսք
բացին,
թէ
շնորհք
որո՞ւն
է։
Թագաւորը
կ’ըսէր,
թէ
ոսկերչի
շնորհքն
է,
թագուհին
կը
պնդէր,
թէ՝
չէ,
կնկան
շնորհքն
է,
որ
այդքան
սէր
ունին։
Փորձ
մը
ուզեցին
ընել։
Թագուհին
ղրկեց
աղջիկ
ծառայ
մը
ոսկերչին,
թէ
թող
իր
կինն
մահացընէ,
որովհետեւ
աչքը
ձգեր
է,
սիրեր
է
զինքն.
պալատը
պիտի
թողու
եւ
անոր
կին
պիտի
լինի։
Ոսկերիչ
կը
պատասխանէ.
«Ես
իմ
կինը
չեմ
փոխեր
թագաւորութեան
հետ,
Աստուծոյ
տուածէն
գոհ
եմ,
հազար
թագուհիի
հետ
իմ
կինս
չեմ
փոխեր»։
Կուգայ
ծառայն,
կը
պատմէ
պատասխանը։
Միւս
օրը
թագաւորի
կողմէն
մարդ
կ’երթայ
ոսկերիչի
կնկան,
թէ.
«Թագաւոր
քեզ
հաւներ
է,
կ’ուզէ,
որ
իրեն
կին
առնէ,
եթէ
սպաննէ
իւր
էրիկը»։
Կինը
քանի
մը
անգամ
կը
հարցնէ
թէ.
«Ղո՞րդ,
ղո՞րդ»։
«Ղո՛րդ,
-
կ’ըսէ
ծառայն»։
«Ուրեմն
ես
այս
գիշեր
կ’սպաննեմ
էրիկս,
-
կ’ըսէ
կինը,
-
եւ
այս
ձեզ
նշան,
երբ
մեր
տան
ճրագ
տեսնաք
մարեր
է,
ես
պիտի
սկսիմ
սպանութիւնը»։
Ծառայն
կը
դառնայ
եւ
կը
պատմէ
թագաւորին։
Թագաւոր
կը
պատուիրէ,
որ
նային
ճրագին,
եթէ
ստոյգ
մարէ,
վազեն
օգնութեան։
Ոսկերիչ
իրիկուն
կուգայ,
կ’ուտեն,
կը
խմեն,
կը
խօսին,
կը
խնդան,
ապա
գլուխը
կը
դնէ
կնկան
ծնկան
վրայ,
կը
քնանայ։
Կնիկ
կապը
կը
ձգէ
էրկան
պօկը,
ճրագ
կը
փչէ,
կապը
կ’ոլորէ։
Մինչեւ
թագաւորի
մարդիկ
կը
հասնին,
խեղճ
ոսկերիչը
խեղդուեր
էր։
Թագաւոր
գիշերանց
կը
կանչէ
իր
վազիրը,
հրաման
կ’ընէ,
թէ.
«Առաւօտուն
ես
կ’երթամ
պտոտելու։
Իրիկուան
դառնալուս
պիտի
մէկ
հոգի
չմնայ
կնիկ
ազգէն
ողջ.
մեծ
ու
պզտիկ
թրէ
անցունես»։
Վազիր
կ’երթայ,
իր
ծերունի
հօր
կը
յայտնէ
այս
սարսափելի
հրամանը,
եւ
ծերունին
կ’արգիլէ.
«Մի՛
գործադրեր,
-
կ’ըսէ,
-
ես
խօսք
կը
հասկցնեմ
թագաւորին,
դու
մէկ-երկու
օր
հեռացիր,
պահէ
քո
երեսը»։
Իրիկունը
կը
դառնայ
թագաւորը
եւ
կը
տեսնայ,
որ
կնիկներ
կ’ելնեն,
կը
մտնեն,
բանի
գործի
հետ
են։
Կատաղութիւն
կը
բռնէ
թագաւորին,
վազիրը
կը
կանչէ,
բայց
վազիրին
հայրը
աչքին
առջեւ
կը
տեսնայ։
«Ո՞ւր
է
տղադ,
-
կ’ըսէ,
-
առաջ
անոր
գլուխ,
յետոյ
կնիկներուն
կտրել
տամ
պիտի,
հա
հա՛
հիմա»։
Ծերունին
թագաւորի
ծունկուըներուն
կը
պլլուի,
կ’աղերսէ,
թէ
խօսք
մ’ունի
ըսելիք,
լսէ,
ապա
գործադրէ։
Պալատը
կը
հասնի,
կ’իջնայ,
հրաման
կ’ընէ,
որ
պատմէ։
Մէկ
կողմէն
ալ
զօրքերուն
հրաման
կուտայ,
որ
պատրաստ
կենան
կնիկները
կոտորելու։
Ծերունին
կը
պատմէ.
«Ո՛վ
թագաւոր,
քո
հօր
փառաւոր
թագաւորութեան
օրերը,
ես
անոր
վազիրն
էի։
Որսի
ելեր
էինք,
եւ
ես
հեռացայ
դէպի
գիւղ
մը.
որսս
մոլորեցուցած
էր
զիս։
Յանկարծ
ձիաւոր
մը
քովէս
կ’անցնէր։
Զէնքս
անոր
դարձուցի,
անձայն
ետեւ
դարձաւ
եւ,
զիս
իմ
ձիու
վրայէն
մէկ
ձեռքով
վերցնելով,
կապեց
ու
կախեց
իր
ձիու
թամբէն
յառաջուստ,
ձիս
ալ
իր
ձիու
ետեւէն։
Հասանք
գերեզմանատուն
մը։
Երկու
նոր
փոսեր
փորուած
էին։
Աղէկ
մը
դիտեց
եւ
գեղին
գլուխը
մեծ
ապարանքի
մը
պարսպի
տակէ
իջաւ։
Ես
կապուած
էի
արդէն,
ձիերն
ալ
ծառի
մը
կապեց,
ելաւ
պարիսպն
’ի
վեր
եւ
ահա
պարսպի
վրայէն
դեռ
նոր
գլուխը
կտրած
մարդու
մը
դիակը
վար
գլորեց
ու
քաշելով
տարաւ
գերեզմանոց։
Ես
կը
սարսափէի,
թէ
մէկ
փոսն
այս
սպանելոյն,
միւսն
ալ
ինձ
համար
էր։
Բայց
նա
իմ
կապս
քակեց,
մէկտեղ
հողեցինք
դիակը։
Դարձաւ,
ինձ
ասաց.
«Մտիկ
ըրէ,
եւ
ինչ
որ
կը
լսես
ինձմէ,
գնա
թագաւորին
ու
մարդոց
պատմէ։
Ես
կնիկ
եմ,
իմ
էրիկս
շատ
կը
սիրէի։
Այս
չար
իշխանը
աչք
ձգեր
էր
յիս
եւ
էրիկս
սպաներ
էր՝
կարծելով,
թէ
ես
պիտի
սիրեմ
զինքն։
Բայց
ես
իմ
էրկանս
սիրոյն
ուխտ
ըրի,
որ
այդ
չար
մարդն
սպանեմ,
անոր
գլուխը
էրկանս
ոտներու
տակ
թաղեմ,
վերջն
ալ
զիս
սպաննեմ
եւ
էրկանս
քով
թաղուիմ։
Քո
Աստուած
կը
սիրես,
զիս
թաղէ
ու
ըսածներս
պատմէ»։
Ըսաւ,
զինքն
ալ
սպաննեց,
եւ
ես
կատարեցի
իւր
փափագը։
Ահա
հաւատարիմ
եւ
կտրիճ
կնիկ
մը։
Եթէ
ոսկերչի
մը
կնիկը
պատճառ
տուաւ
ձեզ
բոլոր
կիները
ջնջելու,
թող
այս
կինն
ալ
պատճառ
լինի
կանանց
ցեղը
փրկելու։
Ինչու
բարի
կիները
կորչին
մէկին
չարութեան
համար»։
Թագաւոր
համոզուեցաւ
եւ
հրաման
տուաւ,
որ
մինակ
ոսկերչի
կինը
չարաչար
մահուամբ
սպանեն,
ու
միւսները
ապրեցան։