ՓՈՔՐԻԿ
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾ
Եկաւ
գարուն,
եկան
հաւքեր,
Տաքցաւ
արեւ,
գըլգլան
ջըրեր։
Եկաւ
վարուցանելու
հըեամ։
Կըռունկ
ամոլ
լծեցի,
Ղազեր
հօրիկ
լըծեցի,
Ճընճուղ
հօտաղ
վարձեցի,
Կաքաւ
հացւոր
բըռնեցի,
Արտիկս
վարեցի՛,
ցանեցի՛,
Ցանեցի՛
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
ջըրելու
հըեամ,
Աչքերս
աղբիւր
էրեցի,
Արտըսուքներս
քամեցի,
Թեւերս
թիակ
էրեցի,
Ջըրեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
քաղելու
հըեամ,
Ձեռքերս
մանգզոն
էրեցի,
Քաղեցի
ու
թըմմեցի..
։
Եկաւ
փոծխելու
հըեամ,
Մատներսը
փոծխ
էրեցի,
Փոծխեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
կապելու
հըեամ,
Մազերս
կեմ
ոլրեցի,
Մէկ
ձեռքս
բունսքի
էրեցի,
Խոռմեցի՜
ու
կապեցի։
Բարդեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
կրելու
հըեամ,
Պառեկս
բալխիր
էրեցի,
Կըրեցի
ու
կա՜լ
լըցի,
Փըռեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
ծեծելու
հըեամ.
Լագլագ
կորի
լըծեցի,
Կիվիւ
վըրէն
նըստուցի,
Հէլէ՛ւ
հէլէ՛ւ
կանչեցի,
Ծեծեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
թեղելու
հըեամ,
Մատերս
հոսելի
արի,
Թեղեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
հէրնելու
հըեամ,
Բերնովս
քամի
փըչեցի,
Հէրնեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
թաճելու
հըեամ.
Գացի
թաճող
բերեցի,
Շեղջս
թաճեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
չափելու
հըեամ,
Գացի
շահնէն
կանչեցի,
Ականջս
շընիկ
էրեցի,
Չափեցի՜
ու
թըմմեցի…։
Եկաւ
վերցնելու
հըեամ,
Բուճերս
չուալ
արեցի,
Երկու
բուճ
կէս-կէս
լըցի,
Հօտաղ,
մըշակ
հաւքերուս
Հախիկը
թամամ
բաժնեցի,
Մնացածը
վերցի,
Բնաղուն
աղցի…