Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ի. ԽԵԼՔՆ ՈՒ ԲԱՂԴԸ
       Խելքն ու բաղդը խօսքով կռիւի բռնուեր էին։ Բաղդը կ’ըսէր՝ մարդիկ ինձմով մարդ են, խելքը կ’ըսէր՝ ինձմով։ Թէպէտ դատաւորի չգնացին, բայց իրենց մէջ պայման դրին, որ մէկը մէկալի ըրածին չխառնուի։ Իրենց այս պայմանը տեսնուեցաւ գիւղացիի մը վրայ։
       Գիւղացին, ըստ իւր սովորութեան, առաւ արօրն ու գնաց արտը վարելու։ Հարօրն ասըռաւ ակօսի մէջ։ Մարդը տեսաւ, որ հօ՛ գուգում մի կայ հողի մէջ, վերուց որ՝ մէջը իլին ոսկի։ «Է՛, ինչ անեմ , ինչ չանեմ»։ Մէյ մը կը մտածէ, որ. «շատ մեծ բաներ կրնամ ընել, շատ մեծ մարդ կրնամ լինիլ », մէյ մ’ալ կը մտածէ, որ. «հապա թէ որ գողերն իմանան, գան գողնալու, ես դիմանամ, զիս սպաննեն…»։ Այս շուարման մէջ կը տեսնայ, որ իրենց երկրի դատաւորը ճանապարհէն կ’անցնի։ Կ’որոշէ, թէ. «ոսկիներ տամ դատաւորին եւ ես հանգիստ իմ գործիս նայիմ»։ Կը վազէ կանչէ դատաւորը ու կը բերէ իր արտին մէջ։
       Մարդուն խելքը գլուխը կուգայ, ոսկին կը ծածկէ ու կ’ըսէ. «Աղա, դու դատաւոր մարդ ես, գիտուն ես, ինձ ասա՝ իմ այս երկու եզներէն ո՞ր մէկն է աղէկ»։ Դատաւորը նեղսրտելով կը թողու, կ’երթայ։ Խելքն ալ կը հեռանայ, ու մարդը նորէն կը շուարի , թէ «ինչո՞ւ ոսկիք չտուի, ի՞նչ պիտի ընեմ, ո՞ւր պիտի պահեմ»։ Մինչեւ իրիկուան անգործ կը մնայ ու այս բանի վրայ կը մտածէ, կը տեսնայ, որ դատաւոր գեղէն դարձաւ, կ’երթայ։ Կը վազէ առջեւ, կ’աղաչէ, որ մէկ անգամ ալ գայ իր արտը, իր լուծքի խեչ ու երթայ։ Դատաւոր կը զգայ, որ բան մը կայ այստեղ, կուգայ։ Մարդուն խելքը գլուխ կուգայ եւ դատաւորին կ’ըսէ. «Կ’աղաչեմ, չ’առնուիս. այս իմ արտին նայէ, երէկուան վարա՞ծս շատ է, թէ այսօրուան, դու գիտուն մարդ ես»։ Դատաւոր ծռու տեղ կը դնէ մարդը ու ծիծղալով կը հեռանայ։ Խելքն ալ կը հեռանայ արտի մէկ կողմն, կը նստի։ Մարդն իր գլուխը կը ծեծէ ու կ’ըսէ. «Ջանըմ , ինչո՞ւ չ’տուի. հա՜, հա. ես ո՞ւր պահեմ ու ի՞նչպէս պահեմ»։ Կը բերէ գուգում ոսկին, կը դնէ հացի մէզարի մէջ, կը շալկէ, կուգայ տունը, կը կանչէ. «Կնի՛կ, կնի՛կ, զեզներ կապէ, խոտ տուր, հարօրն առ ներս, ես երթամ դատաւորին, գամ»։ Կնիկ կը նայէ, որ մէզար էրկան շալակն է, ու մէջը բան մը կայ, ու չ’դներ վար։ Կը մտածէ, որ նոր բան մը պիտի եղնի։ Ի՞նչ ընէ, որ իմանայ։ Կը պատասխանէ էրկան, թէ. «Եզներ կապել իմ ի՛նչ գործն է, ես ոչխարն ու կովեր ներս կ’առնեմ, կը կթեմ, դու քո եզներ կապէ, ուր կ’երթաս, գնա»։ Մարդը մէզար կը դնէ դուռը, եզներ ներս կ’ընէ եւ մինչեւ կը կապէ, կ’ելնէ, կնիկ մէզար բացեր, գուգումով ոսկիներն առեր ու անոր չափ քար մը պլոլեր մէզարը, դրեր իր տեղը։ Մարդը շուտմաշուտ կ’առնէ մէզար, կ’երթայ, կը դնէ դատաւորի առջեւ։ «Առ աս, քեզ ընծայ եմ բերեր» , - կ’ըսէ։ Կը բանան, որ քար մ’է, մարդն ալ կը զարմանայ, ու դատաւոր կը նեղսրտի, բայց կը մտածէ, թէ. «Այս մարդուն մօտ խօսք մը բան մի պիտի լինի»։
       Կը դնէ բռնատուն ու երկու մարդ կը դնէ դուռը, որ նային, թէ ի՞նչ կ’ընէ ու ի՞նչ կ’ըսէ, իրեն իմաց տան։ Մարդն ինքն իրեն մտքով կ’ըսէ ու ձեռքերով կ’ընէ. «Գուգումն այսքան էր, բերանը այսքան, փորն այսքան, տակն այսքան ու մէջի ոսկին այսքան»։ Նայողներ կը պատմեն դատաւորին, թէ՝ երկու ձեռքով բան մը կը չափէ ու խօսք չըներ։ «Կանչեցէք », - կ’ըսէ դատաւոր։ Մարդ կը բերեն, եւ կը հարցու, թէ. «Ի՞նչ բան էր ձեռներովդ կը չափէիր»։ Մարդու խելքը կուգայ գլուխը եւ պատասխան կուտայ, թէ. «Ես կը չափէի քո գլուխն այսքան է, քո վիզն այսքան, քո փորն այսքան, քո մօրուսն այսքան ու կ’ըսէի, թէ՝ դու ես մե՞ծ, թէ մեր մօրուքով էծը»։ Սաստիկ կը բարկանայ դատաւոր ու հրաման կ’ընէ, որ տանին կախեն այս մարդը։ Կը տանին, որ ճօպանը ճիտը պիտի ձգեն, կ’ըսէ. «Զիս մի՛ խեղդէք, ես կ’երթամ րաստին կը խօսիմ»։ Դատաւոր հրաման կ’ընէ, որ ճիշտն ըսէ, թէ ի՞նչ էր կը չափէր բռնատան մէջը։ Մարդը կ’ըսէ. «Ես զէս ու զէն չեմ գիտեր, աւտըցէք, թէ որ ճօպան իմ ճըտէն չհանէիք, ես պիտի խեղդուէի, ահա ձեզի ճշմարիտն»։
       Ասոր վրայ կը ծիծաղի դատաւորն ու կ’ազատէ մարդը։ Կուգայ տունը, իր բաղդն ու խելքը մեղայ կուտան իրարու, կը միաբանին ու կ’ըսեն. «Բաղդը Խելքով, Խելքն ալ Բաղդով կրնան մարդը մարդ ընել»։