ՔԱՆԻ
ՄԸ
ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վանէն
կ’սկսիմ
վերստին։
Վան,
որոյ
ներքեւն
ու
վրան
իրաւամբ
ուշադրութիւն
գրաւած
է
հնագիտաց
եւ
հայագիտաց
եւ
որ
իւր
հողակոյտերու
տակ
եւ
քարերու
վրայ,
բլուրներու
եւ
գիւղերու
մէջը
պահած
ունի
անթիւ
նիւթեր
հետաքրքրական
գաւառի
մը
կամ
գեղի
մը
անունը
միայն,
շէն
մը
կամ
աւեր
մը
իւր
կոչմամբ
կը
գերէ
եւ
կը
գրաւէ
քննողի
մը
ուշ։
Թող
իւր
ծովային,
ծովափնեայ,
ջրաշատ,
վայելչագեղ
դիրքեր,
որ
Արայի
օրէն
մինչեւ
մեր
օրերը
հրապուրիչ
եղած
են
եւ
կը
մնան
ազգաց
աչքին։
Վանայ
ամենամեծ
դժբաղդութեանց
մին՝
այն
ահեղ
սովը,
բաղդ
ընծայեց
ինձ
ասկէ
իբր
երեք
տարի
յառաջ
Վանը
երթալու։
Ս.
Պատրիարքի
հրամանը
կը
մղէր
զիս
եւ
ս.
Հայրիկի
կոչումն
կը
քաշէր
զիս,
իսկ
իմ
հոգեկան
զգացմունքս
հողմոց
թեւերու
վրայ
կը
թռուցանէր
տանիլ
Վանը,
տեսնել
Վանը,
հասնիլ
վտանգին
եւ
ճկոյթի
մը
ուժոյ
չափով
գոնէ
օգնել
այնքան
մեծամեծ
ու
դիւցազնական
զօրութեանց
ու
զոհողութեանց,
որ
կանխեր
էին
մարդասիրաբար
փրկելու
Վանայ
բնիկները
անողոքելի
թշնամիէն,
այսինքն՝
սովու
կոտորածէն
ու
կորստենէն։
Ելայ
Ակնէն՝
հետս
տանելով
այդ
փոքր
հօտին,
այլ՝
մեծ
հոգի
կրող
ազգայնոց
սրտի
ցաւերն
ու
սրտագին
նուէրներն
’ի
նպաստ
իրենց
նմանեաց,
իրենց
մօր
զաւակաց։
Անցայ
Կամախէն,
Երզնկայէն,
անցայ
Դերջանէն,
Կարինէն,
մտայ
Մշոյ
Սուրբ
Կարապետը
եւ
Տարօնոյ
դաշտէն
գիշերուան
լուսնակով
իջայ
Դատվանը,
որ
նստած
է
Վանայ
ծովու
բերանը։
Ո՜վ
ծով
մայրենի,
ծո՛վ,
վճիտ
հայելի,
որ
օգոստոսի
պայծառ
եւ
անարատ
երկնքին
պատկերը
’ի
քեզ
կը
ցուցնես,
կը
ցոլացնես
վսեմ
եւ
հիանալի։
Ես
շուարեցայ,
շշկռուեցայ
ու
չեմ
կրնար
որոշել,
թէ
ո՞րն
է
երկինքը
եւ
ո՞ր
ծով։
Երկուքն
ալ
կապուտագեղ,
երկոցունց
մէջն
եւս
կը
շողշողին
աստուածատիպն
անուշակ
Լուսնակն
եւ
աստուածազարմ
օրիորդք,
կուսանք,
աստեղք
բիւրեղազանգ…։
Ծո՜վ,
դարերով
եւ
յաւերժական
յիշատակներով
’ի
լին։
Ծո՜վ,
բերկրեալ
մօր
մը
խնդալից
աչաց
նմանակ։
Ծո՜վ,
սիրոյ
եւ
երկիւղի,
յուսոյ
եւ
վշտաց
մէջ
ծփացող
կուսի
մը
սրտին
օրինակ…։
Ծո՜վ,
որ
այդքան
գեղեցիկ
եւ
տխուր
ես,
արծաթավարս
գլխովդ,
դալկացեալ
դէմքովդ…
կը
լսեմ
ես
քո
հառաջ
եւ
հեծեծանքդ…։
………………………………………………………………………………………
………………………………………………………………………………………
Ծովափնեայ
լեռներ
ու
բլուրներ,
հեռատունկ
ծառեր
եւ
անտառն
ու
մացառն,
Թուխայ
պրակն
եւ
անոր
գերեզմանատան
բարձրականգուն
մահարձանք՝
զիրենք
շրջապատող
նոճիներով,
կաղնիներով,
ընկուզենիներով,
Խնծորիկի
խնձորենիք,
Սորբայ
սուրբ
ուռենիք
եւ
թեղիք
եւ
այդ
լեռան
ծնօտին
վրայ
կառուցեալ
գմբէթաւոր
Սորբայ
սիրունիկ
Սուրբ
Կարապետը
ինկեր
են
ծովուն
մէջը,
կը
շողան,
կը
լողան՝
երկնից
անտխուր
եւ
անստուեր
լուսաւորաց
հետ
խառնելով
իրենց
սեւ
ստուերն,
իրենց
թուխ
տերեւն։
Եւ
վանքին
գլխիվայր
կախուած
սրբազան
շուքն
կորզել
կ’ուզէ
բարձանց
կամարին
ուրախութիւնն
եւ
փառքը,
հողին
յատակը,
որ
տեսնան
դառնութիւն
այդ
քաղցեալ
բնակչաց,
վշտակրին
երկրին,
եւ
կամ
բառնան
սովու
եւ
հարուածոց
չարիքը
այդ
աշխարհէն։
Աշխարհը
մը,
որ
նոյնքան
իրաւունք
ունի
հանգիստ
ապրելու
Արարչին
արարածոց
կարգին,
որքան
երկրագնտիս
միւս
մասերը,
եւ
որքան
Արուսեակն
ու
Երեւակն
’ի
յերկինս։
Ծո՜վ,
ինչե՞ր
կը
խօսիս,
ինչե՞ր
կը
ցուցնես,
ի՞նչ
խնդիրներ
կը
հանես
’ի
տես։
Լռէ՜։
Միթէ
կաւը
բրուտին
դէմ
կը
դառնա՞յ։
Դատվա՛ն,
պատառ
մը
հաց
տուր
քո
հիւրին
եւ
ժամ
մը
հանգիստ՝
խոնջայ
ուղեւորին։
Կը
զարմանան
Դատվանցիք,
կը
հարցնեն,
թէ
ի՞նչպէս
եկանք
այս
մթան
գիշերով.
ճամբան
արիւն
կը
հոտի,
եւ
ամէն
կողմը
վտանգներով
լի
է։
Մէլի՛ք,
երբ
մարդ
մը
սէր
ունենայ,
քիչ
մ’ալ
առողջ
մարմին,
խանդավառ
թեւերով
կը
թռի,
կը
կոխէ
վտանգները,
կ’անցնի
երկիւղներէ.
անոր
աչքերուն
մէջը
աննիւթ
լոյս
մը
ճրագի
տեղ
կը
լուսաւորէ։
Արդարեւ,
երկար
եւ
վտանգաւոր
ուղի
մը
անցած
էինք
նոյն
օրը։
Հոս
կերանք
սովու
հաց,
կորեկի
չորը,
թաց
մածունի
հետ։
***
Արշալուսէն
առաջ
ելանք՝
թողլով
Դատվան
եւ
իւր
բերդն
ու
ծովածոցը
մեծ
աղմուկի
մէջ,
զի
կալերու
ժամանակ
էր,
եւ
այս
տարի
Աստուած
բաւական
բարիք
պարգեւած
էր
դատող
մշակին։
Հոն
լեցուեր
էին
մրջիւնի
կարաւանի
պէս
Վանայ
գաւառաց
սովեալները՝
Աղբակէն,
Նօրտուզէն,
Խօշապէն,
Շատախէն,
Հայոց
ձորէն,
Գաւաշէն,
Մոգսէն,
Հիզանէն
եւ
այլն։
Արք,
կանայք,
ծերք,
մանկտիք,
հարսունք,
աղջկունք,
հայ
եւ
քիւրտ,
եւ
այս
կարաւանի
ողորմելի
տեսարանը,
գրեթէ
մինչեւ
’ի
Վան,
զօր
եւ
գիշեր
կը
տեսնենք,
նուաղեալ,
գունաթափ,
հիւանդ…
որք
կը
դիմէին՝
Դատվանայ
վրայէն
անցնելով
դէպի
Հացեաց
գաւառն՝
Պուլանըխներ։
Նոյն
տեսարանն
էր
ծովու
միւս
կողմն,
ուստի
կ’երթային
Արճիշոյ
կողմանէ
’ի
Մանազկերտ
եւ
’ի
Պուլանըխ,
եւ
քանիմըպատիկ
առաւել
լի
էին
Վանայ
մէջ…։
Նաւերը
կողէ
կող
կը
ծըփծըփային
Դատվանայ
առջեւ,
որք
թէ՛
մարդ
կը
հանէին
եւ
թէ՛
ցորեն
պիտի
բառնային,
եթէ
գտնէին…
թող
լինէր
գարի,
թող
լինէր
կորեկ,
եթէ
գտնէին…
Մեր
ետեւը
բարձրագլուխ
եւ
անտարբեր
կեցած
էին
Գրգուռ
ու
Նէմրութ
լեռները՝
երես
դէպ
յարեւելս,
կազմ,
անթարթ,
թագաւորի
մը
թիկնապահներու
նման,
աչերնին
յառած
Վարագայ
լեռան։
Եւ
ահա
հովն
հանդարտօրէն
շարժեցաւ,
ոսկեղէն
շողեր
տեսնուեցան
ալեաց
շղարշատես
ծալքերէն՝
առագաստի
հարսի
մը
պէս
’ի
հանդերձս
ոսկեհուռս
զարդարեալ
եւ
պաճուճեալ։
Երեւեցան
օգոստոսի
օգոստափառ
արեգական
ճառագայթները,
հրեղէն
վրանը,
դեղին
լուսով
ներկեալ,
արկաւ
Վարագէն
մինչեւ
Մոկաց
լեռները,
որոյ
ներքեւ
կը
մնային
Վանը,
Հայոց
ձորը,
Ռշտունիք
եւ
երեւոյթն
ամբողջ
ծովուն՝
իբրեւ
յատակ
փռուած
վրանին,
կապոյտով
եւ
դեղինով,
ոսկեթել
գործած։
Կակո՜ւղ
գորգ,
որուն
վրայ
դրաւ
լոյսն
իր
ոտները։
Բարձրացա՜ւ
արեգակն։
Անշուշտ,
այսպիսի
չքնաղ
արեւածագման
տեսարանի
մը
հանդիսահայեաց,
երգած
է
հոգենուագ
հագներգուն.
«Յարեւու
եհար
զխորան
իւր
եւ
ինքն
որպէս
փեսայ,
զի
ելանէ
յառագաստէ
իւրմէ
եւ
ցնծայ
նա
որպէս
հսկայ,
յընթանալ
զճանապարհս
իւր»։
Արդարեւ,
քանի՜
սքանչելի
ես,
ո՜վ
արեգակն։
Քո
լուսով
կը
զարթնուն
եւ
կը
զուարթանան
բոյսն
ու
կանաչը,
հաւքն
ու
գազան,
ջուրն
ու
ցամաքը։
Քեզմով
կը
սթափին,
քեզմով
կը
փայլին,
կը
կենդանանան,
քեզմով
կ’աճին,
քեզմով
կը
գունագեղին,
կը
հոտաւէտին,
կը
գեղգեղեն,
կը
շարժին
կ’ընթանան,
կը
թռին,
կը
ծիծաղին,
կը
հասուննան,
կը
կատարելանան
ամենայն
արարածք։
Դու
ես
Արարչին
աչն,
եւ
քո
լոյսն
ու
ճառագայթը
Արարչին
գթութեան
եւ
նախախնամութեան
աղբիւրն,
որ
կը
հոսի
տիեզերաց
վրայ,
եւ
մարդն
կ’ապրի
յամենայն
արարածս
երկնային
լուսով
եւ
հրով։
Այսքան
տպաւորութիւններ
յիս
անոր
համար,
վասն
զի
ծնածս
աշխարհի
արեւը
կը
տեսնեմ,
եւ
Առաւօտն
ու
Արեւը
խորհրդաւոր
նշան
են
եւ
յոյս
կ’ընծայեն
վշտակիր
սրտից,
տառապեալ
անձանց
եւ
ժողովրդոց,
թէ
պիտի
անցնի
խաւարն,
փախչի
աղջամուղջն,
ծագի
կենաց
առաւօտն,
եւ
կենսատու
արեգակն
պիտի
բերէ,
նորոգէ
բարութեան
օրեր։
***
Մեր
ձախ
կողմը
ծովն
է,
յաջմէ՝
Ուրտափ
գեղն։
Ահա
Թուխն
եւ
իւր
սիրուն
վանքն
ծովատես՝
Սուրբ
Յեզդիբուզդին։
Թուխայ
գետն,
որ
կուգայ
Գօզալ
դարայէն,
ապա
Խնծորիկ
զոյգ
գեղեր։
Ասոնք
ամէնը
լեռան
կողին
վրայ
նստած,
որոց
ոտները
կը
հասնին
’ի
ծով,
իրենց
վրան
գլուխը
խիստ
խօրօտիկ
զարդարուն
մացառներով,
պրակներով,
մշակեալ
մրգաբեր
տունկերով
եւ
անոնց
մէջ
լեցուն
գոյնզգոյն
եւ
հազարլեզուեան
երգիչ
թռչուններով,
գլգլացող
ջրերով։
Ընտիր
ճաշակաւոր
վայրեր,
որոցմէ
առաւելն
աշխարհի
հիացումն
բերող
Վոսբորն
միայն
ունի։
Եւ
Վոսբորն
ունի,
քանզի
մայրաքաղաք
է,
շքեղ
շէնքեր,
շքեղ
անձներ.
անթուելի
ծախքերը
շքեղացուցած
են
զինքն։
Իսկ
նազելին
Վանայ
ծովը,
ինչ
որ
Աստուած
տուեր
է,
լիովին
ունի.
մա՜րդ
միայն
չունի։
Այդ
չքնաղութեանց
մէջ
թէպէտ
դէմքով
ու
կազմով
գեղեցիկ
եւ
առոյգ,
բայց
անշուք
եւ
անշնորհք
կը
գտնես
բնակչաց
տունն
եւ
վրան-գլուխը։
Ողջո՛յն
ձեզ,
ծառք
ու
մացառք։
Ողջո՛յն,
ջուրք
եւ
դալարք։
Ողջո՛յն,
տունկք
եւ
դարաստանք։
Ողջո՛յն,
ժայռք
եւ
կապանք։
Ողջո՛յն,
ձորք
եւ
բարձունք։
Ողջո՛յն,
մագիք
եւ
խոյք։
Ողջո՛յն,
գեղորայք
եւ
մատրունք։
Ողջո՛յն,
շէնք
եւ
աւերակք։
Ողջո՛յն,
աղբիւրք
եւ
առուք։
Ողջո՛յն,
մարդ
եւ
թռչունք։
Խաղաղութիւն
ընդ
ձեզ,
բնակիչք
լերանցս,
Հայք
եւ
Քուրդք…
Անցնիլ
կ’ուզեմ
արագօրէն
Սորբայ
սարէն՝
մեր
ձախ
կողմը
թողլով
Սորբն
ծառազարդ,
ծովածոց,
որոյ
թիկանց
բարձրավայրը
կը
ցուցնէ
աւերակ
բերդ
մի։
Եւ
ոչ
հեռի՝
Սուրբ
Կարապետի
վանքը,
ծովու
կողմէն
եւ
ցամաքէն
աննման
դիրք։
Կը
վերելենք
մացառներու
միջով.
քրդերու
կարավանը
հարիւրաւոր
բեռներով
կը
դիմաւորեն։
Դրախտի
հոտով
կը
լցուի
մեր
շուրջը.
Արտամէտու
խնծոր
բարձած
կը
տանին
ցորենի
հետ
փոխելու։
Ո՜վ
հոտ
խնկաբոյր,
անոյշ
եւ
եդեմական,
ո՜վ
համ
եւ
տեսք
պատուական՝
Արտամէտու
խնծոր,
որ
բեռներու
մէջ՝
կապանաց
տակն,
այդքան
հրապուրիչ
ես,
բուրմամդ
անուշակ,
մորթովդ
նուրբ
եւ
բարակ,
գունովդ
կարմիր
եւ
ճերմակ,
մսովդ
փափուկ
ու
կաթնորակ՝
ժպտուն
մատղաշ
մանկիկի
մը
թուշերու
նմանակ։
*,
տապարներու
զարկուացքը,
տապալմունք
ծառոց,
խըշրտունք
ճղակոտոր
ոստոց,
ծառանալ
ծխոց,
որ
ածուխ
եւ
վառելափայտ
կը
պատրաստեն
Վանցւոց՝
նաւերուն
տալու,
մեր
ճանապարհի
զբօսանքներն
են։
Լքեալ
շինից,
խանի,
գոմի,
վրանատեղւոյ
նշանք,
տնկուած
քարեր,
մահարձանք,
մեծամեծ
բեւեկնիք,
ընկուզենիք,
քարջենիք
(վայրի
տանձենի),
դառնջենիք
(վայրի
խնձոր),
մասուրք,
մորենիք,
ալոջք
կը
բռնեն
մեր
աջն
ու
ձախը,
մեր
ետեւն
ու
առջեւը։
Իսկ
հոտ
անուշահոտ
խոտոց,
ուռցին,
դաղձին,
ձիթրէնին
եւ
այլ
պէս-պէս
բուսոց
բուրումն
կը
սփռեն
ամբողջ
օդին
մէջը։
Կը
բարձրանանք
եւ
կը
խոնարհինք
յառաջանալով։
Ծովն
մեր
ամէն
քայլափոխին
նոր
տեսիլներ
երեւան
կը
հանէ՝
խորշերը,
գոգերը,
կղզիներ,
ափեր,
եւ
նոր-նոր
ծալքեր
կը
բանայ
իր
գեղեցկութեանց.
յաջմէ՝
ամպածրար
լեռներ
հետզհետէ
կը
բանան
իրենց
փեղկերը,
եւ
հեռուստ
միապաղաղ
երեւցած
Տորոսին
մեծ
ողնաշարք,
այժմ
կ’երեւան
բաժան-բաժան,
ոլոր-մոլոր
խորերով,
ձորերով՝
իրենց
փորին
մէջն
եւ
կողերուն
վրայ
ունենալով
գեղեցիկ
գեղակներ,
յորս
նշանաւոր
է
Բելու՝
իւր
մեծութեամբ
եւ
համբաւով։
Այդ
լերանց
գագաթներ՝
ճերմակ
ձիւներով,
սառնորակ
հոսելով,
կը
զովացնեն
խորունկ
շէներու
արօտականներն
ու
արօրականները
եւ
Կառկառու,
Դատիկու,
Խիզանու
ճամբորդները։
*,
եւ
ահա
կը
հասնինք
մի
գեղեցիկ
բաժակաձեւ
դաշտ
մը,
որոյ
մէկ
կողմն
Ողվանց
գեղ
եւ
մեծ
տեղ
մը
կը
բռնէ
Կօլլիւ
կամ
հայերէն՝
Եղէգիս
անուն
գեղ
հայոց,
որոյ
մէկալ
ծայրն
է
Գոմք
գեղ,
եւ
ծովուն
երեսակողմն՝
Գոմոց
Ս.
Գէորգայ
վանքը։
Կարճկանից
գաւառն
է։
Աստի,
Կապուտկող
լերան
կապոյտ
հողերն
ու
կողերը
կոխելով,
երկա՜ր
գիծով
մը
կ’երթանք
եւ
ահա
ծովակողմը
զառիվայր
կ’իջնանք
Ս.
Յակոբայ
վանքը,
որուն
արտերն
ու
ծառերը
խառն
են
Ընձաք
կամ
Ընձաքար
գեղին,
ուր
Հայեր
կը
բնակին։
Բայց
ծովն
չ’երեւիր
այլ
եւս.
թեւ
մը
լերանց
կը
ծածկէ
ծովուն
երեսը,
եւ
կ’իջնանք
’ի
Ձորամէջ։
Մշակեալ
արտեր,
վազուն
ջրեր,
շէն
ջաղացքներ,
փոքրիկ,
այլ
վայելուչ
գեղեր
կուգան
մեր
առջեւ։
Այս
լեռնաբազուկին
միւս
երեսը
կը
մնան
Ս.
Թովմաս,
Լուսապտուղ
Ս.
Սահակ
եւ
Կարմրակ
վանքեր
եւ
քանի
մը
գեղերը,
ինչպէս
նաեւ
ԱՌ
ՏԷՐ
կղզին։
Եւ
մենք,
ողջոյն
տալով
Օրանց
կամ
Ուրանս
գեղին,
մեր
դէմքը
հարաւէն
յարեւելս
դարձնելով,
կ’ելնենք
ձորահովիտէն
’ի
Նոր
գիւղն,
որ
մեծատուն
եւ
ծանրաբարոյ
տիկնոջ
մը
նման
գրկելով
բազուկներով
իւր
մանկունքը
գրկաց
եւ
ծնկաց
վրայ,
կռնակը
լեռան
տուած,
ծալապատիկ
նստեր
ծովափը՝
դալարներու
վրայ,
ծառերուն
շուքը,
փոփոխակի
ձգելով
իւր
աչքերը
Աղթամարայ
եւ
Ս.
Խաչին
ժայռին,
Ս.
Նարեկացւոյն
տաճարին
եւ
ճգնաքարին։
Նոր
գիւղը
մեծ
ջրհան
է
նաեւ
Գաւաշու-Ռշտունեաց
գաւառին։
Խան,
որ
մօտ
տարիներուս
շէնք
մի
է,
ուր
կը
նստի
գաւառիս
գայմագամն
եւ
դատաւորն,
մօտ
է
Նոր
գիւղին։
Ծովեզրը
մնաց
Մոխրաբերդ
գեղ,
որ
յուշ
կ’ածէ
տեսողաց,
Վարդանանց
դարու,
Յազկերտի
ղրկած
մոգաց
շինած
Ատրուշանը,
զոր
կործանեց
Սահակ
Ս.
եպիսկոպոսն՝
ըսելով.
«Աստուածք,
որ
զերկինս
եւ
զերկիր
ոչ
արարին,
կորիցեն
’ի
ներքոյ
երկրի»,
որոյ
մոխրակոյտը
եղաւ
Մոխրաբերդ,
զոր
ողողեր
է
ծովն
անհետ,
բայց
անունը
մնացեր
է
ցայսօր
անոր
մօտ
նոր
շինած
գեղի
մը
վրայ։
***
Ժամու
մը
չափ
հեռի
Նոր
գիւղէն,
յաջ
կողմն
շեղելով,
կը
բարձրանանք
բլրադաշտիկի
մը
գոգը,
եւ
ահա
սխրալի
տեսարանով
մը
կը
բացուի
Նարեկ
գիւղը
մեր
աչաց
առջեւ,
որոյ
մէկ
կուշտը՝
բարձիկի
նման
դիրքի
վրայ,
շքեղ
վսեմութեամբ
իրեն
կը
կապէ
նայողին
բիբերն
ու
սիրտը
երկնանման
տաճարն
Նարեկայ
վանից։
Ոչ
եւս
կրնայ
մարդ
նայիլ
գիւղին,
գեղացւոյն,
գեղեցկութեանց
բնութեան
եւ
բնակչաց
աշխատութեամբ
զեղեալ
բարութեան։
Աստեղատանց
կամարէն
հիանալի
կ’երեւի
գմբէթն
Նարեկայ
ու
զանգակատունն,
եւ
ձայն
զանգակահար
կոչնակին
անլսելի
կ’ընէ
գեղի
հօտաղներուն
եւ
մացառաց
բիւլբիւլին
ձայները,
որ
քաղցրախառն
ներդաշնակութեամբ
կը
լնուն
այդ
դրախտին
բլուրը
եւ
արձագանգը
կ’ուտան
կ’առնուն
շրջակայ
լերանց
եւ
երկնից
կամարաց
հետ։
Հո՛ղը
սուրբ,
ջուրը
սուրբ,
քարը
սուրբ,
խոտը
սուրբ,
ծառը
սուրբ,
օդը
սուրբ,
արեւը
սուրբ,
ամենայն
ինչ
սուրբ
է
տեղւոյս.
ամէնուն
դպեր
սուրբ
Նարեկացւոյն
ձեռքը,
ոտքը,
շունչը,
ձայնը,
հառաչանքն,
օրհնէնքը…։
Ափսո՜ս,
սակայն,
մարդն,
որ
կը
բնակի
այս
տեղը,
ինչո՞ւ
չեմ
կրնար
ըսել
սուրբ…։
Այս
հոյակապ
տաճարին
մէջ
կը
պահուին
իբրեւ
անգին
գանձ
ոսկերք
սրբազանից.
Անանիայ
Նարեկացին՝
քեռին
եւ
վարժապետ
Ս.
Գրիգորին,
Յօհաննէս՝
«Նարեկայ
մեծափառ
եւ
բարձրապատիւ
ուխտի
վանական…
հարազատ,
միաշունչ,
միակրօն,
համապատիւ,
զուգահաւան»
եղբայր
Ս.
Գրիգորին.
եւ
ինքն
Սուրբ
Գրիգոր
’ի
դարանի
յօրինեալ
որմի,
յետկոյս
խորանի,
Սանդխտոյ
սրբուհւոյն
կուսի։
Սանդուխտ
եւ
Գրիգոր,
կո՜յս,
կուսին
հովանի,
Շաւարշանայ
Շուշանին
գեղոյն
շքադիր՝
գոհար
ծովային,
վարդ
բոսորային,
ծաղկեալ
Ռշտունին,
Երկուքն,
երկու
պտուղ
խունկ
աստուածաբոյր,
վէր
մէկ
կըրակի
Քրիստոսի
սիրոյն,
մէջ
մէկ
բուրվառի
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյն,
վեր
մէկ
սեղանի,
մէջ
մէկ
խորանի…։
Կը
համբուրեմ
քոյդ
փոշին,
կը
համբուրեմ
շիրիմդ,
կը
համբուրեմ
դամբարանդ,
գերեզմանդ,
քնարանդ,
ուր
կը
ննջես
արթուն,
ուր
կը
հսկես
անլռելի,
ուր
քնարդ
աստուածախօս
կը
նուագէ
միշտ
’ի
բարբառ
կենդանի,
ուստի
կը
լսուի
«Ձայնդ
հառաչանաց,
հեծութեամբ
սրտիդ,
ողբ
աղաղակիդ»,
կը
բուրէ,
«ի
Բուրվառէ
կամացդ
պտուղ
ըղձիցդ
ճենճերոյ,
եդեալ
’ի
հուր
թախծութեան,
անձինդ
տոչորման»։
Դու
երկիրը
լցիր
աստուածախօսութեամբ,
դու
մեզ
ուսուցիր
Աստուծոյ
հետ
խօսելու
լեզուն
եւ
հաճելի
եղանակը,
դու
կը
գտնուիս
ինչպէս
առ
Աստուած,
նոյնպէս
առ
ամենայն
դասս
մարդկան,
դու
վշտացելոց
մօտն
ես,
յուսաբեկելոց
յոյս
կը
ցուցնես,
մոլորելոց՝
ճանապարհ,
խաւարելոց՝
լոյս,
կապելոց՝
արձակումն,
տառապելոց՝
հանգիստ,
խռովելոց՝
խաղաղութիւն,
աղքատաց՝
աւետարան,
հիւանդաց՝
ապաքինութիւն,
’ի
ստուերս
գիշերս
նստողաց՝
ճառագայթ,
թախծելոց՝
սփոփանք…
եւ
այսպէս
ամենայն
չարեաց
եւ
կարեաց
մարդկան
կարեկից,
սպեղանի
ու
բալասան
կ’ընծայես
հրեղէն
լեզուաւ
Աղօթամատենիդ։
Գերեզման
չ’կայ
քեզ
համար։
Դու
հոգիներու
մէջ
կը
հանգչիս,
անմահդ
’ի
մահկանացուս.
Քո
մեղագիրդ
եւ
դեղագիրդ
ամէն
հայու
տունը,
ամէն
աստուածապաշտի
ծոցը
կը
գտնուի։
Առանց
քո
եւ
ոչ
հայուն
սուրբ
պատարագն
’ի
բեմին
մատչի։
Դու
պիտի
բանաս
դուռն
սրբութեան
սրբութեանց,
Դու
պիտի
կարդաս
նախապէս
«Ամենակալ
բարերար
մարդասէր
Աստուած
բոլորից…»,
Դու
պիտի
համարձակեցուցանես
քահանային
բերանը
բանալու
«Աղաչել
եւ
աղերսել
արտասուալից
հառաչմամբ
յամենայն
անձնէ
զփառաւորեալ
արարչութիւն
անեղծ
եւ
անստեղծ
անժամանակ
Հոգւոյն
գթածի…»։
Նարեկայ
հիւսիսակողմն
երթանք,
ընթերցո՛ղ։
Ահա
պրակ
մը
ծառոց,
վա՜յր
երանաւէտ,
ահա
աղբիւր
մը
կը
հոսի
ապառաժն
’ի
վար,
մշտահոս,
պաղորակ,
այլ
քար
կը
դառնայ։
Այս
ջուրն
է,
սակայն,
յորմէ
կը
խմէր
Ս.
Նարեկացին,
որոյ
սիրտն
երբէք
քար
չէր,
այլ
կակուղ
դալարի,
ուռճացեալ
սիրով
աստուածային
եւ
մարդկային։
Կը
տեսնե՞ս
աղօթատեղին
սրբոյն,
փորուած
քարասենեակներ
ինն
թուով,
եւ
կրկնայարկ։
Դժուարին
է
ելք,
այլ
սիրողաց՝
յոյժ
դիւրին։
Սեղաններ,
խաչեր
եւ
լուսամուտ
միայն
ունի։
Այս
տե՞ղ
արդեօք
’ի
ծունկս
ինկած
կը
պաղատէր
առ
«Արեգակն
արդար,
ճառագայթ
օրհնեալ,
լուսոյ
կերպարան».
բայց
հաւաստեաւ
աստ
է
աղօթած…
«Կենարարին
յիշատակաւ
միշտ
ճենճերիմ
…
աներկմիտ
յուսով
հաւատամ
զնոյն
ինքն
տեսանել
(զՔրիստոս)».
եւ
կը
տեսնէ
երջանիկ
աչօք
զԷմմանուէլն
’ի
գիրկս
Տիրամօրն
’ի
ծովն
Աղթամարայ,
դիմացի
չոր
կղզւոյն
վերայ,
եւ
լոյս
եւ
ձայն
մօրն
Աստուծոյ
կը
կոչէ.
«Գրիգորիէ,
ա՛ռ
անձկալիդ,
ա՛ռ
Տէր»։
«Ա՜ռ
Տէ՜ր»
կրկնելով՝
կը
համբառնայ
մեր
’ի
մարմնի
հրեշտակն
այս
քարերէն,
կ’անցնի
ծովու
երեսէն՝
երգելով
մեղրահամն
մեղեդին.
«Աչքն
ծով
…
’ի
ծով
…
ծիծաղախիտ
…
ծաւալանայր
…
յառաւօտուն
…»,
կը
համբուրէ
զՏէր
եւ
կը
դառնայ
աստուածաշունչ
հոգւով,
իւր
Աղօթամատենին
մէջ
կը
գրէ.
«Այն,
զոր
տեսի
աչօք
իսկ
իմովք»։
Սո՛ւրբ
կղզի,
սուրբ
ծով,
սուրբ
երգ,
ամենասուրբ
տեղիք,
համով-հոտով
լիք։
***
Մեկնինք
այս
անմեկնելի
տեղէն,
տեսարանէն,
մեկնինք
այս
երանաւէտ
երկնակենցաղ
սրբոյն
բնակարանէն,
իջնանք
’ի
վայր,
’ի
դաշտ.
ի՞նչ
տեսիլներ։
Խիտ-խիտ
ծառազարդ
գեղորայք,
կալեր,
կալոտիք,
շինական
հարսն
ու
աղջիկ,
ծերն
ու
մանկտին
ագռաւն
ու
աղաւնին,
ճնճղուկն
ու
արագիլ,
մրջիւնն
ու
պօլօճը,
եզն
ու
եզնավարն,
էշն
ու
գոմէշն,
սայլն
ու
սայլւորիկ,
շեխն
ու
դավրիշ
վարդապետն
ու
երէց,
շահնան
եւ
քուրդ
բէկն,
Վանայ
սովեալն
ու
Բաղիշոյ
չարչին,
հարկահանն
ու
պարտապահանջն,
նախիրն
եւ
խաշինք,
ամէնքն
ալ
այդ
կալերու
շուրջն
առած
իրենց
բաժիններ
կը
կրեն։
Յա՛րդն
գոնէ
թողուն
վաստակաւոր
եզան.
խզուղը
գոնէ
թողուն
կալատիրոջ
ձէթկիկ
ձագերուն
քանի
մը
օրուան
համար
սնունդ։
Մեծ
շարժումն,
մեծ
աղմուկ,
կռիւ,
յափշտակութիւն,
հացի՛
կռիւ։
Եւ
կան,
որ
կ’ստիպեն
արագել,
վերցնել
կալը,
որպէս
զի
հնձուած
արտին
տիրեն,
զի
խեղճ
գեղացին
պարտուց
փոխարէն
հողն
ալ
գրաւ
է
դրեր,
եւ
պայմանաժամն
լրացեալ
է։
Դատարանի
պաշտօնեայք
ներկայ
են,
որք
օրինաց
սառնութեամբ
կը
վճռեն
ու
կը
յանձնեն
գրաւողին
իբրեւ
իրաւունք
արտն
շինականին,
կեանքն
շինականին,
զոր
կականմամբ
ձայնի
եւ
առատ
ու
դառն
արցունքով
կը
ձգեն
գիւղին
ընտանիք։
Ո՜հ
սով
…
ո՞րն
է
սով
…
Բայց
մենք
իջնանք
դէպի
ծով
…
աչքս
’ի
ծով
…
ժողովուրդը
ծով
…
արտասուաց
ծով
…
սիրտերնիս
դարձաւ
ծով
…
դիմենք
’ի
ծով։
Ախավանց
Աղթամարայ
ջրհանն
է։
Ո՜րքան
նազելի
կը
ճեմէ
ու
կը
բազմի
Ախավանցն
այս
եզերաց
վրայ։
Ջաղացքներ
կը
բանին
անդադար,
ջրեր
կը
կարկաչեն
որոտալից,
ծառերը
բարձրացած
են
յուռթի
տերեւալից,
պտուղներ
’ի
կախ
եւ
’ի
սփիւռս
’ի
դրախտին,
կլօրն
ու
ձմերուկ
հասունցած
են,
եւ
Սուրբ
Աթոռոյն
կրօնաւորներէն
ու
մոնթերէն
կը
տեսնուին
’ի
ճեմ,
’ի
զբօսանս
եւ
ընկողմնած
կանաչներու
վրայ,
հովանեաց
շուրջը,
ջաղցին
վաքդէզը,
բուրաստանին
մէջը։
Ուրագի
եւ
սղոցի
ձայները
կը
գրաւեն
մեր
ուշքը,
շէնքեր
եւ
սենեակներ
եւ
վեհարան
մը
կը
շինուի
հոս,
եւ
Կաթողիկոսն՝
կայսերական
նշաններ
’ի
կուրծս,
կը
հրահանգէ
շինողները,
ապա
կը
քաշուի
իւր
սենեակը,
ուր
կ’ընդունի
շէխեր
եւ
քրդերը,
որք
ակնածութեամբ
ծնկածալ
նստած
են
նշանակիր
կուրծքին
հանդէպ,
որոյ
մէկ
կողմը
ծով
կը
ծփայ,
միւս
կողմն՝
ժողովուրդը։
Կապոյտ
ու
աղի
ջրեր,
ի
զո՛ւր
կը
գոռայք,
ի
զո՛ւր
կը
թափիք
Ախավանից
ափը,
ի
զո՛ւր
կը
խառնէք
աւազներ,
ի
զո՛ւր
կ’ուռչիք
խորերէն
եւ
բարձրակոյտ
կոհակներով
կը
խոյանաք,
կը
զարնուիք
ցամաքին։
Ոչ
ոք
կը
հասկնայ,
թէ
ի՛նչ
կ’ուզէք
դուք,
ի՛նչ
կ’ըսէք
դուք,
ի՞նչ
կ’աղաղակէք։
Քո
արձագանգը,
ո՞
ջուր,
Ախավանից
անդին
կը
լսուի
ժողովրդեան
սիրտերու
մէջ,
տառապանաց
ալիքներով
խռովեալ
ծփանաց
ձայնով,
որք
ամէն
մի
շարժմանդ
ու
զարկմանդ,
ա՜խ
կ’ընէ,
եւ,
իւր
ախը
Ախավանից
վրայէն
անցնելով,
կուգայ,
կ’իյնայ
քո
խորերուն
մէջ…։
Քարին
զարկ
ալիքդ,
Աղթամարայ
ժայռին,
կղզւոյն
կողերուն,
գուցէ
նա
շարժի,
զգածուի։
Հոն
Աստուծոյ
տաճար
կայ
հոյակապ,
հոն
սուրբ
խաչն
Քրիստոսական,
հոն
գոնէ
կը
լսուին
մրմունջք
աղօթաւորաց.
«Կեցո
զիս
Աստուած
զի
հասին
ջուրք
յանձն
իմ,
ընկլայ
ես
’ի
խորս
անդնդոց,
ուր
ոչ
գոյ
ինձ
հանգիստ»։
«Ծով
կենցաղոյս
հանապազ
զիս
ալեկոծէ»։
Քեզ
յուխտ
պիտի
գայի,
ո՛վ
Գագկաշէն
մեծագործ
տաճար,
քեզ
յերկրպագութիւն,
ո՛վ
աստուածակիր
Սուրբ
Նշան,
քեզ
’ի
զմայլումն,
ո՛վ
ժայռ
խորհրդաւոր,
ժայռ,
որոյ
վրայ
կը
կենայ
մրրկաց
Հրամանատուն,
ուր
Լուսինն
եւ
Աստղունք
ծովը
իջնալուն
եւ
ծովէն
ելլալուն
կը
հանգչին
զովասուն,
ուր
Արուսեակն
իր
քողը
կը
ձգէ,
եւ
Արեգակն
իր
պատմուճան
կ’արկանէ
իրիկուն
եւ
առաւօտուն։
Վա՛յր
աննման։
***
Դարձ
առնունք
դէպ
’ի
մեր
ուղին՝
աւազի
վրայէն
քերելով։
Մի՜
վախեր
այդ
ստուերէն,
դա
Բիւլբիւլ
կաթողիկոսի
ուրուականն
է,
հոս
դիակնացուցին
եւ
’ի
քարշ
ձգեցին
զինքն
…
այդ
մօտիկ
գիւղն
Փշավանցն
է,
բայց
վարդեր
ունի
գեղեցիկ։
Անդիինը
Բատականց։
Աս
երկու
երկնցած
բազկաց
միջեւ
Մանաճիհրի
բերդն
է՝
կ’երեւայ
եւ
լեռներուն
վրայ
նոյնպէս
բերդերու
կամ
դիտելու
շէնքերու
հետքեր։
Անցած
ենք
Քարադաշտը,
առջեւնիս
նեղ
կապան
մը
ունինք՝
քարերու
վրայ
խաչեր
քանդակուած։
Գրերու
հետքեր
կը
տեսնուին,
որոցմէ
մին
կը
կարդացուի
«ԳՈՒՐԳԷՆ»։
Ոստանայ
կապանն
է,
որոյ
գագաթան
վրայ
Արծրունեաց
բերդին
մնացորդ
եւ
ստորոտն՝
խորունկ
ծով։
Այս
կապանէն
չարն
Չօմար
իր
ձիով
’ի
ծովն
սուզեցաւ
եւ
լողալով
Հայոց
ձորայ
ցամաքն
ելաւ։
Լռեցէ՛ք,
Աւերակք,
լռեցէ՛ք
հողմունք,
լռեցէ՜ք
անդունդք
ծովուն։
Այդ
ի՞նչ
աղաղակ,
այդ
ի՞նչ
աւաղանք,
այդ
ի՞նչ
յիշատակք…։
Նարեկայ
գեղէն
մինչեւ
ցաստ
տարածեալ
բարձրացեալ
լեռն
Տաւրոսի
մէկ
կողն
է
եւ
այստեղ
անուն
մը
կ’առնու
իրեն,
ԱՐՏՕՍ,
թէ՞
արտօսր.
մի՞թէ
կ’արտասուեն
լերինք։
Այո՛,
կը
խօսին,
կը
ցաւին,
կը
բերկրին,
կը
տխրին,
կը
ցնծան
եւ
կուլան։
Ողջո՛յն
ամ
ձիւն
կայ
գլխին,
ողջո՛յն
ամ
առու-առու
ջուրեր
կը
հոսին
Արտօսայ
այտերն
’ի
վար
եւ,
խոռոչ
բանալով
դէմքին
վրայ,
կը
հոսին՝
ոռոգելով
այդ
արցունքներով
արտորայք
մշակին,
ոլորելով
ջաղացքներ
աղալու
բնաղուն,
ունեցողին,
ընծայելով
անոնց
հաց
արտասուաց
եւ
ողողելով
քարն
ու
աւազը,
կ’երթան,
կը
թափին
’ի
ծոց
աղի
ծովուն։
Քանի
մը
տուներ
կան
շեխերու
եւ
քրդերու,
բերդիս
աւերակներէն
զառի
կող,
իսկ
այգիք
եւ
մրգաստանք
ո՜րքան
շատ։
Օճախ
ունին
աստ
շէխեր
եւ
դաշտին
տափարակին
վրայ
շինած
մի
գմբէթ
քարակերտ։
Մի՛
դողար,
ո՛
աւերակ,
չ’պիտի
կրկտեմ
զքեզ,
ո՜րքան
երկիւղած
ես,
մի՛
դողար։
Այս
պաղուկ
եւ
զղզղուն
ջուրց
վտակին
հետ
քիչ
մը
ներս
մտնենք
Ոստանայ
հովիտին
’ի
Ձորամէջ
եւ
հոն,
ուր
երկու
վերացեալ
թեւք
լերանց
կը
միանան՝
կամար
կապելով
ձորոյն
շնորհագեղ
լանջաց
վերայ,
գրեթէ
Շատախի
շիկնեալ
շրթունքներէն
’ի
վայր,
ընդարձակ
աւերակներու
կոյտ
մը
կայ
ցիր
եւ
ցան։
Կ’երեւայ
տաճար
մը,
կ’երեւան
սեղաններ,
որմեր,
կամարներ,
հոյակապ
վանքն
է
Քառսունխորան
անունով,
որ
կ’ըսուի
նաեւ
Իլու
վանք
եւ
տեղը
Ալիք
կամ
Իլունք։
Ուլո՞ւնք։
«Ուլունք
Շամիրամայ
ի
ծովն»…
«Փախստական
լինի
Շամիրամ
’ի
Հայս
…
Աստ
պատեհի
գտեալ
Նինուաս
սպանանէ
զմայրն
…
Աստ
ուրեմն
զմահն
ասել
Շամիրամայ,
եւ
զհետեւակ
փախուստն
եւ
զպասքումն,
եւ
զիղձս
ջրոյն
եւ
զարբումն,
այլ
եւ
’ի
մօտ
հասանել
ուսերաւորաց
եւ
զյուռութսն
ի
ծով.
եւ
բան՝
Ուլունք
Շամիրամայ
ի
ծովն»…։
Խոր.
Գիրք
Ա,
ԺԷ,
ԺԸ։
Ահա
թէ,
ոչ
միայն
Արծրունեաց
տուն
կամ
Գագիկն
մեծագործ
կ’երեւին
մեզ՝
իբր
հազար
տարի
յառաջ
այս
վայրերու
եւ
աւերներու
մէջ,
այլ
եւ
երեք
հազար
վեց
հարիւր
տարիէ
աւելի
մնացեալ
յիշատակ։
Այս
տեղ՝
այժմէն
Ոստանէն
անդին,
ունինք
չորս
հազար
տարուան
տեսարան
ու
հանդիսարան՝
ՀԱՅՈՑ
ՁՈՐ։
Խայտակն
եւ
քաջագանգուր
Հայկն
եւ
իւր
երեք
հարիւր
աղեղնաւորք,
Բէլն
եւ
իւր
խօլք
բիւրաւորք։
Ա՛յս
հովտին
մէջ,
ա՛յս
հողին
վրայ,
ա՛յս
երկնից
տակ
կանգուն,
Աջն
դէպի
Արտօս,
ձախն՝
դէպի
Աղի
լիճը
կարկառելով,
աչկունք
այս
հոյակապ
աստղակամար
կապոյտին
համբառնալով,
կը
խօսէր
համայն
մարդկային
ազգաց
Առաջինն,
առաջին
ճառն
ընդդէմ
անիրաւողին,
բռնաւորին
եւ
ստրկացնողին…
Այո՛,
այս
ճառն
հոգի
տուաւ
սակաւաւորաց,
հոգին
առաւ
երկաթակուռ
ուժաւորաց,
հսկայից,
քաջաց
բիւրաւորաց։
Այն
օր
աստղ
մի
պայծառ
այս
ծովէն
եւ
ձորէն
ցոլացաւ
յաստեղատուն՝
Հայկին
պատկերով,
Հայկին
անունով,
զոր
զետեղեց
Յաւիտենականին
մատն
Արեւուն
դարպասը։
Դեռ
չմտած
Հայոց
ձորը,
Ոստանայ
ծառաստանեայց
յաջ
կողմն
քիչ
մը
խոտոր,
այս
անշուք
շէնքին,
մինակ
մենաստանին
երթանք
ուխտ։
Մի՛
նայիր
արտաքին
խրթնութեան.
գեղեցկակերտ
է
ներքին
տաճարն՝
նման
քուրջերու
մէջ
ծածկուած
գեղանի
հարսանց։
Իսկ
այդ
շիրիմն,
պաշտելի
նշխարք
աղու
Եղիշէին
կը
գանձէ,
Վարդանայ
դպրին,
Հայոց
վարդապետին,
հրեշտակակենցաղ
ճգնաւորին։
Համբո՜յր
իւր
խոնաւ
հողին։
Հոս
կը
հանգչի
անտապան,
անարձան,
անյիշատակագիր,
նա,
որ
անմահ
արձանացոյց
Վարդանն
եւ
իւր
դարը…։
Իսկ
վանքը
կը
կոչուի
Չաղար
Սուրբ
Նշան,
որ,
ըստ
աւանդութեան,
ս.
Եղիշէի
սրբասնեալ
լանջքէն
կախուած
Սուրբ
Նշանն
է.
քանի՜
փափագելի։
Խաչ,
որ
Քրիստոսի
աստուածային
մարմինը
իւր
վրայ
կրելով,
կրեցաւ
մեր
Սրբոյն՝
Քրիստոսի
եւ
ազգին
սիրով
հրավառ
սրբազան
ծոցը
եւ
կուրծքին
վրայ…։
Մարդ
քանի
որ
կենայ,
քանի
որ
նայի,
քանի
որ
խորհի,
այնքան
իւր
ուշք
կը
բացուի,
այնքան
կարօտ
կը
շատնայ,
այնքան
սխրալի
զմայլմանց
եւ
խորին
զգացմանց
խորեր
կը
պարզուին
իւր
առջեւ։
Ինչե՞ր
կը
քարոզէ
այս
լռին
գերեզման։
Ի՜նչ
ձայներ
կուգան
այս
տապանաքարի
տակէն.
անմունջ
աղաւնին
կը
մնջէ
եւ
կը
մռմնջէ
սրտաճմլիկ
մրմունջներով։
Գերեզման,
ուր
իւր
չքնաղ
մատենին
չափ
վսեմ
լեզուով
կը
խօսի
աղուն
Եղիշէ,
ուր
կը
ննջէ
անմահն
Եղիշէ։
Կարդացէք
Եղիշէն…։
Երթանք
յառաջ՝
օրհնելով
տէր
Սարգսի
տունը
եւ
իւր
տոհմի
քահանայութիւնը,
որ
յորդւոց
որդի
կ’սպասաւորէ
այս
սուրբ
տան
եւ
դամբանին՝
յանձն
առնելով
ամենայն
վիշտ
եւ
լլկանք
զինքն
շրջապատող
չարչարանքներէն
եւ
վանատուր
լինելով
Սուրբ
Նշանին
եւ
Սուրբ
Եղիշէին
ջերմեռանդ
ուխտաւորներուն։
***
Պտղալից
ծառաստանեայց
հովերէն,
գլգլացող
առուներէն
անցնելով՝
կ’իջնանք
մեծ
ուղին։
Ահա
Բլթենց
գեղ,
ահա
Աթանանց
գեղ,
որոց
արտերն
ու
մարգեր
կը
ծաւալին
մինչեւ
ծովը,
իսկ
յաջակողմն,
գահի
վրայ
նստած
կը
ցուցնէ
իւր
սպիտակափառ
շէնքն
ու
գմբէթը,
Սպիտկոյ
վանքն։
Աստի
կիսաբոլոր
կը
տարածի
աչաց
առջեւ
Հայոց
ձորն,
որոյ
մէկ
ծայրը
կը
գրկէ
Վարագայ
լեռան
ուսն,
իսկ
միւսն,
Սուրբ
Վարդան
գեղն
ծովամօտ,
երկու
մասերն
ալ
խիտ-խիտ
եւ
շէն
գեղերով,
առատ
ջրերով,
բերդաբլուրներով,
կանգնած
եւ
հանգած
եկեղեցիներով,
վանքերով,
յիշատակներով
եւ
աւանդներով
լի։
Շամիրամայ
ջրոյն
ակունք
մեր
ընթացքին
աջակողմն
կ’իյնայ,
մօտենանք
իրեն։
Ի՞նչ
է
այս,
կարծես
կուրծք
մի
կտրիճի,
որ
դաշոյնով
զարկած
եւ
խոցեր
բացած
լինին,
եւ
այդ
պատռուածքներէն,
ճեղքռտած
վէրքերէն
դժգոյն
ջրեր
կը
հոսին,
արիւնը
ջուր
է
կտրեր
խեղճին,
եւ
սիրտը
քար
կապուտագոյն։
Ո՞վ
օրինակ։
Օտար
թագուհին
օգուտ
քաղեց
առատահոս
վիրացս
աղբերէն,
ամբարտակներով
ամփոփեց,
վազեցուց
ջուրդ
շատ
մը
գեղերու
եւ
Արտամէտու
եւ
Վանայ
անդաստաններու
այգեստանները,
իւր
փառքն
ու
անունը
յաւերժացոյց,
որչափ
յաւէրժ
կը
հոսին
քո
ջուրք։
Այդպէս
կը
վարուին
զօրապետք
եւ
թագակիրք
զօրականաց
եւ
ժողովրդեան
ինկած
դիակներու
հետ,
որոց
խոցերով
եւ
արիւնով
կը
լինին
տէր
բերդից,
քաղաքաց,
աշխարհաց,
որոց
վրայ
իրենց
արիւնը
կը
կնքեն
եւ
իրենց
փառքը
կը
դրոշմեն,
իրենք
կը
լինին
յաղթական,
դիւցազն,
աշխարհաշէն,
մեծագործ,
եւ
կը
մոռցուին
բուն
նահատակաց
անունն
ու
փառքը,
որոց
մայրերը,
ամուսինները,
զաւակները
կը
լռեն
խաղաղութեամբ՝
առանց
բողոք
յարուցանելու։
Այդպէս
կը
վարուին
բժիշկներ՝
վիրաւորելոց
խոցերը
քամելով,
մեռած
ու
չմեռած
սիրտերը
հանելով,
աղիքները
քննելով,
ըղեղը
թափելով,
եւ
կ’ըսեն՝
մարդկութեան
ու
գիտութեան
օգտին
համար
ի
գործ
կը
դնենք
այս
միջոցը։
Հաւու
ձոր,
զի
այսպէս
կը
կոչէ
ժողովուրդ
իր
նախահաւուն,
Հայկին
անունով։
Հաւու
ձոր
իր
մանրամասնութեամբ
նկարագրած
են
բազումք,
ընդ
որս
նաեւ
օրերուս
մէջ
մի
նոր
ուղեւոր,
մեր
հայրենակից
եռանդուն
բարեկամն,
պ.
Մանուէլ
Միրախորեանն,
որ
զգայուն
եւ
սիրուն
ոճով
յօրինուած
գործ
մի
է։
Մասիսի
եւ
Հայրենիքի
ընթերցողաց
ծանօթ,
ընթերցանութեան
արժանի։
Կ’երթանք
մեր
ճանապարհի
հետ՝
անցնելով
Խոռգոմ,
Խարականց,
Մուլք,
Թրքաշէն,
Իշխանիգոմ
գեղերէն,
կը
մտնանք
Անգղ
գեղը,
որոյ
առջեւէն
կը
հոսի
Խօշաբայ
գետը
ձկնալից
եւ
միւս
կողմէն
Շամիրամայ
առուն։
Ի՞նչ
սիրուն
է
Անգղայ
վանքն՝
Սուրբ
Աստուածածին,
խիտ-խիտ
ծառերու
եւ
երկու
մեծ
ջրերու
մէջ՝
գրեթէ
գեղին
կից։
Անգղէն
մինչեւ
Արտամէտ
լեռնոտ,
տխուր
եւ
ապահով
է
ուղին,
բայց
իր
վրայէն
դիտած
տեսարանը
հիանալի
է։
Ծովն
կը
փոխէ
իր
տեսիլը,
ծաւալը
կը
մեծնայ
եւ
կ’երկարի։
Դիտակը
կը
ցուցնէ
Բանդի-մահուն
եւ
Արճէշու
գաւառն
ամբողջ,
Արծկէն,
Խլաթն
եւ
Սիփանայ
սիգափառ
լեռը
’ի
հանդիպոյ,
իսկ
Բանտի-մահուէն
ասդին
դէպի
Վան՝
Լիմ
եւ
Կտուց
կղզիք,
ամբողջ
Թիմարը,
որուն
ծովափնեայ
եւ
ցամաքային
գեղերէն
ոմանք
կը
նշմարուին,
ոմանք
կը
ծածկուին
բրոց
եւ
այգեստանեայց
մէջ
ծոցածովով,
ձորերով,
լեռնաթեւերով,
լանջահովիտներով,
գետերով,
վտակներով
մինչեւ
Ավանցն,
որ
Վանայ
Մարսիլիան
է՝
իբրեւ
մեծ
ջրհան
կամ
նաւահան
քաղաքի
եւ
իւր
բոլոր
գաւառաց։
Իսկ
մեր
աջ
կողմէն
Վարագայ
լեռն
ու
վանքը՝
իւր
բազկաց
վրայ
եւ
գոգն
առատ
գեղերով,
բլուրներով,
մշակեալ
դաշտերով,
եւ
ահա
Բերդ
Վանայ,
քաղաքն,
Այգեստանք…
Ակըփի
Մհէրի
դուռն,
Ծրտոտ
քար,
Զըմբզըմբ
մաղարան,
Սղգայ,
Շահբաղի,
Լէզք…
Ամէնքն
ալ
կը
շարժի՜ն։
-Ո՞ւր
կուգան,
Տէ՜ր
Աստուած։
Ի՞նչ
հաճոյական
պատրանք…
-Ես
եմ
կը
շարժիմ,
ես
եմ
կը
քալեմ…
-Համբերէ՛,
սիրտ
իմ։
Արտամէտու
մէջ
իջած
ենք՝
Տէրտէրի
այգին։
Այս
ո՞րքան
հիւրասիրութիւն,
հանգիստ,
յագուրդ,
զով,
կանանչ,
ջուր,
հովանիք
եւ
ծառերէն
կախ,
ծառերուն
տակ
բեռներով
խնձոր,
Արտամէտու
խնձոր,
համեղութեանց
եւ
հոտաւէտութեանց
մէջ
ենք։
Ո՛ր
տեղւոյ
կրնամ
նմանեցնել
զՔեզ,
Արտամէ՛տ,
դու
քեզ
նման,
միմիայն
աննման
եւ
արտաքին
տեսքովդ
է
այսքան
շքեղազարդ,
ծովո՛ւն
խօսեցեալդ,
Շամիրամէն
շոյուած,
Արտաշիսէն
պսակուած։
Դու
ունիս
եւ
քո
սալաքարերուդ
ներքեւ,
բերդիդ
անթատակները
(տ)արածուած,
ծածկուած
շատ
հետաքրքրական
թանկագին
ցոյցերը,
հնութիւնք
բեւեռագրաց,
հնութիւնք
քարայրից,
գերեզմանաց,
հսկայից
կմախքաց,
որ
հողին
երես
կ’ելնէին
մերթ
ընդ
մերթ
Վանայ
բերդէն
Շամիրամ
իր
ծամերով
նետած
մեծ
Ծամքարին
հետ,
կը
ցուցնես
նաեւ
Կատեպանց
տեղը
հսկայ-հսկայ
քարաշարներ,
մեծագործութեանց
հետքը
եւ
չորս
սիւներով,
տասներկու
խցիկով
կռանափոր
քարայրը,
որոյ
լուսամուտները
յօրինուած
են
ծովային։
Ի՞նչ
է
այն
չորեքտասնեայ
տող
բեւեռագիրն
այս
քարայրին
վրայ,
եւ
ի՞նչ
են
այն
տեսակ
մը
խորհրդաւոր
նշանագրեր,
որ
կը
գտնուին
ցիր
եւ
ցան
գեղին
մէջն
ու
դուրս
գտնուած
վէմերուն
վրայ։
Արդեօք
դո՞ւ
եւս
մի
ժամանակ
Աստղին
կամ
Արեւու
տաճարին
փա՛ռք
ընծայեր
ես
կամ
Արտեմեա՞յ
դիք։
Ինչո՞ւ
մեր
դիւցագիր
եւ
վիպասանն
Խորենացին
կը
յիշէ
Անունդ,
ԱՐՏԵՄԷԴ
քաղաք.
«Ի
հատուած
գնալն
Վարդգէսի
մանկան
’ի
Դուհաց
գաւառէն,
զՔասաղ
գետով,
եկեալ
նստեալ
զՇրէզ
բլրով,
զԱրտեմէդ
քաղաքաւ,
կռել
կոփել
զդուռն
Երուանդայ
արքայի»
(Սակաւակեաց,
ի
Հայկազանց),
ուր
ոչ
մի
հետք
եւ
ոչ
մի
նշոյլ
կայ
մնացած։
Իսկ
աստ,
որ
անուամբդ,
պատմութեամբդ,
կերտուածովդ,
աւանդութեամբդ
ճշգրիտ
ու
ամբողջովին
ԱՐՏԱՄԷԴ
ե՞ս.
չյիշեր
զքեզ։
Սիրելի
է
ինձ
Թովմայի
Արծրունւոյ
մէկ
հատուածն
դնել
աստ
ի
շուք
հնութեանդ
եւ
գեղոյդ,
եւ
որ
ընթերցողաց
սխրալի
պիտի
թուի։
Սանատրկոյ
տան
կոտորածէն,
Երուանդայ
սուրէն
«Ազատելով
Սմբատ
զմանուկն
Արտաշէս,
գայ
անցանէ
ի
վայր
իշխանէն.
թափառական
զվէմս
ապաստանս
արարեալ
յանկասկածագոյն
տեղիս
դարանի
’ի
փոքր
վիմամէջս,
’ի
կարկառս
հովտաձեւս,
հանդէպ
հարաւոյ
քաղաքաբերդին
Վանի,
առ
ստորոտով
բլրակի
միոյ,
մօտ
յեզր
ծովուն…
եւ
զաւարս
բազումս
յապահովացեալ…
առեալ
Սմբատայ
զԱրտաշէս…
երթեալ
’ի
դրան
Դարեհի
Մարաց
արքայի…
եւ
յարբունս
հասելոյ…
բազում
իրս
քաջութեան
ցուցեալ…
եւ
թագաւորեցուցանէ
զնա
ի
վերայ
Հայոց
փոխանակ
հօր
իւրոյ
Սանատրկոյ…
եւ
յառնուլ
զՍաթինիկ
տիկին
կնութեան
Հայոց,
յիշէ
զնժդեհանալն
իւր
’ի
վիմամէջսն
զոր
վերագոյն
գրեցաք,
գայ
դարձեալ
ի
տեղին
զբօսնուլ
ի
նմա.
եւ
հաճոյ
թուեալ
յաչս
նորա
շինէ
զքարաբլուրն
ապարանս
արքայանիստ
աշնանայինս
պայծառայարդարս
գեղեցկայարմար
պարսպաւորս,
ընդդէմ
ծիծաղելով
ծովուն
ի
հիւսիսի
նայեցուածով,
արեգակնային
ի
վերայ
խաղալով
ճառագայթաձիգ
ճեմականացն
յելս
եւ
ի
մուտս
ձկան
իմն
թուելով
ի
վերայ
մկանաց,
ալեացն
խաղալով,
ընդդէմ
նայեցածս
ունելով
զմեծ
լեառնն
Մասիք
(Սիփան)
կոչելով.
բարձրագագաթն,
ձիւնալիր,
սպիտակափառ,
իբր
զթագաւոր
մեծավայելուչ
պատուական
ալեօք
զուարճացեալ
ի
մէջ
ճոխ
նախարարութեանց,
առաջի
տեսանելով
զկապուտակ
ծիրանափայլ
դաշտաձեւ
ծովն,
տաստակերտս
մեծամեծս
շուրջ
զեզերբն
անտառախիտ
ծառովքն
եւ
գինեբեր
որթովք
եւ
զանազան
պտղովք,
զշէնս
պատրաստեալ,
եւ
շուրջ
զամրոցաւն
տնկախիտս
բուրաստանս
ծաղկաւէտս
եւ
անուշահոտս
ի
զանազան
ծաղկանց,
ոչ
միայն
ի
տեսիլ
խտղտման
աչաց
եւ
ի
զուարճումն
հոտոտելեաց,
այլ
եւ
ի
կազմութիւն
գեղոյ
բժշկական
հնարագիւտ
իմաստասիրութեանց…
իսկ
շուրջ
զբերդանման
Ապարանօքն
պարսպէ
զբլուրն
շուրջանակի
յապառաժուտ
տաշելոց
քարանց.
քաղաք
ամենալից
զհովիտն
ամրացուցանելով.
իսկ
ի
վերայ,
բղխեալ
աղբիւրն,
դարձեալ
պարսպէ
զքարաբլուրն
ի
պահպանութիւն
ջրոյն
ամրագունիւք
շինուածովք,
եւ
շէն
մարգարիտ
զքարաբլուրն
յօրինէ
պարսպաւոր
անկասկածելիս,
անմատչելի
ձեռաց
պատերազմողաց…
ի
խորագոյն
ծովուն
զպարիսպն
կազմէ։
Իսկ
ի
մէջ
երեքարմատեան
գոգաձեւ
հովտին
փոքու,
որ
յերից
բլրոցն
խոնարհի,
շինէ
աշտարակ
բարձրաբերձ
փորուածոյ
միջոցաւ,
եւ
ի
վերայ
նորա
կանգնէ
զԱստղկեան
պատկերն,
եւ
մօտ
նորա
զտուն
գանձու
պաշտպանութեան
կռոցն.
կարգէ
եւ
յօրինէ
ի
նմա
փողոցս
վաճառոց
ամենալիցն
եւ
բաւականս…
եւ
առ
եզերբք
ծովուն
պարսպաւորս
յօրինէ
զգոգն
լնուլ
այգեստան
տնկախիտ
պատրաստութեամբ,
ականախիտ
վայելչութեամբ…
եւ
իբրեւ
զամրոցն
կատարեաց,
կոչեաց
զանուն
ամրոցին
ԶԱՐԴ,
այսինքն
պայծառութիւն
ի
վերայ
պայծառայարդար
շինուածոյն,
եւ
ածեալ
զտիկին
Սաթինիկ
զբօսնուլ
յաշնանային
յեղանակս
յամարաստուն
գեղեցկաշէն
ապարանս
զարդարեալ
բերդին.
իսկ
զանուն
քաղաքին
կոչեցին
Արտամատ՝
որ
ստուգաբանի
Արտաշէսի
ձեռակերտ,
կամ
թէ՝
Արտաշէսի
ինչք,
զի
ըստ
Պարսիկ
ձայնի,
Մատ,
Եկք
թարգմանի»…։
Հիանալի
է
նկարագիրդ,
արդարեւ,
այլ
ոչ
համոզիչ
ստուգաբանութիւնդ,
ո՜
Թովմաս
գեղեցիկ
է
կոչել
զանուն
բերդին,
ԶԱՐԴ,
վայելչութիւն։
ԱՐԴ
եւս
շնորհք,
վայելչութիւն
կը
նշանակէ
մեր
լեզուին
մէջ,
զոր
օրինակ
«Արդ
ու
զարդ»
պաճուճանք
ըսել
է,
եւ
եթէ
«Արտամետ»
գրենք,
բառին
հիմն
կամ,
որ
նոյն
է,
նախկին
վանկն
կը
գտնենք
Արդ-զարդ։
Արտամէտու
կից
են
գրեթէ
Կռնկու
վանք,
Կենդանեաց
գեղ,
Ծըվըստան
գեղ,
զորս
ողջունելով՝
փութանք
Վան
քաղաքը…
Աստ
կը
բռնուի
բերանս,
եւ
կը
մթագնին
աչքերս։
Ինչպէս
անցեր
եմ,
ինչպէս
հասեր
եմ,
զիս
կը
գտնեմ
Ս.
Նշանայ
առաջնորդարանը,
ս.
Հայրիկին
գիրկը…
եւ
իրիկունը
Այգեստանը,
մեր
տունը,
մօրս
բազկաց
մէջ,
որ
կուլայ
զիս։
Եղբարքս
եւ
իրենց
որդիք,
ազգականք,
բարեկամք,
ծանօթք,
դրացիք
եկած
են
ինձ
յողջոյն
եւ
’ի
տես։
***
Վանայ
մէջ
մնացի
ես
չորեքտասան
ամիս։
Լռութի՜ւն
այդ
միջոցին
տեղի
ունեցած
անցքերուն
եւ
անձինքներուն
վրայ,
դէպքերուն
եւ
դեր
կատարողներուն
վրայ,
սովուն
եւ
սովագործներուն
վրայ։
Ես
կը
փութամ
միայն
քանի
մը
տեղագրական
պատկերներ
’ի
տես
հանել
ընթերցողաց՝
իմ
ճաշակած
համէն
հոտէն
հաղորդակից
ընելով։
Վանայ
Անգղ.
հիւպատոս
պ.
Քլէյթին
սկսած
էր
վերստին
պեղել
տալ
Այգեստանեայց
հիւսիսակողմն
գտնուած
Յանգուսներու
լեռնագագաթը,
իմ
ընթերցողաց
ծանօթ
Զըմբզըմբ
մաղարային
գլուխը։
Արդէն
Գրոց
Բրոցը
պատմած
է
այս
կործանեալ
եւ
հրկիզեալ
բերդին
ծալքերէն
կուռքեր,
պղնձագործ
աթոռի
բեկորներ,
զանազան
անօթոց
եւ
կահուց
նշխարներ
գտնուիլը,
ինչպէս
նաեւ
շէնքերը։
Այս
անգամ
եւս
թէպէտ
քիչ
բան
ձեռք
բերած
էր
պ.
Քլէյթին,
բայց
այնպիսի
հոյակապ
շէնքեր
բացուեցան,
որ
բերդատիրոջ
մեծութիւնը
եւ
ժամանակի
ճարտարապետութեան
վրայ
կրնան
հիացումն
պատճառել.
դահլիճներ,
աւազաններ,
ձեւաւոր
եւ
խորհրդաւոր
շէնքեր,
դիտարանի
կամ
զբօսանաց
համար,
ապաստարանի
կամ
գաղտնարանի
համար
կամարաշէններ,
ընդունելութեան
կամ
հանդիսաւորութեանց
սրահներ
եւ
այլ
շատ
մը
խանգարեալ,
շատ
մը
եւս
դեռ
ծածկեալ
կ’երեւին։
Իսկ
դիրքն
շատ
հիանալի
է,
քան
բուն
Վանայ
բերդին
կամ,
ինչպէս
սովորութիւն
եղած
է
ըսել,
Շամիրամակերտին։
Այս
գագաթի
տակն
է
այն
բերանաձեւ
բացուած
դուռն
քարայրին՝
Զըմբզըմբ
մաղարային,
որոյ
անցքը
կ’երկարի
մինչեւ
Մհէրի
դուռն
եւ
կ’անցնի
անդին
մինչեւ
Ակրփին։
Դրսէն
ալ
ողնաշարի
պէս
երկնցած
է
լեռն,
այս
բերդը՝
գլուխ,
որ
ունի
իւր
պարանոցը,
Մհէրի
դուռն՝
թիկնամէջ,
միջնողն
եւ
կողավանդակն,
որոյ
մէջն
է
սիրտ,
թոք,
ստամոքսն
եւ
Ակրփին՝
իւր
ծնկներ։
Յարմար
կը
թուի
ըսել,
թէ
Շամիրամէն
յառաջ
Վանայ
թագաւորաց
ամրոցն
ու
ապարանքն
էր
այս
բարձունք
եւ
քարայրը՝
Մհէրի
դուռն,
իրենց
գանձարան,
դարան,
Մհէրն՝
գանձուց
պահապան,
միւս
ծայրն՝
Ակրփին,
Մեհեան
հրոյ
Արեւու,
եւ
իւր
գանձարանն
նոյնպէս
Մհերին
պահարանն։
Աստի
ծագած
լինի
թերեւս
այն
գաղափարը,
թէ
անթիւ-անհամար
ոսկի
կայ
այնտեղ
եւ
թէ
ճ
ակորի
ֆալակ,
կամ
բաղդին
դարձուածքը
չե՞ն
մեհենեաց,
հմայից,
եւ
Ագր-փիի
քրմաց
թողուցած
մէկ
հետքը։
Նայելով
մանաւանդ
այս
բերդի
ստորոտը
եղած
գետին
եւ
անոր
մօտ
շինուած
Անգուսներ
անունով
գեղեցկադիր
թաղի
մը,
ուր
այժմ
Ս.
Աստուածածնի
անունով
եկեղեցի
մը
ունինք
եւ
եթէ
ուշ
դնենք,
դա
գիծ
մի
է,
որ
գետոյն
լեռնակողման
եզերքէն
կ’երկարի
մինչեւ
Ակրփի,
մի
քանի
տեղափոխութիւն
ընել
բնական
է
ջրոյն
ընթացքին։
Այս
գիծը
եղեր
է
այգեստան,
դրախտ
բերդականաց
կամ
Արքունեաց։
Հանգուսներ
բառն
իսկ՝
իւր
կազմութեամբ,
հնչմամբ,
հնութիւն
մի
է.
իւր
վերէն
ունի
աւազան,
ուր
ուխտի
կ’երթան
ցայսօր
ախտաւորք
եւ
ջրովն
ու
կաւովն
կը
բուժուին։
Գետոյն
արեւելեան
մասն
Բ
աղնիքի
քարեր
կ’ըսուին՝
մօտ
Հանգուսներու,
որոց
բնական
երեւոյթ
աւրած
են
այժմեան
ջրվէժները։
Յղկուած,
փայլուն
կոնքաձեւ
քարերը
կրնան
մտածել
տալ,
թէ
ձեռակերտ
ամառնային
բաղնիք
եղած
լինին
ժամանակաւ
այդ
բերդականաց։
Յարեւելս
տարածեալ
կը
տեսնուի
հարթ
հովիտն,
եւ
անոր
մէջ՝
Սղգայ
գիւղը,
զոր
կը
յիշէ
Թովմաս
Արծրունին,
եւ
որ
իր
աւանդութիւններն
ունի
դէպի
խորին
հնութիւն,
իբրեւ
քաղաք,
իբրեւ
աւան,
մեծակերտ
եւ
բազմաբնակ,
եւ
արդարեւ
հազար
անգամ
վայելուչ
է
քաղաք
լինելու
համար
այդ
տեղը,
քան
Շամիրամայ
քաղաքը,
որ,
իւր
մեծագործութեամբ
հանդերձ,
կը
նեղէ
բնակիչները՝
բարձր
պարսպաց
մէջը
սեղմելով,
եւ
հիւսիսոյ
օդոյն
դէմը
բռնած
է
ապառաժն
ամբարտակ։
Իսկ
Սղգայ
ցամաք
եւ
առողջարար
օդով,
պառեկը
Վարագայ
լեռան
յեց,
եւ
առջեւը
տարածեալ
այգեստանք.
մէկ
կողմն
Արարք,
Կուռուպաշ,
այս
կողմն՝
Զրուանդանց,
Ձորովանց,
Լամզկերտ,
նշանաւոր
անուններով,
աւերներով,
որք
հնութիւն
կը
բուրեն։
Կից
է
գրեթէ
իրեն
Կարմըրւոր,
Ս.
Աստուածածնի
վանքը
եւ
իւր
բլուրներ
ու
դերբուկներ,
հետաքրքրական
նիւթերով,
ծածկոյթներով,
որք
երբեմն
ծայրը
ցոյց
կուտան,
ուր
կան
եւ
բեւեռագրով
քարեր։
ԿԱՐՄՐՒՈՐ,
ի՜նչ
սիրուն
բառ…
Այս
առթիւ
ներելի՞
է
կարծել,
թէ
Հայոց
հին
աստուծոց
եւ
աստուածուհեաց,
արամազդներու
եւ
անահիտներու
համար
երգուած
դիցաբանութեանց
փշրեալ
ոսկեղէն
երգոց
բեկորներէն
ժողված
լինին
մեր
թարգմանիչք
շատ
մը
թանկագին
գոհարներ
եւ
անոնցմով
շարայօրինած
լինին
այնքան
վսեմ
շարականներ
տէրունական,
մանաւանդ,
’ի
գովեստ
ս.
Աստուածածնին.
«Մարգարտատեսիլ
եւ
ծիրանազգեաց
հրաշափառագոյն
կոյս»,
եւ
այլ
բազում,
մանաւանդ,
երբ
դիտենք
ասոնց
մեծ
մասն
յօրիներ
է
Խորենացին,
նա,
որ
ճաշակ
ունէր
հնութեանց
եւ
հնախօսութեանց,
որ
մեծ
խնամօք
գտաւ
եւ
աւանդեց
մեզ
գողթնեաց
երգերն.
«Երկնէր
երկին,
երկնէր
երկիր,
Երկնէր
եւ
ծիրանի
ծովն»
եւ
այլն…
Այո՛,
մեր
շարականաց
մեծ
մասն
Աստուածաշնչով
բանաստեղծեալ
են,
իսկ
մաս
մը՝
ազգային
շնչով
ու
լեզուով,
որ
չէր
անհետացած
մինչեւ
այն
օրերը։
Այսքան
մը
քեզ
համար,
Կարմրաւո՛ր։
Իսկ
Վանը,
որ
իմ
կարծեօքս
կար
նախքան
զՇամիրամակերտն
եւ
յետոյ
քան
զնա,
ինչպէս
որ
չփոփոխեց
եւ
չկորսնցուց
երբեք
իւր
անունը,
նոյնպէս
էր
եւ
է
այս
բերդէն
տարածեալ
մինչեւ
ի
Սղգայ։
Այս
լեռնաբերդին
կողին
վրայ
կայ
յաւիտենական
ուռենի
մը,
քովը՝
ջուր
մը
եւ
աւերակ
մը։
Սղգավանք
կ’ըսեն
եւ
կը
հասկնան
Սղգայ
գետին
վանքը,
որ
հեռի
է
իրենցմէ
քան
զԿարմրւոր։
Բայց
թող
լինի
վանք։
Ի՞նչ
է
այս
բառը։
Վանք,
մեր
լեզուին
մէջը
տուն,
բնակութիւն,
իջեվան
կամ
օթեվան,
հիւանդանոց,
աղօթաւորաց
տուն,
ծածկոյթով
յարկ
մը,
թաղ
մը,
աւան
մը
կամ,
որ
նոյն
էր,
Վան։
Քիչ
մի
եւս
յառաջ
երթամ՝
ըսելու,
թէ
քաղաք
մը,
զի
քաղաքն
է
քաւաք
օտար
բառը։
Եւ,
զարմանալի
է
տեսնել
աւելի
յաճախ
գործածուած
ՎԱՆ
կոչումն
Վանայ
կողմերը.
Դատ-վան,
Վան-իկ.
Ախա-վանց,
Փշա-վանց,
Հայկա-վանք,
Ձորա-վանք,
Շատ-վան,
Ա-վանց,
Նորո-վանց
եւ
այլն։
Անշուշտ,
խորին
եւ
ծանր
կրկտումներ
պէտք
են
այս
ըսածներուս։
Ես
թեթեւակի
սոյն
կարծիք
կը
գրեմ։
Պ.
Քլէյթին
պեղել
տուած
էր
նաեւ
Ձորո-վանից
բերդաբլուրն,
եւ
հոն
ալ
բացուեր
էին
շէնքեր,
եւ
յայտնուած
էին
քանի
մը
կտոր
բաներ։
Մենք
ալ
էլանք
եւ
տեսանք
մեր
աչօք։
Ինչ
որ
լինին
այդ
գտնուած
եւ
վերցուած
բաները,
որք
շատ
մը
եւս
գեղացիներու
ձեռքով
կը
ժողվուին
եւ
Վանայ
քանի
մը
ծանօթ
անձինք
կը
գնեն
ու
կը
վաճառեն
գաղտնապէս՝
թէ՛
հոն,
թէ՛
’ի
Տփխիս
եւ
թէ՛
’ի
Կ.
Պօլիս
հանելով։
Ցաւ
է
ինձ
ըսել,
որ
չեն
իմացուիր
գէթ,
թէ
ի՞նչ
են։
Եւ
եթէ
ազգային
թանգարանի
մը
մէջ
չը
պահուիր
շահասիրութեան
շնորհիւ,
գոնէ
պատկերներ
եւ
չափերն
առնուն
եւ
նկարագրեն
ու
ստորագրեն
իրեղինաց
նիւթը,
գոյնը,
մեծութիւնն
եւ
տիպն
եւ
թէ
ո՛ր
տեղ
գտնուած
է,
որո՛յ
ձեռքով
եւ
ո՞ր
տարին։
Այո՛,
ուրուականն
եւեթ
գոնէ
ունեանք
այդ
հնութեանց։
***
ՏԻԳՐԻՍԻ
ԱԿՈՒՆՔ.
Վաղուցուան
փափաքս
էր
Դրախտի
այս
ջրոյն
ակունքը
ուխտի
երթալ,
բայց
դիւրին
չէր,
ինչպէս
Երկնից
արքայութեան
եւ
Եդեմական
դրախտին
ճանապարհը
կարի
դժուարին
է։
Գրեթէ
բարձրութիւն,
զով,
դալարիք,
ծաղկունք,
ակունք,
թռչունք,
սողունք,
մի
եւ
նոյն
են
Երասխին
ու
Տիգրիսին։
Երասխին,
որ
Բինգէօլէն
կը
բխի,
եւ
զոր
վայելած
եմ
քանիցս,
ու
նկարագրուած
ի
բազմաց,
ինչպէս
նաեւ
’ի
մէնջ,
ուր
երեք
տարի
յառաջ
կրկին
բաղդ
ունեցայ
Կարինէն
’ի
Սուրբ
Կարապետ
երթալուս
չորս
ժամու
չափ
շրջիլ,
համբուրել,
ըմպել,
հոտոտել
այդ
նազելի
մայր
լեռն
եւ
իւր
ստեանց
կաթն՝
երանաւէտ
հաճոյքներով
դնելով
որբ
գլուխս
գինարբներով
եւ
մշտադալար
ուռիներով
պճնեալ
մայրական
գրկաց
մէջ
եւ
չոր
բերանովս
ծծելով
անմահական
ջուրն
Մայր
Արաքսին,
Թաթոս
գեղին
մօտ,
ուր
«Ուլն
ու
գառն
իւր
վճիտ
ջուրը
կը
մտնէին
արձակ»
եւ
«Ճըկուն
ոստն
ու
տերեւ
թաց
կ’անէին
տապ
օրին։
Ափերին
մօտ
երգելով՝
հովիւք
գային
համարձակ։
Արաքս
հոն
չէր
սգաւոր.
պար
էր
բռնած
ձկանց
հետ,
սիրուն,
կայտառ
կարմրախայտք
պար
պարէին
մանկական».
եւ
մեղրաշուրթն
մեղրաշունչ
երգէր,
խօսէր
մեզ
շատ
բան…
մեր
սրտերն
ալ
կուտային
իրեն
բանից
պատասխան…։
Այս
երկու
նազելի
քոյրեր
կամ
միեւնոյն
գերդաստանին
զոյգ
տագերկիններ,
իրաւամբ
կոչուած
Դ
րախտին
ջրեր,
Երասխն
ու
Տիգրիսը,
մի
եւ
նոյն
արդն
ու
զարդն
ունին,
մի
եւ
նոյն
քնքշանք,
մի
եւ
նոյն
պաճուճանք,
մի
եւ
նոյն
բերկրանք,
մի
եւ
նոյն
դարդն
ու
տառապանք։
Իրաւ
է,
թէ
մէկն
’ի
հարաւ
կ’ընթանայ,
միւսն
’ի
հիւսիս
եւ
յարեւելս,
բայց
երկուքն
ալ
կ’անցնին
բազմահայ
գաւառներէ
եւ
իրենց
ալեաց
մէջ
կը
նկարեն
«Հին
հին
դարուց
յիշատակ»։
Կ’արժէ,
որ
Հայեր
իրենց
կենաց
մէջ
գէթ
մի
անգամ
ուխտ
երթան,
լուացուին
եւ
կուլ
տան
այս
ջրերէն,
կարդան
ու
լսեն
զանոնք,
եթէ
Հայ
են։
Տիգրիս
Տիգրանակերտի
առջեւը
բաւական
կատարեալ
հասակի
մը
կը
հասնի,
բայց
այս
ճիւղն
կը
ծագի
Գօլջուկէն,
մեր
պաշտեցեալ
Ծովքէն,
Թորոս
աղբօր
լճէն,
Խարբերդու
մօտերէն
եւ
մեծ
քարայրէ
մը
ու
Արղնոյ
լերանց
աղբիւրներէն,
որ
կը
կլորի
Ակլայ
քարաբերդի
առջեւէն,
ժայռոտ
խորերէն
եւ
կը
հոսի,
կը
խառնուի
Տիգրանակերտէն
անդին
Ջէզայիրէն
եկած
մեծ
ճիւղին
հետ։
Ահա
այս
վերջին
ճիւղին
ակունքն
է,
որում
կը
փափագէինք
եւ
գտանք։
Նօրդուզ
անունով
գաւառակ
մը
կայ
’ի
Վասպուրական,
որ
Ջուլամէրգու,
Շատախու
ու
Խօշաբայ
մէջտեղը
կ’իյնայ,
կից
Անձեւացեաց
հին
նահանգին,
թերեւս
եւ
անոր
մէկ
մասն։
Այս
գաւառի
իւղն
ու
պանիրը,
կաթն
ու
մեղրը,
ոչխարն
ու
կովը
շատ
անուանի
են
բոլոր
այդ
կողմերը,
որպէս
է
Բինգօլինը,
Մշոյ
եւ
Կարնոյ
կողմերը։
Այդ
առատութիւն
եւ
համեղութիւն
կը
գոյանայ
շնորհիւ
արօտին,
օդին
եւ
ջրին.
մէկ
խօսքով՝
Դրախտի
բերք
է։
Վանէն
մեկնելով՝
հոյակապ
ընկերներով,
յորս
յետինն
ես
էի,
Վարագայ
հարաւէն,
Արաբոց
սարէն,
Արարք
հին
գեղի
աւերակներու
քովէն։
Արարոց
սար
բեղուն
եւ
ջրաւէտ
ու
դալարաւէտ
լեռ
մի
է,
որ
ունի
հրապուրիչ
տեսարան
եւ
դիրք
եւ
որ
կը
ներշնչէ
զմարդ։
Ելլելով՝
շրջուեցանք
Հայոց
ձորին
վրայ
եւ
իջանք
Աստուածաշէն
գեղ։
Աստուածաշէն,
Հայկաշէն,
միշտ
շէն,
մեծ
շէն։
Ունի
երկարաձիգ
բերդաբլուր
մը
հողածածուկ
շիներով
եւ
աւերներով,
որուն
վրայ
գրած
ենք
արդէն,
բայց
այս
անգամ
եւս
չկրցինք
առանց
այցելելու
անցնիլ…։
Հետեւեալ
օրն
Հոգւոց
վանքը
հասանք,
սովորական,
այլ
սարսափելի
դժուարել
լեռան
մը
ուղիով՝
տափէ
մը
եւ
անձուկ
ու
ժայռալից
ձորէ
մը
անցնելով։
Հոգւոց
վանք
խոր
անդունդի
մը
մէջ
զետեղուած
է,
բարձրաբերձ
ապառաժներով
շրջապատեալ,
’ի
հնումն
Աթոռ
Անահտայ.
«Քանզի
դեւք
բազումք
բնակեալ
էին
անդ
եւ
պատրէին
զմարդիկ
տեղւոյն,
տուեալ
յայնմ
տեղւոջէ
դեղս
ախտականս
առ
’ի
կատարել
զպղծութիւն
ախտից,
կռանաձայն
դարբնաց
ահաւոր
հրաշիւք
արհաւիրս
գործէին.
յորս
մարդիկ
աշխարհին
սովորեալք.
անդ
առ
վայրին
դեգերէին,
առեալ
ի
չաստուածոյն
ծրարս
թարախածորս
ի
պատիր
ախտիցն…
եւ
անուանէին
զանուն
տեղւոյն
այնորիկ՝
Դարբնեաց
քար»։
Խոր.
Թուղթ.
առ
Սահ.
Արծր.
։
Դարբնաց
քարեր
դեռ
կան՝
այդ
անունով
եւ
տեղով
եւ
մի
սեւացած
քարայր,
ուր
կը
ճենճերէին
զոհք
չաստուածոյն,
բայց
դեւք
չքացեալ
են,
զի
հրաշագործ
կենդանագիր
Տիրամօր
անարատ
Ս.
Կուսին
կանգնեցաւ
Ս.
Բարդ.
Առաքելոյ
ձեռամբ՝
փոխանակ
Անահտայ
արձանին,
եւ
տաճարն
կառուցաւ
յանուն
Աստուածածնին,
ուր
վանք
եւ
օթեվանք
շինուեցան
ախտացելոց
եւ
ուխտաւորաց,
որոց
շարունակութիւնը
կը
տեւէ
ցայսօր։
Ուխտադիր
կանայք
կային
հոն
’ի
նախնումն՝
խնամողք
եւ
հոգացողք
ախտաժէտից։
Այդ
է
Հոգոց
կամ
Հոգեաց
վանքն։
Վճիտ
եւ
պաղուկ
ջրոյ
մեծ
վտակ
մը
կը
հոսի
վանքին
առջեւէն։
Վտակին
եզերքն
անշուք
եւ
անձուկ
մատուռ
մի
կայ,
յորում
ցուցնեն
հսկայի
մը
գերեզման։
Այն
տեղ
կը
պահուին
ոսկերք
Մեծին
Տրդատայ։
Այդ
վտակն
է
Տիգրիսին,
որ
կ’երթայ
’ի
Շատախ
եւ
հոն
կը
կոչուի
ՇԱՏ
մինչեւ
իւր
վախճանը
(գաւա՞ռն
ջրէն,
թէ
ջո՞ւրն
գաւառէն
ՇԱՏ
յորջորջուած)
եւ,
ժողովելով
Շատախու,
Մոկաց,
Բարվարու,
Բօհտանու,
Բաղշոյ
լերանց
եւ
ձորոց
առատ
ջրերը,
Ջղիրայէն
կ’իջնայ
մեծ
դաշտն՝
միանալով
միւս
ճիւղին։
Վտակին
հետ
դէպի
իւր
ծագումն
կ’ընթանանք
յարեւելս
հարաւոյ.
կապաններ
նեղ
ու
մեղ,
ձորեր
խոր
ու
մոր,
մացառներ
եւ
ժայռեր
մեր
բոլորը,
ապա
ձորահովիտ
մը,
ապա
լեռնահովիտ
մը,
փոքրիկ
գեղեր,
խոտաւէտ
տեղիք,
ամայութիւնք։
Արծիւներ
կը
թռչտին
ազատ-ազատ
եւ
ահեղաթափ
ամբերէն
ի
վար՝
քարերուն
վրայ,
ապառաժներու
պատռուածքներու
մէջ
մանր
ու
խոշոր
բազմատեսակ
թռչնոց
բոյնք
եւ
ձագունք,
վայրի
էրէք
երամով
կ’անցնին
արօտէ
արօտ,
գագաթէ
գագաթ,
մերթ
ընդ
մերթ
մեր
հրարձակներ
(հրացան)
կ’որոտան,
թնդաձայն
կը
լնուն
վայրը,
այլ
’ի
զուր.
ոչ
մի
հաւք,
ոչ
մի
էրէ
չեն
իյնար
որս,
կը
նային
իրենց
դիրքէն
եւ
կը
ծիծաղին
ու
կը
քամահրեն
մեր
առթած
ահն
ու
հնարքը։
Ազատ
թռած
եւ
ազատ
քալած
են
անոնք։
Անծանօթ
կը
թուէր
իրենց
երկիւղն,
մահն
մարդոց
ձեռքէն՝
իբրեւ
բնակիչք
ամպոց,
բնակիչք
լերանց…։
Գեղերը
անբնակ
կը
գտնէինք,
գրեթէ
ամէնքն
ալ
վրաններով
ելած
էին
զօզաններ,
իրենց
ոչխարները
բուծելու
եւ
կթելու.
պատահեցանք
վրանէ
վրան
եւ
ապա
ժամանեցինք
Կողան
գեղ,
ուր
հանգեան
մեր
ծանր
ընկերներ։
Իսկ
ոմանք,
միասին
առնելով
գեղի
կտրիճներէն,
դիմեցինք
Ակներ։
Քանի
կը
վերելենք,
կ’անօսրանայ
օդը,
եւ
նոր
ու
սխրալի
տեսարաններ
կը
բացուին։
Օլաման
գեղ
մը
կայ
առջեւնիս,
ուր
Ասորիք
կը
բնակին
եւ
մի
գեղեցկակերտ
տաճար
ունին,
բայց
իրենք
եւ
իրենց
կանայք
ու
մանկունք
քրջազգեացք,
աղտոտ,
սեւացեալք։
Տէր
Աստուած,
Դրախտի
քով,
Դրախտի
մէջ
կը
բնակին,
եւ
ա՛յսքան
տգեղ
է
իրենց
տիպն
ու
կենցաղն։
Անիծեալ
պէտք
է
լինին
անշուշտ,
զի
քիչ
մը
իրենցմէ
վար
բնակող
Հայք
եւ
Քիւրդք
զարմանալի
առոյգ,
առողջ,
սիրուն
եւ
գեղեցիկ
են։
Օլամանէն
անմիջապէս
կ’սկսի
մի
ճակատաձեւ
դիրք
լերան
մը
կամ
լանջաձեւ
տեսարան
մը,
զոր
կը
ծածանէ
սիւքն
եդեմական,
գոյն-գոյն
ծաղկանց
եւ
բանջարոց
եւ
կանանչ
դալարեայ
ծալէծալ
ալիքներով,
որոց
կողերէն,
ծոցերէն
արծաթափայլ
երեսք
ջրոց
բաց
ու
խուփ
կ’երեւին
եւ
կը
հոսին
առու-առու,
քաղցր
ու
մեղմիկ
կարկաչներով
եւ
կը
թափին
ձորառուն։
Ծծելով
լիաշունչ
օդն
ու
հոտ
Եդեմին,
զբօսնլով
այս
հաճոյալից
տեսլեամբ՝
կ’ելնենք
զառ
’ի
վեր։
Ի
վե՛ր,
որ
գագաթն
է
այդ
գեղեցիկ
ճակատին,
եւ
հոս
ամենայն
ինչ
ոսկեղէն
է։
Արեւուն
ճառագայթը
ոսկեփայլ։
Թեւք
թռչնոց
ոսկեգոյն։
Ձայն
երգոց
հաւուց
’ի
ձայն
ոսկելար
քնարի։
Ցօղունք
խոտոց
եւ
բուսոց
ոսկի։
Ծաղկունք
ամենայն
եւ
ամենուրեք
ծաղկասփիւռ,
շուշանն
ու
համասփիւռ,
տերեւն
ոսկի,
տեսիլն
ոսկի,
միայն
քարեր
կան
բոսորային
կարմիր,
եւ
այդ
քարերու
մեծամեծ
բեկորներէն
շէնքեր
կը
տեսնուին
’ի
տեղիս
տեղիս,
զորս
կը
բացատրեն
մեզ
ԿողզանցիՀայն
եւ
Օլամանցի
Ասորիք,
թէ
Ազնաւորաց
բերդ
են
եւ
Ազնաւորաց
գերեզմանք։
Քանի
մը
առատաջուր
ակունք
կը
բխին
այս
տեղէն,
ամէնն
եւս
անմահութեան
ջրեր,
բայց
բուն
Ակն
մէկ
է
եւ
ունի
իւր
վէպն։
Ամէն
տարի՝
Համբարձման
տօնին
առաւօտ,
անմահութեան
խնծոր
մի
հրեշտակներէն
կը
դրուի
այս
ական
ջրի
մէջ,
ուր
ամէնէն
կանուխ
հասնողն
միայն
կը
տեսնէ,
բայց
երբ
ձեռն
կը
կարկառէ
առնլու,
խնծորն
այլեւս
չերեւիր։
Ափսո՜ս։
Բայց
տեսնելն
ալ
հերիք
է։
Ըսէք,
թէ
ի՞նչ
կերպ,
ի՞նչ
գոյն
եւ
ի՞նչ
մեծութիւն
ունի։
Ո՞ր
ադամորդին
կարող
է
պատմել,
կա՞յ
անոր
նման
բան
մը,
որ
հասկցնենք.
երբ
Դրախտն
երթանք,
պիտի
տեսնենք
ու
վայելենք…
Աւա՜ղ
ադամորդւոցս,
աւա՜ղ
մահկանացուացս։
Յանչա՜փս
այդ
ջուրէն,
յանչափս
այդ
օդէն,
յանչափս
այդ
տեղէն
եւ
տեսարանէն
ճաշակեցինք.
եւ
ահա
ընթերցողացդ
ալ
քիչ
մը
ճաշակ
տուինք։
Ջուր
մի
եւս
խմենք,
հարիւր
դիր
խմենք,
միշտ
ծարաւ
ենք։
Շեխ
մի
երկու
Քուրդ
ընկերով
եկաւ
մեր
քով,
կշտամբեց
զմեզ՝
թասով
այդ
ջուրէն
խմելու
համար։
«Գ
անէ
բ
ը
հաշտ
(որ
ըսել
է
աղբիւր
երանութեան)
սուրբ
է.
մի՛
պղծէք
ամանով»։
Գ
անէ
բ
ը
հա՜շտ,
առ
քեզ
մի
նոր
ճառագայթ,
«Յաշտ
առնէր
Զրուանն»։
«Աշտիշատ
վիշապաքաղն
Վահագնի,
մեհեան
Վահեվանեան,
մեհեան
եւ
բագին
ոսկեմօր
ոսկեծին
դից։
Մեհեան
Աստղկան
դից,
սենեակ
Վահագնի…»
(Ագաթանգեղոս)։
Այս
շէնքերն
ու
տեղն
’ի
Տարօն,
իսկ
բառը,
թերեւս,
այս
տեղ
աւելի
կանուխէն
ծանօթ։
***
Ազնիւ
ընթերցող,
մի՛
ստիպեր
զիս,
չեմ
ուզեր
զատուիլ
այս
երանութենէն.
բայց
չեն
ձգեր
զմեզ
հոն…
ետ
դառնանք։
Այս
անգամ
Հոգւոց
վանքէն
չենք
երթար,
այլ
Գասրիկ
գեղէն,
ուր
նշանաւոր
քիւրդ
Դրբազ
աղան
իւր
ընդարձակ,
գոյնզգոյն
եւ
շքեղ
վրանին
տակ
հիւրընկալեց
զմեզ։
Անտի
գնացինք
Կանքրուար
գիւղն
հայոց,
ելանք
Գուրգենի
բերդ,
որ
շինուած
է
դարաբլուրի
մը
վրայ,
բարձր
եւ
քարոտ,
քարերու
մէջ,
փորածոյք,
ջրշեղջք,
զընդանտուն,
եւ
իրեն
կողերուն
վրայ,
մեծամեծ
գերեզմանք,
զորս
կ’անուանէին,
Ազնաւորք։
***
Դեռ
ունիմ
բաներ
պարկ
ու
պուճախը
մնացած,
որքան
թափթփած
եւ
կորած
լինին
այս
հնգամեայ
թափառելովս
եւ
տեղէ
տեղ,
պաշտօնէ
պաշտօն
զբաղելովս։
Զոր
օրինակ,
կ’արժէ
որ
Խնուսն,
Մանազկերտն,
Պուլանխն,
Խլաթն,
Արծկէն
ու
Արճէշն,
Բաղէշն,
Դատիկն,
Գօզալ
դարան
եւ
Խոյթայ
եւ
Սասնոյ
երեսը
իրենց
գեղեցկութեամբ
նկարենք,
յորս
հիանալիք
եւ
յիշատակելիք
շատ
կան,
եւ
նորանոր
երեւոյթներ
’ի
տես
գան։
***
Բաղիշոյ
գարունը
ունի
սքանչելի
առանձին
ճաշակ
մը։
Այդ
ձորը
երջանկացոյց
զիս՝
տեսնել
տալով
հ
ազարան
բիւլբիւլն
յիշատակեալ
հէքեաթներու
մէջ,
զոր
տեղացիք
կ’անուանեն
նաեւ
«Տուտի
խումրի»։
Լսեցի
իւր
զմայլելի
երգերը,
զորս
կ’երգէր
իւր
զուտ
ու
քաղցր
դայլայլով,
որ
կը
լեցնէր
ձորն
ու
անտառն։
Արդարեւ,
հազար
եղանակ
գիտէ
գեղգեղել,
սարեկի
մը
մեծութեամբ,
աչեղ,
լանջագեղ,
թիկունք
եւ
գլուխը
փայլուն
ոսկւոյ
դեղնութեամբ,
թեւերը
սեւաթուխ,
ծանր
եւ
վսեմ
նայուածք
մը
ու
շարժուածք
մը
ունի։
Թռիչը
արագ
է,
բայց
ոչ
մացառի
փոքրիկ
բիւլբիւլի
նման
վժիկ-վժիկ
ու
ճըռ-ճըռ
եւ
ոչ
անոր
պէս
զավզակ,
ոստոստիկ
ու
մարդոց
անտեսող։
Սա,
ընդհակառակն,
կարծես
հաճոյք
կը
զգայ
ցուցնել
իւր
գեղն
եւ
կ’ախորժէ
երգել,
երբ
մարդ
կը
լսէ։
Բաղշոյ
ձորի
ծառերուն
վրայ
ամէն
իրիկուն,
երբ
արեւը
մար
կը
մտնայ,
թփերու
մէջէն,
մի
ողորմուկ,
սեղմուկ,
ամչկոտ
աղջկան
մը
ձայնի
նման,
սրտի
դպչող
շվոց
մը
կը
լսուի.
«Սը°հա՛կ,
սը°հա՛կ,
սը°հա՛կ»…
երիցս
կը
կրկնուի։
Քիչ
մը
կը
լռէ,
կը
թուի,
թէ
արձագանքի
մը
կամ
պատասխանւոյ
մը
կ’սպասէ,
ապա,
անյոյս
իր
սպասածէն,
կը
կրկնէ
ու
կը
կրկնէ.
«Սը°հա՛կ,
սը°հա՛կ,
սը°հա՛կ»…
մինչեւ
առաւօտ։
-Պըտըտիկ,
կատարգլուխ,
վախկոտ,
ամչկոտ
այս
թռչնիկն
ո՞վ
է,
-
հարցուցի
բարեկամէս։
-Վա՛,
չգիտե՞ս
դու։
Քոյր
մը
ու
եղբայր
մը
եղեր
են
որբուկ։
Իրիկուն
մը
Սահակ
իր
քրոջ
ծամերը
կը
սանտրէր,
յափշտակուեցաւ
յանկարծ,
արծի՞ւ
էր
յափշտակողն,
թէ
գազան,
Աստուած
գիտէ։
Ճչալու
ձայնին
հետ
սիրտ
կ’ելնէ
քրոջ.
«Աստուա՜ծ,
ինձ
հաւքու
թեւեր
տուր,
թռնիմ,
իմ
աղբրուկ
գտնեմ»։
Աստուած
թեւ
տուեր
աղջկան
ու
դեռ
սանտրն
էլ
վեր
գլխուն։
Այն
օրէն
’ի
վեր
ծառեր
ու
դռներ
կը
թափառի,
լեռներ
ու
անտառներ
կը
թռի
ու
կը
կանչէ.
«Սը°հա՛կ,
սը°հա՛կ,
սը°հա՛կ»։
***
Վանայ
ծովու
դստերներէն
են
Արջակու
ծով
եւ
Ս
պահան
գօլուն՝
Բերկուայ
հանդէպ։
Մի
մատաղ
եւ
խարտեաշ
դստրիկն
է
Սիփանայ
Սութէնն,
եւ
երկու
եւս
ունի՝
մին
քան
զմիւսն
գեղեցիկ,
Նազիկայ
լիճ
Խլաթայ
վրան
եւ
Խաչլուայ
լիճ
յԱպահունիս
(ի
Պուլանըխ),
Բլէճան
լերան
հետ
կարգած։
Նազիկն
նազելի
է
անուամբ
եւ
տեսքով,
փափուկ
եւ
անուշ
իր
ջրովն
ու
ձեւերով,
բայց
Խաչլուն
աւելի
խորհրդաւոր
եւ
ուշոյ
արժանի
է,
որ
ունի
իւր
վէպն։
Այս
լիճը
բրոր
ու
պղտոր
է
միշտ
եւ
իւր
խորէն
կը
յուզուի
ու
ձայներ
կ’արձակէ,
եւ
ահա
իւր
վէպն.
*
թուր
մը
ունէր։
Պռօշն
իր
ծերութեան
ժամանակ
կը
մտածէ,
թէ
այս
թուրը
իր
որ
մէկ
տղային
քով
մնայ,
մէկալնոնք
պիտի
սպաննէ.
բան
մը
չկայ,
որ
այդ
թուրին
դէմ
դնէ։
Խաղաղութեան
համար
կը
կանչէ
իր
մեծ
որդին
ու
թուրը
կուտայ
անոր,
կ’ըսէ.
-Տար
նետէ
այդ
լճին
խորը։
Տղան
կ’առնէ
թուրը,
բայց՝
ափսոս
չէ՞,
կ’ըսէ,
կորսնցնեմ
այս։
Կը
պահէ
տեղ
մը
եւ
կը
դառնայ,
կը
պատմէ
հօրը,
թէ՝
նետեցի
լիճը։
-Ի՞նչպէս
եղաւ
լիճը,
-
կը
հարցնէ
Պռօշն։
-Բան
մը
չ’եղաւ,
-
կ’ըսէ
տղան։
-Գնա՛,
բեր
թուրը,
պահեր
ես
դու,
-
կ’ըսէ
հայրն
եւ
կը
յանձնէ
կարգով
մէկալ
տղայոց։
Ամէնքն
ալ
ջոջ
եղբօր
արածին
պէս
կ’անեն,
եւ
Պռօշն
ետ
կ’առնէ
ու
կ’ուտայ
պզտիկ
տղային։
-Տար,
նետէ
լճին
մէջը,
-
կ’ըսէ,
-
կեցիր,
տես
ի՞նչ
կը
պատահի,
դարձիր,
պատմէ
ինծի։
Պզտիկ
տղան
հօր
ըսածին
պէս
կ’ընէ
եւ
կը
դառնայ,
կը
պատմէ,
թէ՝
բրորաւ
ծով,
պղտորան
ջուրեր,
ձկներ
թափան
’ի
դուրս,
գո՛ւռ
գո՛ւռ
ձէներ
կուգար
լճի
խորերէն։
Օրն
ուրբաթ
էր,
որ
թուրն
ինկաւ
լիճը։
Այն
օր,
այս
օր,
ամէն
ուրբաթ
օրեր
կը
փոթորկի
խորէն
ծովը,
կը
խառնուի,
կը
պղտորի
ջուրը։
Դաս
մը
քաջեր
բռներ
են
զթուր,
դաս
մը
քաջեր
էլ
կան,
որ
կուգան
խլելու,
եւ
այդ
շփոթէն
կը
գոռան
ջրեր։
Պռօշը
թըլըսըմ
ըրած
է,
որ
երբ
այս
ծովը
ցամքի,
այդ
թուրը
բռնող
ձեռք
մը
աշխարհ
կուգայ,
մնացածն
Աստուծոյ
գիտնալիքն
է»։
Թէ՛
Նազիկն
եւ
թէ՛
Խաչլու
լճակներ
ունին
իրենց
մէջ
հրեղէն
աղջիկ,
ունին
հրեղէն
ձիեր,
հրեղէն
գոմէշներ,
որոցմէ
կը
յղանան
երբեմն
գեղերու
մատակներն
եւ
կը
ծնանին
ճեփ-ճերմակ
ու
անղալատ։
Խաչլուկէն
վտակ
մը
ջուր
շարունակ
կը
վազէ
ջաղացքներ
եւ
արտերը,
բայց
չէ
եղել
օր,
որ
պակսի
իւր
ջուրը։