Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՑՐՕՆՑԻ ԱՂՋԻԿ ԵՒ ՍԵՒ ՀԱՐՈՆ
       Առաւօտուն ելայ, զկուժ դրի թեւոյս,
Կ’երթէնք ի աղբիւր,
Իշեցի սեւ Հարոն էկաւ, կոլաւ վըր թեւերուն,
Կը մըշըշէ՜ր Բըլբլայ դարուն։
Դու կ’ասես Փիոնաց Նատիր աղան էր,
Փողրկովայ Խալիլ բէգն էր,
Մոգուց Խուրշիդ բէգն էր,
Քրթագոմու Նասիբ բէգն էր…
Բացեցի զաչքերս ու տեսայ, չէ,
Իմ սեւ Հարո՜ն էր, սեւ Հարոն էր…։
Քանի սեւ Հարոն հուտայ էր,
Երկու պտղունց թուխ դեղ աչքերս կը քսէր,
Հըմկայ ա՛խ կ’անեմ,
Թօզիկ մի առքի մրիկ ձեռքս չի կպե՜ր։
Քանի սեւ Հարոն հուտայ էր,
Իմ ոչխըրիկ երկու էծուկ էր։
Խալխին ճըղերով էր,
Քընց զըմէն շուտ կ’երթէնք, կըթէնք,
Ու քընց զըմէն իմ կաթնուկ շատ էր։
Հարցէք դուր ու դրկըցին։
Էդի ո՞իր խէրո՛ւն էր,
Ախ, սեւ Հարոյի խէրո՛ւն էր…։
Սեւ Հարոն ե՞րբ դառնէր ի գէր,
Վըր Բըլբլայ դարուն մըշըշէր։
       ***
       Աղէկ ես, աղէկ ես, մարըդ կը նմանիս,
Գարնան ծընրած մաքուն գառը կը նմանիս,
Նոր հասած բաղչային ծառը կը նմանիս,
Ծովուն միջու անգին քարը կը նմանիս։
Էկան, էկան գարնան էրկան օրեր,
Առնեմ անոյշ եարս, ելնեմ լեռները,
Քաղեմ վարդ մանուշակ, բըռնեմ ձեռները։
Լեռներ, լեռներ, ա՛յ պաղ պաղ ջըրեր,
Առանց եարիս ինսուզ մնացին քո եուրդերը։
Մայրամ թոնիր վառեր, տները մուխ էր,
Աչուին ծարուրը քաշեր, ընքուներ թուխ էր։
Մայրամ, մի՛ լար, աչուիդ կ’աւիրուի,
Քեզի տանողին տնիկն աւրուի։
Չատըր զարկեր եմ օռմանն ու լեռները,
Մէկ դին խոյեր կ’արածան, մէկ դինը գառները.
Վախեմ ինծի համար դուն թուղթ ես արեր,
Սիրտս գետի պէս կը վազէ, լեզուս բռնուեր։
Բամբակ եմ ցաներ Խարբերդի ովան,
Բիւլբիւլ, մի՛ փլցուներ ձագերուս եուվան։
Տուն էկո, տուն էկո, սիրածս, տուն էկո,
Արմաղան պէտքը չէ, արեւդ առ, էկո։
Գոգնոցս ներկեր եմ Կէնճու տորոնով,
Սրտիկս լեցուեր է գունդ-գունդ արիւնով.
Սիրա՛ծ, աղբիւր շինէ ես գամ ջուր խըմեմ,
Ընքուերդ սեւ դար արա, ես վրան թառիմ։
Դուն էկո, դուն էկո, սիրածս, դուն էկո,
Հաց ու գինի ունինք, արեւդ առ, էկո։
Ձորերուն ջուրերն են տաքցեր,
Վախեմ սիրածս մէջն է լողկըցեր,
Աղբար, հերիք պառկես, օրն ու արեւն է անցեր,
Մարն ու մանուշակի հոտ սարն ու դաշտ լեցեր։
Տուն դարձիր, զիս ջուրը մի՛ նետեր,
Գայլու կեր մ’ըներ, տուն դարձիր։