ԱԿՆԱՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ
ԵՐԳԵՐ.
ՀԱՐՍՆԱՌ
ԳՆԱՑՈՂ
ԿԱՆԱՅՔ
ԱՌ
ՀԱՐՍՆ
ԱՍԵՆ
Մենք,
այ
աղւոր
աշխի,
էկեր
ենք
ձերը,
Քեզ
հազար
նազերով
տի
տանինք
մերը։
Էկու
քեզի
մերը
տանինք
նազերով,
Պահենք
չարէն
շապիկով,
ազիզ
լաթերով,
Ճակատդ
ճըռերով,
ականջդ
օղերով։
Կախթով
լաթ
ենք
բերել,
կռնակդ
անցուր։
Քեզ
տանել
ենք
էկեր,
մարիկդ
լացուր,
Ոտքդ
խատէմլի,
դուն
մեզ
խնդացուր։
Ա՛յ
իմ
հարըստի
դըստրիկ,
Ելի
կայնէ
ոտ
կաց
ի
վըրայ,
Քալէ,
մանտրտիկ
քալէ,
Քու
աղուոր
բօյիկդ
երեւայ։
Ականջդ
յիս
արէ,
Ի՛նչ
ըսեմ
ամուր
ծըրարէ,
Ուր
գան,
ուր
հազար
ըսեն,
Հազրէն
մէկ
խօսք
լսէ,
ըսէ,
Ան
ալ
չը
գիտեմ
ըսէ,
Դուն
քեզ
հազար
չարէն
ազատէ։
Մեր
տունն
Աստուծոյ
շինած,
Աստուծոյ
շինածն
ու
օրհնած,
Հայր
Աբրահամու
քարէն,
Մարգըրտէն
թէմէլը
ձըգած։
Բաղնեց
դուռը
զարկին
սազը,
Տալուըտաքդ
քաշեն
նազը,
Ներուըտաքդ
հիւսեն
մազը։
Նազ
ըրէ,
նազըդ
վերցընեմ,
Ալա
թօզ
շաքար
կրցընեմ,
Ջուր
ուզես,
շարբաթ
խըմցընեմ։
Մեկնելու
պահուն
ասեն
Խընամի,
տունըդ
շէն
կենայ,
Այս
դըռնակըդ
բաց
մընայ,
Ջուխտակ
որդիքդ
ապրած
կենայ։
Մի՛
լար,
մարիկ,
մի՛
լար,
ես
ալւա
տի
գամ.
աշխի,
նայ,
նայ,
նայ,
Ութ
օրն
ուր
լմննայ,
ընկերովս
տի
գամ.
աշխի,
նայ,
նայ,
նայ.
Տարին
ուր
լմննայ,
գըրկովս
տի
գամ.
աշխի,
նայ,
նայ,
նայ։
Առ
դրան
փեսային
ասեն
Բարով
եկիր,
դուն
բարկ
արեւ,
Ծագեցար
դուն
մեր
տան
վերեւ.
Դուն
ո՛ւր
էիր,
ուր
իս
գտար,
Հէյ,
Ադամայ
բաղչաս
մըտար.
Բիւլբիւլ
եղար
վարդիս
դիմաց,
Ելիր,
էկուր
կամաց-կամաց։
Երկու
կաքւուկ
կային
բունը,
Կը
թափէր
երեսին
գոյնը,
Դուն
ես
մեր
տան
ոսկի
սիւնը։
Ժամէն
կուգայ
ջուխտ
մի
ֆիտան,
Ելնենք
տեսնենք
մե՞րը
կուգան,
Առնենք
ելնենք
վերը
օտան։
Բարով
եկիր
դուն
ի
մերը,
Առջիդ
քաշեմ
սերն
ու
մեղրը։
Քալէ,
հարսնուկ,
քալէ,
հարսնուկ,
Վըրայ
խալուն
քալէ,
հարսնուկ,
Քալէ
ու
մանտրտիկ
քալէ,
Ալուկ
փէշերըդ
վեր
ծալլէ։
Թագւորի
մար,
դուն
դուրս
էկուր,
Քու
թագւոր
որդիդ
էկեր
է,
Քեզի
կաքւու
ձագ
բերեր
է,
Թէք
գնացեր,
ջուխտ
եկեր
է։
Թագւոր,
գովեմ
գլխուդ
ի
վար,
Էռաջ
ես
քո
բօյիկդ
ըսեմ,
Ուր
սէլւիյի
ծառ
կու
նմանի,
Անկէց
ես
քու
երեսդ
ըսեմ։
Ուր
լուսընկի
կալ
կու
նմանի։
Անկէց
ես
քու
բարչամդ
ըսեմ,
Ուր
սըրմայի
թել
կու
նմանի.
Հա՛յ
իմ,
հա՛յ
աննըման
աղւոր։
Աղւոր,
քեզ
ո՞ր
մարն
է
բերեր,
Ան
թուխ
աչեր
մարն
է
բերեր,
Մարն
է
բերեր
մեզի
համար,
Մենք
ենք
եկեր
քեզի
համար։