Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՊԱՐԵՐԳ
       Ծառի տակի պաղ աղբիւր,
Մէկ դու խըմէ, մէկ ծի տուր։
Նըստեր իս ու նըխշ կ’անես,
Հաւերն էկան, քըշ կ’անես։
Աղբօր բօղչան կանթ ունէր,
Քըրոջ բօղչան վարդ ունէր։
Պըրծայ սարէն, էկայ ցած,
Դըռներ թողեր կիսաբաց։
Իմ գըլխու կանանչ փուշին,
Քո գըլխու կանանչ փուշին,
Ջուխտակ ծըծեր վէր դօշին,
Ինչ որ հալուէն մէջ լօշին։
Տանքով ընցայ, թափ քէլեցի,
Բազէն տուն չէր, նստայ լացի,
Տըղէն կուլար, օրօրեցի։
Բազէն գացեր բակն ի լուաց,
Տաշտիկ կոտրաւ, սապոն գնաց,
Որբուկ տըղի շապիկ մընաց,
Խան Ավտալ խադըր մնաց։
Ել ու երթանք Կըռընկու սար,
Քօշկ մի շինենք, մըտնենք հիսար,
Թող գայ վըր մե Շահն ու Խոնդքար,
Ուզէ հարիւր, կուտամ հըզար,
Բազէ, քո թուխ աչքիդ համար։
Երէկ հէվարին, ոչխար վեր բէրին,
Թըւանքով զարկին, բըրինդար արին։
Կ’երթամ Վանայ բերդ, ոտքերս չի գայ հետ,
Կ’ուզեմ դառնամ ետ, իմ եարն առնեմ հետ։
Ծովուն հաւք մի կէր, անուն էր Ուրուր,
Ճըտիկն էր կարմիր, սրտիկ սեւաւոր։
Կապեմ բէչարէն, երթամ հետ ինոր,
Էն իմ դարդ գիտէր, ես էլ գօ ինոր։
Դու զարդըրուեր ես, կ’երթաս Սըրբ Նըշան,
Մատիս մատընիկ կուտամ քե նշան։
Էսօր ինչ օր է, ուրբաթ ու պահս է,
Աղջիկ, քո գըլուխ արծըթէ թաս է,
Խորած վարդապետ կ’ասէ չը հաս է։
Երկինքն էր ամբեր, կուգէր մարմար ձիւն,
Կը հալէր, կաթէր վէր մալուլ լաճուն,
Աստուած աւիրէր ղամազ մարդու տուն։
Էլեր ես իգին, խաղող կը քաղես,
Շամամ ծըծերովդ շաքար կը մաղես,
Աչքիդ խանչալով սըրտիկս կը դաղես։