Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԲ
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՋՈՒԼՀԱԿՆ
       Թագաւոր մը վեր աթոռքին նստած էր։ Հեռու աշխարհէ ելչի էկաւ եւ առանց խօսելու թագաւորի աթոռքի բոլոր կլոր եռ քաշեց, բերան խփեց ու նստաւ։ Թագաւոր բան մը չ’հասկցաւ, իշխաններ կանչեց, բան մը չ’հասկցան։ Մեծ ամօթ էր թագաւորի մը, որ այնքան խելացի մէկը չգտնուեր իր երկրի մէջ՝ այս բանն իմանալու համար։ Խիստ հրաման հանեց, որ եթէ մէկը չ’գտնուի, որ գիտնայ, ամէնքն ալ կ’սպաննէ։ Ինկան իմաստուն մարդ փնտրել եւ պատահեցան տան մը։ Ներս մտան, տեսան, որ տղան օրօրոցի մէջը, եւ մէկը չ’կայ տուն, ու օրօրոց կ’օրօրուի։ Քովի տունը մտան, նոյնպէս օրօրոցը կ’օրօրուի, եւ մարդ չկայ։ Ելան տանիք, տեսան՝ ցորեն լուացած ու փռած է, եղէգ մը կայ տնկուած, որ առանց հովի կ’երերայ էս դեհ, էն դեհ ու ճնճղուկները կը թռցնէ, որ ցորեն չ’ուտեն։ Զարմանք կը բռնէ զիրենք, ու կ’իջնան տակի տունը։ Կը տեսնան, որ ջուլհակ մը կտաւ կը գործէ։ Թել մի կայ կապած մըքուքի մէկ ծայրը, թել մի ալ՝ մէկալ ծայրը, թել մի ալ՝ սանդրին կապած։ Կտաւը գործելու հետ թելերը կը շարժին, եւ երկու օրօրոց ու տանիքի եղէգն կ’երերան։ Արդարեւ, ջուլհա՛կ, բայց ըրածը գիտունի բան էր։
       Կը պատմեն իրեն, թէ մէկն էկաւ, թագաւորի աթոռքի բոլոր եռ մը քաշեց, ու մէկը չ’կրցաւ իմանալ, թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։ «Ել երթանք։ Թէ դու գիտցար, մեծ պարգեւներ կուտայ քեզ թագաւոր»։ Ջուլհակ քիչ մը կը մտածէ, ապա կ’առնէ երկու ճան (վէգ) եւ մէկ վառեկ ու կուգայ։ Կը հանէ երկու ճանը, կը ձգէ ելչիին առջեւ։ Ելչին կը հանէ ծոցէն եւ կը ցփնէ գետնի վրայ ճանկ մի կորեկ։ Ջուլհակ կը ձգէ վառեկը, որ հետ հետոյն կորեկներ կըտցեց։ Ելչին ասոր վրայ իր տրեխները հագաւ, գնաց։
       Հարցուցին ջուլհակին, թէ ի՞նչ էր այդ։ Ասաց. «Այդ մարդ էկեր էր, թէ՝ մեր թագաւոր կուգայ պաշարելու եւ կռուելու քեզի հետ, պիտի խոնարհի՞ս, թէ ճակատ պիտի տաս։ Ես ճաներ դրի իրեն առջեւ, թէ՝ դուք տղայի տեղ էք մեր առջեւ, գնացէք ճան խաղցէք։ Դուն ո՜ւր, մեզ հետ կռուիլ ո՞ւր։ Ցանած կորեկով հասկցուց, թէ՝ անթիւ անհամար են մեր զօրքեր։ Ես վառեկ մի հանի, որ կերաւ ամէնը, թէ՝ մեր մէկը ձեր բիւրը կը ջարդէ»։
       Թագաւոր շատ մեծութիւն տուաւ ջուլհակին եւ ուզեց, որ վազիր ընէ զինքն։ Քիչ մը բան առաւ ջուլհակ ու խնդրեց, որ ինքն ջուլհակ մնայ։ «Միայն կ’աղաչեմ, - ասաց, - ո՛վ թագաւոր, որ չ’մոռնաս, թէ քո վազիրներէն աւելի խելացի մարդ կը գտնուի քո ծառաներու մէջը, ջուլհակն ու կօշկակարն ալ մարդու տեղ դնես»։