Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԳ. ՊԱՌՒՈՒ ՏՂԱՆ
       Թագաւոր մը աշխի մը ունէր։ Եղաւ կարգելու, թէլալ կու կանչէ, թէ՝ բոլոր տղաներ թող գան, սարայիս առջեւէն անցնին այսինչ օր։ Աշխինին ալ խնծոր մը կուտայ, կ’ըսէ. «Որ տղային որ հաւնիս, ադ խնծորը անոր վրան ձգէ»։ Աշխին խնծորը կու ձգէ պառւու տղայի մը վրայ։ Թագաւորին իմաց կուտան, կու նեղանայ. «Ադ չեղած բան է», - կ’ըսէ։ Մէյմ’ ալ կուգան, կ’անցնին։ Երեք անգամ ընել կուտայ, երեք անգամն ալ պառւու տղային կու ձգէ խնծորը։ Թագաւորը բարկանալով աշխին ալ, տղան ալ կու վռնտէ սարայէն ու քաղքէն դուրս։ Կ’իջնան քօփրուին (կամուրջին) քով. հաւբունի պէս տուն մը կար տղային։ Պառաւ մայրը կը նեղանայ տղային, թէ. «Մենք մեզի ուտելիք հաց չունինք, աս աշխի՞ն ինչ էր»։ Աշխին կ’ըսէ. «Մի նեղանար, մամա, ես ջահր մտնելով կ’ապրիմ»։ Վեց ամիս այսպէս կ’երթան։ Յետոյ խորհուրդ կ’ընեն, որ տղան երթայ ղուրբաթ, փարայ վաստկէ։ Ելաւ շուկան, բազիրկան մը գտաւ, որ սէքսէն բեռ մալով Արաբիստան կ’երթէր։ Կ’ըսէ. «Իս քովդ կ’առնե՞ս»։ «Կ’առնեմ, - կ’ըսէ, - ի՞նչ կ’ուզես»։ «Ամիս հարիւր ղուրուշ», - կ’ըսէ։ «Շատ աղէկ, առ քեզի հազար երկու հարիւր ղուրուշ տարեկանդ, գնա տունդ, պակասութիւնդ հոգա, եկուր»։ Տղան կ’երթայ տուն, եւ թագաւորին աշխին կ’ըսէ տղային, թէ. «Գնա ֆիլան տունը, ծեր մարդ մը կայ, ձեռք պագ, ըսէ, որ՝ ղարիբութեն կ’երթամ, բաբա, ինծի ի՞նչ խրատ կուտաս»։ Կ’երթայ, եւ բաբան կ’ըսէ. «Իմ խրատներս ասոնք են. «Կէօնիւլ քիմի սէվսէ, օ՛ տըր կիւզէլի»։ «Սապր, պաշի սէլամէթ»։ «Հէր սապրտայ պիր խէյր»։ Տղան կու դառնայ տուն, աշխինին կու պատմէ, ան ալ կ’ըսէ. «Միտքդ պահէ աղէկ մը, ադ խօսքեր քեզի պէտք պիտի գան»։
       Տղան բազիրկեանին հետ ճամբայ կ’ելնեն, կ’երթան Արաբիստանու մօտեր, եազիի մը օրթան բեռներ կ’իջեցնեն։ Ասոնցմէ առաջ սաքսան բազիրկան ալ հոն բեռներ թափեր, նստեր են։ Տղան յոգնած է. կու պառկի, կու քունանայ։ Այդքան մարդ ու հայվան ծարաւ են։ Ջուրի խույի մը կայ, բայց գիտեն՝ ով որ իջնէ հոն ջուր հանելու, մէջը կու մնայ։ Տղան կ’արթննայ, կու տեսնայ, որ թէլալ կու կանչեն կարվանին մէջը, թէ. «Ամէն մէկ բազիրկանս հազարական ղուրուշ կուտանք, սաքսան՝ հազար ղուրուշ այն մարդուն, որ իջնայ, ջուր հանէ այս խույիէն մեզի եւ մեր հայվաններուն»։ Տղան սանադլաշմիշ կուլի, խօսք կուտայ, որ մտնայ։ Իր աղան կու մեղքընայ, կ’ուզէ արգիլել, բայց բանը բանէն անցեր։ «Դու քո ձեռքովդ խույին կ’իջնաս, - կ’ըսէ, - քու մեղքը քու ճիտը, բայց թէ որ ողջ ելար, մէկ բեռ մալն ջորիով քեզի կուտամ»։ Չուանով իջուցին տղան։ Տեսաւ, որ գետ մը ջուր կու վազի, կուշտ մը խմեց։ Մէյմ’ ալ խույիի անդիի ծայրէն մենծ արաբ մը կու կանչէ աս տղային. «Հոս եկուր, հոս եկուր»։ Տղան սարսափելով գնաց, տեսաւ, որ երկու տղայ առեր քովը, նստեր է արաբ մը։ Տղոց մէկն սեւ է, մէկն՝ ճերմակ, ու կ’ըսէ տղային. «Ես քեզնէ բան մը տի հարցունեմ, թէ որ գիտցար, տի խալըսիս, թէ չը գիտցար, տի մեռնիս, ինչպէս որ շատեր մեռցուցած եմ։ Ըսէ նայիմ, իմ աս տղոցմէն բարով ո՞րն է, գէշը ո՞րն է»։ Պառւու տղայի միտքն եկաւ ծերունւոյն խրատը եւ ըսաւ. «Կէօնիւլ քիմի սէվսէ, օ՛ տըր կիւզէլի»։ Արաբը մէկէն կ’ելլէ, աս տղային ճակատը կը պագնէ, կ’ըսէ. «Աֆէրիմ մարդ, դուն իմ այսքան տարուան ցաւս փարատեցիր»։ Յետոյ կու հարցունէ ու կ’իմանայ, թէ ինչու համար իջած է ադ խույին։ Տղան ալ կու պատմէ, թէ՝ ջուր տի հանեմ կարվանին, հայվաններուն։ Արաբ երեք խնծոր կուտայ տղային ու կ’ըսէ. «Ջուրը հանելէդ յետոյ, երբ տի ելլես, ոտքդ գետնէն կտրած ատեն խնծորի մէկը ձգէ, կէսը հասածդ ատենը մէկալը ձգէ, դուրս ելլելուդ մնացած խնծորը ձգէ ու այսպէս սալամաթ կ’ելլաս»։ Երեք հատ ալ նուռ կուտայ հէտիյէ, մէկն ճերմակ, մէկն կանանչ, մէկն կարմիր։ «Ասոնք ալ ծոցդ դիր»։ Առաւ եւ ըսածին պէս ըրաւ։ Դուրս ելաւ, բազիրկաններն ալ իրենց սանաթին մուճիպով տուին սաքսան հազարը, իր աղան ալ՝ բեռ մը՝ ջորիով։ Տղան ուզեց, որ ադ բեռը ու փարաները ղրկէ իր տունը։ Երեք նուռը բեռին մէջը դրած ատեն, աղան տեսաւ, որ երեքն ալ միւջաֆար էր, խելքը գլխէն գնաց, բայց բարի մարդ էր, չ’չարացաւ, բեռն ու ջորին տուաւ մէկ ծառային, որ տանի պառւու տղայի տունը՝ քէօփրիւին գլուխը, սէլվի ծառին քով ու իլմուհապէր մը բերէ։ Եւ այդ տղային ալ աստիճան բարձրացուց, ըրաւ իրեն Սէիս պաշի։
       Աս բազիրկանը ժամանակէ մը ետքը մեռաւ։ Խաթունն ալ աս տղան իրեն զաւակ ըրաւ, եւ իր տղայի գործը կը շարունակէր, բարով հալ ու վախթ ունէր, բայց քսան տարի էր, որ իր տունէն ելեր էր։ Օր մը խաթունէն հրաման ուզեց, որ երթայ մի անգամ տունը աչք տայ եւ գնաց։ Ան թող գալու ըլլի, մենք երթանք անոր տունը։
       Տղայի ղարիբութիւն գնալուն տարին Աստուած զաւակ մը պարգեւած էր անոր, երբոր իր ղրկած փարաներ, բեռն եւ նուռերը էկաւ-հասաւ։ Կնիկը ճանչցաւ, որ ադ նռները միւջաֆար էին, բայց պառաւը կու կարծէր, թէ նուռն է, կու վերցունէ, որ ուտէ։ «Աֆէրիմ տղայ», - կ’ըսէ, - Աստծու բերան քեզ օրհնէ, որ ինծի չես մոռցեր»։ Հարսը կու խլէ ձեռքէն, բարձին ետեւ կու պահէ։ Պառաւը հարսին պէտուա կ’ընէ, հէրս կ’ելնէ. կ’երթայ մէկալ օտան կու նստի։ Հարսը շուկայէն երեք նուռ գնել կուտայ, կու բերէ, կուտայ պառաւուն։ «Առ, կեր, - կ’ըսէ, - ինծի պէտուա մ’ըներ, ջահելութեանս աֆ ըրէ»։ Հարսը պառաւուն, իրեն եւ չօճուխին վրան-գլուխը կու նորէ, արծաթէ թապախի մը մէջ ան ալմաս նուռերէն մէկը ոսկի թելէ չավրայով մը կու կապէ, դնէ, կուտայ կեսրոջ, ծոց ու ջոբն ալ ստակներով կու լեցնէ, կ’ըսէ. «Առ աս նուռը, տար թագաւորին հէտիէ։ Եթէ թագաւորն հարցունէ, թէ՝ ինչ կ’ուզես, մուրատդ ի՛նչ է, ասա, ֆարման մը կ’ուզեմ, քու փանչադ ալ վրան, որ ինչ որ ընեմ, մարդ մանի չըլլի։ Եւ երբ սարայը կու մտնաս, ծոցիդ փարաներն ալ սափմիշ ըրէ ծառաներուն»։ Ըսածին պէս կ’ընէ պառաւը։ Թագաւոր կանչել կուտայ միւջաֆարճիներ ու կ’ըսէ. «Աս նուռին գին դրէք»։ Կու նային եւ կ’ըսեն. «Ասոր գին չը կայ, տասնըհինգ տարեկան տղայ մը դուզ տեղ մը կայնէ, քար մը ուժով նետէ, մինչեւ ուր որ հասնի, այնքան տեղ ու այնքան բարձրութեամբ ոսկի շարես, դեռ գինը չէ»։ Թագաւոր կու նայի, որ իր խազինան այդքան ոսկի չկայ։ Կու հարցնեն պառաւին, թէ. «Գի՞ն կ’ուզես այս նուռին, թէ հէտիէ բերած ես»։ Կ’ըսէ. «Հէտիէ է»։ «Ուզէ, - կ’ըսէ թագաւորն, - մուրատդ ի՞նչ է»։ Պառաւը հարսէն լսածը կ’ուզէ, եւ թագաւորն կուտայ ֆերմանն։ Թագաւորին աղջիկը ֆէրմանն առնելուն պէս, օխդը ղռալներուն կու ղրկէ ան ալմասներէն ու չափազանց փարայ կու բերէ, աննման սարայ մը կու շինէ իրենց բունին քով, մեծ կտոր միւջաֆարներն ալ կու շարէ սարային ճակատը, որ ցորեկն արեւով, գիշերն ալ արեւու նման լոյս կուտային։ Թագաւոր լսեց, եկաւ սարայը պտտեցաւ, շատ հաւնեցաւ։ Չօճուխը, որ քսան տարեկան էր, աչքը մտաւ, տարաւ ու ըրաւ սարասքար, եւ այդ պատճառաւ շատ հեղ տավէթի կուգար թագաւորը ու ամէն օր նոր բաներ, ալմասեղէններ կու տեսնար, մտքէն չարութիւն կ’անցնէր, թէ իր չունեցած ասոնք ունին, բայց սիրտը չէր թող տար, որ վնաս մը ընէր, ինչու որ իր սարասքարը շատ կու սիրէր։
       Հիմա պառւու տղան եկաւ, հասաւ քաղաքը, տեսաւ, որ իրենց հաւ-բոյնը դրած է, բայց պարապ է, քովն ալ ադ աննման սարայը կայ։ Իրիկուն ելաւ սէլվի ծառին վրայէն նայեցաւ, որ իր կնիկը երիդմանը բազմեր է սարասքարին հետ։ Ճանչցաւ կինը, ու միտքը պղտորեցաւ։ Թիֆէնկը կու քաշէ, թէ զարնէ, ծերին խրատը միտքը կուգայ, թէ. «Սապր պաշի սալամաթ»։ Ետ կու կենայ։ Քիչ մը ետքը նորէն կու նայի, կու գրգռուի, թիֆէնկը կու քաշէ, որ զարնէ կնկան, ծերին մէկալ խօսքը միտքը կուգայ թէ. «Հէր սապրտա պիր խէյր»։ Դարձեալ ետ կու կենայ ու մտիկ կ’ընէ, որ սարասքար կու հարցունէ, թէ. «Մայրիկ, իմ դատ ո՞ղջ է, ո՞ւր է։ Ես գիշերս երազով տեսայ, որ կուգար տունը»։ Մայրն ալ կու պատմէ տղային աս հէքաթը։ «Վա՜յ, - կ’ըսէ տղան, - ես սարասքար եղնիմ, դու թագաւորի աղջիկ ըլլիս, աս սարայն ունենանք մենք, ու իմ դատս ղարիբութի՞ւն քաշէ։ Առտուն տ’առնեմ ասքար, երթամ դատս գտնեմ, բերեմ»։ Հայրը կու լսէ, ծառէն կ’իջնայ, առտուն մուժտահի կու ղրկէ։ Թագաւորն ալ հրաման կ’ընէ, մեծ ալայով ներս կու բերեն, թագաւորին կու պատմեն իրենց գլխուն էկածը, թագաւոր կ’ըսէ. «Իրաւ է, «Եազու պօզուլմազ». դուք իրարու խսմէթն էք եղեր, «Թաքթիրի իլլահի պէօյլէ իմիշ»։ Այսուհետեւ իմ փեսան ես», - կ’ըսէ։ Ան ալ թագաւորին ձեռքը կու պագնէ։ Թագաւորի մեռնելէն յետոյ թագաւոր կուլի։ Անոնք հասան աս աշխարհի առքին, մուրատին, մենք ալ հասնինք երկնային փառքին։