Թ.
ԱՐԾԱԹ
ՄԱԶԵՐ,
ՈՍԿԻ
ԾԱՄԵՐ
Թագաւորի
տղան
իր
չատըր
զարկեր
էր
գեղի
մը
մօտ՝
ջուր
ու
ծաղիկի,
չայիր
չիմանի
մէջ։
Գեղին
երեք
հասուկ
աղջիկներ
գնացին
բանջար
ու
ծաղկունք
քաղելու։
Նստան
չատիրի
կուշտ
ու
կը
ժըղլեն։
Մէկ
աղջիկն
ասաց.
«Թէ
որ
թագաւորի
տղան
զիս
առնէր,
այգի
մի
պիտի
տնկէի,
որ
էն
խաղողի
մէկ
ճութը
ինքն
ու
իր
բոլոր
մարդերն
ուտէին,
աւելնար»։
Միւս
աղջիկ
կ’ըսէ.
«Թէ
որ
թագաւորի
տղան
զիս
առնէ,
խալիչա
մի
պիտի
գործեմ,
որ
ինքն
ու
ասքարները
նստին
վրէն,
կէսը
աւելնար»։
Մէկէլ
աղջիկ
կ’ըսէ.
«Ես
զէն
ու
զէն
չ’եմ
գինայ,
Աստուծով
կը
զրուցեմ։
Թէ
որ
թագաւորի
տղան
զիս
առաւ,
Աստուծով
աղջիկ
ու
տղայ
մի
պիտի
բերեմ,
աղջկայ
ծամեր
արծաթ
եղնի,
տղային՝
ոսկի»։
Թագաւորի
տղան
ըտոնց
խօսքեր
լսեց,
երեք
աղջիկ
լէ
առաւ։
Օր
գընաց,
օր
էկաւ,
օր
մը
լէ
հարցուց
այգի
տնկողին,
թէ.
«Ո՞ւր
է
քո
այգին,
ո՞ւր
է
քո
խաղող»։
Էն
լէ
ասաց.
«Խօսք
մի
էր,
զրուցեցինք,
գնաց»։
Խալիչայ
գործող
լէ
զէն
ջուղաբ
տուեց։
Ապա
հարցուց
մէկալից,
թէ.
«Ո՞ւր
է
քո
արծաթէ
ծամերով
աղջիկ,
ո՞ւր
է
քո
ոսկի
մազերով
տղան»։
Էնի
ասաց.
«Իմն
պիտի
Աստուծով
եղնի»։
Էդ
օրից
յետ
էդ
աղջիկն
եղաւ
երկու
հոգւով։
Մէկէլ
երկուք
քէն
պահեցին։
Կանչեցին
երկու
պառաւ
դայեակներ,
շատ
ըռզակ
տուին,
որ
ինչ
անեն,
ծնածը
կորցուն,
տեղը
շան
լակոտ
դընեն
ու
էդ
կնիկը
թագաւորի
տղայի
աչքէն
հանն։
Պառւըներ
խօսք
տուին։
Օր
հասաւ,
ու
ջուխտակ
մի
բերեց։
Ինքն
իր
ցաւերու
մէջ,
պառաւներ
վերցին
տղան
ու
աղջիկ,
դրին
ղութի
մը,
կողպեցին
ու
տարան
ձգեցին
ծովը։
Ու
ջուխտ
մի
շան
քոթոթ
բերին,
դրին
տղաբերի
կուշտ
ու
էլան
թագաւորին
ու
տղային
խաբար
տարան,
թէ.
«Հարսը
պառկաւ,
ջուխտակ
մի
շան
լակոտ
բերեց»։
Թագաւոր
լսեց,
կատղեց.
«Գըցէք
զէն
շան
դէլ,
փաթթեցէք
ըղտու
կաշի,
դրէք
դռան
ետեւ։
Ելնող-մտնող
թող
թքնէ
ու
քար
մի
ձգէ»։
Թագաւորի
հրաման
կատարուեցաւ։
Էդ
քաղքի
մէջ
հալւորմ
ու
պառաւ
մը
զաւակ
չունէին։
Յըմէն
օր
հալւոր
կ’երթէր
ծով
ու
երկու
ձուկ
կը
բռնէր,
բերէր,
մէկն՝
իրեն,
մէկն՝
իր
կնկան։
Էդ
օր
գնաց,
թօռը
թալեց,
յանկսկծի
չորս
ձուկ
բռնեց։
Թօռ
մը
լէ
թալեց,
ծանրկէկ
քաշեց,
տեսաւ,
որ
ղութի
մի։
Ձկներուն
հետ
տարաւ
տունը։
Պառաւն
եբաց,
տեսաւ,
որ
ջուխտակ
մի՝
տղայ
ու
աղջիկ,
մէկի
ծամեր
արծաթ,
մէկին
ոսկի։
Տղէն
իր
ճկոյթը
դրեր
աղջկան
բերան,
աղջիկը՝
տղայի
բերան,
կը
ծծեն։
Հալւորն
ու
պառաւը
խնդացան
ու
ըսին.
«Գոհանանք
Աստուծոյ
տընէն.
հըրի
էսօր
Աստուած
անզաւակ
պահեր
էր
զմըզի։
Էսօր
Աստուած
զոյգ
մի
տուեց»։
Պառաւն
էլաւ,
ջրով
լողքցուց,
լուաց
էդ
ճժերը
ու
էդոնց
ծամերաց
արծաթ,
ոսկի
թափաւ։
«Դէ
էլի,
հալւոր,
-
ասաց
պառաւն,
-
էլիր
էս
արծաթ,
ոսկին
տար,
կով
մի
գնէ,
բեր,
կաթ
կթենք
ու
էս
ճժերաց
կերցուցենք»։
Ու
էդ
կերպով
մեծցան
քոյր
ու
եղբայր։
Ամէն
բարութիւն
կը
վայելէին՝
թագաւորի
զաւակի
պէս,
յարի
պէտցան։
Աստուծոյ
սահմընած
օրն
էկաւ,
հալւորն
ու
պառաւը
մեռան։
Քոյր
ու
եղբայր
զիրար
կը
կառավարէին։
Քոյրը
խելացի
էր,
տղան՝
կտրիճ
նէճիրւոր։
Էս
աղջիկ
պառաւէն
լսեր
էր,
թէ
ծովէն
գտնուեր
էին,
թէ
թագաւորի
դռան
նալաթլաման
իրանց
մայրն
էր,
թէ
պէտք
չէր
զիրենք
յայտնէին,
որ
չսպանուէին։
Էդոր
վրէն
աղջիկ
աղքատի
տեղ
կը
դնէր
զինքն,
կ’երթար,
թագաւորի
տուն
կը
մտնէր,
կ’ելնէր,
ամէն
բան
կը
լսէր,
կ’իմանար,
իրիկունը
կուգար։
Տղան
նէճիրի
գնալուն
երեք
անգամ
րաստ
էկեր
էր
հօր,
իրեք
անգամ
էլ
խլեր
էր
զնէճիր
հօր
առջեւէն։
Թագաւորին
կը
պատմեն,
թէ
հըմլա
հըմլա
կտրիճ
մի
կայ
ու
հըմլա
նէճիր
կը
խլէ։
Թագաւոր
կանչեց
զտղան
իր
սեղան,
շատ
սիրեց
ու
հարց-փորձ
արաց,
թէ.
«Դու
ո՞վ
ե՞ս,
որի՞
տղէն
ես»։
Տղան
պատմեց,
թէ.
«Քոյր
մը
լէ
ունիմ։
Զմեզ
’ի
ծովէն
հաներ
է
հալւոր
մի,
ու
պառաւ
մի
մեզ
տիրեր»։
Թագաւոր
կ’ըսէ.
«Կաց
իմ
տուն»։
Տղան
չ’կենայ։
«Իմ
քոյր
մինակ
կը
մնայ»,
-
կ’ըսէ։
«Ամէն
իրիկուն
արի
իմ
սեղան,
կեր,
գիշերը
գնա»։
Տղան
է,
կը
դառնայ,
քրոջ
կը
պատմէ։
Աղջիկ
մէկալ
օր
կ’երթայ
թագաւորի
տուն,
կը
լսէ,
որ
թագաւորի
հարսներ
ֆարղին
գացեր
են
ու
կը
մտածեն
տղան
ու
աղջիկը
կորցուն։
Իրիկուն
եղբայր
նէճիրէն
կը
դառնայ,
նետուանեղ
կախէ
տունը,
կ’անէ,
որ
երթայ,
քոյրը
կ’ըսէ.
«Աղբէր
ջան,
քո
զաղար
շունը
հետդ
տար։
Երբ
դրան
շեմէն
ներս
կը
մտնես,
զաղարի
ոտքը
դրած
տեղ
քո
ոտքը
դիր,
ընցիր։
Դասդա
մի
վարդ
առ
քո
ձեռքը։
Երբ
կը
հասնիս
դրան
ետեւն,
ըղտու
կաշիի
մէջ
պըլուլած
կնիկ
մի
կայ։
Ուրիշներ
կը
թքեն
ու
կը
քարեն
զէնի,
դու
զվարդ
թալէ
էնոր
ու
ընցի։
Հացի
որ
նստիս,
առջի
բրդուճ
տուր
զաղարին,
թէ
սաղ
մնաց,
դու
լէ
կեր,
թէ
փետցաւ,
սեղանէն
ելիր։
Դէ
գնա,
ասածներս
մի՛
մոռնար։
Աստուած
քո
հետ»։
Տղան
կ’երթայ,
քրոջ
ասածի
պէս
կ’անէ։
Կը
տեսնայ,
որ
շեմքի
տակ
հոր
են
փորած,
կնիկ
մը
դրան
ետեւ
պլուլած
դրած։
Բրդուճն
էլ
կուտայ
զաղարին։
Զաղար
կը
բիծնայ,
էլ
ինքն
հաց
չ’ուտեր։
Շնորհակալ
կ’եղնի,
կ’ըսէ.
«Ես
կուշտ
եմ
այսօր»։
Գիշեր
կուգայ
տունը,
քրոջ
կը
պատմէ
եղածն։
Քոյրը
կ’ըսէ.
«Դու
գիտե՞ս
զաղարն
հօրի՞
բեծաւ.
հացն
ու
կերը
դեղուկ
էր։
Դու
գիտե՞ս
զփոսն
ո՞վ
էր
փորած,
թագաւորի
երկու
հարսներ։
Դու
գիտե՞ս
ով
էր
էն
կնիկ՝
պլուլուած,
դրան
ետեւ
կանգնեցուցած։
Էնի
մեր
ծնող
մայրն
էր»։
«Իմա՞լ»,
-
կ’ըսէ
տղան։
Ու
քոյրը
կը
պատմէ
զըմէն
բան։
Քոյր
ու
աղբէր
կը
դնեն,
կը
վեցնեն,
թէ
ի՞նչ
անեն՝
իրենց
մայրն
ազատեն։
Տղան
կ’ուզէ,
որ
երթայ
թագաւորին
ու
իրենց
հօր
զեղելութիւնն
ասէ
ու
զէն
երկու
հարսներն
լէ
սատկցու,
մամն
ազատէ,
պրծաւ
գնաց։
Քոյր
կ’ըսէ.
«Չէ,
եղբայր,
կնկան
շառը
շատ
է։
Հըմալ
ընենք,
որ
մեր
մօր
ու
մեզի
չարմի
չ’քիսնայ։
Դու
կ’երթաս
նէճիր։
Թագաւորի
տղէն
գավաթ
ըրէ,
թող
առնէ
թագաւոր,
գայ
մեր
տուն
հացկերոյթ»։
Տղան
կը
խնդրէ,
խօսք
կուտան։
Էսոնք
լէ
պատրաստութեն
կը
տեսնան։
Թագաւորը,
իր
տղան,
հարիւր
լէ
մարդ
կուգան։
Թագաւորական
վայել
ընդունելութիւն
կ’անէ
քոյրը։
Հացէն
կ’ելնան,
թագաւոր
կը
լուացուի,
տղան
ջուր
կը
լըլէ,
քոյրը
դասդմալ
կը
բռնէ։
Թագաւորին
շատ
դիւրեկան
էկաւ
հաց
լէ,
հացի
տուող
լէ։
Քաշուեցաւ
օտան
տղային
ու
իր
մարդոց
հետ,
հարցուց,
թէ.
«Ի՞նչ
տանք
էսոնց»։
Ըսին.
«Թող
իրենք
ուզեն»։
Ներս
կանչեց
քոյր
ու
եղբայր,
հրաման
արաց,
թէ.
«Ձեզ
ի՞նչ
բան
աղէկ
կ’երեւայ,
ասէք,
որ
տամ»։
Աղջիկն
ասաց.
«Թագաւոր
ապրած,
քան
զմամն,
քան
զպապն
ի՞նչ
կայ
աղէկ»։
Թագաւոր
կ’ասէ.
«Է՞»։
Աղջիկ
կ’ասէ.
«Մեր
մայրն
ու
հայրը
տուր
մեզի»։
«Ես
իմա՞լ
տամ,
աղջիկս,
խօ՛
ես
Աստուած
չեմ»
(մեղայ
Աստուծոյ)։
«Դու
կրնաս
տալ»,
-
կ’ըսէ
ու
գլխանց
զըմէն
եղած-անցածը
կը
պատմէ։
Յետին
պահուն
լէ
աղբօր
գլխէն
գտակ
կը
վերու,
իր
գլխէն
եազման,
կը
տեսնան,
որ
հա՛,
ոսկի
բարչամ,
արծաթէ
ծամ,
քան
զէն
աւելի
իսպա՜թ։
Էլաւ
թագաւոր,
գրկեց
իր
թոռներն,
էտոնք
լէ
ինկան
հօր
վզով,
դարձան
թագաւորի
տուն։
Էտոնց
մայրը
հանեց
կաշիէն,
ճժերու
հետ
թասլիմ
էրեց
իր
տղային։
Մէկէլ
օր
աշխարաժողով
արաց,
դատաստան
կտրեց,
կրակը
բորբոքեց,
զէն
երկու
չար
հարսներ
բոցերով
էրեց։
Աստուած
զհախն
ու
զնըհախը
կ’ընէ։