Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԲԱՂԷՇ
       ԲԱՂԷՇ քաղաք Վանայ ծովուն արեւմտեան կողմն է՝ Դատվանէն 5 ժամ հեռի։ Մուշէն եւ Դատվանէն գալով՝ ուղեւորն պիտի անցնի Ռահվայէն, որոյ մէջ կը պատահի քանի մը մեծակերտ շէն ու աւեր խաներու. ասոնք ապաստանարան են ձմեռուան երթեւեկաց, երբ բուքը Ռահվայի ամէն կողմէն կը շնչէ ուժգին եւ լեռնաշարի ձիւներ կը դիզէ այս ամայի լեռնադաշտին մէջ։ Ռահվայէն ներս ծուռ ու շիտակ, խոր եւ բարձր ձորուղի մը կը տանի, կ’իջեցնէ զքեզ ’ի քաղաք՝ ուղեկից տալով քեզ վըտակ մը, որ հետզհետէ գետ կը դառնայ։ Երկու կողմդ գեղատեսիլ գեղեցիկ գեղեր կան։ Քաղաք կ’անուանեն զԲաղէշ համայն այդ կողմի բնակիչքը, «Վան կ’երթամ, Մուշ կ’երթամ, Կարինէն կու գամ, Սղերդէն կու գամ» կ’ըսեն, բայց երբ խօսքը Բաղեշոյ վրայ է, «Քաղաք կ’երթամ, քաղքէն կուգամ» եւ այլն կ’ըսեն։
       Բաղէշն ի՞նչ դեր եւ ի՞նչ կոչումն ունեցած է մեր ծաղկեալ աւուրց եւ ծաղկեաալ պատմութեանց մէջ, շատ հասկցուած չէ։ Իբրեւ տուն Բզնունեաց եւ Արծրունեաց կրնանք նկատել։ Իսկ իւր դիրքը՝ հիանալի, արդարեւ, ոչ միայն ամրութեամբ, այլեւ վայելչութեամբ, արժանի է համարել ներքին դղեակ կամ ապարանք, փափկութեան դրախտ, որոյ ջուրն եւ օդ՝ աննման, թուփն ու թռչունք՝ գեղազան, ծառն եւ ծաղկունք՝ եզական, մարդն՝ գեղադէմ եւ ողջանդամ։ Բաղէշը տարւոյն երեք եղանակի մէջ սքանչելի վայելք կ’ընծայէ բնակչաց, միայն ձմեռը կամաւոր Սիպերիայի մէջ բնակելու պէս է, այնքան շատ է իւր ձիւնն եւ խիստ բուքն ու ցուրտ։ Հիւսք կամ ուսին ձեանց յաճախ վտանգ կը բերէ բնակչաց։ Կռուփով բաղխած ձմերուկի կը նմանի Բաղէշը. ձորերով եւ խոռոչներով մասն մասն է, որոց մէջ եւ կողքերու վրայ ցիր եւ ցան կուտերու նման տուներ եւ թաղեր, եկեղեցիներ, մզկիթներ, կամուրջներ եւ ջաղացքներ, բուրաստանք եւ ծառաստաններ եւ ձորերու միջով գետեր, շէներու առջեւէն առուներ, գեղեցկութիւն ու կենդանութիւն են քաղաքիս։ Բերդն, ձմերուկի միջուկի պէս, քաղաքի եւ թաղերուն մէջ տեղն է՝ խորութեան կեդրոնին վրայ բուսած ժայռ մը, զոր կը ջրապատեն երկու մեծ ձորերէն հոսած գետերը եւ, բերդին առջեւը իրարու փաթթուելով, մէկ գետ կը ձեւանան։ Քիչ մը եւս յառաջ երթալով՝ Աւեխու ձորոյն վտակն ալ կը միանայ իրենց։ Բերդը մէկ կողմով կցուած է ցամաքին. ունի դեռ իր վրայ շէնքի մնացորդներ, արձանագիր, բուրգեր եւ այլն։
       Սքանչելի ջուր է Խոցերով գետն, որ կուգայ Գոմոց վանից եւ Ամրդօլու առջեւէն։ Թէ՛ մէջն եւ թէ՛ եզերքներն շատ մը հանքային աղբիւրներ կան։ Խոցերով ըսուած է, զի իւր ականց վրայ կը պատմուի, թէ խոցեալ կենդանիք եւ օձ եւ թռչունք եւ մարդիկ (Աղեքսանդրի մ’ալ անուն կուտան) լուացուելով կ’ապաքինին։ Նոյնը քոսոտ եւ ախտաւոր անձինք կը փորձեն մինչեւ Ամրդօլու առջեւ, ուր լի են լուացուողներ արք եւ կանայք։ Իսկ միւս գետը Ռահվային ջուրն է։ Քաղաքի շէնքեր եւ դռները ամբողջ քարաշէն են, տեղն արդէն հրաբուղխի մը պատռուածքի կը նմանի։ Փ ուտ քար, կակուղ եւ թուխ կարմիր, նման Ախլաթու քարերուն, ձորոյն երակներ կը կազմեն, որոցմով գեղեցիկ կերտուածներ յառաջ կուգան։ Բայց իրենց ներսը չը պատասխաներ դրսի վայելչութեան, բացի քանիներէ։ Ունի առատ եւ ընտիր մարմար քարի հանք, պաղլեղի, ծծմբոյ եւ պղնձի հանքաջրեր չորս կողմերը կը գտնուին, եւ շօրգօլ աւազանները քաղաքէն իբր ժամ մի հեռի Սղերդի ճամփուն վրայ, ուր կը լուացուին մարդիկ, ոմանք ալ կը խմեն։ Իւր համն նման է սէթլիջի, բայց իր վազած տեղերը աղի կամ բորակի կերպ քար կը գոյացնէր։ Շօրգօլէն ժամ մը եւս անդին Ծ ակ քարն է, որ նոյնպէս քովի լեռան կողէն բղխած աղբիւրներու սպիտակ ջրերէն լեռան պէս քար գոյացած է, զոր յետոյ մեծ լայնութեամբ կտրեր են դրան ձեւով, իսկ վրան կամրջաձեւ թանձրացեալ մնացեր է քարն, զոր տակաւին կը թանձրացնեն միեւնոյն ջրերը, որոց ներքեւէն անց ու դարձ կ’ընեն բոլոր կարաւան եւ ուղեւորք։ Աղջկան մը կ’ընծայեն այս գործը եւ մի ուրիշ հոյակապ կամուրջ, որոյ համար ըրած ծախքը յԵրուսաղէմ ուխտի երթալու վերապահած է եղեր, բայց այս բաները աւելի բարեգործական եւ աստուածահաճոյ թուեր իրեն, քան Երուսաղէմ երթալը, յառաջ քան զայս, մեծ դժուարութեամբ նեղ եւ բարձր կապաններէ անցնելով, շատ վտանգներ կը կրէին անցորդք։
       Բաղիշոյ ջուրը, որ այլեւս մեծ գետ մը դարձած է հոս, Ծակ քարի քովէն կ’անցնի՝ խորունկ եւ խոժոռ։ Բաղիշոյ հանքային ջրոց շնորհիւն է, որ իւր ներկած կտաւները, մանաւանդ կարմիրն, տորոնով ներկուած, զոր շիլա կ’անուանեն, իւր նմանն չունի եւ ոչ մէկ տեղ եւ կը տարածի մինչեւ Կարս, Կարին, Տիգրանակերտ, Խարբերդ՝ հանդերձ մերձակայ գաւառներով, խիստ մեծ քանակութեամբ։
       Թէպէտ կտաւի, շալի, շիշալի եւ այլ նիւթոց արուեստաւորներ բաւական թուով կան այստեղ, բայց մեծ գործն է քաղաքիս վաճառականութիւն, բուրդ, կաշի, խէժ, շրէշ, գղթոր, տորոն, մեղրամոմ։ Հալէպի եւ Եւրոպայի ապրանքներ բերել տալով՝ կը փոխադրեն զանազան գաւառները։ Մեծ մասն մի եւս կայ չարչի, որք Մշոյ դաշտ, Պուլանըխներ, Խընուս, Ալաշկերտ, Վանայ գաւառներ ու գեղերը լեցուն են. ամէն տեսակ ապրանքներ կը տանին ’ի վաճառ։
       Ընդհանրապէս չափազանցօրէն հռչակուած է բաղշեցի վաճառականաց եւ վաճառողաց շահասիրութիւնն մարդ խաբելու մէջ եւ այդ քաղաքի շրջակայ գիւղացւոց աւերումն այսպիսեաց անխղճութենէն, որք արտեր կը գրաւեն, ցորեններ եւ անասուններ կը տիրեն, դեռ տոկոսի տեղ չեն կրնար լեցնել եւ այդ կ’ընեն առեւտրական արդարութեան օրինաց համաձայն։ Գեղացիք Բաղշեցւոց համար կ’ըսեն, թէ «Եզը կը վերցնեն, տակէն հորթիկ կը փնտռեն»։
       Բաղէշ անունը ի զուր կը յարմարաբանեն «էշ պաղեր», այսինքն՝ ցուրտէն էշ սառեր, սատկեր։ Գուցէ Սեմական կոչումն լինի եւ բան մը նշանակէ, զի ահա այդ ձեւով կազմեալ քաղաք եւ գաւառի անուններ կան՝ «Արճ-էշ, Գաւ-էշ կամ Գաւաշ» եւ այլն։ Արճէշ եւ գաւառ մօտ են Բաղշոյ։ Այս քաղաք ’ի Տաճկաց կը կոչուի Պիթլիզ եւ ոչ Բաղէշ։ Այսուամենայնիւ, քննելի է, զի շատ հին կոչում մը չէ Բաղէշն։ Բաղէշ քաղաքը իւր չորս կողմը չորս վանք ունի՝ Խնդրակատար Աստուածածին, Աւեխու Աստուածածին, Գոմոց գեղի Աստուածածին եւ Ծապրկորու Ս. Կարապետ։ Այս վերջինն աւերակ է այժմ, բայց իրմէն ժամ մը անդին՝ Պոռ գեղին մօտ, կայ Պոռայ վանք՝ Ս. Յովհաննէս անունով, որ Նարեկացւոյ վանք ալ կ’ըսեն։ Այս շէն մնացած վանքերու տաճարներ խիստ գեղեցկաշէն են, իսկ Խնդրակատարի գմբէթն աննըման է։ Զարմանալի է, որ Բաղէշը նշանաւոր հնութիւններ չունի իր մէջը եւ շուրջը։ Բաղէշ Թաթարաց խաներու եւ ղուլերու իշխանութեանց օրերը նշանաւոր դիրք ունեցեր է, ուր կը նստին եղեր եւ կ’իշխեն Տարօնոյ, Վասպուրականի, Տիգրանակերտի, Սասնոյ եւ այլն գաւառաց՝ ամրանալով այս ձորաբերդին մէջ, որ կարծես բնականէ շինուած իսթիքամ լինէր։ Բայց եւ բուն այդ առթիւ շատ անգամ ալ ուրիշ բռնաւորաց յարձակումն կրած է եւ մեծամեծ վտանգներ։ Կայսերական բարեխնամ կառավարութիւնը գայմագամութենէ վիլայէթի վերածեց Բաղէշը, որով հետզհետէ ապահովութիւն կ’ստանայ, եւ արուեստն ու վաճառականութիւնը կը զարգանայ առաւելապէս։ Արդէն բաւական շինուած են եւ կը շինուին ճամբաներ։ Բաղշոյ բնակիչք են Հայք, Թուրք, Քիւրդք, Ասորիք։
       Հայոց եկեղեցիք՝ չորս, վարժարանք՝ հինգ, աշակերտք՝ մանկունք իբր 600, աղջիկ՝ 190։
       Վարժարանաց նկարագիրն ու վիճակը պատուաբեր չէին իրենց։ Հայոց Միացեալ ընկերութիւնն ալ վարժարան մը ունէր, բայց չգիտեմ ի՛նչ եղաւ։ Բաղշեցիք լեզուի մարդ են, քան թէ սրտի։
       Կրթական մասին ո՛չ եռանդ եւ ո՛չ նպաստ կար։ Այժմ կը լսուի, թէ ունին։ Բաղշոյ վրայ գրողները պակաս չեն եւ կը գրեն, յորս աւելի մանրամասնութեամբ են Պ. Ղ. Նահապետեանին գրածները։ Այսքան մը հերիք է մեր կողմէն։
       Բաղշոյ շրջակայքը մօտաւոր գեղերով զարդարուած են, եւ գեղերը՝ լեռնամիջեայ, հովտանիստ, բլրակներով, մացառներով, տունկերով, ջրերով գեղազարդ, անուններն ալ՝ սիրուն։ Ահա անոնց քանիներու անուանքը՝ Ամբ, Փար-խանդ, Խմելջուր, Մարգորգ, Յարդ-գող, Կորվու, Յորմիզ, Սնդիան, Պոռ, Կամախ, Ծուար, Խախռէվ, Գափ-շէն եւ այլն։ Կամախ եւ Ծուար գեղերու միջոց՝ ճամբու բերանը, ապառաժ քարի մը վրայ հետեւեալ քանդակուած են։ նկար էջ 109-ից
       Քանի մը գեղերու մէջ գերեզմանատանց մահարձաններ ունին յունական ձեւով խաչեր եւ յունարէն գրուածքներ, Կամախի մէջ աւելի կայ, բայց աւանդութիւն չպատմուիր։