Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՂՕԹՔՆԵՐ
       Աստուածածին լեռներն այ.
Աստուածորդին գրկին այ,
Սաղմոսարան սրտին այ,
Իրեք բեւեռն ափին այ,
Մէկն՝ սիրտը սատանին,
Մէկն՝ բերանը գազանին,
Մէկն էլ տըժմին ու բըժմին,
Որ ժուռ կուգայ,
Գլխուս վրայ։
Ութը մատով, երկու բոյթով,
Աստուածամօր քաղցրիկ կաթով,
Սուրբ Սարգըսին ձիուն ձարով,
366 Հայրապետի աղօթքներով,
Գայլին, գազանին բերան
Կալուին, կապ մընան։
Լուսիկ, լուսիկ, երեք լուսիկ,
Երեքին հագածն է ճերմակ.
Մէկն է Յիսուս, մէկն՝ Մարիամ կոյս,
Մէկն է Օհան Ոսկեբերան։
Մէկն դուռն կը պահէ, մէկն՝ երդիքն,
Մէկն ալ գալած չարերս խափանէ։
Չարխափան Աստուածամար,
Տիրամար սուրբ Աստուածամար,
Երթամ սարով, գամ ձորով,
Քրիստոս դէմս էլաւ զօրով։
-Իմ տէր, ո՞ւր կ’երթաս բարով։
-Կ’երթամ ի դուռըն հիւընդին,
Ելլեմ երդիքը ծննդկանին.
Խաչըս ձըգեմ վերայ բարձին,
Որ ամըրնայ սիրտն ի փորին։
Մարիամ մայր իջաւ վէրնէնի,
Կըյրեց երեք ճիւղ վարդենի,
Ղըրկեց ի սուրբ եկեղեցի։
Ով որ ըսէ ու լսէ,
Օրն երեք անգամ յիշէ,
Աստուած իւր մեղքը չըյիշէ։
       ***
       Ճրագն ընցաւ, չարն խափանաւ,
Սուրբն Սարգիս վրայ հասաւ,
Բօզ ձիով,
Կանանչ խաբայով,
Լուսեղէն փիլոնով։
-Լուսունկիկ, լուսունկիկ, յուսկա՞յ կուգաս։
-Հէր Աբրեհամու ծովուն վըրաւէն։
-Դուն դեղին, ձիդէ դեղին,
Մօրուքդ էկել, գոյնը դեղին։
Աջն ու խաչը բարձիս վրայ,
Հէրը լոսէ, որդին լսէ,
Հոգինը սուրբ արթնցունէ։
Գլխիկս վեր բարձին,
Հոգիս ամանաթ, Սուրբ Աստուածածին։
       ***
       Աստուածամէր, է մէր, է մէր,
Աղջիկս Էմէր, քուն է եղեր,
Երազ տեսեր ու զարմացեր,
Ինքն իր կամով խաչ է հաներ։
Խաչափայտը ես կը շալկեմ,
Գլխուս ոսկին թագ կը շինեմ,
Ջուրը ձըգեմ, ջուր չը տանի,
Չարը տեսնայ, չար չը տանի։
Սըրբ լոսն էկաւ մեր էրդիքը,
Մէջ երկինքն ու մէջ գետինքը.
Լուսեղէն սիւնն էր սրտին,
Սուրբ աւետրան էր գրկին,
Փէճկեր զմազեր թափեր էռջին,
Մէկիկ որդին էր վեր խաչին։
Ով որ էս աղօթք կարդայ,
Աստուած էնոր մեղքը թող տայ։
Կէս գիշերուն ես դուրս ելայ,
Հայ զօրաւոր սուրբ մի տեսայ,
Չոգուկ գացի ոտքը ինկայ.
-Տէ՛ր, քո անունն ինծի ասա։
-Իմ անունըս է սուրբ Վարդեր,
Աղբօրս անունն է Համաղիկ։
Սուրբն Վարդեր ձիոյ վրայ,
Սուրբ Համաղիկն ջորւոյ վրայ։
Արծըթէ թաս կէր ափերը,
Առան էլան պաղ աղբերը,
Մէկ մ’էր ինկեր խիստ նեղութեն,
Առան էլան համբերութեն ։
       ԳԵՐԵԶՄԱՆԻ ՄԸ ՎՐԱՅ
       Արաբկերու մէջ մէկ վարդ մի բուսաւ,
Ելաւ գընաց Երուսաղէմ, սըրբ լոսը տեսաւ։
Չար սատանէք ետեւէն մանզիլով հասան,
Լեռները թնդացին, թըփերը լացան։
Հորոփին բոյովը քարը կըյրեցին,
Երկու կարմիր խնծոր ծառէն կախեցին,
Էւելցածը տուին, խունկ մոմ գընեցին,
Ըմէն կիրակմուտքին հոգւոյն ծըխեցին։
       ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՕՐ ՎԻՃԱԿԻ ԽԱՂ
       Վիճակ, վիճակ, ոսկի կօճակ.
Մամըս բերէր եօթն կտրճակ,
Ոլորտէն դուքնէ դուքան,
Զարկէն ոսկիէ սիքան։
Բարձ բարձի վըրան,
Հրամմէ, նստի վըրան,
Տըսուերկու աստղը ծագէր,
Ըմէնն էլ քու բաղդի վրան։
Երնեկ էն օր, որ դուն եղար,
Երկինք գետին խնդում եղաւ,
Աստղերը ծափ ծեծեցին,
Էս ի՛նչ բարի պտուղ եղար։
Ինքն կը նմանի խաթունի խաթուն,
Ոսկին կուգայ բիթուն բիթուն,
Կոխեց ձըւկին, թըռաւ թախդին,
Աշխարհքը ցանկացաւ բաղդին։
Վիրին շուկան տաքուկ հացիկ,
Վարի քուչան գըզման բամբկիկ,
Քրիստոս իր բերնովն ըսեր,
Ասի քու ճակտիկն է գրուեր։
Կանուխմանց մտայ էգին,
Գըլոխսը կըպաւ թըփին.
Դեռ մուրատ չեմ առեր եմ,
Ի՞նչխէ տի մըտնամ գետին։
Կանուխմանց իջայ բաղչան,
Բուլբուլն բաշլաւ մայան.
Քաղեցի որթոտ խաղողին,
Դըրի ոսկիէ սինին։
Երկնուց մատնի մը իջաւ,
Էկաւ մատըս խըճեցաւ,
Ես գիտէի՝ ակը խամ էր,
Բաղդէս գոհար բացուեցաւ։