ԱՆԾԵՂՆ
ԵՒ
ԻՒՐ
ՊՈՉԻԿ
Պառաւ
կովը
կթեր,
կթոցով
կաթը
գետին
դրեր
ու
գնացեր
ցան
ու
ցախ
բերելու,
որ
կրակ
վառէ,
կաթն
եռցունէ։
Անծեղ
մը
էնդեհէն
եկեր,
կտուցը
մլեր
մէջ
կթոցին,
որ
կաթն
խմէ,
կթոցը
շրջուեր,
կաթը
գետին
թափուեր։
Պառաւն
է,
համա
կը
հասնի,
անծղան
պոչից
կը
բռնէ,
անծեղն
կ’անէ,
որ
թռնի,
պոչ
կը
մնայ
պառւոյ
ձեռնը։
Անծեղն
կը
թռնի,
կ’երթայ
վեր
արապահին
կը
նստի,
կ’աղաւրի
պառւոյ
երեսնըվեր
ու
կրկչալով
կ’ասէ.
-Պառա՛ւ,
պառա՛ւ,
իմ
պոչ
տու,
կցեմ,
կըցմըցեմ,
երթամ
իմ
ընկերներաց
հասնեմ։
Պառաւն
է
կ’ասէ.
-Գնա՛,
իմ
կաթ
բեր։
Անծեղն
է,
կ’երթայ
կովու
մօտ,
կ’աղաւրի
ու
կ’ասէ.
-Կովի՛կ,
կովի՛կ,
ձիկ
կաթ
տու,
տանիմ
տամ
պառւուն,
պառաւն
իմ
պոչ
տայ,
կցեմ,
կցմըցեմ,
երթամ,
իմ
ընկերներաց
հասնեմ։
Կովն
է,
կ’ասէ.
-Գնա՛,
ձիկ
խոտ
բեր։
Անծեղն
է,
կ’երթայ
արտին
մօտ,
կ’աղաւրի
ու
կ’ասէ.
-Արտի՛կ,
արտի՛կ,
ձիկ
խոտ
տու,
տանիմ
տամ
կովուն,
կովիկ
ձիկ
կաթ
տայ,
տանիմ
տամ
պառւուն,
պառաւն
իմ
պոչ
տայ,
կըցեմ,
կըցմըցեմ,
երթամ,
իմ
ընկերաց
հասնեմ։
Արտն
է,
կ’ասէ.
-Գնա՛,
ձիկ
ջուր
բեր։
Անծեղն
է,
կ’երթայ
ջրբաշխի
մօտ,
կ’աղաւրի
ու
կ’ասէ.
-Ջըրբա՛շ,
ջըրբա՛շ,
ձիկ
ջուր
տու,
տանիմ
տամ
արտին,
արտիկ
ձիկ
խոտ
տայ,
տանիմ
տամ
կովուն,
կովիկ
ձիկ
կաթ
տայ,
տանիմ
տամ
պառւուն,
պառաւն
իմ
պոչ
տայ,
կըցեմ
կըցմըցեմ,
երթամ,
իմ
ընկերաց
հասնեմ։
Ջրբաշն
է,
կ’ասէ.
-Գնա՛,
ձիկ
ձու
բեր։
Անծեղն
է,
կ’երթայ
հաւուն
մօտ,
կ’աղաւրի
ու
կ’ասէ.
-Յաւի՛կ,
յաւի՛կ,
ձիկ
ձու
տու,
տանիմ
ջրբաշին,
ջրբաշխն
ձիկ
ջուր
տայ,
տանիմ
տամ
արտին,
արտիկ
ձիկ
խոտ
տայ,
տանիմ
տամ
կովուն,
կովիկ
ձիկ
կաթ
տայ,
տանիմ
տամ
պառւուն,
պառաւն
իմ
պոչ
տայ,
կըցե՜մ,
կըցմըցեմ,
երթամ,
իմ
ընկերներաց
հասնեմ։
Հաւուն
սիրտը
կը
մղկտայ
վեր
անծըղան,
կը
նստի
երկու
ձու
կ’ածէ։
Անծեղն
կը
բերէ
ջըրբաշին,
ջըրբաշխ
ջուր
կուտայ,
կը
տանի
արտին,
արտիկ
խոտ
կուտայ,
կը
տանի
կովուն,
կովիկ
կաթ
կուտայ,
կը
տանի
պառւուն,
պառաւն
պոչ
կուտայ,
կըցէ,
կըցմըցէ,
կը
թռնէ՜,
կ’երթայ,
ընկերներաց
կը
հասնի։