Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Զ. ԲԱԽՏԱՒՈՐ ՈՐՍՈՐԴ
       Կ’եղնայ, կ’եղնայ տղայ մի։ Էս տղան ունի նետուանեղ մի։ Կ’ելլայ օր մի կ’երթայ ավէ։ Էսդէն, էնդէն զօրով-մօրով կը զարկէ ճնճղուկ մի, ինքնիրան կ’ըսէ. «Ծօ՛, էսի ո՞ր (ոյր) լայըղ է, - կ’ըսէ, - թագաւորին լայըղ է»։ Կ’առնէ կ’երթայ, կը տանի շիտակ թագաւորին։ Թագաւոր է, տեսնալէ քիմի, համա կ’ըսէ. «Աֆարիմ, իմ պզտիկ ավճիս» ու կը դառնայ, կ’ըսէ իր խըզմաթքարներուն. «Էսուրայ տուեցէք քանի ոսկի բաշխիշ»։
       Էս տղան փարան տեսնալէ քիմի, համա կանուխքըմանց կինա կ’երթայ ավէ։ Էս ժում է կը զարնէ պօրոն մի. կինա կ’ըսէ. «Թագաւորին լայըղ է», - կը տանի թագաւորին։ Թագաւորը էս ժումին տահա շատ փէշքէշ կ’իտայ ու շատ կը սիրէ։ Թագաւորի խըզմաթքարներ կը բաշլեն մըղըլ ուտելէ տղի մէնէ։ Տղան հեղ մը լէ կ’երթայ ավէ ու կը զարկէ ասլան մի։ Առնելէ քիմի շիտակ թագաւորին դէմէ։ Թագաւորէ էս հեղին անթըմում բաշխիշ կուտայ տղին։ Տղէն դուրս կ’ելնէ, խըզմաթքարներ ձեռքէն կ’առնեն կէսէ ու շատ կը չարանան։ Թագաւորի դէմէ կաննող խըզմաթչին օր մի կը դառնայ, կ’ըսէ. «Թագաւոր ապրած, էս ասլանի փօստէ գետին թաբլուկ կը մնայ, բանի մը պէտք չէ։ Աղէկ կ’եղնայ, քի պզտիկ ավճին կանչես, երթայ քանի մը հատ լէ ասլընի փօստ ու քանի մը բեռ ֆիլի ոսկոր բերի, քէօշկի մի շինենք, զարդըրենք»։ Թագաւորէ կը ֆըքրի, քի աղկիկ բան մի կ’եղնայ. «Թէզ կ’անչեցէք», - կ’ըսէ։ Ի՞նչ գիտնայ, քի տղան կորսնցնելու հմար է։ Խընդալմանց խըզմաթքարներէ կը վազեն, կ’առնեն տղան, կիգան։ Թագաւորի դէմն է հանելնին քիմի։ Թագաւորն է կ’ըսէ. «Պըզտիկ ավճիս, քըզնէն քանի մը ասլընի փօստ, իլան ֆիլի ոսկոր կ’ուզեմ»։ Տըղան կը դառնայ, կ’ըսէ. «Ընծըկի տաւար մը տուեցէք, երթամ բերեմ»։ Կ’իտան տղին տաւարէ, տղան կը բաշլի երթալէ։ Կ’երթա՜յ, կ’երթա՜յ, ինչ գըտար կ’երթայ իսա, չի գինայ ի ուր կ’երթայ, ֆըքրելէն, ֆըքրելէն, գիշեր ցերեկ էնելէն։ Կէնա ինք իր ճամբէն չի շըշկռցնէ, կ’երթայ։ Մէկլէ կ’ագլի քի գեղի մի դէմէ էլաւ, բոլուրէ հիացած ատենէ, կի հիա քի, ի՛նչ հիա. անկարծակի կնիկ մի նստած, խմուր կը շաղղէ, սաղ ծիծէ սօլ բէճին թաբլուկ, սօլ ծիծ լէ սաղ բէճին։ Տղան համա տաւրէն վար կը թաբլուի, կը վազէ, կ’երթայ կնկայ ծիծէ կը բաշլի մըսելէ։ Կնիկ կը դառնայ, կ’ըսէ տղին. «Տղա՛յ, գնա քի ծիծէս մըսեցիր, չէ որ չէ, համա քեզի կերեր ենք»։ Սօնէ կնիկէ կը դառնայ կ’ըսէ տղին. «Դուն ի՞նչ կ’ոլըրուիս, որդի»։ Տղան կ’ըսէ. «Մամա, մի՛ հարցներ»։ Կնիկէ կ’ըսէ. «Որդի, մի՛ վախենայ, ինչէ իսա ըսէ, ես քու դարդիդ ճարան կը գըննամ»։ Տղան կը դառնայ կ’ըսէ. «Բա՛ մամա, մեր թագաւորէ ընձնէն ֆիլի ոսկոր, իլան ասլընի փօստ ուզեր է, քօշք շինցընելու»։ Կնիկէ կ’ըսէ. «Մատամ քի նանց է, իրկուն քառսուն աղբէրներդի կ’իգան, ընունց ըսէ, էնոնք մութլագ կը գըննան»։ Իրկուն եղնալէ քիմին պառւուն քառսուն տղայք կիգան։ Իգալնինին քիմին տահա տղան չ’տեսած, կ’ըսեն. «Մամա՜, մարդ, մարդահոտ կ’իգայ»։ Մամէ կ’ըսէ. «Որդըներսի, ձեր պզտիկ աղբերէ էկեր ի»։ Սօնէ տղան կ’ելնէ դէմեր, համա կը բռնեն, մէկմէկի կը պաշլեն պագնելէ։ Պագտուելէն սօնէ կը բաշլեն զրուցելէ. «Դէ ըսէ հիանք, մարդ աղբէր (չունքի իրանք դէւ են), ի՞նչ է դարդիդ, որ եկեր ես»։ Տղան կը դառնայ, կ’ըսէ. «Իշտա թաւաքալի էկանք»։ Հացէն սօնէ տղան դարդէ կը բանայ։ Էնունքլէ կը դառնան կ’ըսեն տղին, քի. «Քառսուն ղաթըր, քառսուն թուլուղ գինի, քառսուն հատլէ քալբաթին պէտք է, որ քո գործիդ սրայի դնենք»։ Տղան կըննուխ կ’ելլայ, կ’երթայ քաղքէ մի, կը գըննայ էդ ուզածներ, կը դառնայ։ Ի գալ հասնելէ քիմին՝ քառսուն աղբէրէ կ’ելլան իրանց գեղի քովաց գօլէ ցամքեցնելու։ Էսդէն, էնդէն կը ցամքեցնեն, կը բերին գինիներու թուլուղներէ կը պարպեն գօլի փուսէ։ (Էս գօլէ ասլներու իլան ֆիլերու ջրուելու տեղն է)։ Երկուն եղնալէ քիմին, ֆիլեր ու ասլըներ կ’իգան ջուր խմելու։ Չէ, չեն գինայ գինի եղնալ, ջուր քիմի կը խմեն, սօնէ կը բաշլեն հատ-հատ մոլըրել, ընկնել գիտինէ։ Ըմէնլէ ինկնելէն սօնէ, կ’ելլան քառսուն աղբէրներէ կ’առնեն քալպաթներէ ու իրանց թրերէ, կ’երթան կը պաշլեն առաջ մորթելէ, սոնէ փօստերէ իլան ոսկորներէ կը քեղուեն ու կը քաղեն, ոսկորներէ կը լլան գինիներու թուլուղներու մէջէ, կը բառնան գաթըրներուն, փօստերլէ կը թաբլեն թուլուղներու վրան ու կ’ըսեն տղին. «Դէ հայտէ, աղբէ՛ր, ելի ճամբադ գնա, Աստուած քո բան աջողէ»։ Մէկմէկի աւել-պակաս հալալ էնելէն սօնէ, տղան կը թողէ կիգայ։
       Էսդին թագաւորի խզմաթքարներէ իրանք իրանց կը բաշլեն ըսելէ, քի տղան գնաց յէմեցաւ, գապիլէ մեռեր է։ Մէկլէ կը հիան, քի տղան քառսուն բեռներէ թագաւորի ղօնաղէ շիտակ կը փլէ։ Էդ մարդիկ տղան տեսնալնին քիմի՝ հէրսերնուն քիչ կը մնայ պատռուին։ Թագաւորն է էօմր կ’էնէ, որ ավճին իր պալատի մէջէ մնայ։ Թագաւորի մարդիկ կ’ըսեն, «Թագաւոր ապրած, էս քօշկէ գիննաս ո՞ր լայըղ է, Հինդու թագաւորի աղջկան»։ Թագաւորէ կ’ըսէ. «Աղէկ, ըմը ո՞վ կըրնայ բերէ»։ Կ’ըսեն. «Ֆիլի ոսկոր, իլան ասլընի փօստէ բերողէ էնըկլէ կարնայ բերէ»։ Թագաւորէ կ’ըսէ. «Կանչեցէք ավճին»։ Կը կանչեն։ Կ’ելլայ թագաւորի երեսէ, կ’ըսէ. «Ա՛մր էրէ»։ Թագաւորնէ կ’ըսէ. «Կըտրիճ ավճիսի, քօշկէ շինեցինք, մնաց Հինդու թագաւորի աղջիկէ, երթաս բերես, մէջէ նստի։ Քըզըկի քանի օր կ’ուզես, մօհլաթ։ Հապիկա մի ոսկի, ձի, սիլահ, գնա՛, առ, եկո»։
       Տղան կ’երթայ, անասելի բաներու րաստ կ’իգայ։ Վալ հասըլ Հինդու թագաւորի աղջիկէ կ’առնէ, կ’իգայ թագաւորին։ Թագաւոր կ’ըսէ. «Էկա՞ր, նանցէ տար աղջիկէ նոր շինուած քօշկի մէջէ, ես կ’իգամ»։ Թագաւորն կ’երթայ հիա, քի աղջիկ չէ, արեւ է։ Կը դառնայ իրան մարդերուն առջեւ ավճին կը գովէ ու կ’ըսէ. «Քանի քի էն գըտար էզիադ քաշեցիր ֆիլի ոսկոր ու ասլընի փօստ բերիր էս քօշկէ շինելուն, քանի քի էն գըտար ազիադ քաշեցիր Հինդու թագաւորի աղջիկը բերելուն, հալալ է քի, էս քօշկէ քըզիկի տամ, էդ աղջիկլէ քըզիկի լայըխ էնեմ։ Հայտէ՛ օղուլ, բարով վայելես»։ Խզմաթքարներ պատռուեցան, ավճին փառաւորուաւ։