Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԸ. ԵՐԵՔ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ
       Բաղդատու Խալիֆայի անունն էլած էր, թէ շատ իմաստուն մ’ է ու շատ արդար դատաստան կը տեսնայ։ Երեք գիտնական մարդիկ ընկերութեամբ ճամբայ կ’իյնան երթալու եւ զինքն տեսնալու։ Ճամբու հետ մէկն կ’ըսէ. «Ընկերներ, ուղտ մի անցեր է այս ճանապարհէն, եւ ան ուղտի մէկ աչքը կոյր է ու առջի ակռաներ թափուած»։ Մէկալն կ’ըսէ. «Այո, եւ ուղտին մէկ կողմը ցորեն, միւս կողմն մեղր է բարձուած»։ Երրորդ ընկերն ալ կ’ըսէ. «Այդ ուղտին վրայ երկու հոգւով (յղի) կնիկ մը հեծեր էր»։
       Քիչ մը կը յառաջանան, կը տեսնան, որ մարդ մը իրենց ետեւէն կը վազէ, կուգայ, կը հարցնէ, թէ տեսե՞ր են ուղտ մը, որ իրեն է եւ կորսուեր էր»։ Ասոնք ալ կ’ըսեն, թէ. «Մէկ աչքը կոյր եւ առջի ակռաները թափա՞ծ»։ «Հա՛»։ «Մէկ կողմը ցորեն, մէկ կողմը մեղր բարձա՞ծ»։ «Հա՛»։ «Յղի կնիկ մը վրան հեծա՞ծ»։ «Հա՛»։ Ու կ’աղաչէ, թէ ո՞ր կողմ գնաց իր ուղտը, ո՞ւր տեսան, ըսեն, որ երթայ, գտնայ։ Երեքը մէկ բերան պատասխան տուին, թէ իրենք չեն տեսած այն ուղտը։ Բայց մարդը, զանոնք գող կարծելով, մինչեւ Խալիֆային քով անոնց հետ գնաց եւ գանգատ ըրաւ Խալիֆային, թէ. «Ասոնք իմ ուղտը տեսեր են եւ վրայի բեռն ու կնիկս ինծի կը պատմեն, բայց կ’ըսեն՝ չենք տեսեր։ Մեր դատաստանն արա»։ Խալիֆան կը հարցու, թէ. «Թէ որ չէք տեսեր, ի՞նչպէս գիտէք այդ նշանները»։ Առաջինն կ’ըսէ. «Ես իմացայ, որ ուղտի մէկ աչքը կոյր էր եւ առջի ակռաները թափուած, որովհետեւ ճամբու մէկ կողմն միայն արածացեր էր, եւ խոտերու երկու քովերը կրծած, բայց միջին բոյսը կը մնար»։ Երկրորդն կ’ըսէ. «Ես իմացայ, որ մէկ կողմն ցորեն էր բարձուած ու մէկ կողմն մեղր, որովհետեւ իր նստած տեղն մէկ կողմն ճանճեր կային, միւս կողմն հաւքեր»։ Երրորդն կ’ըսէ. «Ես իմացայ երկու հոգւով կնիկ մը հեծուկ էր, որովհետեւ ուղտի նստած տեղը, երբ ինքն էլ իջեր, նստեր էր, ելած ատեն, ձեռքերը գետինը դնելով էլած էր»։
       Խալիֆայն կը զարմանայ ասոնց իմաստութեան եւ հրաման կ’ընէ, որ իրիկուն պալատը հացի հրաւիրեն։ Հացէն յետոյ սենեակը կը քաշուին, եւ պալատի ծառայն կը լսէ, որ անոնցմէ մէկն կ’ըսէր. «Մեր կերած բրինձը աղէկ բրինձ էր, բայց մեռելհոտ կը բուրէր»։ Մէկը կ’ըսէ. «Մեր կերած միսը աղէկ միս էր, բայց շան հոտ կը բուրէր»։ Մէկը կ’ըսէ. «Մեր խմած գինին աղէկ գինի էր, բայց արիւնի համ ու հոտ ունէր»։ Խալիֆայն կը լսէ ու քննութիւն կը բանայ, կ’իմանայ, որ այդ բրինձի արտը մեռելոց գերեզման է եղեր, մորթած գառն նոր ծնած ատենը ծնած շան մը կաթնէ ծծեր, եւ գինին քամած ատենը խաղողի կոխողի ոտքը կոտրած դանակի մը բերանը կոխեր, արիւն է վազեր, գինւոյ հետ խառնուեր։ Կը կանչէ այդ երեք ընկերները, շատ փառք-պատիւի կը հասցունէ իրենց գիտնականութեան համար, եւ ուղտը կորսնցունողն գլուխ կախած կ’երթայ ետ։