Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՂՕԹՔ
       Ճրագ, ճրագ ճշմարիտ,
Ճշմարտապէս մարտիրուս.
Մարտիրուս հեծաւ քուռակէ,
Գնաց Ուռֆա քաղաքէ.
Շըշեր քաշեց պողպըտէ,
Դռներ բացեց երկըթէ։
Դընգըր մընգըր ձէն կ’իգայ,
Ելէք հիացէք, ով կ’իգայ.
Երեք սիւտակ ձիաւոր,
Լուս երեսով փառաւոր։
Մէկն է Յիսուս Քրիստուս,
Մէկ Մարիամ Տէրամայր կոյս,
Մէկն մանուկ սըրբ Կիրակուս։
Էկան տունէ ծննդկանին,
Խաչնի սիւնէ դրին սրտին,
Աւետարան վէր գլխին,
Չարեր խափանուին։