Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԱՀԵՐԳ . Ակնայ Ապուչեխ եւ Կամրկապ գեղերու ժողովրդեան կանանց իրենց ղարիբին եւ սիրելեաց վրայ
       Ճամբորդ կուգայ, ի՞նչ գումաշ ու բեռներ կայ,
Արանիս ալ ի՞նչ ծովեր ու լեռներ կայ։
Տուն էկո՛ւր, տուն էկո՛ւր, աղա՛ս, տուն էկո՛ւր,
Աշխարհս ոչինչ է, մեզի ալ մեռնիլ կայ։
Հաներ ես կարմիր, հագեր ես ալըդ,
Ես քենէ կարօտ եմ, ի՞նչ անեմ մալըդ,
Սաղլըղով չէր բերեր քու բերող մարըդ.
Զարկիր, կրակ տուիր. կ’էրիմ, կու վառիմ.
Ջըրի պէս ծարուեր եմ. ճամբուդ կու նայիմ։
Հարիկ էիր, իրաւ կ’ըսէիր.
Չառնէիր առիկն ի առէն.
Առիկն ի առէն առնէիր,
Քու որդեկդ չար գրողէն։
Ա՛յ իմ սեւ աչեր սուրմայ,
Բօյաջին ո՞ւր տեղ կու կենայ.
Քու եաշմաղդ որ սեւ ներկեց,
Ան գիտէ թէ իր տի մնա՞յ։
Ղարիբ մեռար, ղարիբ թաղեցին,
Ղարիբ լըցին հողիկն ի վրադ.
Եկին օտար մարեր ի վըրադ,
Եկին օտար քուրեր ի վըրադ։
Եկին ու վա՛յ բերին բերողին (ծնողին).
Վայ բերողին, վա՛յ մեծցնողին,
Վա՛յ լուսալուս արթուն կեցողին,
Մաղկատը սըրտին, ծիծը տուողին։
-Եամա՛ն, եամա՛ն, իս Ուսկուտար անցուցէ՛ք։
Սեւ ծովը ճեղքեցէ՛ք, ճամբան ցըցուցէ՛ք,
Տարէ՛ք իմ մօրըս դըռնակ,
Վա՛ր դրէք, պօհ մի լացէ՛ք.
Եարուկս ալ վա՛ր իջուցէք,
Հիւսած ծամեր քակեցէ՛ք,
Քուրուկս ալ վա՛ր բերէք,
Ծարուրած աչքն լացուցէ՛ք,
Չըկա՜ն… չեն գա՜ր…
Անտերունչ տարէք, թաղեցէ՛ք։
-Երթամ քաջարծիւ լինիմ,
Գամ թառիմ քու պատուհանին,
Ինչաքը ֆիղան անեմ,
Ֆիղանէս քունըս չի տանի։
Եկո՛ւ որդեակ, զիս մի՛ լացուներ,
Ես շատ եմ լացեր, ա՛լ մի լացուներ,
Իմ դարդլու սրտիկս մի՛ թնդացուներ։
Աչերս են չարդախի նըման,
Մէջըն երկու աղբար կու կենան։
Մեծիս մեծ արեւ կ’ըսեն,
Պզտիկին՝ արեւ լուսընկան։
Նուրին ու թուրին կ’ըսեն.
Անի մեր բաղչան լինի,
Նուրին ու թուրին կոտրտեցաւ,
Պաղուկ ջրիկ վաթւըթեցաւ։
Ալ չեմ երթար բաղչան վարդենւոյն տակը,
Ինկեր է մատնիիս ջէւահիր ակը։
Ա՜հ, ի՛նչ դժուար ցաւ է էօլիւմին խակը։
Եկին ու բերին խաբար,
Սուրբ Յակոբ օտա կը շինէ.
Նստեր օտային վերեւ,
Նուշ դրեր, շաքար կը ծախէ։
Եկո՛ւ քեզ բաղչան թաղենք
Ու մաղենք հողդ շարերով,
Հողիդ վըրան ծաղիկ ցանենք,
Ցանկենք կարմիր վարդերով։
Սուրբ Յակոբայ վրան չոքեր է դուման.
Պառկեր է որդեկս, կու կանչէ եամա՜ն.
Եամա՜ն մարիկ, եաման, զիս ասկէց վերցուցէ՛ք,
Աջ ու ձախ դիուս, կողերուս բարձիկներ դըրէ՛ք։
Ջուխտակ աղաւնոյ նըման էր երեսիդ բէնկը,
Ոչ հայազգւոյն մէջ կար, ոչ տաճիկն ունէր, ոչ ֆրէնկը.
Ղալամքեար չէի, որ հանէի աննըման ռանգդ։
Լա՜մ, գահերու վրայ հերկ անեմ.
Արցունքովս ցօղեմ, ցաւերովս ցանեմ։
Սուրբ Աստուածածնայ ծոցէն
Մարգրիտ մի ինկեր, գին չունի.
Երնե՜կ գըտնողին, վա՛յ էկեր կորուսողին։
-Եկիք նէ, բարով եկիք,
Իմ որդիէս խաբրիկ մի բերի՞ք.
Խաբրիկ մի գալուն բերէ՛ք,
Աչքերս լալուն կըտրի, սրտիկս թալկըտելուն։
Իմ որդեկս չէ մեռեր,
Սուրբ Յակոբ ուխտ է գընացեր,
Ի՛նչ վարդ կայ գըլխուն է դըրեր,
Մանուշկին հոտոյն է քնացեր։
Գընա ու գընամ, կ’ըսեմ,
Ես կ’երթամ, բարով մնա՛ կ’ըսեմ,
Ամենքըդ հաւասար նստէ՛ք,
Իմ տեղս խոռ, պահեցէք .
Ամէնուդ խըմածն անուշ,
Իմինը իմ տեղս վաթեցէ՛ք։
-Շարուած մարգրիտ էիր,
Կտրեցար կուտ-կուտ եղար,
Քուրուըտա՛նք, վրա՛յ էկէք,
Ժողվեցէ՛ք, որ ալ չի մնայ։
Մեռաւ, վասիաթ ըրաւ,
Զիս ճամբուն վրայ թաղեցէ՛ք,
Քարըս նշանո՛վ դրէք,
Ցաւերս վըրա՛ն գրեցէք.
Երբ որդեկս թագաւոր անէք,
Աչօք անեմ, դուք նայեցէ՛ք։
-Լացէ՛ք, մարե՛ր, լացէ՛ք, քուրե՛ր,
Հոս մարդ չկայ, որ չէ մեռեր,
Քեզի մեռեր մատղաշ որդեկ,
Մեզի մեռեր մեր տանուտէր։
-Եկո՛ւր երթանք լեռնակն ի վեր,
Ես կանչելով, դուն փնտռելով,
Զինքն չը գտնանք, հող կը գտնանք,
Իր ապռաժ քարըն համբուրենք։
-Այս գիշեր ես դուրս ելայ,
Ողորմուկ ձա՜յն մի կուգար,
Ցածցայ ու ականջ դրի,
Իմ որդեկս ձայնն էր կուգար։
Տարէ՛ք, հօր ու մօր դըռնակ,
Վա՛ր դրէք, պօհ մի լացէ՛ք,
Դառնուկ մարիկը վա՛ր կանչեցէք,
Մարած աչերը լացուցէք։
-Օտադ բաղչային վրայ,
Պաղ աղբիւր, ոսկի լուլայ,
Տեսէ՛ք, թէ ինչո՞ւ կու լայ,
Տէրն է զարկեր, նստեր կուլայ։
Նոր էի դրեր մատնիկն ի մատ,
Ֆալակ չը թողուց առնէի մուրատ։
-Եղբայրն է քրոջ սրտին երակ,
Անոյշ խօսի ու տայ մուրատ։
Եղբա՞յրն է անուշ, թէ եղբրորդին,
Երկուքը մէկ կու նըմանին։
Մարիկն է տաքուկ հացիկ,
Ով որ ուտէ կշտացընէ.
Հայրիկն է անպակ գինի,
Ով որ խըմէ հանգչեցընէ։