Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄՕՏԿԱՆ
       Բաղշոյ յարեւմուտս երկարաձիգ եւ բարձրաբերձ մեծ գօտին Տորոսի կը տարածի, որոյ մէջն ու վրայ լի են անտառներով, գազաններով եւ ցեղ-ցեղ լեռնական քրդերով։ Հոն է Խոյթ, որ կը նայի Մշոյ դաշտին վրայ եւ կը կեղեքէ Չխուրայ գեղացիները։ Միւս կողմն է Սասունք, Շատախ Շատակ (Վանայ Շատախ չէ այս)՝ իրենց մասերով։ Մօտկանն ամէնէն մերձաւորագոյնն է Բաղշոյ եւ իւր գեղերուն, եւ հարկ է ըսել, թէ Մօտկանցի Քրդեր ընդհանրապէս չար են, զորս զսպելու համար կառավարութիւնն ջանքեր չէ խնայած, ձերբակալութեամբ եւ զանազան պատիժներով։ Գաւառին մէջ զօրանոց մ’ալ շինուած էր, զոր այրած էին Քրդերը վերջին պատերազմին եւ այժմ շարժուն զօրքերով հսկողութիւն կ’ընեն, սակայն չարիք որքան նուազ, չեն վերջացած դեռ։ Մօտկանու մէջ սակաւաթիւ են Հայեր, բայց գեղերը գեղեցիկ, եւ հողերը բարեբեր են։ Շըտկու կամ Շատախու գեղերէն Թոթով գեղը հայաբնակ է, եւ Մօտկանու կը վերաբերին Շէն, Թութէն հայաբնակ գեղերը։ Կան նաեւ քանի մը գեղեր ալ, յորս ցիր եւ ցան կը բնակին Հայք, որոց կեանքը անմխիթար նկարագիր ունի ըստ հոգեւորի եւ ըստ մարմնաւորի։
       Մօտկանու գաւառը կը ցուցնէ իր մէջը շատ աւեր եւ շէն եկեղեցիք հայոց եւ հնագոյն բերդեր։ Բնակիչք Հայ եւ Քիւրդ են, քաջակազմ եւ յաջողաձեռն։ Երկիր կը մշակեն եւ խաշինք կը պահեն։
       Այս գաւառի եղն ու մեղր խիստ համով կը լինի, ինչպէս նաեւ ոչխարի միսն։ Գըլգըլի եւ կորեկի հաց է կերածնին, ցորենին քիչեր ծանօթ են, միշտ զինեալ վիճակի մէջ են եւ իրարու դէմ ալ կռիւ կ’ընեն։