Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ
       *
       Վանայ ծովուն Արեւմտեան գաւառաց ուղղութեամբ, այսինքն, Ախլաթու, Արծկէու եւ Արճէշու ետեւը, յարեւմուտս կոյս, կը տարածին վերին եւ ներքին Պուլանըխները եւ Մանազկերտը։ Այս երեք անունով գաւառները, իրենց դիրքին նայելով, պէտք է միացեալ համարել, ինչպէս որ այժմս է՝ գաւառագլուխ ունենալով Մանազկերտ բերդաւանը։ Եւ կը սահմանուի այսպէս. հարաւէն՝ Մշոյ դաշտ եւ Չարբօհոր, յարեւմտից՝ Խնուս, հիւսիսէն՝ Ալաշկերտ, ուր կայ եւ Այնթապ դաշտ, յարեւելից՝ Ախլաթ, Արծկէ եւ Արճէշ գաւառները։ Լերանց գօտիներով կը զատուին այս սահմանք։ Խնուսի անջրպետ լերինքն են Աղի լերինք, ուստի առատ աղբիւրներ կը հոսին սպիտակ եւ կարմիր աղի։ Սքանչելի է այս գաւառի հողը արգասաբերութեամբ ցորենւոյ, գարւոյ ու խոտի եւ աղէկ մշակուած։ Միայն Մանազկերտէն դէպ ’ի Արճէշ տարածեալ ընդարձակ դաշտ մը կայ անբոյս եւ ամայի, քարուտ, որ Սիփան լերան հրաբուղխի այրեացքն է եւ կ’ըսուի Մ անազկերտու քըռայ։ Մնացեալ կողմերը հազիւ անմշակ երկիր կը տեսնուի։ Հասնանցի Քրդերը, որ բռնած են Մանազկերտի լաւագոյն տեղերը, կը սնուցանեն անթիւ խաշինք եւ ընտիր նժոյգներ ու տաւարները. իրենց ձեռքը եղած երկիրները ամենամեծ մասամբ արօտատեղի եւ խոտունձ են, քան թէ վարուցանը։ Հաւթռանգ (եօթներանգ) անուն գեղեցիկ եւ երկարաձիգ հովիտը մարդու հիացումն կը բերէ, որոյ մէկ ծայրը Ալաշկերտու սահմանէն կ’սկսի, որ եւ կրնայ ըսուիլ Ե փրատայ հովիտ, քանզի ասոր մէջէն ծանրաքայլ եւ լայնատարած կ’ընթանայ Եփրատը՝ իր մէջն առնլով Մանազկերտի եւ Խնուսայ գետերը, շրջելով երկու Պուլանըխները, ներքին Պուլանըխայ մէջը մի քանի սեղմուկ կիրճերէ անցնելով՝ կ’ելնէ Չարբօհոր եւ այն նեղ ձորէն կ’իջնէ Մշոյ ընդարձակ դաշտը։ Հաւթրանգի հովիտը ամբողջ Հասնանցի Քրդաց ձեռքն է, փոքրիկ մաս մը եւ եթ կայ մի քանի Հայ գեղացւոց ձեռքը։ Մօտ տարիներս Չէրքէզներէն եւ Կարսայ գաղթականներէն 200 տան չափ դրած են Մանազկերտի եւ ներքին Պուլանըխայ մէջը, որոց հետ աւելի թշնամութեամբ կը վարուին Քրդեր եւ Շեխերը, քան թէ Հայք։ Աշիրաթ Քրդերէն Հասնանցիք կը բնակին Մանազկերտը եւ վերին Պուլանըխայ մէկ կողմը, Ջիբրանցիներէն մաս մը եւ Սէյդանցիք՝ ներքին Պուլանըխը։ Բլեջան անունով լեռն երկու Պուլանըխներու միջեւն է, մացառուտ, որ հինաւուրց բերդեր ունի իր վրայ։ Բլէճանայ ստորոտն է Կոփ գեղ եւ Կոփայ վանք եւ գեղին ետեւը՝ Խաչլուայ ծով, որ ունի մանր ձուկեր, քաղցր է ջուր եւ առու մը ջուր կուտայ ջաղացքներուն եւ քանի մը գեղերու արտերուն։ Զուտ Հայ եւ Քրդաց հետ խառն բնակող հայ գեղերու թիւն է 49 բնակիչք՝ Հայ եւ Քիւրդք։
       Վանք՝ 1. Ս. Դանիէլի կամ Կոփայ։ Վարժարանք Հայոց՝ 14, ուսանողք՝ 2216։ Հայոց Միացեալ ընկերութիւնն ունէր վարժարան մը երթեւեկ աշակերտաց Լիզ գեղը եւ գիշերօթիկ մը՝ 20 աշակերտաց, Կոփայ վանքը, վերջինն՝ այժմ փակեալ։