ՕՐՕՐ
Օրօր,
օրօր,
քուն
ունիս,
Պէշիկթաշը
տուն
ունիս.
է՛,
է՛,
է՛։
Մարգըրտէ
եօրղան
ունիս,
Ջէւահիրէ
բարձ
ունիս,
է՛,
է՛,
է՛։
Ոսկի
օրրոց,
կապ
ունիս,
Շարուքընար
շոր
ունիս,
է՛,
է՛,
է՛։
Օրօր
կապեմ
կախ
օրրան,
Ծառէ
ծառ
շուքեր
վրան,
է՛,
է՛,
է՛։
Ծառի
շուքեր
վրա՛յ
էկէք,
Շո՛ւք
արէք,
որ
աշխիս
քնանայ,
է՛,
է՛,
է՛։
Օրօր,
օրօր
օրերուդ։
Թեւս
դէմ
բերեմ
չարերուդ։
Չարխափան
չարէդ
խափանէ,
Աստուածամար
արեւդ
պահէ։
Բաղչայիդ
բաղչըպանն
եմ
ես,
Բա՜ց
դըռնակդ,
ուր
մտնեմ
ներս,
Մըտնեմ
վարդ
ու
նուռ
քաղեմ,
Արմաղան
ղրկեմ
ղարիբիս։
Օրօր,
իմ
ատլաս
ու
խաս,
Քեզ
աղւորին
սափատն
է
դըրած,
Զատկէ
զատիկ
ի
դուրս
է
հանած,
Արեգական
չէ
ցըցուցած։
Դուն
քուն
չես
ու
այըխ
ես,
Լահուռ
շալի
լայըխ
ես,
Երեսդ
երեք
բէնկ
ունիս,
Թագըւորի
լայըխ
ես։
Բիւլբիւլն
ի
վարդի
շըքոյն
Կուտ
կ’ուտէ
’ւարցունք
կու
թափէ,
Կուտ
կ’ուտէ
’ւարցունք
կու
թափէ,
Իր
բընիկն
ու
տեղիկը
կ’ուզէ։
Օրօր,
օրօր,
քըներ
ես,
Ծածկեր
եմ,
քըրտըներ
ես,
Երեսիդ
շարը
դէն
տանիմ,
Վարդի
նըման
բացուեր
ես։
Վարդերու
անոյշ
հոտոյն։
Պառկէ՛,
’ւեղի՛ր
անուշ
քուն։