Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՔԱՆԻ ՄԸ ԽՕՍՔ ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԲԱՌԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
       Երգերուն կամ ոտանաւորներուն մէջը գտնուած այլաբանութեանց եւ փափուկ ասացուածոց, ընտիր դարձուածքներուն եւ բնական բացատրութեանց վրայ հրաւիրելով մեր խանդավառ բանահիւսից քաղցր ուշադրութիւնը՝ կ’անցնիմ գրքիս մէջ գործածեալ եւ այլ քանի մը բառեր ու անոնց նշանակութիւնը դնել այստեղ՝ ի բաց թողլով թրքական ծանօթ բառերը, ինչպէս նաեւ դաս մը այլեւայլ ձեւով գործածեալները, որոց վրայ եթէ քիչ մը ուշադրութեամբ նայուի, դիւրաւ կը հասկցուին։ Ինձ ոմանք առաջարկած են գաւառական բառարան մը յօրինել, բայց ես աւելի բնական կը գտնեմ, որ այսպէս մասն-մասն, գրուածքներու մէջ առնուածները դրուին, յորոց յետոյ կրնայ կազմուիլ գոհացուցիչ գործ մը։ Մեր «Մանանայի» մէջ կայ արդէն սկսուածք մը։ Ոչ ես եւ ոչ որեւիցէ մէկը բաւական է գիտնալ գաւառաց կամ գաւառի մը ամբողջ բառերը, այլ իւրաքանչիւր գաւառն իր մէջը քանի մը հաւաքողներ ունենալու է, ինչպէս վաղուց կը լսուի, թէ կան ոմանք այդ աշխատութիւն սկսողները։ Հարկ է ըսել, թէ թեթեւ գործ չէ այդպիսի աշխատութիւն մը, նուրբ ուշադրութիւն ընծայել պէտք է ժողովրդեան արտասանութեան։ Զգուշանալու է, որ վարժարանը մտած կամ մեր ներկայ լրագրական ու այլ գրական բարբառոյն ծանօթ մէկէ չհանգանակուին բառերը, զի սոքա չեն պահած հնոյն իսկականութիւնը, այլ շատ ռամիկ կարծուած, կամ ծեր մամիկները գտնալ եւ անոնցմէ լսել ու գրել։ Մեծ ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ մեր լեզուն, զի կը տեսնաս բառ մը, որոյ սկիզբն դրուած միեւնոյն գիրը, եթէ բառին մէջ իյնայ, կը փոխէ իւր ձայնը, եթէ վերջն իյնայ, նոյնպէս կը փոխէ կամ բոլորովին համր կը մնայ։ Այս ձեւը կը տեսնուի գրաբառին մէջն եւս, զորօրինակ յ տառը ի սկիզբն հ կը հնչէ, մէջը՝ ե , վերջը համր է։ Նոյն կը տեսնուի աշխարհաբարին ու անգրագէտին արտասանութեան մէջ, այլեւ՝ այլ ձեւով ու ձայնով. ե, է. կ, գ, ք. ն, լ, վ, ւ. բ, փ, պ. դ, թ, տ. զ, ս, ժ, շ. ճ, ջ, չ. ծ, ձ, ց եւն, գրերու հնչմամբ, զորս երբէք մէկը միւսին տեղ գործածել կամ անոնցմէ մէկն ու միւսը աւելորդ համարել իրաւունք չէ։ Անշուշտ, մեր գրոց մեծ Հեղինակն ժողովրդեան հնչմանց յարմար յօրինած է հայ տառերը, զի իւր առջեւ մատենագրութիւններ չկային։ Ուրեմն մեր սխալը տառերու մէջ չէ, այլ արտասանելուն։ Ո՜րքան խորդ կը թուի տիգրանակերտցւոյ մը կամ վանեցւոյ մը լեզուն, երբ գրուած լինի։ Բայց ընդհակառակն՝ ո՜րքան նուրբ եւ քաղցր է, երբ իրենք կը խօսին կամ կը վիպեն։ Մէկուց խրտչելով խոտելու եւ դատապարտելու չէ, այլ քիչ մը լուրջ եւ սուր մտադրութիւն պէտք է։ Ա ճապաղ բերնով կ’արտասանեն տեղ-տեղ իբրեւ էաը ՝ գամ, գէաըմ, եւն։ Բայց ոչ ամէն տեղ նոյն հնչումն ունին, զորօրինակ, երբ հաց ըսեն, ուղիղ մեր ծանօթ հնչմամբ կը կոչեն։ Միթէ նոյն բանը չէ՞ նաեւ գաղղիերէնին եւ թուրքերէնին մէջ a ա եւ նշան էջ 350-ից ալիֆը։ Վանայ եւ Բաղշոյ հայք հ գիրը խ կը հնչեն։ Իրաւ է, թէ գաւառին կոկորդական ձեւէն է, բայց ուշադիր եղողը կրնայ գրաբառին մէկ բառն ուղղել այս սխալ հնչմամբ՝ նահապետ. նախապետ. ո՞րն է ուղիղ։
       Պօլսոյ ծեր եւ անգրագէտ կանանց արտասանութիւնը գրեթէ նման է գաւառացւոց լեզուին մեծաւ մասամբ։
       Ես գործածել ուզած եմ գաւառացւոց բառեր իրենց հնչմանց համեմատ, թէպէտ տեղ-տեղ նոյն ձեւով չը մնացին։
       Ինչպէս առաջներ ձեռագիրք, նօտար կամ օրինակող դպիրներ զգալի այլափոխութիւն մուծեր են մատենագրութեանց եւ այլ գրուածոց մէջը, արդի մեր գրաշարները անոնց տեղը կը լեցնեն։ Այս խօսքը բաւական է միւս տառասխալներու մասին եւս։