Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԴ. ԱԼԹՈՒՆ ԲԱՇ ԲԱԼԸՂ
       Ժամանակաւ Մըսըրայ թագաւորի աչքերը կը կուրնան։ Բժիշկներ ամէն դեղ ու դարման կ’ընեն, ճար չկայ։ Թագաւոր կու լսէ թէ, Ինկիլիզի երկիրը երեք հարիւր տարեկան բժիշկ մը կայ, գիր մը գրել կուտայ Ինկիլիզի էմբէռադոռին ասպէս. «Ո՛վ վեհափառ մեծ թագաւոր, կ’աղաչեմ, որ Ձեր մայրաքաղաքը բնակող ծերունի տօքթօր Ջինջինը ղրկէք իմ ծառայութեանս աչքերը լուսաւորելու։ Ձեր աղէկութիւնը իմ օխդ պորտէն չպիտի մոռցուի եւ Լոնտրան ինծի բաշխածի պէս կու լինիք։
       Ն. Ծ. Թագաւոր Մսրոյ»
       Տօքթօր Ջինջինը կու ղրկեն կուգայ, կոյր աչքերը կու քննէ ու կ’ըսէ. «Ալթունբաշ բալըղի մը բերէք ովկիանոսէն։ Անոր արիւնէն դեղ ընեմ, կու բացուին աչքերը»։ Եւ կու հանէ այդ ձկան պատկերը կուտայ ու. «Հարիւր օրէն աւելի չեմ սպասեր, - կ’ըսէ, - եթէ չբերիք, կու ձգեմ, կ’երթամ»։ Թագաւորի մէկ հատիկ զաւակը կ’ելլէ, կ’առնէ հարիւր թօռ եւ հարիւր մարդ, կու նստին նաւեր, կ’երթան ովկիանոսի մէջերը։ Շատ կ’աշխատին, շատ ձուկեր կու հանեն, բայց Ալթուն բաշը չէ։ Երեք ամիսը լրանալու մօտ է, տօքթօրը տի երթայ։ Վերջին անգամ թագաւորի տղան կ’ըսէ. «Ձգեցէք այս մէկ թօռն ալ իմ բախտիս»։ Կու ձգեն, եւ Ալթուն բաշ ձուկը կուգայ դուրս։ Ջրով լեցուն մեծ շիշէի մը մէջ կու դնեն ձուկը, կու դառնան։ Տղան, նայելով ձկան վրայ, գութ կ’ունենայ վրան եւ երբ կու մօտենան ցամաքին, կու բռնէ ձուկը, կու ձգէ ծովը։ «Թող երթայ ապրի, - կ’ըսէ, - պալըգ պիլմէզսէ, հալըք պիլիր»։ Հօր սարայը հասնելուն, կու պատմեն, թագաւոր կու զայրանայ։ «Վա՛յ, - կ’ըսէ, - տղաս աչք դրեր, որ ես շուտ մեռնիմ, ինքն թագաւորէ։ Ճալատնե՛ր, տարէք տղայիս գլուխը կտրեցէ՛ք»։ Բայց տղան, մօրը մէկ հատիկ լինելով, լաթերը ուրիշի մը կու հագցունեն, կու կախեն, եւ մայրը, տղային շատ մը արծաթ, ոսկի տալով, կու փախցնէ հեռի կղզի մը։ Աս պատուէրն ալ կուտայ, թէ. «Ծառայ տի բռնես նէ, ամսական ուզող ծառայ չբռնես»։
       Տղան կու հասնի կղզին, տուն մը կու վարձէ, կու նստի։ Մարդ չմնար։ Ամէնքն ալ կուգան ծառայելու, բայց ամսական ուզելուն համար կու ճամբէ։ Օր մի արաբ մը կուգայ, թէ. «Ինծի կու բռնե՞ս, քեզի ծառայեմ»։ Կ’ըսէ. «Հա՛, ի՞նչ կ’ուզես»։ Կ’ըսէ. «Ես փարայ չեմ ուզեր, դու ինչ որ տաս, տաս»։ Վար կու դնէ աս արաբը եւ մէկտեղ կ’ապրին։ Ադ կղզիին մէջ աժդահար մի փէյդահ կուլի, որուն ահէն մարդիկ չեն կրնար դռներէն դուրս ելնել. առուտուրն, բան ու գործ, վարուցան կու դադրի եւ կու մտածեն, ադկէ քօչեն ուրիշ երկիր մը։ Տեղւոյն վալին զօրք կու հանէ, խոստմունք կ’ընէ, մարդ չկայ, որ սպաննէ աժդահարը։ Մեր արաբը կ’երթայ վալիին կ’ըսե. «Իմ աղան կու սատկեցնէ աժդահարը, ի՞նչ կուտաս»։ Վալին կ’ըսէ. «Աղջիկս կուտամ ու ինչ ալ ուզէ, տամ»։ Արաբ կ’ըսէ. «Աղջիկդ տուր եւ ինչ որ ունիս քեզի, բայց ասկէ ետքը ինչ որ վաստկիս՝ կիսրար»։ Աս պայմանը կու կնքեն, կ’երթայ արաբը, կու սպաննէ աժդահարը, ականջները կուտայ աղային, աղան ալ կու տանի վալիին։ Վալին կ’ընէ իրեն փեսայ, վաստակի կէսը կուտայ, մեռնելէն ետքն ալ փեսան կու նստի վալի ու աս ատենները մանչ զաւակ մը կունենայ։
       Օր մը արաբ իր աղային կ’ըսէ. «Տեղդ փոխանորդ դիր, ել քեզի հետ երթանք Փարիզ»։ Շատ փարթամ ըռզակներ կ’առնեն հետ, կ’երթան։ Արաբ կ’ըսէ աղային. «Գնա Ֆռանկի թագաւորի աղջիկը ուզէ»։ Կ’երթայ, կ’ուզէ։ Թագաւոր կ’ըսէ. «Պ. վալի, կուտամ, բայց հարիւր տօղսան տղայ փեսայ ըրի իմ աղջկան, մեռան։ Քեզ կու խնայեմ»։ Տղան կու սարսափի, բայց արաբը կու զօռէ, թէ. «Ա՛ռ, հոգ մ’ըներ»։ Տղան կ’առնէ աղջիկը, ու թեթեւ պսակ մը կ’ընեն, եւ թագաւորի ծառաներ աս նոր փեսային պատանքը կու պատրաստեն, գերեզմանը կու փորեն։ Իրիկուն՝ առագաստին ատենը, արաբը օտայի տօլապին մէջ կու պահուըտի, ու երբ որ կու քնանան, կուգայ, գլխնուն վերեւ կու նստի՝ թուրը ու մաշան ձեռքը։ Կէս գիշերուն աշխինի բերնէն սեւ օձ մի կ’ելնէ, որ տղան կճէ։ Արաբ մաշայով կու բռնէ օձը եւ թրով կու կտրտէ, կու տանի տօլապին մէջ կու պահէ։ Առտու կուգան փեսան թաղելու, կու տեսնան, որ ողջ է, կու վազեն թագաւորին աչքի լոյս։ Մէկալ իրիկուն ալ օձ մը կ’ելնէ, արաբ ան օձն ալ կու սպաննէ։ Եւ անկէց ետեւ խաղաղութեամբ կ’ապրին։
       Փարիզի թագաւորն ալ, մանչ զաւակ չունենալով, երբ կու մեռնի, փեսան կու թագաւորէ։ Օրեր կ’անցնի, մէյմն ալ Մսըրէն սայի մը կուգայ։ Մայրը ղրկած էր, թէ. «Հայրդ մեռաւ, էկուր թագաւորէ»։ Արաբ խորհուրդ կուտայ, որ փոխանորդ դնէ իր տեղը ֆռանկ մը ու ինքն առնէ իր կինն, երթան։ Անէնկ կ’ընեն, կ’ելնեն կինն ու մօնչն ալ կ’առնեն, կուգան։ Հօր գահը կու ժառանգէ։ Արաբը հրաման կ’ուզէ իր տեղն երթալու, եւ թագաւոր կ’ըսէ անոր. «Դուն այնքան աղէկութիւն ըրիր ինծի, որ փոխարէն չեմ կրնար ընել, ինչ որ ունիմ, քուկդ է, ուզածդ առ ու գնա»։ Արաբ կ’ըսէ. «Ամէն բան քեզի, կիներդ տի կիսենք»։ «Ո՛ր մէկին կու հաւնիս, թող ան քեզի լինի», - կ’ըսէ թագաւորը։ «Ոչ, - կ’ըսէ արաբը, - ամէն մէկը եկու կտոր կ’ընեմ, եւ կու կիսենք արդարութեամբ. ի՞նչ պէտք է ըսուի՝ աղուորն ես առի, կամ քեզի մնաց»։ Թագաւոր կ’ուզէ դիմանալ, բայց ասէնկ մարդու կու դիմացուի՞։ «Դու գիտես», - կ’ըսէ։ Արաբը կու կախէ գլխիվայր Փարիզու աշխինը ու թուրը կու վերցնէ, որ զարնէ, աշխինը վախէն է՜… օ՜… կը բօռայ ուժով մը, եւ սեւ օձ մը բերնէն կ’իյնայ վար։ Արաբ կու սատկեցնէ օձը եւ աշխին կ’ազատէ։ «Հալալ ըլլի քեզի քո կնիկ եւ քո ամէն ունեցածը, ես իմ պարտքս վճարեցի, - կ’ըսէ արաբն, - ա՛լ չար չմնաց քեզի, խաղաղութեամբ ապրեցէք։ Դու իմ կեանքս ազատեցիր, ես ինչ որ ըրի, քիչ էր։ Ես Ալթուն բաշ ձուկն եմ»։