Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ. ՊՈՂՊԱՏԷ ՎԱՐՈՑ
       Պառաւ մի որբ տղայ մը կը բերէ, կ’ընէ իրեն հոգեզաւակ, կը հագցու, կը կերցու, բայց տղան չար ընկերներու հետ կը շրջի ու ի՛նչ չար բան ասես կը սորվի։ Պառաւ կը մտածէ, թէ՝ բերեմ կարգեմ, կարելի է խելօքնայ։ Կնիկ ճժի տէր կը լինի, խելքի տէր չ’լինիր։ Իր չարութեան ընկերներէն չ’զատուիր ու ամէն իրիկուն կը ծեծէ կնիկն ու տղան։ Պառաւի սիրտ շատ կը դառնանայ։ «Տղա՛յ, - կ’ըսէ, - խելքդ գլուխդ բեր, մարդ եղիր, դադէ, կնիկ, տղադ պահէ, թէ չէ, զքեզ կ’ընեմ էշ, աշխարհի բեռ կը բառնան վրադ, կը հեծնան վրադ, փուշ կրծես, խէթուիս, ծեծուիս»։
       Տղան, մեղայ ըսելու տեղ. «Է՛, - կ’ըսէ, - շատ մի խօսիր, զքեզ էլ կը ծեծեմ»։ Ասոր վրայ պառաւը կը նեղանայ, պողպատէ կանանչ վարոց մի կը զարնէ տղային, տղան կը դառնայ քո ուզած էշը, կը վարէ դռնէն դուրս։ Մարդու մէկ կը բռնէ ակնջէն, կը տանի, եօթն տարի բեռան տակ կը բանցու։
       Եօթն տարին որ կը լցուի, կաշին վրայէն կը փրթի, կը լինի առաջին մարդ։ Կը դառնայ կուգայ, դուռը կը զարնէ։ Կնիկ, տղան դուռը կը բանան, կը վազեն, կ’ըսեն. «Ջոջօ՛, ջոջօ՛, քո որդեգիրն էկաւ»։ Կուգայ, փոխանակ զանոնք սիրելու, աւելի չարութեամբ կը հայհոյէ, կը ծեծէ եւ պառւուն էլ աւելի պակաս կ’ըսէ։ «Տղա՛յ, խելքդ գլուխդ չեկաւ։ Դու մարդ պիտի չ’լինիս, - կ’ըսէ պառաւն, - զքեզ կ’ընեմ գէլ ու գազան, որ մարդեր ու շներ շինութենէ հալածեն զքեզ, լեռներ ու ձորեր իյնաս»։
       «Է՜, շատ մի՛ խօսիր, - կ’ըսէ տղան, - կ’ելնեմ, գլուխդ կը ջարդեմ»։ Պառաւ շուտ մը պողպատէ կանանչ վարոց կը զարնէ տղային, տղան կը դառնայ գայլ։ Դրացիք, գեղացիք կ’առնեն շներ ու փայտեր, կ’իյնան ետեւէն, կը փախցունեն լեռը։
       Եօթն տարին կը լցուի, գայլու մորթ կ’իյնայ վրայէն, կուգայ իրենց դուռը կը զարնէ։ Կը բանան։ Դարձեալ իր չարութիւններ կ’ընէ, կնիկն ու տղան կը ծեծէ, կը բօռան. «Ջոջօ՜, ջոջօ՜, սէրն Աստուծոյ լինի, հասիր»։ Պառաւ կը տեսնայ, որ զգաստանալու ճար չ’կայ, կանանչ վարոց կը զարնէ, տղան կը դառնայ սեւ ագռաւ ու, հայհոյելով, ղուռ ու ղուռ ընելով, կը թռի, կ’երթայ եւ իր ղուռ ու ղուռով իր չարութեան ընկերներ կը գտնէ, իր գլխէն եկած անոնց կը հասկըցնէ։ Կ’ելնեն այդ չար ընկերներ, կուգան, որ պառաւը խեղդեն։ Պառաւ կը խրատէ, ականջ չեն ըներ։ Եւ ահա կանանչ վարոց կ’առնէ ձեռքը, այդ տղայք ամէնը կը դառնան սեւ ագռաւ, կ’երթան, կը հասնին իրենց ընկերին, երամ կը կապեն։ Անոնք են, որ գեղ ու քաղաքը տները կը մտնեն, կ’ելնեն, գողութիւն կ’ընեն, չարութիւն կ’ընեն։ Եւ մարդիկ, որ ամէն թռչունները կը սիրեն, կը փայփայեն, ագռաւները չեն սիրեր, ուր կը տեսնան, քարերով կը հալածեն։