Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԱ. ԴԸԺԻԿՈՆ
       Դըժիկոն աղքատ ու անբաղդ մարդ էր, իր բոլոր ունեցածն էր երկու այծ եւ մէկ կով, կովն ալ տըռճըկուն (վեր-վեր ցատկող)։ Դըժիկոնի կինը անզգամ էր. շատ նեղութիւն կուտար էրկան, կ’ըսէր. «Գնա հեռի երկիրները, դատում ըրէ, վաստակ ըրէ, տուն-տեղ շինէ, հագուստ-կապուստ բեր ինծի, եզներ ու մաքիներ գնէ, ձի գնէ» եւ այլն։
       Դըժիկոն օր մի ելաւ, իր կովն առաւ ու անթրոցը ձեռք բռնեց, տնէն ինկաւ դուրս։ «Առնեմ գլուխս կորսուիմ, - կ’ըսէր, - այս անզգամ կնկան ձեռքէն»։ Կընիկն ալ այնպէս կ’ուզէր։ Դըժիկոն կովը կթելով, ուտելով ու յոգնած ատեն ալ հեծնելով, անթրոցը վեր թեւին՝ մոլորուած կ’երթար եւ վախէն ջրի պէս կ’երերար։ Խեղճը ի՞նչ ընէր. աղէկ էր չար մարդոց, չար գազանի բաժին լինէր, ոչ թէ անզգամ կնկան ձեռքն ինկնէր։
       Խոտով տեղերը կովը կ’արածար, ինքն ալ կը քնանար, ճանճեր կը խայթէին զինքն։ Անիծեց կինը եւ ուժով մը իր մէկ ափին մէջ բռնեց ճանճերը, ճըմռեց ու համրեց, որ եօթն ճանճ մէկուց սպաներ էր։ Քաջալերութիւն էկաւ վրան, էլաւ հեծաւ ձին եւ իրիկուն գեղի մը մօտերը իջաւ։ Դավրիշի մը թուղթ մի գրել տուաւ, թէ. «Դըժիկոնն եմ ես, մէկ ձեռքով եօթն հոգի սպանած եմ», ու այս թուղթը կապեց կովի ճակտին՝ կոտոշներուն մէջ։
       Գնաց, հեռացաւ շէներէն, հասաւ կանանչ դաշտ մի, ու դաշտի գլուխը կը տեսնուէր քօշկ ու սարայ մի։ Պառկեցաւ դաշտին մէջ, կը քնանար։ Եօթն եղբայր կը բնակէին այդ քօշկը, եւ մէկ եղբայրը վազեց տեսնալու, թէ ո՞վ է այն մարդ, որ համարձակեր, եկեր, մտեր իրենց հողը։ Նախ կովի ճակտին վրայի գիրը կարդաց եւ սկսաւ մտածել, թէ. «Այս մարդը մէկ ձեռքով եօթն հոգի սպանեէր է։ Եթէ այդքան կտրիճ չ’լինէր, միթէ կրնա՞ր այստեղ հասնիլ, կ’իշխէ՞ր այսպէս անհոգ քնանալ. ի՛նչ սիրտ, ի՛նչ քաջութիւն, որ ո՛չ զէնք առեր, ո՛չ ընկեր եւ ո՛չ ձի։ Այո, այս մարդ չափազանց կտրիճ մէկն է»։ Կը դառնայ, եղբայրներուն կը պատմէ իր տեսած ու խորհածը, ու ամէնքն ալ կ’ելնեն կուգան մեծարելու եւ իրենց տունը հրաւիրելու Դըժիկոնը։ Կովն ասոնց գալէն կը խրտչի, տըռճիկ կ’ընէ եւ կը բառաչէ։ Այս ձայնէն վեր կը թռի Դըժիկոն։ Տեսնալով եօթն հոգի իր առջեւ՝ անթրոց կը վերցու, դողալով հեռուն կը կենայ։ Ասոնք կը կարծեն, թէ բարկացաւ իրենց վրայ, թէ կատաղութենէն կը դողայ, թէ մէկ ձեռքով եօթն եղբայրն ալ մէկանց պիտի սպաննէ։ Կ’աղաչեն զինքն, կը հասկըցունեն, թէ ինչ բանի համար եկած են, թէ իրենք եօթն եղբարք մեծ անուն ունին կտրճութեան, եթէ ինքն ալ անոնց մեծ եղբայր լինի, շատ երջանիկ պիտի լինին, թէ իրենց տուն-տեղը եւ զիրենք անոր կամաց կը յանձնեն։ Դողալէ կը դադրի Դըժիկոն. «Թող ձեր ասածի պէս լինի», - կ’ըսէ։ Կը տանին տունը, վերին գլուխ կը նստեցնեն, ամէն բարութենէն կը դնեն իր առջեւ ու իրենք, ձեռները խաչ կապած, ծառայութիւն կ’ընեն։ Դըժիկոն խոր մտածմունքի մէջ է, թէ այս փորձանքէն ի՞նչպէս ելնէ եւ թէ կը վախնայ զինքն չ’սպանեն։ Ասոնք ալ կը կարծեն, թէ ինչ խորունկ, խելացի ու մեծ հոգի մարդ է, որ իրենց երեսը չ’նայիր, չը խօսիր։ Կը հազան, կը հազմզան (յիշեցնելու համար նշան), եւ Դըժիկոն հրաման կուտայ, որ նստին։ Հանգստանալէն յետոյ կը հարցնեն. «Աղա՛, քո ձին, քո զէնք, քո ծառաներ ո՞ւր ես թողեր։ Հրամանք արա, երթանք բերենք»։ Դըժիկոն կ’ըսէ. «Զէնք ու ձի վախկոտ մարդկանց ապաւէն է։ Ես գործածած չեմ երբէք, պէտք չէ եղած։ Եթէ մեծ կռիւի բռնուիմ, այն ատեն ձի եւ զէնք կը գործածեմ, իսկ ծառայի երբէք պէտք չունիմ. աշխարհ իմ ծառաներն են։ Դուք տեսաք, որ ես, մէկ փայտ եւ մէկ կով ունենալով, ապահով մինչեւ այստեղ հասեր եմ։ Ես Դըժիկոնն եմ, մէկ ափով եօթն հոգի կը սպաննեմ»։
       Օրէ օր իրենց մեծարանք ու հիացումն կ’աւելցնեն Դըժիկոնին վրայ եւ իրենց մէկ հատիկ խուռնի խօրօտիկ քոյրն ալ կը կամենան տալ անոր։ Դըժիկոն գիտէ, որ ինքն անարժան է անոր, բայց բռնուեր է։ «Է՛հ, - կ’ըսէ, - ձեր խաթեր համար կ’առնեմ»։
       Կը բերեն թանկագին հագուստներ, կը հագցնեն Դըժիկոնին, շքեղ հարսնիք կ’ընեն, եւ այդ ձայնը կը տարածուի չորս կողմը։ Չորս փաշաներ այդս աղջիկ ուզեր էին, եղբայրներ չէին տուած։ Այդ չորս փաշաներն ալ զօրքով եկան կռիւ վեր եօթն եղբարց։
       Դըժիկոն տղան իր սարսափից կծկուեր նստեր է։ Կ’ուզէ, որ գետին պատռուի, մէջն անցնի։ Փախչելու ճար կը մտածէ, ճար չը կայ։ Եւ ահա այս պահուս եօթն եղբարք ներս կը մտնեն, խոնարհութիւն կ’ընեն, եղածն իրեն իմաց կուտան ու կ’ըսեն. «Քո հրամանն ի՞նչ է, կռիւի կ’ելնե՞ս, թէ քո ծառաներդ երթանք»։ Կը տեսնա, որ Դըժիկոնին ակռաներ կը չըխկչըխկան, իր սրտի վախուցն է, բայց անոնք կը կարծեն, թէ արիւնը կ’եռայ ու ելլելուն պէս, այդքան կատաղութեամբ ամէնքը պիտի սատկեցնէ։ Ուստի կ’ըսեն. «Աղա՛, թէ կ’ուզես, մենք երթանք կռուինք։ Եթէ անոնք զօռ եղան, քեզ մարդ կը ղրկենք, եկուր»։ «Շա՛տ աղէկ», - կ’ըսէ։ Կ’երթան։ Կռիւ կ’սկսին։
       Եօթն եղբարց անունն ելած էր, ու ահն ինկած էր թշնամեաց վրայ։ Հիմա ալ որ գիտեն, թէ փեսայ մի ալ եկեր իրենց, որ մէկ ձեռքով եօթն մարդ կ’սպաննէ, աւելի կը վախնան։ Բայց ի վերջոյ կը զօրանան, եւ եօթն եղբարք կ’սկսին քիչ մը տկարանալ։ Մէկ եղբայրը կը ղրկեն Դըժիկոնին, թէ. «Հասի՛ր, նեղ մնացինք, կրակոտ ձի մը ու ընտիր զէնքեր պատրաստ են»։ Դըժիկոն ի՞նչ հող տայ իր գլխին։ Վերջապէս որոշեց, որ երթայ կռիւ եւ զինքը ձգէ սուրերու բերանը, մեռնի, ազատուի խայտառակութենէն։ Ձին իմացաւ, որ իր հեծնողն խաշիմ անվարժ է, առաւ գլուխն ու թռաւ։ Դըժիկոն չ’կրնար զսպել, բայց տեսնողներ գիտեն, թէ քաջութենէն կը վազցնէ ձին, որ հասնի, սատկեցնէ թշնամիները։ Ձին անցաւ թշնամեաց մէջը, թշնամիք զիրար կը կոտորեն, թէ՝ ո՞վ ասոր դէմ կրնայ կենալ։ Դըժիկոնի հոգին մնացեր կորեկի մը չափ։ Կը պատահի ծառի մը, կը պլլուի անոր ճիւղերուն, ձին տակէն կը փախչի։ Դու մի՛ ըսեր ծառը փուտ էր։ Թափէն ծառը քօքահան կը լինի։ Այլեւս թշնամեաց վրայ հոգի չ’մնար։ Զիրար կոտորելով՝ կը փախչին։ «Ը՜ռռռը, - կ’ըսեն, - ահագին ծառը քօքահան ըրաւ եւ անով զմեզ պիտի ջախջախէ»։
       Եօթն եղբայրներ կը վազեն, կը գրկեն իրենց դիւցազն փեսան եւ անոր ոտներուն տակ կ’իյնան։ Ի՜նչ քաջութիւն, ի՜նչ մեծ յաղթութիւն, կ’աղաղակեն եւ մեծ փառօք կը վերցնեն, տունը կը բերեն։
       Կռիւ ընողները խորհուրդ կ’ընեն, թէ. «Ի՞նչ ընենք, որ Դըժիկոն մեզմէ վրէժ չ’հանէ»։ Հազարական հատ գառնով մաքի, տասնական հատ մատակ ձի՝ քուռակներ ետեւէն ու շատ այլ եւ այլ ընծաներ կ’առնեն, գան Դըժիկոնին եւ անոր հպատակութիւն կը խոստանան։