ՈՒՂՂԵԱԼ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ
ՄԱՄԼՈՅՆ
…Հասկացողին
շատ
քնքուշ
է
գաւ[առական]
ժողովրդական
երգ,
մանաւանդ
երբ
բնիկներու
բերնով
կ’երգուի
եւ
երբ
կտրիճ
երիտասարդներէ
եւ
կարմիր
հարսերէ
խառն
կ’պարեն՝
թեւ
թեւի,
ծնկածալ,
միջքածալ,
գլխաճօճան։
Մենք
տեսանք
այդ
պարը
շատախցի
հայերով,
Հոգւոց
վանից
տանիքը
գիշերուան
լուսնակով,
ուր
եկած
էին
յուխտ
եւ
հոգւոյ
ուրախութեան
հետ
քիչ
մ’ալ
մարմնաւոր
ուրախութիւն
կ’ընէին։
Չեմ
կրնար
պատմել
այն
տպաւորութիւնն,
զոր
կրեցի
այդ
տեսարանին
առջեւ։
Անձեւացեաց
ապառաժներով
պատուած
խոր
ձորի
մը
մէջը
Տիգրիս
ծըւծըւալով,
ալէփայլիկ
կ’ընթանայ
մօտէն։
Տրդատը
յաւիտենական
քունը
կ’ննջէ
ջրին
ափը.
հոն
է
գերեզմանը։
Հի՜ն,
մթի՜ն,
ահաւո՜ր,
լռի՜ն,
բայց
եւ
հրաշիւք
մեծահռչակ
վանքն
Հոգւոց
կամ
Հոգեաց։
Իւր
չորս
կողմը՝
գազանները
եւ
աւազակները,
կամարին
տակ՝
ժամ
ու
պատարագի
սեղան,
տանիքը՝
երամ
մի
կայտառ
անձինք,
ծեր,
պառաւ,
այր,
կին,
հարս
ու
փեսայ,
աղջիկ,
մանրիկ
ճժեր,
խաղ,
պար,
մատաղ,
կրակ,
բոց,
մուխ,
տղոց
ճըզվըժտոց,
խորովածի
հոտն
ու
տըժտըժոց։
Մէկ
կողմն
ալ
կային
բազմեալ
քահանայ,
վարդապետ,
եպիսկոպոս,
կաթողիկոս
եւ
այլն։