ԺԷ.
ԿՆԿԱՆ
ՇԱՌԸ
Բարեպաշտ
մարդ
մի
առաւօտուն
արտն
երթալուն
ու
իրիկուան
արտէն
գալուն
Աստուծոյ
աղօթք
կ’ընէր։
Անգամ
մի
իր
կնիկը
ըսաւ,
թէ.
«Մա՜րդ,
դու
ինչո՞ւ
աղօթքիդ
մէջ
չես
ըսեր.
«Ո՛վ
Աստուած,
կնկան
շառէն
(չարէն)
զիս
ազատես»։
Մարդն
ասաց.
«Կնիկն
ի՞նչ
է,
որ
կնիկէն
վախնամ,
աղօթք
անեմ»։
Ասոր
վրայ
կնիկ
կ’ուզէ
թեթեւ
փորձ
մի
տալ
իր
էրկանը։
Կը
գնէ
ձուկ,
կը
կապէ
մէզարի
մէջը,
կէսօրուան
հաց
կը
տանի
էրկան։
Էրիկ
կ’երթայ
ջրի
մը
վրայ
իր
հացն
ուտելու։
Կնիկն
այդ
ձկները
ցանցառ
կը
թաղէ
արտին
մէջը,
ինքն
կ’առնէ
մէզարն
ու
կերակուրի
ամաններ,
կը
դառնայ
տունը։
Մարդը
արտը
վարելուն
կը
տեսնայ,
որ
հող
շրջելուն
հետ
ձուկ
է
կ’ելնէ։
Կը
ժողվէ,
իրիկուան
տունը
կը
բերէ,
կը
պատմէ,
թէ
ինչպէս
արտի
մէջէն
ժողվեր
է
եւ
թէ
ինքն
կը
հաւատայ,
որ
արարիչ
Աստուած
հողի
մէջն
ալ
կարող
է
ձուկ
ստեղծել,
ու
կ’ապսպրէ,
որ
մէկալ
օր
եփէ,
տանի
արտը՝
հացին
հետ
ուտելու։
Մէկէլ
օր
կնիկ
ձկները
կ’եփէ,
կ’ուտէ
եւ
քիչ
մը
թանապուր
կ’առնէ,
կը
տանի
էրկան։
Մարդ
կը
հարցնէ,
թէ.
«Ձկներն
ո՞ւր
են»։
Կնիկ
կ’ըսէ.
«Ի՞նչ,
ձո՜ւկն
ի՞նչ
է»։
«Երէկուան
արտէն
հանած
ձկներս»։
«Մա՛րդ,
դու
ծռե՞ր
ես,
ի՞նչ
եղեր
ես,
-
կ’ըսէ,
-
ոչ
դու
ձուկ
բերեր
ես,
ոչ
ես
տեսեր
եմ»։
Մարդն
կը
բարկանայ,
կը
վերցնէ
խարազան
ու
սամիք,
որ
կնիկը
ծեծէ։
Կնիկը,
«հա՛յ
հաւա՛ր»
բօռալով,
զինքն
կը
ձգէ
մէկէլ
արտերը։
Լծուորները
կը
թափին,
մարդ
կը
բռնեն։
«Թողէք,
-
կ’ըսէ
մարդ,
-
այդ
անզգամն
սպաննեմ,
իմ
ձկներն
ուտէ
ու
ելնէ
ինծի
ծռեր
ես
ըսէ»։
Լծուորներ
կը
հարցուն
կնիկէն,
թէ.
«Ի՞նչ
ձուկ
է
կ’ուզէ»։
Կնիկ
կ’ըսէ.
«Մեռնիմ
ձեր
արեւուն,
բռնէք
կապէք
զինքն,
զիս
կ’սպաննէ,
ծռեր
է,
խելքը
թռեր
է։
Իրնէ
հարցուցէք,
թէ
«ո՞ւր
տեղէն
էր
ձուկ»։
Մարդ
կ’ըսէ.
«Արտէ՜ն,
արտէ՜ն,
հողի
տակէն
եմ
բռներ»։
Ասոր
վրայ
«Հէ՜յ
վախ,
-կ’ըսեն,
-
հապա
ղորդ
կ’ըսէ
կնիկը,
մարդն
իր
խելքը
կորուսեր
է»։
Ու
յիմարի
տեղ
դնելով՝
թեւերը
կը
կապեն,
տանին
իր
տունը,
չուանով
մի
կը
փաթթեն
սիւնը։
Իրիկուան
ամէն
մարդ
կը
քաշուի
իր
տունը։
Երբոր
մինակ
կը
մնան,
կնիկ
կ’երթայ
մօտ,
կ’ըսէ.
«Ինչպէ՞ս,
կնկան
չարէն
չե՞ս
վախնայ։
Այս
ամէնէն
պզտիկն
է»։
Մարդ
աղաչանքներ
կ’ընէ,
թէ.
«Քո
Աստուծոյ
սէր,
կնի՜կ
կապեր
քակէ,
զիս
այս
փորձանքէն
ազատէ,
ուխտ
եղնի,
որ
առջի
աղօթքս
կնկան
շառէն
ազատուելու
համար
ընեմ
ամէն
օր»։