Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԱՏԻԿ
       Քաղաքէն իբր երեք ժամ հեռաւորութեամբ է Ղուլթիկ գիւղն, որ 400 տան չափ հայաբնակ մեծ գեղ մի է՝ գրեթէ քաղաքի պէս բան մը. թէ՛ իրենց կեանքը, թէ՛ տուները, թէ՛ հագուստ քաղաքավարի է, բայց ոչ կանանց հագածները։ Ղուլթիկ ունի արուեստաւորներ, եւ առուտուրով կ’ապրին։ Գրեթէ չկայ Ղուլթիկցի մը, որ Պօլիս եկած չլինի, որք կը գտնուին ստորին ծառայութեանց աստիճանէն մինչեւ վերին աստիճանը, վաճառատանց եւ դեսպանատանց մէջ իսկ։ Վերջին տարիներս շատեր իրենց ընտանիքն ալ փոխադրել սկսան Պօլիս։ Երկրագործութիւն չունին գրեթէ եւ, իրենց ամբողջ կեանքը մաշելով պանդխտութեան մէջը, բոլոր վաստըկածներով չեն կրնար քաղաքացւոց պարտքէն ու տոկոսէն ազատուիլ, որոց մուրհակները շատն կ’ստորագրեն կամ կ’երաշխաւորեն պանդուխտներու մայրեր կամ կիները, որոց բազմաց անծանօթ է գիրն ու հաշիւը։
       Ղուլթիկցիք ունէին քարուկիր մեծ եկեղեցի, բայց խեղճ վարժարան մը։
       Տատիկ երկու է։ Ն երքին Տատիկու մէջէն կ’անցնի գետակ մը, եւ այս գետակին ափերը կը գտնուին գիւղորայք Հայոց, Վանիկ գեղ, որ քիչ դաշտ ունի եւ շատ մը ծառաստաններ։ Վանիկու հանդէպ՝ ջրոյն միւս երեսն է Սասիկ։ Գեղ մը, մանաւանդ իւր գերեզմանատունն, այնպիսի սիրուն դիրք մը ունի՝ պտղատու եւ անպտուղ ծառերով զարդարուն, զոր տեսնողն անկարելի է, որ ախորժակ մը չ’զգայ։ Ապրելու համար Սասիկու մէջն ապրիլ, մեռնելու համար՝ Սասիկու գերեզմանները թաղուիլ, ուր Հազարան բլբուլն կ’երգէ, եւ որոյ մէջ կայ եւ մի մատուռն՝ Ս. Աստուածածնի անուամբ։ Ընդ հովանեաւ նորին կը ննջեն հանգուցեալք։ Վեր-վան գեղը հեռի չէ Սասիկէն եւ Վանիկէն։ Սասիկու մօտն է Մեղր-կեր գիւղն։ Ի՞նչ քաղցր անուններ են, բայց քաղցր չեն բնակչաց կեանքը. պարտքը մարեր է իրենց խանդն ու կրակը։
       Ընտիր թիւթիւն կը մշակեն Տատիկու մէջ. ամէնէն անուանին է Վանկայ թիւթիւն։
       Վերին Տատիկը կից է ասոր։ Ել մը միայն կայ միջոց։ Ընդարձակ են այս մասին դաշտն ու արտորայք։ Իւր գեղերն են Մոճկօնիս , որոյ քովն է Աթանագինէի վանք, Բաս, Գալօք, Կերխ, Ծըղկամ, Կշտոնիք եւ այլն։ Կշտոնիքին քով աւեր եկեղեցու մը տեղ կայ, ուր ամէն գիշեր ճրագ մը վառուած կը տեսնուի, կ’ըսէին։ Կերխայ եկեղեցին Ս. Եղիշէի անունով շինուած է. նսեմ եւ գծուծ շէնք մը՝ դուռը միշտ բաց, ուր ուխտաւորք եւ աղօթաւորք կը յաճախեն Հայ եւ Քիւրդ։ «Շատ զօրաւոր է մեր Ս. Եղիշէն, - կը պատմէր ծերունի մը, - որ օգնութեան կը հասնի ամէն վտանգելոց, եւ թէ յերազի, եւ թէ բաց աչօք շատ անգամ կը տեսնամք զինքն. ինքն է կարմիր ձիաւոր, զրահաւոր, ճերմակ մօրուք վարդապետ, ճգնաւոր»։ Ի՜նչ սրտեղէն հաւատք եւ սրտայոյզ տեսիլ ու նկարագիր։
       Տատիկու բնակիչք են Հայ եւ Քիւրդ։ Լեռ մը միայն կ’անջատէ զԽիզան, Տատիկէն։