Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԶ. ՕՁԷՄԱՆՈՒԿ, ԱՐԵՒՄԱՆՈՒԿ
       Թագաւոր մը կուլի, որ երբէք զաւակ չ’ունենար։ Շատ բժիշկներ բերել կուտայ, օգուտ մը չի քաղեր։ Սրտի նեղութենէն ինքզինքը կուտայ լեռները որսորդութեան։ Օր մը կու տեսնայ՝ օձ մը մանտրտիկ ձագերով պլլկուած։ Խորունկ մի կու նայի, սիրտը կ’ելնէ ու Աստուծոյ դէմ գանգատ կ’ընէ, թէ. «Տէր Աստուած, աս օձի՞ն չափ ալ չես նայիր ինծի ու անզաւակ կու տանջես իս»։ Մտքի մէջն էր միշտ աս օձին վիճակը։ Հէօքմէթ իլահի, միջոցէ մը յետոյ թագուհին կը զգայ, որ յղի է եւ ժամանակ հասնելուն՝ կը ծնի։ Բայց տղային կէսը մարդ է, կէսը՝ օձ։ Թագաւորին իմաց կուտան, անիկայ ալ հրաման կ’ընէ, որ նետեն քաղքէն դուրս գտնուած հորը։ Բայց բժիշկներ ու խելացիներ կարգադրեցին, որ քանի մատղաշ է, մատղաշ աշխիներէն շաբաթ մէկ աշխի թային տան Օձէմանուկին ու քանի մեծնար՝ մեծ աշխի տային։ Եւ կուտային։ Մեծցեր էր Օձէմանուկն, ու կարգն ալ եկեր էր աղքատ մարդու մը հասած աշխինին։ Աս մարդը երկու անգամ կարգուած էր, աշխի մը ունէր առջի կնիկէն, աշխի մ’ալ ետքի կնիկը հետ բերած էր։ Կնիկը կու պնդէր, որ արկան աշխինը տան, արիկը կու պնդէր, թէ՝ չէ, քու աշխին տանք։ Ասէնկ բաներու մէջ կնկան խօսք կու քալէ։ Խորդ մարը կու պատրաստէ մարմեռածը, որ մէկալ օրը տի տանին։ Աշխին շատ դառն արտսուք կու թափէ Աստծու առջեւ, եւ գիշեր երազով կ’ըսուի իրեն, թէ. «Մի՛ վախնար, դատիդ ըսէ երեք կուժ կաթն թող դնէ հետդ, դանակ մ’ալ առ, ու քեզի թող փաթթէ գոմշու կաշիի մէջը ու պարանով կախէ հորը։ Օձը տի կանչէ քեզի, թէ՝ դուրս ելիր գոմշու կաշիէն, որ քեզի ուտեմ։ Դուն ալ երեք անգամ ըսէ՝ ելիր ադ օձու շապիկէն, որ քեզի կաթնով լողկցնեմ։ Օձը կու պատռի, դանակով չուանդ կտրէ, կաշիէն դուրս ել, լողկցուր»։
       Աշխին կու պատմէ հօրը։ Հայրն ալ, տէր Աստուած կանչելով, հաւատով խոստովանիմ ասելով, պատրաստութիւն կու տեսնէ ու կու տանի աշխին, հորն ’ի վար կու կախէ։ Օձը կու կանչէ, աշխին ալ պատասխան կուտայ։ Օձը բարկութենէն կու պատռի, ու մանուկը միջէն դուրս կ’ելնէ։ Աշխին դանակով իր պարանը կու կտրէ եւ վար ինկած ատենը բերանը քարի մը կուգայ, առջեւի ակռային մէկը կու կոտրուի։ Կու բռնէ տղան կաթնով կու լողկցունէ, ու իրարու հետ խօսք ըրած ատեն աշխինին հայրը կուգայ հորին բերնէն նայելու, որ տեսնայ, թէ աշխինին երազը սո՞ւտ էր, թէ իրաւ։ Երբոր ադէնկ կու տեսնայ, կ’երթայ թագաւորին կու պատմէ։ Թագաւոր, թագուհին եւ բոլոր պալատականները կու դիմեն հորին բերանը, մեծ ուրախութեամբ կու հանեն մանուկն ու աշխին, կու տանին ու շատ թանթանայով հարսնիք կ’ընեն, կու պսակեն իրարու վրայ։
       Եղաւ որ պատերազմի պատճառով մանուկը հեռացաւ տունէն։ Իր մայր թագուհիին ըսաւ, որ. «Չըլլի, չըլլի թէ հարսդ տնէն դուրս հանես, մօրանց տունէն ալ որ ձէնեն, չթողուս»։ «Չէ՛», - կ’ըսէ թագուհին։ Բայց աշխինի խորթ մօր փորը հազար սատանայ մտեր է, չքաշեր աս աշխինի բաղդաւորութիւնը։ Երեսանց կարօտ կու ցուցնէ, ինքն կ’երթայ, արիկը կու ղրկէ, թէ. «Շատ ենք կարօտացեր, թողէք գայ, մեր կարօտն առնենք»։ Թագուհին ալ չկրնար դիմանալ, թող կուտայ տանին։ Մար օլաջախը իր աղջիկն հետ աս աշխին ալ կ’առնէ, կ’երթան գետը վլացք ընելու։ Խզմէթի լաթերը կու հագնին, վլացքէն ետքը ջրին քէնարը կը նստին։ Մէյմըն ալ ինչ նայիս. ոտքով կու զարնէ, հայտէ թագաւորին հարսը գետին մէջը։ Գետը քշելով կը տանի ծովը, եւ անոր լաթերը կու հագուեցնէ իր աշխինին, կու ղրկէ թագաւորին պալատը։ Մենք երթանք ծով ինկածին ետեւէն։
       Աս խեղճը ծովին երեսը ֆչի մը կու գտնէ ու անոր պլլուելով՝ կ’ապրի։ Ջրերը զինքն կու հանեն հեռու անմարդաբնակ եզերք մի։ Կու քալէ, կու քալէ, մարդու նշանակ բան չի տեսնար։ Իր Աստուած կու կանչէ, կու նստի կուլայ։ Նորէն կ’ելնէ կու քալէ։ Մերկութիւնը ծածկելու եւ արեւէն չերուելու համար կակուղ խոտերէն խաբայի նման բան մի կը հիւսէ, մէջը պլլուելով՝ վեր-վար կու քալէ։ Մէյմըն ալ եղէգներով եւ ծառի ճիւղերով ծածկուած տաղաւարիկ մի կու տեսնէ։ Կու մօտենայ, կամացուկ մը կու նայի ներս, որ բաբա իգիդ մի պառկեր, կու քնանայ։ Ինքն ալ կու նստի սեմին քով։ Արեւը մարը մտաւ, ու աս կտրիճն արթնցաւ։ Աչքերը աս կնկան դպաւ, չդպաւ, սատանայական կարծեց, ու ետեւէ ետեւ երեսը խաչ հանեց, տեսաւ, որ չէ, չհալածուիր։ «Ո՞վ ես դու, - կու հարցունէ, - ինչպէս եւ ինչո՞ւ համար էկեր ես աստեղ»։ Անիկայ իր գլխէն անցածը կու պատմէ։ Աս մարդն ալ իր պատմութիւնը կ’ընէ, թէ. «Ես երեւելի հարուստի մը որդի եմ։ Բան մը պակաս չէր ինծի, քէֆիս հետ ժուռ կուգայի եւ ամէն օր որսի կ’երթայի։ Եղաւ, որ իրեք օր վրայէ վրայ որս չգտայ։ Մտքիս դրի, որ մէկալ օրը՝ արեւը ծագելուն, նետ մը զարնեմ արեւու ճակտին, սպանեմ. թող իյնայ արեւը երկնքէն, թող խաւար տիրէ երկրին, քանի որ ես որս չպիտի գտնեմ, քէֆ չպիտի ընեմ։ Նետը ձեռքս առեր էի, արեւը իր գլուխը երկնքէն ցցուց, բոցեղէն շամառ մը երեսիս ու աչքերուս զարնուեցաւ, բոցեղէն ձեռք մը գլխիս մազերէն բռնեց, վերցուց ինծի ու դրաւ այս ամայի տեղը, անիծեց, որ արեւը չտեսնամ, լոյսը չվայելեմ։ Ասէնկ, ցերեկները կու քնանամ. այս տաղաւարէն դուրս թէ որ մնամ, տի մեռնիմ, գիշերները ժուռ կուգամ իմ ապրուստիս եւ ուտեստիս»։
       Կինը ցերեկներ կ’աշխատի, աս մարդն ալ՝ գիշերները։ Օձէմանուկին հետ ապրող կինը հիմա Արեւմանուկին հետ կ’ապրի։ Ժամանակէ մը յետոյ այս կինը յղի եղաւ։ Արեւմանուկն էլաւ, թուղթ գրեց իր հօրն ու մօրն, թէ. «Ահաւասիկ ձեր հարսն ձեզի կ’ուղարկեմ, պահեցէք զինքն, բայց ինծի մի փնտռէք. ես արեւ չեմ կրնար տեսնալ, մեր քաղաքը եւ մեր տունը չեմ կրնար մտնալ։ Եթէ գամ, անպատճառ կու մեռնիմ. անիծուած եմ»։ Արեւմանուկը, գիշերները քալելով, հարսը կու բերէ, կու հասցունէ, ինքն կու դառնայ։ Հարսը գիրը կուտայ պարոն դադին, կ’ընդունուի։ Հարն ու մարը, իրենց տղուն ողջութիւնը լսելով, չեն դիմանար, կ’ուզեն իրենք երթան, բերեն, բայց հարսը կը համոզէ, թէ՝ մեռնելուն պատճառ տի ըլլիք։ Օրեր կու լեցուին, տղան կու ծնի, օրան կու դնէ մարը եւ իր գլխին էկածները խաղ կու շինէ. «Ը՛, ը՛, ը՛» (օր, օր, օր), - ’ի տեղ կու կանչէ։ Ժամանակ-ժամանակ գիշերները, «ը՜» կանչելուն, ձայն մըն ալ դուրսէն կու լսուի։ Հարսը գիտէ, որ Արեւմանուկն է, տղայի սիրոյն կուգայ, դուրսէն ինքն ալ «ը՜» կու կանչէ իր գլխի էկածները, բայց չի կրնար ներս մտնել։ Հարսի կեսուրն ու պարոն դադը կու կռահին, թէ մէկը կուգայ գիշերները, դուրսէն հարսի հետ փոխընփոխ խաղ կու կանչեն։ Միտքերնին կ’աւրեն, թէ՝ աս հարսը սիրող ունի։ Կու քննեն, կու դատեն, ճարը կու հատնի հարսին ու կ’ըսէ, թէ. «Ձեր որդին է ան էկող-կանչողը, տղայի սիրոյն կուգայ, բայց թէ որ տեսնէք ու բռնէք զինքն, ներս առնէք, տի մեռնի»։ «Սուտ կ’ըսէ, աստեղ օյին մը կայ, կու բռնենք ադ էկողը։ Եթէ իրաւ մեր որդին է, մեր կարօտը կ’առնենք, եթէ օտար մարդ է, հարսին հախը իր ձեռքը կուտանք», - կ’ըսեն։ Եւ գիշեր մը, դուրսէն ձայնը առնելուն պէս, կ’ելլեն կու բռնեն, կու տեսնան, հա՛, իրենց որդին է։ «Թողէք ինծի, - կ’ըսէ, - ես փախչիմ։ Արեւը ծագելուն եթէ ես իմ տաղաւարիս մէջ չգտնուիմ, տի մեռնիմ։ Խնայեցէք իմ արեւուն, անիծուած եմ ես, թողէք…»։ Ջուրի ձան կուգայ անոնց, մտիկ չեն ըներ, եւ ահա առաւօտ արեւը կու ծագէ։ Մարդը մեռաւ իր հօր ու մօր աչքին առջեւ, մեռաւ, բայց հոգին չելաւ։ Ըսին, թէ իրիկուան արեւ մարը մտնելուն կ’ողջննայ։ Իրիկուն եղաւ, մարդը անէնկ մնաց։ Տունը դարձաւ մահտուն. լաց ու կոծ բռնեց ամէնուն, բայց ի՜նչ անեն. ո՛չ լման մեռել է, որ տանին թաղեն, ո՛չ ողջ է, որ ոտքի հանեն կամ հետը խօսին։ Քար առին ու իրենց գլուխը ծեծեցին, արցունքներու մէջ կու խեղդուէին մինչեւ օր մի ասոր մայրը երազի մէջ կու լսէ, որ կ’ըսուի իրեն, թէ. «Ելիր, երկաթէ տրեխներ հագիր, երկաթէ բիր մը ձեռքդ առ, քալէ դէպի արեւմուտք։ Ուր տեղ որ տրեխներդ ծակին, բիրդ կոտրի, անտեղ կու գտնես տղուդ ողջննալուն դարմանը»։ Մօրը գութ շատ կու լի. առանց մտածելու առաւօտ կ’ելնէ, երկաթէ տրեխներն ու բիրը շինել կուտայ, կ’երթայ։ Տարիներով ճամբայ կու կտրէ, ճերմակ ու սեւ մարդերուն վերջը կ’առնէ, հաւքեր ու ջանավարներ ալ չեն երեւար։ Վերջապէս աշխարհքի ծայրըն է հասեր։ Հեռուանց սարայ մը կու տեսնէ՝ կապոյտ մարմար քարերով շինուած։ Երեսը շըտկեց ան կողմն ու գնաց։ Դրան առջեւը բիրը ձեռքէն ինկաւ, կոտրեցաւ, տրեխները հանեց թօթուելու, տեսաւ որ ծակուեր է։ Միտքն էկաւ, թէ. «Ահա աստեղէն տի գտնամ իմ տղուն դարմանը»։ Ներս մտաւ դռնէն, բակէ բակ անցաւ տասներկու բակ, ամէն բակի չորս կողմն կամարակապ, հազար ու բիւր աստղունք պառկեր, կը քնանային, բակերու մէջ շատրուան եւ ավուզ, ո՛չ ծառ կար, ո՛չ կանանչ, ո՛չ հաւք, ո՛չ անասուն եւ ո՛չ ուրիշ արարած։ Խորունկ լռութիւն էր։ Մէջտեղի բակի ավուզին վրայ ոսկեղէն քէօշկ մը ու մարգրտէ անկողին փռուած, մէկ պուճախը նստած էր թագուհի մը՝ լուսերու մէջ ու ինքն լուսեղէն։ Աչքերը մնաց բա՜ց, ու խելքը գնաց Արեւմանուկին մօրը, երբ թագուհին տեսաւ։ Բայց թագուհին քաղցրութեամբ հարցուց, թէ. «Անշուշտ դու խնդիրք մ’ունիս, որ այդքան չարչարանք քաշեր ես, այստեղ հասեր ես։ Դարդդ ըսէ, ի՞նչ է, մի՛ վախնար»։ «Մա՛յր եմ ես, - ըսաւ կինը, - ու իմ որդւոյս արեւն ինծի դարձնելու համար եկած եմ ճար խնդրելու»։ Եւ պատմեց մի ըստ միոջէ։ «Տղադ չար տղայ է, - ըսաւ թագուհին։- Ես ալ մայր եմ, արեգական մայրը։ Իմ որդւոյս արեւով երկինք ու երկիր կու լուսաւորուի։ Քո տղան նետով զարնել ուզեց անոր, անիծեալ է քո որդին. արեւէ զուրկ տի մնայ, ապրի ու չի տի ապրի, մեռնի ու չի տի մեռնի»։
       «Մայր եմ ես, - կրկնեց Արեւմանուկին ծնողը, - ցաւ եմ քաշեր իմ որդւոյս համար, այսքան ճամբայ եմ քալեր անոր սիրոյն համար։ Քու զաւկիդ արեւուն համար, ճար մի ասա ինծի»։ Ի գութ շարժեցաւ Արեւուն մայր թագուհին եւ ըսաւ. «Շատ անարժան զաւակներ իրենց մայրերու շնորհիւ արեւ վայելած են, թող քու զաւակդ ալ իր մօրը համար ապրի։ Բայց դուն անցիր այդ աստղերուն ետեւը ծածկուիր։ Հիմա որդիս կուգայ, չըլլի թէ էրուիս։ Երբ ավուզը կը մտնայ լողգնայ, կ’ելնէ կուգայ կաթ ծծելու։ Ես անոր ծիծ տալուս ժամանակ դուն անոր լուացուած ավուզէն շիշով մը ջուր առ ու գնա։ Տար, ցանէ քո որդւոյն վրայ, կ’առողջանայ»։
       Պահ մը ետքը եկաւ Արեգակն բոցերով, մտաւ ավուզը, աստղերը արթնցան, ոտքի վրայ բարեւի կայնեցան։ Թագուհին գրկեց, վեր հանեց ջրէն Արեգակը եւ պառկեցուց անկողինը՝ իր ծոցը, ու ծիծ կուտար՝ անհնանալի, անծերանալի, մշտամանուկն Արեգակ։ Աստղեր բարձրացան երկնից երեսը, եւ Արեւմանուկին մայրը շիշով ջուրն առեր, դուրս կ’ելներ պալատէն։
       Ողջամբ կու հասնի իր որդւոյն, կու ցանէ ջուրը, որդին կ’առողջանայ, կ’ելնէ։ Այս բանին ձայնը աշխարհքէ աշխարհք կ’երթայ, հեռու տեղերէ թագաւորներ, փիլիսոփաներ կուգան աս տղան ու մարը տեսնալու եւ անոնցմէ աս բաները լսելու։
       Եկողներէն մէկն ալ Օձէմանուկն էր, որ վաղուց վերադարձեր էր իր տունը։ Եւ որովհետեւ հորը ինկած ատենը կոտրած ակռային տեղը արծաթէ ակռայ մը շինել տուած էր կնկան։ Այդ նշանը չտեսնալով կնկան վրայ, կասկած ընելով՝ մօրը երդումն տուեր եւ իմացեր էր, որ իր կինը տարեր էին մօրանց տունը։ Հասկցած էր, որ խորդ մայրը անի կորսնցուցեր էր եւ իր աշխին տեղը ղրկեր էր։ Ահաւասիկ նամէհրամի հետեւանքները։ Մեծ ցաւ եղած էր Օձէմանուկին եւ ասոր համար եկած Արեւմանուկը տեսնալու եւ անոր մօր խնդրելու, որ ինչպէս իւր որդւոյն համար հնարք գտաւ, կարելի է իրեն կորսուած կինը գտնելուն ալ հնարք մը ճարէ։
       Արեւմանուկն եւ իր մայրը վար դրին իրենց տունը Օձէմանուկին։ Հաց ուտելու ատեն ասիկայ կու պատմէր իր դարդը, եւ տան հարսը ծառայութիւն կ’ընէր սեղանին ու կու լսէր։ Կէս ծիծաղ մ’ըրաւ հարսն, ոսկի ակռան երեւցաւ։ Օձէմանուկն հաց մոռցաւ, քննեց որ նա է։ Արեւմանուկն ալ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս եկեր, զինք գտեր էր։ Վերջապէս բարեկամաբար մտածեցին, թէ. «Աղի քապապ կերցունենք կնկան, մէկ-մէկ աման ջուր առնենք, ձիան հեծնենք, երթանք դաշտ ժուռ գալ։ Հարսը որմէն որ ջուր ուզէ խմէ, անոր կին մնալ կ’ուզէ»։
       Հարսն ալ տղանը գիրկը հետերնին կ’երթայ եւ չուզեր երկուքն ալ կոտրել։ Բայց վերջապէս կու տեսնայ, որ իր վրան նուաղում կուգայ ու վերջ մը տալու է, կու կանչէ. «Արեւմանուկ, Արեւմանուկ»։ Արեւմանուկ ձիէն կ’իջնէ ուրախ-ուրախ, ջուր կու պատրաստէ որ տայ, մէյմըն ալ հարսը կու կանչէ. «Օձէմանուկ, Օձէմանուկ»։ Աս ալ կ’իջնէ, ջուր կու պատրաստէ։ Հարսը երկուքի մէջտեղ կեցած կու դառնայ Արեւմանուկին կ’ըսէ, թէ. «Առ աս տղան, որուն հայրը դու ես, բայց ես Օձէմանուկի պսակուածն եմ»։ Եւ ջուրը կու խմէ Օձէմանուկէն, կ’երթայ անոր ետեւէն։