Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ազնիւ ընթերցող
       «Տան տղամարդն իր տան մշակն է», - կ’ըսէ առածը։ Այս խօսքը հերիք է` բացատրելու համար ընթերցողաց, որք իրաւունք կը համարին իրենց կողմանէ մեղադրել զիս, թէ ինչո՞ւ դադրած եմ գրական աշխատութենէ, որոցմէ մին, եւս աւելի սերտիւ գրելով, կ’ըսէ. «Վերջապէս Օրացոյցի մէջ գուշակուած ու գրուած չ’կայ ձեր մեռնելու օրը»։ Արդարեւ, շատ ճշմարիտ։ Մարդ իր ապրելէն օգուտ քաղելու է եւ կարող եղածին չափ ծառայութիւն մը ընելու է, թէ՛ լինի այն դրամով, թէ՛ խօսքով, թէ՛ գրով եւ թէ՛ անձնուիրութեամբ, քանզի չ’գիտեր թէ՛ քանի՛ տարի է սահմանուած իւր կեանքը։ Եւ շատ վայելի է կեանքը, որ կ’անցնի երկրէս, առանց արձանագրել տալու իւր յիշատակը ազգային կամ մարդկային մատենի մը, թերթի մը մէջ։
       Ծանօթ է, սակայն, ընթերցողաց, թէ մեր ազգին մէջ պաշտօնի կամ գործողութեան յատուկ սահման մը չ’կայ, մանաւանդ եկեղեցականաց համար։ Չենք կարող մենք մասնաւոր ասպարէզի մը մէջ յառաջանալ կամ յատկապէս մշակել ճիւղ մը։Զորօրինակ՝ այսօր քարոզիչ, վաղը ժողովոյ մը անդամ, օր մը հեղինակ, օր մը նուիրակ, օր մը դաստիարակ, քննիչ, առաջնորդ, խաղաղարար, ուղեւոր դատաւոր, վանահայր, տեղական վարչական ժողովոց անդամ եւ այլն, եւ այլն։ Կարճն ըսելով, ես իսկ անցած եմ այդ ամէնէն եւ շատ եւս անախորժ անցքերէ, որ գործողի մը առջեւ կ’ելնեն եւ ծանր դժուարութիւն կը պատճառեն գործելու կամ ընթանալու։ Այո՛, իբրեւ մեր Եկեղեցւոյ եւ Ազգի տան տղան եւ մշակ, այգի փորելու, քաղհանք ընելու, արտ ջրելու, փլած պատերը շարելու, խառնակ ճամբայներ հարթելու, անպէտ բոյսեր իստակելու, ցորեն հնձելու, ալիւր աղալու ծառայութեանց մէջ գտնուեցայ, եւ տեղ-տեղ ալ գլուխս կոտրեցին, կուրծքս պատառեցին, սիրտս ծակեցին. ինչպէս բնական է պատահիլ արտ ու այգի մշակողներուն, կալ ու ջաղաց ունեցողներուն՝ մեր երկիրներու սովորութեան համաձայն։
       Իսկ ինձ համար ադոնք եղան Պատուոյ նշան, զոր Պատրիարքարան կը միջնորդէ Կայսերական կառավարութենէն շնորհելու կամ Խաչի նշան, զոր Մայր Աթոռն կը շնորհէ քաջալերութեան համար աշխատաւոր մշակներուն։ Այո՛, ես կը կրեմ այդ նշաններ ու վէրքերը գլխուս եւ կուրծքիս վրայ… խիղճս գոհ է. հասկցող ժողովուրդ զիս կը սիրէ, փառք Աստուծոյ։
       Այդ անցածս ու գտնուածս տեղերը, ուր բազմակողմանի եւ ներքին ու արտաքին կնճռոտ խնդիրներ եւ դժուարութիւններ կը զբաղեցնէին անձս ու միտքս, կը գտնէի տակաւին րոպէներ եւ ժամեր մտաւոր վաստակոց եւ զբօսանաց, ժողովրդական բարուց եւ աւանդութեանց, աղն ու մաղը, խաղն ու տաղն, հողն ու ջուրը, կիրքն ու գիրքը խառնելու, ինչպէս հօտաղ մը արտը վարելուն՝ հողերու տակէն կը ժողվէ պղնձի կամ երկաթի կտորները, որոց ժանգը եթէ սրբես, բան մ’են, կամ եզները արածելու եւ հանգչեցնելու ժամուն, կ’երթայ հօտաղն, կը նստի գետի մը ափը, կամ հեղեղի մը անցած տեղը եւ, աւազները խառնելով, կը գտնէ ու կը ժողովէ ուլնիներ, որոց մէջ կը գտնուին երբեմն նաեւ մարգրիտներ, ակունքներ եւ ժանգոտած դրամներ, որք, սակայն, հնագէտի մը կամ արուեստաւորի մը ձեռքը հասնելով, կը գնահատուին։ Այդ հօտաղն էի ես, եւ անոր զբօսանքը կը զբօսնուի։ Գտածս ուլնիներէն հատիկ-հատիկ ղրկուած են Իզմիրի Ա րեւելեան Մամլոյ , այն գրական հանճարեղ վարպետին եւ իմ ընտիր բարեկամին Մեծ. Մ. Մամուրեանին հանդիսի մէջը, որում շնորհակալութիւնս յայտնելու պարտքս կը կատարեմ հրապարակաւ՝ ներողութիւն խնդրելով իւր համեստութենէն։ Այո՛, Ա րեւելեան Մամլոյ հրատարակութիւնն առիթ ընծայեց, որ ոմանք բանասէրք զիս քաջալերեցին եւ պատուեցին իրենց պատուական նամակներով եւ որոց ամենեցուն իմ գոհունակութիւնս կը յայտնեմ։ Գոհութիւն նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարքին եւ պատկ. Կեդր. Վարչութեան, որ հաճեցան թոյլտուութիւն շնորհել ինձ Պօլիս գալու եւ իմ հօտաղի տուրիկի մէջ ժողվածներս, հրապարակի վրայ ’ի տես հանելու։
       Արծաթը կը քաջալերէ, կը նպաստաւորէ, բայց չ’կրնար, իբրեւ վարձք, գոհացնել աշխատանքը, իսկ եթէ լինի արծաթին կամ նպաստին հետ գնահատող խօսք մը, կամ մի միայն խօսք մը, առանց նիւթական վարձքի, զարմանալի գոհացումն կը պատճառէ հաւատարիմ մշակի մը, անձնանուէր աշխատողի մը, եւ այս զգացումն կը տեսնուի ոչ միայն գիւտ որոնողներուն, արհեստաւորներուն ու զինուորական կամ հասարակական պաշտօն ունեցողներու զարգացեալ դասուն մէջը, այլ նոյն իսկ տան ծառաներու կամ շինական մշակի մը վիճակ ունեցողներուն։ Ո՞վ կրնայ չափել այն զգացման գոհունակութիւնը մշակի մը կամ ծառայի մը, երբ իւր տէրը կը ժպտի անոր, կամ ձեռքով կը փայփայէ անոր ուսերը, ըսելով. «Ապրի՜ս, հաւնեցայ ըրածիդ, գոհ եմ քեզմէ»։ Թեւեր կ’ուզէ նա, որ խոյանայ, բարձրանայ մինչեւ արեւը եւ այդ անհունութիւնը լեցնէ իւր ուրախութեան երգով։ Անշուշտ, ես խօսք չունիմ միայն փորի ու քսակի համար ապրող կարգ մը անձանց հետ, որք, լաւ ուտելով եւ առատ ունենալով եւեթ, երջանիկ կը համարին զիրենք։ Թող թքեն, թող հայհոյեն, թող դժգոհեն, թող գանեն։ Հերիք է, որ նա կուշտ մնայ եւ դրամ ունենայ։
       Իմ գոհունակութիւնս այնչափ մեծ է, որ չեմ կարող բացատրել, ընդհանրապէս բանասիրութեան ճաշակ ունեցող ամէն դասերէ վայելածս քաջալերութեան համար, որոցմէ ոմանց նամակներ ունիմ, ոմանց ալ գրական հանդէսներու եւ լրագիրներու մէջ հանդիպած եմ, թէպէտ ոչ ամբողջին, զի իմ շրջուն վիճակս շատ զրկանքներ պատճառած է ինձ եւ թղթերու կորուստ։ Ընդունելով այդ քաջալերութիւններ, ես եւս քաջալերած եմ շատերը գաւառաց մէջ։ Գրելու ճաշակ ունեցողները, որ իւրաքանչիւր իւր երկրի մէջ ժողովէ այդ ժողովրդական թանգ նիւթերը, որ դիւրամերձ չեն շրջողի մը, որքան բնիկի մը։
       Իմ ըսելիքներէս աւելի ազդու եւ ընդարձակ բացատրութիւն կրնան համարուիլ այսպիսի աշխատութեան մը օգուտն ու պէտքը ճանչելու համար, հետեւեալ քանի մը հատուածները, զորս կը դնեմ այս տեղ ’ի պատիւ զանոնք ստորագրող անձնաւորութեանց՝ հրաժարելով ինձ ընծայուած պատիւէն, որում ստուգիւ չեմ արժանի։
       Ա.
       «Շատ ժամանակ չէ անցել, ինչ որ մեր մամուլն ընթերցող հասարակութիւն ազդու կերպով զբաղեցրեց Ազգային բուն բանաստեղծութեան խնդրով։ Ինչ որ Աբովեանն իբրեւ բանաստեղծ, Ախվէրտեանն իբրեւ ուսումնական սկսել էին՝ կարծես անցաւոր երկներեւութի պէս պէտք է անհետանային, եթէ «Կռունկ» իբրեւ հրապարակախօս բարձրաղաղակ չ’քարոզէր այդ երեւոյթների խորին նշանակութիւնը մեր նորածին գրականութեան համար։ Բայց եւ այնպէս յափշտակութեան աշխոյժը յարատեւութիւն չ’ունեցաւ. թէեւ այնուհետեւ մի քանի փորձեր փորձուեցան այն վառուած լապտերին ձէթ տալու համար (Ոսկան Յովհաննէսեանի, Միանսարեանի, եւ ուրիշների հրատարակած երգարանները)։ Ինչպէս ասացինք, միայն նորագոյն ժամանակ նորոգուցեաւ նոյն զուարթութիւն բերող զարկը, եւ այնպէս ուժգին կերպով, որ ապահոված պէտք է համարուի նոր ուղղութեան ոգին։ Եւ զարմանալին այն է, որ այդ զարկն այն կողմից ստացուեցաւ, որ կողմից ամէնից քիչ էինք սպասում։ Մենք Արարատեան Հայերս վաղուց արհամարհանօք խօսում էինք տաճկահայոց վերայ, թէ նոքա ֆրանսական րօմանների թարգմանութիւններից աւելի ոչինչ չ’արտադրեցին իրենց սքօլաստիքական ուղղութեամբ, ուր մենք արդէն ազգային փայլուն բանաստեղծութեան սկզբնաւորութեամբ պարծում ենք։ Յանկարծ մի Տաճկաստանցի (Վանցի) Հայ, այն եւս աբեղայ մարդ, այդ սքօլաստիքական մթնոլորտից մեզ ընծայեց իւր նուրբ ճաշակն եւ բուն ազգային ոգու փշրանքները։ Սրուանձտեան (իբրեւ մատենագիր) արդէն պատուաւոր եւ արժանաւոր տեղ բռնեց մեր մատենագրութեան պատմութեան մէջ։ «Մշակ»ի Մէլիքզատէն, «Մեղու»ի Տէր Աղէքսանդրեանը եւ «Փորձ»ի Գրիչը միաբերան աւետեցին մեզ այդ նոր երեւոյթը. մեզ՝ որ աւելի ճաշակ ունենալն էինք երեւակայում, բայց եւ այնպէս իսկոյն խոստովանեցինք Սրուանձտեանի մեծ ծառայութիւնը։ Նա ժողովրդական բանաստեղծութեան բոլոր տեսակներից ընտիր ընտիր օրինակներ ներկայացրեց, թէ երգ, թէ առակ, թէ հէքեաթ, թէ զուարճախօսութիւն, եւ թէ մի դիւցազներգութիւն (Սասունցի Դաւիթ), որ չը լսուած բան էր մեզ համար։ Մի՞թէ մեզ համար դոքա այնքան նորութիւն էին, որ Սրուանձտեանցին այնքան երկինք բարձրացուցինք, միթէ մեզ յայտնի չէի՞ն եթէ ոչ միւս մասերը, գոնէ հէքեաթները։ Անշուշտ յայտնի էին. բայց ցաւն այն էր՝ մինչդեռ տեսականապէս մենք գիտէինք թէ որքան յարգ ունի ժողովրդական բանաստեղծական երգերը քաղաքակիրթ ազգերի մէջ, մինչդեռ Գրիմմի հռչակը մեզ էլ էր հասել. մենք չէինք կարող գործով ցոյց տալ գոնէ մի հէքեաթ մեզանում, որ այն զուարճութիւնը պատճառէր, ինչ որ տեսականապէս ցնորում էինք թէ դոքա պէտք է որ զարթեցնել կարողանան։ Ուստի եւ կամ սկսում էինք այն յարգը անտեղի անհամութիւն համարել, կամ կարծում էինք թէ մեր ազգը զուրկ է լաւ հէքեաթներից, եւ մենք պատրաստ էինք Ազգային բանաստեղծութեան հրապոյրներից հրաժարուելով հրաժարուիլ… Սրուանձտեանի ծառայութիւնը եւ մեծ ճաշակն հէնց նորանումն է, որ մի հարուածով անհաւատներին հաւատքի բերեց, այն հրապոյրներն իրանց առաջ իբր օրինակ դնելով։ Նրա ժողովածուն բոլորովին ազգային ոգու շնչով է շնչում, որ տեղ ե՛ւ ճաշակ կայ, ե՛ւ իմաստ, ե՛ւ հանճար, ե՛ւ բարոյականութիւն, եւ այս բոլորը մերն է, մեր, հայկականը եւ ոչ օտարինը։ Դոքա անհերքելի ապացոյց են թէ ժողովրդական բանաստեղծութեան անփոխարինելի ազդեցութիւն որքան կախուած է հաւաքողի շնորհից, որ իւր նուրբ եւ հանճարեղ ճաշակով գիտէ ընտիրն անպէտքից ջոկել, բուն ազգայինը՝ թաթարացած բանդագուշանքից, մանաւանդ այսպէս մի տգէտ ազգ, ինչպէս որ Հայոց ազգն է, որ Արաբների, Մողոլների, Պարսիկների եւ Թաթարների մահացուցիչ ազդեցութիւններով է ձուլուել, հարկաւ իւր միտքը պէտք է պղտորէր ճիւաղական դիւական նախապաշարմունքներով, եւ ինքը կարողութիւն էլ չը պէտք էր ունենար իւր անարատ գանձն նոյն եկամուտ ժանգերից զատել, եւ երկուսն էլ անխնամ կերպով աւանդել որդէ ցորդի։ Անշուշտ ինչ որ Սրուանձտեանը մեզ աւանդել է, մի աննշան մասն է մեր ազգային այն գանձից, որ դեռ բերանէ բերան աւանդւում եւ Սրուանձտեաններին է մնում, որ հետզհետէ գրի անցուցանուի, բայց եւ այնքան էլ բաւական էր որ իսկ գործադրութիւն գտնէր պտուղներ առաջացնելու համար։ Եւ իրաւ, եթէ կենդանութեան շունչ ունի, ինչո՞ւ համար նոյնը կաթի պէս չ’տրուի մանուկներին…»։
       Ս. Մանդինեան
       (Վարժարան Ամսագիր. Նօ. 1-2 Թիֆլիզ)
       Ծան. Գրուածքին վերջին խօսքը «Ազգ. ընտանեկան աշխարհ» անունով ընթերցարաններու մասին է, զոր կազմած է ինքն Ս. Մանդինեան՝ «Գրոց Բրոց»էն եւ «Մանանայ»էն նիւթեր քաղելով։ Ինքն վկայեալ մանկավարժ, արդիւնաւոր փորձեր ընծայած գործնականապէս Նէրսիսեան վարժարանի եւ Գէորգեան ճեմարանի մէջը, յաջողակ գրագէտ եւ ծանօթ իւր համբաւով։
       Բ.
       Քիւսնախթ, 3 յունիս 1875.
       Հայր,
       Ներեցէ՛ք ինձ, եթէ անծանօթ գոլով, համարձակիմ Ձերդ Արժանապատուութեան երկտողս գրել, ներեցէք մանաւանդ որ սոյն պարտաւորութիւնս ուշկեկ կը կատարեմ։
       Ձեր պատուական գրքոյկները, այն անգին գանձերը, Գրոց-բրոց, Հնոց-նորոց, ընծայեալ ի Ձէնջ, «Առ Հայկազն ուսանողս ի Գերմանիա» ստացանք, ընթերցանք եւ սիրեցինք։ Ձեր համբաւն ինձ արդէն ծանօթ էր ո՛չ թէ Ձեր Արծուիկները կարդացած գոլով, այլ լսելով, զի դժբաղդաբար թէ՛ Ձեր եւ թէ՛ Ձեր վարժապետ Հայրիկին գործերը ցարդ առիթ չ’ունեցած եմ կարդալու։ Այժմ ես բաղդ ունեցայ կարդալու, եւ ապա ընկերացս, եւ ի վերջոյ անոնց եւս պիտի տրուին որք հայերէն գրքեր սիրեն կարդալ։ Զի շատ անգամ պարտիմք սրբութիւնը չ’արկանել առաջի… Ներեցէք ինձ այսպէս գրելուս, զի յուսամ թէ դուք արդէն ճանչցած էք Հայ երիտասարդներ Պօլիս կամ յայլուր, որք «Հայերէն կարդալու գիրք չ’կայ» կ’ըսեն։ Այսպէսներ կարող են լինել եւ յօտարութեան ուսանող հայերի մէջ։ Ահա այս պատճառաւ Ձեր ընտիր հրատարակութիւնն ալ, որոյ վրայ ամէն Հայ ուսանող իրաւունք ունի, ամեն աստ գտնուողներու չ’ի տրուիր, զի կան որ բնա՛ւ չ’կարդան հայերէն. եւ այդ մասին միշտ փորձերն ցարդ ապարդիւն են եղած։
       Ձեր գրքերի մասին խօսելէս առաջ, մի քանի համառօտ տեղեկութիւններ տալ այս տեղի վրայ, աւելորդ չ’եմ համարիր։
       Քաղաքիս Հայ ուսանողաց թիւը այժմ ինը է, որոնցմէ չորսերնիս Մեծարգոյ Պ. Սանասարեանի որդեգիրն ենք եւ կ’ուսանինք ի Քիւսնախթ, ո՛ւր երբեմն մեզ հետ էր նաեւ Պ. Խորէն Խրիմեան։ Նա տեղւոյս դպրոցաց, ազգի, սովորոյթներու, գիտութեանց եւն. ի վրայ, յուսամ թէ Ձեզ լիակատար ծանօթութիւններ տուած լինի, եւ այս պատճառաւ ես զանց կ’ընեմ այժմ խօսիլ այդ մասին, միա՛յն սա աւելցնելով որ՝ Պ. Տօգթօր Աբէլեանց, զորնոր գուցէ ճանչցած էք, աւելի բարձր պաշտօններ ունի այժմ եւ մին է գիտնականաց ի Ցիւրիխ։
       Ձեր գրքոյկների մասին, ես կամ մին իմ ընկերացս, ի՛նչ որ ալ ըսենք կամ գրենք, պիտի լինի ա՛յն, ի՛նչ որ արդէն Պօլսոյ եւ Թիֆլիզի լրագրաց մէջ բազմիցս խօսուեցաւ, եւ անշուշտ մասնաւոր նամակներ ալ կրկնեցին զանոնք։Ուրեմն եթէ մենք եւս պարտ մ’ունինք ա՛յն է գոչել Ձեզ «Շատ ապրի՛ք, Հայր Սուրբ, դո՛ւք, արժանաւոր մշակ եւ հովիւ մեր խեղճ ազգին, շատ ապրիք»։
       Արդէն շատ գրագէտներ բազմիցս կրկնած են թէ՝ հայը իբր գրագէտ չ’է կարող ապրիլ, այդ ստոյգ է մեզ համար եւ թէ՛ որչափ եւ ի՛նչ պատճառներով, դուք ինձմէ լաւ գիտէք, հետեւաբար ա՛յն քաջալերութիւնը Հայ հեղինակին, որ կարելի էր ընել, գոնէ հրապարակաւ զայն գովելով, կամ գործը քննելով։
       Սակայն ի Պօլիս ամեն երկու տող գրել գիտցող համբակի մը գրագէտ անունը տալով ա՛յնչափ գոված են, որ գովեստը աժանցած է անդ, եւ երբ օր մ’ալ գովեստից իրօք արժանին ներկայանայ, յայնժամ լաւ է որ լռեն այդ գովեստները։ Արդ ես, որպէս եւ իմ ընկերքս, մեր շրթամբքն եւեթ զՁեզ չ’պաշտելու համար, սրտիւ կը սիրենք հայրենախօս «Գրոց բրոց»ի հեղինակն եւ իւր անգին ընծային համար մեր ջերմ եւ անկեղծ շնորհակալութիւնն միայն կը յայտնենք իրեն։
       Եւ ես լինելով գեղացի, բարեպաշտ Հայ երկրագործի զաւակ, ինը տարիէն աւելի է որ սիրելի հայրենիքէս, Եփրատի հրաշագեղ ափունքներէն (Արաբկերու, Վաղշէն գիւղն է հայրենիքս) հեռացած եմ։ Եօթը տարի Պօլիս եղած ատենս ընդհանրապէս հայերէն գրքերը իմ խնդրածիս պէս չ’էի գտներ։ Հաստատապէս համոզուած էի որ մեր ազգին ուրիշ տեսակ գրքեր պէտք են, բայց չ’գիտէի ի՞նչպէս. վասն զի, կը տեսնէի բոլոր հայերն ի Հայաստան եւ բոլոր գրքերն կարծես միայն Պօլսեցիս զբօսցնելու համար գրուած լինին, այնպէս որ Հ այու գիրք ըսուելու արժանի միա՛յն Շարականը, Ժամագիրքն ու Մաշտոցը կը մնային։ Բաղդս յաջողեցաւ յԵւրոպայ եկայ, հետզհետէ ծանօթացայ եւ Գերմանացւոց գրականութեան, գաղիերէնը մի քիչ ծանօթ էր ինձ, եւ շատ անգամ կը մտածէի թէ՝ ո՞րն է մեր ազգին գրականութիւնը, ե՞րբ ենք ունեցել եւ պիտի ունենա՞նք արդեօք։ Միւս կողմէն առիթ ունեցայ երկու ամենապատուական հայերէն գրքեր կարդալու, զորս դուք եւս անշուշտ կարդացած լինելու էք, այդ երկուսն են անմահ Աբովեանին «Վէրք Հայաստանի» եւ Պրօշեանի «Սօս ու Վարդիթեր» գրքերը։ Երբ ես զանոնք կարդացի, հիացայ եւ ըսի իւրովի «Ահաւասիկ բուն Հայ ագզի գրքեր»։ Այդ ատենէն սկսեալ յիս համոզում մը գոյացաւ որ մեզ պէտք եղած գրքերուն մէջ առաջին տեղը բռնելու են ազգային կեանքէ առնուած հեղինակութիւններ։
       Ձեր ամենավսեմ պարտք մը կատարեց գծելով մանաւանդ ազգին մէջ տարածուած զրոյցներն ու պատմութիւններն, որք հիմունքն են ազգի մը յատկանիշներուն։ Ձեր… «Գրոց բրոց»ը անսպառ աղբիւր մ’եղաւ նաեւ մասնաւորապէս ինձ. մեր ազգին վրայ ըստ կարի տեղեկութիւններ տալու օտարաց։ Պարտաւորուած գոլով ամեն երեք շաբաթն անգամ մը վեց եօթ երես գերմաներէն շարադրութիւն ընելու, հայերուս ազատութիւն տրուած է այդ շարադրութեանց նիւթը ըստ հաճոյս ընտրելու։ Մեր չորս հայոցս շարադրութեան նիւթն է Ազգային Պատմութիւն, Գրականութիւն, եւն. եւն։ Իսկ ինձ նիւթ եղաւ Ձեր թանկագին գրքոյկը, որոյ մեծ մասը արդէն ծանօթ է մեր գերմաներէնի վարժապետին, ընդ որս եւ Ձեր անունը։ Թարգմանել զայն ամբողջապէս եւ տալ հրատարակել, ի վեր է քան զկար մեր, զի թող թէ մենք դեռ գերմաներէնին լաւ չ’ենք իշխած, նոյն իսկ հայերէնը, այդ տեսակ հրատարակութեան մը մէջ դժար է լաւ հասկնալ։ Արդարեւ տեսնելով տեղացւոց մեր ազգին վրայ ունեցած խիստ քիչ եւ այն ալ մեծ մասամբ սխալ տեղեկութիւնքը, սիրելի էր մեզ առաւելն առնել՝ իրենց ծանօթացնելու Հայոց գրականութիւնը, բայց դա դեռ կը մնայ ապագային, յորումյուսամք թէ աւելի հանճարեղ Հայ պատանեակք առաւել ծանօթանալով թէ գիտութեանց եւ թէ լեզուի, կը ծանօթացնեն եւ իրենց ազգը Եւրոպացւոց։
       ** *
       «Դասերով զբաղուած գոնէ նամակ իւր ատենին խրկելու յարմար առիթ չ’ունեցայ, եւ այժմ վստահ Ձեր ներողամտութեան մի քանի տող եւս յաւելուլ կը փութամ։ Փեթրսպուրկէն Յովսէփ աղա Իզմիրեան, ըստ իւր սովորութեան այս տարի եւս յԵւրոպա ճանապարհորդութիւն ընելով, ասկից տասնուհինգ օր առաջ այցելեց մեզ։ Մեզ համար այս պանդուխտ երկրումս մի նոր Հայ տեսնել, հրեշտակ մը տեսնելու չափ կ’արժէ, այս պատճառաւ, ընկերօքս երկու դաս զոհեցինք եւ մի կէս օր նոյն Պարոնին հետ Ցիւրիխ գացինք, ուր գտանք նաեւ միւս ուսանողներն ալ։ Այդ օրը մեր խօսակցութեան նիւթը մեծ մասամբ ազգային նիւթեր եղած են, մասնաւորապէս Ձեր «Գրոց բրոց»ը։ Ձեր առ Իզմիրեան ուղղած ուղերձը ինքն չ’էր ստացած, եւ հոս առաջին անգամ «Մասիս»ի մէջ կրցաւ կարդալ։ Մենք ամենքնիս ալ այդ օրը մեծ ուրախութիւն ունեցանք՝ որ խեղճ Հայ հեղինակը անյուսութեան չ’մատնուելու համար, գոնէ՛ դեռ անձինք կը գտնուին նիւթապէս քաջալերող. Հայ ուսանողաց այդօրուան Իզմիրեանին հետ ըրած տեսակցութիւնը աւելի վէճ կամ կռիւ էր քան պարզ խօսակցութիւն։ Ուսանողք խստապահանջ էին, «Հեղինակին ապրուստը հոգա՛, եւ թող որ նա ազատ գրէ՛, ինչ որ կրնայ եւ օգտակարն է», կ’ըսէին ուսանօղք։ Այս վիճաբանութեանց մէջ Պ. Իզմիրեան գրեթէ մինակ էր, սակայն փոխադարձաբար գոհ մնացին, քաջալերուելով երկոցունց կողմանց, որոնց նպատակը մի եւ նոյն էր, այսինքն ազգի բարւոյն աշխատիլ։ Ձեր «Գրոց բրոց»ըայժմ Պազել է, ուսկից կ’երթայ ի Վիւրցպուրկ եւ յայլուր գտնուող Հայ ուսանողաց եւ ի վերջոյ կը դառնայ կրկին առ իս։ Յուսամ թէ նոյն քաղաքաց Հայ ուսանողք զանոնք սիրով կ’ընթեռնուն եւ ոչ որպէս ոմանք հոս, որք կարծես ուխտած են հայերէն գիրք չ’կարդալ։ Ափսո՜ս որ մեր Ազգային վարչութիւնք դեռ դաստիարակութեան նկատմամբ ոչինչ չեն ըներ որ գոնէ իւր զաւակունքը սկզբնական ազգային կրթութիւն մը առնեն որպէս զի երբ այլուր գնան՝ բոլորովին չ’խորթանան հայութենէն։
       Մասիսի վերջին թիւը Ձեր… մէկ նոր գործոյն «Շուշան Շաւարշանայ»ի ազդարարութիւնը բերաւ մեզ։ Մենք արդէն կը յուսայինք եւ կ’սպասէինք որ մեր յարգի բայց մեծ մասամբ անգործ հայր սուրբներուն կարգէն բացառութիւն կազմող Ձեր… ճկուն, ընտիր եւ գեղեցիկ գրիչը անգործութեան մէջ չ’պիտի ժանգոտի, եւ ահա պսակեցաւ մեր յոյսը։ Այս տողերը գրած ատենս միտքս կուգայ թէ «Որում շատ տուաւ, շատ խնդրեսցի ի նմանէ». Եւ արդարեւ Մեծարգոյ Սանասարեանի այս մեծ բարիքը վայելելէս կ’զգամ եւ մեծ պարտք մը աշխատելու եւ երջանիկ պիտի համարիմ զիս եթէ կարենամ օր մը ես ալ Հայոց ազգի յառաջդիմութեան աղքատիկ գանձանակին մէջ փոքրիկ լումայ մը ձգելու։
       Արդեօք դժուարինս խնդրած չե՞մ ըլլար, եթէ յանուն նաեւ ընկերացս Ձեր սրբութեան Շաւարշանայ կենսաբոյր շուշանէն փունջ մը համարձակիմ խնդրել։ Թէպէտեւ այսպիսի մի խնդիրք տարօրինակ բան մ’է այս տեղ, բայց Հայոց գրականութիւնը դեռ շատ տարօրինակ բաներ պիտի կրէ եւ ներէ, մինչեւ որ Հայոց մէջ ալ գրականութիւնը ո՛չ թէ ազգասիրական պարտ մը՝ այլ արհեստ լինի, որպէս յօտարս»։
       Այս առթիւ մատուցանելով իմ երախտագիտական զգացմանց եւ որդիական խոնարհ յարգանացս հաւաստին։
       *
       Գ.
       Վիէննա, Ապրիլ 5, 1877
       …Վարդապետ,
       «Հրամանոցդ Միաբանութեանս ըրած մատենագրական մեծարգի պարգեւը մեծ հաճութեամբ ընդունելի եղաւ եւ Գերյարգելի Աթոռակալ վարդապետնիս յանձնեց ինծի՝ որ նոյն ընծային ընծայաբերն ըլլալու պատիւն ունեցայ՝ բովանդակ Ուխտիս պարտաւոր շնորհակալութեան թարգմանն ըլլալ։ Ես նոյն մատենին ընդհանրապէս ամէն Հայ ազգասիրի եւ բանասիրի ինչ մեծ յարգ ունենալը մանր նկարագրելն ուրիշի թող տալով, միայն յիշատակել կ’ուզեմ ասանկ հրատարակութեանց մեծ կարեւորութիւնն անոնց համար, որոնք արդի համեամատական լեզուաքննութեան հետամուտ են։ Վասն զի ասանկ աշխատասիրութիւններով՝ մինչեւ հիմայ անծանօթ մնացած շատ գաւառական բառեր երեւան կ’ելլեն իրենց նախաւոր նշանակութիւններովը կամ հետաքրքրական զանազան ձեւերովը, որոնք լեզուագիտական շատ առեղծուածներու վրայէն ծածկութեան քողը կրնան մերկանալ Հայ լեզուն քննողին վարանեալ աչացը։ Անոր համար հրամանքնիդ մեծ ծառայութիւն մատուցած էք նաեւ ազգիս համեմատող լեզուագիտաց եւ անոնց անկեղծ շնորհակալութեան արժանի էք։ Ապահով ըլլալով որ յիշեալ ուղղութեամբ գործունէութիւննիդ կը շարունակէք՝ անոր մանաւանդ միտ դնելով որ Հայ մեծարոյ հնութեան եթէ լեզուական եւ եթէ այլ եւ այլ աւանդութեանց ու սովորութեանց մնացորդներն ի լոյս ընծայէք, կը յուսամ որ քիչ ժամանակի մէջ ազգային բանասիրութիւնը մեծ պայծառութիւն կը ստանայ եւ լեզուն զարմանալի յառաջադիմութիւն կ’ընէ։ Աղաչելով որ մեր պատկառելի հայրենեաց հարուստ գանձերն անխոնջ աշխատութեամբն պեղելով զմեզ ալ ճոխացնէք, բովանդակ Միաբանութեանս շնորհակալութիւնը դարձեալ կը յայտնեմ եւ կը մնամ յարգանօք»։
       *
       Կր. Մխիթ.
       Դ.
       …Հա՛յր.
       «Նախ՝ թոյլ տուէք ինձ, թէեւ անծանօթիս մի քանի անպաճոյճ խօսքերով յայտնել Ձեզ իմ խորին յարգանքս եւ առ ի սրտէ համակրութիւնս Ձեր պատուական երկասիրութեանց առթիւ։ Մեծ է այն ծառայութիւնը, որ Դուք մատուցիք եւ շարունակում էք մատուցանել Հայոց ժողովրդական գրականութեան Ձեր թանկագին ժողովածուներով. եւ մանաւանդ գերազանց ծառայութիւն - որ Դուք՝ առաջինը մեր բանաստեղծից՝ այնպիսի մտադրութեամբ եւ սիրով ուշ դրիք Հայ ժողովրդի ցաւոց եւ ուրախութեանց ձայներին, այնպիսի խնամօք հաւաքեցիք եւ գրաւիչ ու թովիչ լեզուով պատմեցիք մեզ նոցա։- Չ’կամիմ Ձեզ ձանձրացնել, մի առ մի թուելով այս տեղ ա՛յն թանկագին գիւտոց, ա՛յն անսպառ նիւթոց հարցասիրութեան, վսեմութեան, գեղեցկութեան եւ բանաստեղծութեան մասին. նիւթոց - որ դուք նուիրեցիք Հայ գրասիրաց վերջին 5-6 տարւոյ մէջ. դոքա յայտնի են իւրաքանչիւրին որ գէթ մի անգամ թերթել է «Հնոց ու Նորոցը», «Գրոց ու Բրոցը» կամ «Մանանան»։ Բաւական է ասել, որ մենք՝ Հայերս - մի 5-10 տարի առաջ չունենալով ժողովրդական անգիր գրականութեան ժողովածուներ -տեղիք էինք տուել շատերին կարծելու, թէ Հայ ժողովուրդը զուրկ է որ եւ է բանաստեղծական աւանդութիւնից. բայց այժմ՝ շնորհիւ մանաւանդ Ձեր հարուստ ժողովածուներին՝ ամենքին ակներեւ է, որ Հայք եւս ունին ժողովրդական գրականութիւն, ոչի՛նչ պակաս վսեմ, գեղեցիկ ու բանաստեղծական, քան շատ եւրոպական ազգերի գրականութիւնքը։ - Եւ դեռ քանի՜ քանի՜ սքանչելի անգիր զրոյցներ, վէպեր ու երգեր - ոմա՛նք հաւաքած լինելով՝ սպասում են լոյս տեսնելուն, ոմա՛նք՝ դեռ բերնէ բերան շրջելով ուշիմ բանասիրաց գրչին։
       Ներկայ նամակիս առիթ տուին Ձեր «Գրոց ու Բրոցի», «Մանանայի» եւ մանաւանդ «Հնոց ու նորոցի» այն կէտերը, որ տեղից երեւում է, որ Դուք շատ ունիք ժողոված եւ դեռ շարունակում էք ժողովել ամենայն տեսակ ժողովրդական աւանդութիւնք եւ գաւառական բառեր. բայց դոցա հրատարակութիւնը յետաձգվում է դրամի պակասութեան պատճառաւ։ -Մասնաւորապէս պարապելով ժողովրդական գրականութեան եւ փափաքելով որքան հնար է շատ նիւթեր հաւաքած տեսնել մայրենի գրականութեան վերաբերեալ - կ ը ց անկայինք լ իամասն տ եղեկութիւն ո ւնենալ Ձ եր ա նտիպ ժ ողովածուի բովանդակութեան, ձեւի, տ եսակի ե ւ ք անակութեան մասին։ Եւ այս ա՛յն նպատակաւ, որ այս տեղ կը գտնուին բանիմաց անձինք, որք՝ ի թեթեւութիւն Ձեր, իւրեանց ծախքով կը հրատարակեն Ձեր՝ տարժան աշխատանօք ձեռք բերած նիւթերը -(Տպագրութիւնը կարող է լինել Կ. Պօլիս)։ Նոյն իսկ մեր աշխարհածանօթ գիտնական հայրենակից պ. Մկրտիչ Էմինը քանիցս անգամ խօսակցութեան ժամանակ ասել է ինձ, «Ես պատրաստ եմ օգնելու դրամօք՝ «Մանանայի» եւ «Գրոց ու բրոցի» պատուելի ծրագրողին մի նոր ժողովածու եւս հրատարակելու, անգամ իմ ծախքով ի լոյս ընծայելու - թէ իմանամ առաջուց -ի՛նչ ի՛նչ նիւթ ունի նա ժողոված եւ ո՛րքան յարմար եւ պատշաճ կը լինին այդ նիւթերը… եւն։ - Այս խօսքերով՝ ես կարծեմ, նա կամի ակնարկել «Գրոց ու բրոցի» եւ «Մանանայի» բովանդակութեան արժանաւորութեանց վերայ. երկու թանկագին հաւաքածուներ, որք արդէն յայտնի են իւրեանց հարուստ, վսեմ եւ բանաստեղծական նիւթերով։ Ուրեմն՝ նոր ժողովածուի մէջ ցանկալի էր տեսնել վէպեր, ոչինչ պակաս հրաշալի եւ գեղեցիկ, քան «Դաւիթ Սասունցին». հէքեաթներ՝ ոչինչ նուազ կախարդական, գրաւիչ եւ հիանալի - քան «Հազարան բէւլբիւլը», «Ջինուազները», «Խուռնի-խրեղէն գեղեցկուհիները», «Ջէյրան-Մարալի աղջիկները», «Քառսուն գլխանի դէւերը», «Ահռելի վիշապները» եւ «Երազատեսի» նման զօրեղ եւ հուժկու Հէրքիւլները…։ Ցանկալի էր տեսնել Երգեր ո՛չ թէ Գաբրիէլի, կամ Յովհաննէսի, Գրիգորիսի, Ստեփաննոսի եւ Յակոբի (Մանան՝ էջ 242-286), այլ բ ուն ժողովրդական թէ՛ ոգին, թէ՛ ոճը եւ թէ՛ մանաւանդ լեզուն. ինչպէս լուսնակի երգ, ճնճղուկի երգ, վիճակահան երգեր հարսանեաց երգեր, պար-երգեր, սիրոյ երգեր, թաղման երգեր (կամ ողբ). ո՛չ թէ այս կամ այն աշուղի, այս կամ այն վիպասանի հնարած ասացուածները ու խաղերը - այլ «Քարոզ խաչեր», «Մայրամներ», «Բաղնիներ», «Դէրիկօներ» (Վանեցւոց ու Մշեցւոց Քնար - Ար. Վ. Սեդրակեանէ), «Եղվընեկներ» (Բազմավէպ, 1873), «Վանեցի Սէլւորի երգեր» (Փորձ, 1879, նօմ. 4)… եւ այլ սոցա նման անպաճոյճ, անարուեստ, անկեղծ ձայներ ժողովրդի զգացմանց - ճշմարիտ արձագանգ Վռըշիկի, կամ Մշեցու, կամ Խիզանցու եւ կամ Սասունցու սրտի դարդերի եւ ուրախութեանց…։ Ցանկալի էր՝ վերջապէս՝ ունենալ ա ւանդութիւնք ե ւ նախապաշարմունք, ս ովորոյթք ե ւ զրոյցք ա՛յնպէս հետաքրքրելի, ա՛յնպէս բանաստեղծական, որոց նմանները լիքն են «Գրոց ու բրոցի» եւ «Մանանայի» առաջին մասերում։ - Աւելորդ չեն եւ ազգային ժողովրդական առածները, հանելուկները (մանաւանդ հին տեսակները. Օրինակ - «Մանանայի» մէջ հրատարակած - Ամպ եւ Որոտումն - Գիշեր - Քուն - Պատրոյգ եւ Ճրագ-Սառոյց, որոնցից իւրաքանչիւրը մի ամփոփ, համառօտեալ հէքեաթ է) օրհնանքները, նոյնպէս եւ «Հ այրենեաց գ աւառական բառերը» (բոյսերով եւ տունկերով) - մի պատուական եւ օրինակելի աշխատութեան սկիզբն, որոյ շարունակութիւնը շատ փափագելի է։ -
       Ահա՛ համառօտապէս այն ծրագիրը, որ ցանկալի էր իրագործած տեսնել Ձեր նոր ժողովածուի մէջ։ - Յայտնելով Ձեզ այս հանգամանաց մասին, ես յուսով եմ՝ կը շտապիք օգուտ քաղել յաջող դէպքից եւ կը հաղորդէք ա՛յն կարեւոր տեղեկութիւնները, որք մի որոշ գաղափար տային Ձեր անտիպ նիւթոց բնաւորութեան - բովանդակութեան - վերայ. եւ այսպէս նպաստէին այդ նոր ժողովածուի օրով առաջ լոյս տեսնելուն, որին ես բոլոր սրտով փափագում եմ։ Ուստի ես կը խնդրեմ Ձեզ մեծապէս՝ մի հարուստ եւ մանրամասն նամակով հաղորդել՝ ինչպէս վերը յիշեցի - Ձեր նիւթոց իւրաքանչիւրի ձեւի, տեսակի եւ բովանդակութեան մասին, տեղ տեղ մէջ բերելով ա՛յն հետաքրքրական հատուածները վէպերից, հէքեաթներից ու երգերից, որոց դուք հարկաւոր կը համարէք։
       Անտեղի լինելու չէր մի փոքր եւս «Դաւիթ Սասունցու» մասին խօսիլ. մանաւանդ, որ ես յոյս ունիմ պիտանի տեղեկութիւններ ստանալ Ձեզանից մի քանի մթին դարձուածների վերայ։ Արդէն ընդհանուր կարծիք է դարձել, որ «Դաւիթ Սասունցի վէպն» է Հայ ժողովրդական գրականութեան ամենավսեմ ու գերազանց աւանդութիւններից մէկը. նորա լեզուն՝ կորովի, անփոփ, նորա ոճը՝ բարձր բանաստեղծական, նորա իմաստը՝ վերին աստիճան հարցասիրական, ուստի նա ամենայն իրաւամբ արդէն գրաւել է ուսումնասիրաց ուշադրութիւնը, միանգամայն յուսադրելով նոցա, թէ Հայ ժողովրդի բերանում դեռ շատ կը շրջին այդպիսի «Մհերի դռներ», «Ճինուազից արարքներ», «Խանդուտ-խանումներ», «Քեռի-Թորոսներ», «Ձէնով-Օվաններ», որոց անհրաժեշտ է հաւաքել ու ժողովածուներ կազմել։ Ո՜ւր էր, թէ մի քանի հատ լինէր «Դաւիթ Սասունցու» նման եւ կամ գտնուէր նորա շարունակութիւնը. օրինակ - Մհերի մասին, ի՞նչ եղան արդեօք Ձէնով-Օվանը եւ Խոր-Գուսանը. ո՞ւր մնաց Քեռի-Թորոսը. ո՞ւր մնաց Սանասարը իւր սերունդով. մի՞թէ նորա որդւոց մասին եւս չկայ այսպիսի բանաստեղծական աւանդութիւն. ո՞վ գիտէ…։
       * ։
       Ընդունեցէք եւ այլն…
       Ուսանող Մոսկուայի Կայս. Համալսարանի
       *
       1881 թ. 12 Փետրվարի
       Մոսկուա.
       Ե.
       Հայր.
       * ։ Ինչ եւ իցէ. այժմ՝ կարդալով «Արեւելեան Մամուլի» մէջ Ձեր ծրագրեալ նիւթոց գեղեցիկ հատուկոտորները, ես կրկին կամիմ վերադառնալ այն խնդրին, որոյ պատճառաւ գրեցի Ձեզ իմ առաջին նամակս. - այն է՝ իմանալ Ձեր ժողոված նիւթերի ցանկը եւ ի դիմաց մեր գիտնական Պ. Էմինի, որ ո՛չ միայն համակրող է ազգային ժողովրդական գրականութեան, այլ ըստ չափու կարեաց եւ նպաստող հրատարակութեամբ՝ նոցա ի լոյս ածելուն։ - Իսկ այժմ այսքան միայն կարեւոր կը համարիմ յիշելու, որ այս նոր Մանանան (ժողովածուն) ցանկալի էր տեսնել ամփոփեալ յինքն տիրապէս՝ - ժողովրդական երգեր (ամեն տեսակի եւ դէպքի. չէ մոռանալու նաեւ կրօնական երգերը), առածներ, հանելուկներ (հին ոճով եւ ո՛չ արուեստակեալ նոր ձեւով), անէծքներ, երդումներ. հետաքրքրաշարժ աւանդութիւնք (հին՝ հեթանոսական եւ նոր՝ քրիստոնէական) ժողովրդի հաւատքի, սովորութեանց եւ աշխարհահայեցողութեան, որոց մի քանի գեղեցիկ օրինակները արդէն հրատարակուած են «Գրոց-բրոցի» եւ «Մանանայի» մէջ. հէքեաթներ՝ գլխաւորապէս «Մանանայում» տպուածների նման, եւ վերջապէս «Դաւիթ Սասունցու» նման վէպեր։ Անշուշտ այս բոլորը աւանդած պէտք է լինի ժողովրդական ճաշակին եւ տեղական-գաւառական բարբառին միանգամայն հաւատարիմ յամենայն մանրամասնութիւնսն։ - Այս գեղեցիկ գործը պսակելու է ժողովրդական բառարանով, որոյ ընտիր մի նմուշը նոյնպէս հրատարակած էք Մանանայում։
       Ընդունեցէք խնդրեմ ի նշան խորին յարգանաց առ Ձեզ իմ նոր աշխատութեանս՝ «Ղազար Փարպեցի եւ գործք նորին», զոր նամակիս հետ միասին կ’ուղարկեմ առ Խմբ. Արեւ. Մամլոյ, խնդրելով Ձեզ հասցնելու։ Շուտով՝ զկնի տպագրելոյն - կուղարկեմ Ձեզ ե՛ւ մի այլ աշխատութիւն (ռուսերէն), որ մեծ մասամբ Ձեր հաւաքեալ նիւթերէն է կազմուած, «Հայոց հէքեաթները համեմատաբար Գերմանական եւ Սլավօն ազգաց հէքեաթների հետ»։
       Մնամ եւ այլն…
       Գր. Խալաթեան
       1883 թ. 15 Դեկտ.
       ի Մոսկուա