Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ. ԾՈՎՈՒ ԱՂՋԻԿ (Տիգրանակերտցուոց լեզուով)
       Կ’էղնայ, չ’եղնայ մամ մի ու տղայ մի, ուրանց տուն լէ ծովուն մօտ։ Էս մամէ ըմմէն կընուխ հաց մի կը թաբլէ ծովէ։ Ատեն կ’անցնի, կը մեռնի մամէ, տղին թամբէհ կ’էնէ, քի. «Տղաս, քաննի սաղ ես, էմման կընուխ հաց մի թաբլէ ծովէ»։ Տղէն ըմմէն օր թայինէ կ’իտար ծովուն։ Օր մի տղան շուկան էրթած ատեն, իրիկուն կ’իգայ տուն, կը տըսնայ աւլման, ստըկման է տունէ, շատ թահճիպ կը մնայ։ Օր մ’լէ միս կ’առնէ, դնէ տանէ, իրիկունէ կ’իգայ, կը տըսնայ զատէ էփման կրակի վրան դրման է։ Օր մի նարտիվանի տակ ըսքաթ կ’եղնի, քիչ մի սօնէ կը տըսնայ, քի ծովէն մենծ շապպօթ ձուկ մի շըռլըմբ տունէ կ’ընկնի, մորթէ վրայէն կը հանի, հընանց աղջիկ մի կ’եղնայ քի, որչ էկեր, որչ մըն ի գայ։ Էս աղջիկէ աղկէկ մի կ’աւլի, կ’ըստըկի տունէ. սօնէ ինչ ատեն քի նարտիվանի տակէ կ’երթայ աւլելու, պըհմըտած տղանէ ձեռքէն կը բռնէ։ Աղջիկնէ կը բաշլի «մամա՜» գըժըժալէ։ Մամէ ծովու մէջէն կ’ըսէ. «Մի վախենայ, աղջիկ, ընի մեր փեսան է»։ Մամու կամքով ու Աստծու իզնով հարկ հարսնիք կ’էնեն, մէկզմէկի կ’առնեն։
       Ատենէ մի սօնէ, աղջիկէ կարկահէ դէմէ կը թապլէ, կը բաշլի նըխշ նըխշել։ Էն քաղքի թագաւորէ խաս բաղչին մէջ դուրբին աչքէ դրած, էս աղջիկէ րաստ կ’իգայ աչքին, կը զարնուի։ Սատանութիւն մի կը ֆըքրի, քի էնուրայ էրիկէ սպընէ, աղջիկէ առնէ։ Էն դագգային մարդ կը ճամբէ տղի ետեւէ, տղան կ’իգայ։ Կ’ըսէ իրան թագաւորէ. «Էն չէշիտէ չատըր մի կ’ուզեմ քըզնէն, քի իմ ասքըրնիսի ու քաղքցին բիրտան մէջէ առնն նստին ու կէսէ բաց մնայ։ Իրեք օր սօնէ չը բերես, վիզիդ քալլա կ’էնըմ»։ Տըղան երեսէ շրջուկ տունէ կ’իգայ, կը ֆըքրի, քի իրեք օր սօնէ ի՛նչ ջուաբ մըն իտայ։ Կնիկէ կ’իգայ ներս, կը հարցու. «Մա՜րդ, ինչո՞ւ երեսդի շրջեր ես»։ Երիկէ կ’ըսէ. «Բան չ’կայ»։ «Ես գինամ՝ բան մի կայ, քի ըսօր փոխուեր ես»։ Երիկէ թագաւորի ուզածէ նաղլ կ’էնէ։ Աղջիկէ կ’ըսէ. «Դարդ մ’ էնէ քըզի» ու կը գըժժայ. «Մամա՛, մամա՛, մեր պզտիկ չատըրէ բեր»։ Մամէ ծովէն կ’իտայ պզտիկ չատըր մի, տղան կը տանի թագաւորին, եօթն օր, եօթն գիշեր կը բանան, կը բանան, կէսէ ծալուկ կը մնայ։
       Սօնէ թագաւորէ ուրիշ թաքլիֆ էրաց տղին, քի. «Քըզնէն էն չէշիտ խալի մի կ’ուզեմ, քի էս չադրի տակէ փըռեմ, կէսէ ծալուկ մնայ»։ Կնիկ տուեց խալի մի։ Թագաւորէ տեսաւ, քի չը մնի կարնայ սպընէ տղան, էս հաղ էսաց. «Քըզնէն էն չէշիտ կուզ մի խաւուղ կ’ուզեմ քի, ասքըրներս ուտեն, չը թըմմի»։ Տղան էմլէ կ’իգայ տունէ, նաթիճայ՝ էնլէ կը տանի։ Թագաւորէ կը ֆըքրի, քի նէնց բան մի ըսէ, քի չը կարնայ, կ’ըսէ. «Քըզնէն կ’ուզեմ իրեք օրուայ ծնած թըխմար մի բերես, քի եսի քիմի զրուցէ, էրթայ, իգայ»։ Էս ժումէ տղան բիրտան հայրած, երեսէ շրջուկ, տունէ կ’իգայ, կնկան կը սալըխէ։ Կնիկէ կ’ըսէ. «Դարդ մընի քըզի» ու կը վազէ ծովուն մօտ, կը գըժժայ. «Մամա՛, մամա՛, քիչ մի պզտիկ աղբէրսի տուր մըն սիրեմ»։ Կ’իտայ իր աղբէրէ, կը շալկէ, կ’առնէ, թագաւորին կ’երթայ։ Ճամբան ոտքէ կը սկրտուի քիչ մի, պզտիկ տղան կ’ըսէ. «Փեսա՛յ, փեսա՛յ, քօռ չե՞ս խոմ, չէ՞ մըն ընկնինք»։ Մարդ բաշլաւ խնդալ։ Թագաւորէ տեսնելու քիմի, պստիկ տղան քելեց, հասաւ ու թագաւորի երեսէն շարբ սիլլա մի շըրըխկացուց ու ըսաց. «Թագաւոր, թագաւոր, դու չե՞ս ամչնայ, ազիադ կուտաս իմ փեսին, կ’ուզես սպընես, քուրիս առնե՞ս…»։ Թագաւորէ մեղայ էսաց ու վազ էկաւ իր չար մտքէն։
       Աղջիկէ ու տղան իրանց մուրատով ապրեցան։
       Երկնուց երեք խնծոր ինկաւ։