Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԱ. ԱՆԶԱՒԱԿ ՀԷՐ, ԵՕԹՆ ՈՐԴՒՈՑ ՏԷՐ
       Կտրիճ մը կար, կտրիճ ու խօրօտիկ էլ կնիկ մի ունէր։ Անցեր էր եօթն տարի, ու ասոնց զաւակ չէր եղեր։ Մարդը իր սրտի նեղութենէն էլաւ ինկաւ տնէն դուրս՝ աշխարհէ աշխարհ շրջելու։ Ով պատահէր, կը հարցնէր թէ՝ դու ի՞նչ կը շրջես։ Նա իր ցաւը կը յայտնէր, եւ ամէնքն ալ կ’ըսէին, թէ Աստուած պիտի տայ։ Դավրիշ մի րաստ էկաւ, հարցուց, անոր ալ պատմեց ու եղան ընկեր, գնացին։ Շատ շէն քաղաքներէ, գեղերէ անցան եւ պատահեցան քաղաքի մը, որոյ պարիսպներ, դռներ, տներ, շուկաներ եւ ամենայն ինչ նորաշէն էր, բայց ամայի։ Ներսէ ներս գնացին, մեծ շէնք մի հասան։ Տեսան շեղջ մի ոսկի, շեղջ մի արծաթ։ Դավրիշ հարցուց. «Թէ որ Աստուած այս քաղաքը քեզ տայ ու զաւակ չի տայ, դու քաղա՞քը կ’ընտրես, թէ զաւակ»։ Մարդն ասաց. «Քաղաքը կ’ուզեմ»։ Դավրէշը հարցուց. «Թէ որ Աստուած այս ոսկին ու արծաթ քեզ տայ ու զաւակ չիտայ, դու ո՞րը կ’ընտրես»։ Մարդն ասաց. «Ոսկին ու արծաթ»։ Դեռ նոր քաղքի մէկալ դռնէն դուրս էլեր էին, տեսան հազար-հազար մարդ սպանուած ու ատոնց կնիկ տղաքներն ալ այլազգեաց ձեռք գերի, կը տանէին։ Ու դարձաւ զօրքը քաղքի վրան, արծաթն ու ոսկին բարձին, էլան, կրակ ու բոց տուին քաղքին, մինչեւ մոխիր դարձաւ։ Դավրէշն ու այն մարդը տեսան այս բաներ ու հեռացան։
       Գնացին, հասան քօշկ մի ու սարայ մի, որ պիլօռի նմանակ արեւու առջեւ րանգ-րանգ լոյս կուտար եւ իր շուրջը՝ աննման ծառերով, ծաղիկներով զարդարուած։ Քառսուն ոտք մարմարէ սանդուխով վեր էլան, շէնքի եւ փռուածքի շքեղութիւնը խելքէ մտքէ վեր, լուսանցոյցները, կերուխումի ամանները, զարդ ու զարդարանքներ, ես ասեմ՝ ամէնն ալ գոհար ու մարգարիտ էին, դու հաւատա՛։ Չորս կողմն կը նային, մարդ չ’կայ։ Դարձաւ դավրէշ հարցուց. «Ինչպէ՞ս, թէ որ Աստուած ասոնք տայ քեզ ու զաւակ չի տայ, ո՞րը կ’ընտրես»։ Մարդն ասաց. «Իմ սիրտն ասոնք կ’ուզէ»։ Շրջելով իջան վարի յարկը։ Բակի մէջ ծով մի կար, արծըթէ շղթայ ծովուն շուրթը քաշած, ֆիլի ոսկորէ աթոռներ շարած, ծովու մէջ ձկներ ու վրան գոյնզգոյն հաւքեր կը խաղան, բակի մէկ գլուխը կարմիր շարբաթի շատրուան, միւս կողմը դեղին, ու աղջիկ մի՝ քան զարեգակ պայծառ, մարգարտէ շապիկով նըստեր, կը նայի երկինք, կը նայի ծով։ Դարձաւ դավրէշ հարցուց. «Թէ որ Աստուած կամենայ այս աղջիկ քեզ կին եւ այս շքեղութիւններ քեզ օժիտ, բայց զաւակ չ’իտայ, դու որը՞ կ’ընտրես»։ Մարդն ասաց. «Քառսուն զաւակ ունենամ, կը ձգեմ, քառսուն կնիկ ունենամ, կը թողնեմ, թէ որ գիտնամ, թէ այս աղջիկ զիս կ’առնէ»։
       Հազիւ պարտէզի դռնէն ոտքը ներս դրեր էին, անթիւ ձիաւորներ պաշարեցին այդ տեղը եւ կը լսէին ձայները, որ կ’ըսէին. «Սպանեցէք հայրը, սպանեցէք ծառաները, վերցրէք աղջիկը, տանինք, վերցէք ծանրագին բաները, փշրեցէք, աւրեցէք շէնքն ու շքեղութիւնները»։ Եւ ահա ժամ մը ետքը ոչնչացած ու ամայացած էր ամէն բան։ «Տեսա՞ր, ինչ էր ու ի՞նչ եղաւ, - ըսաւ դավրէշ մարդուն, - շատ ունենալ, մեծ ունենալ, գեղեցիկ ունենալն ունեցողին չ’մնար. աշխարհ թշնամի է այդ երեք բանին։ Կանուխ, անագան փորձանքի պիտի գան։ Դու շատ սխալ ես, եւ քո սիրտ չգիտեր այն քաղցրութիւնը, որ մարդ կը վայելէ իւր չափաւոր վիճակի մէջ, իւր համեստ ու հաւատարիմ կնկան հետ, եւ իւր զաւակը աշխարհի ամէն մեծութենէն մեծ մխիթարութիւն եւ ամէն երանութիւնն է։ Աստուած գիտէր քո սիրտը, անոր համար զաւակ չէր տուեր։ Գնա, փառք տուր Աստուծոյ, եւ Աստուած զաւակ կուտայ քեզ»։
       Այն օրէն դարձաւ մարդ, օր եօթն բերան կ’ըսէր. «Փառք քեզ Աստուած, փա՜ռք քեզ Աստուած»։ Աստուած ալ եօթն որդւոց հայր ըրաւ զինքն։