*
ՎԱՆ
ՎԱՆ
ՔԱՂԱՔ
ԵՒ
ԱՅԳԵՍՏԱՆ.
Տեղագրութիւնը
ծանօթ
լինելով՝
աւելորդ
է
նոր
նկարագիր
ընել,
ինչպէս
ծանօթ
է
նաեւ
իւր
հռչակաւոր
քարաբերդը։
Բուն
քաղաքը
պարսպամէջ
է,
ուր
են
կառավարութեան
պաշտօնատունները
եւ
զօրանոց
եւ
դատարանները
եւ
բոլոր
շուկայները
ու
խաները։
Կայ
եւ
մաս
մը
շուկայի
Արարք
ըսուած
հրապարակը՝
Այգեստանեայց
մէջը։
Բնակչաց
բազմութիւնը
սփռեալ
է
յԱյգեստան,
որոյ
երկայնութիւնը
կը
տեւէ
մէկ
ժամ,
նոյնքան
եւ
լայնութիւն։
Վաճառականութիւնը
ստորին
վիճակի
մէջ
է,
արհեստներն
ընդհանրապէս
Հայոց
ձեռքն
են,
որք
թէպէտ
հետամուտ,
ճարտար,
բայց
ոչ
հարուստ։
Մօտ
տարիներս
քանի
մը
նոր
գործարաններ
բացուած
էին
տեսակ-տեսակ
Մանիսայի
եւ
Շամի,
Հալէպի
ու
Պուրսայի
ապրանքներու
տեսակներ
կը
գործէին,
ինչպէս
նաեւ
տեղական
տեսակ
մը
ասուի,
որ
ընդհանրացած
է
գրեթէ
տեղացիներու
մէջ
հագուստ
շինելու։
Արդէն
Վանայ
շալերը
ծանօթ
են։
Վանայ
լիճը
կարող
է
խիստ
օգտակար
միջոցներ
ընծայել
երկրի
յառաջադիմութեան,
եթէ
շոգենաւ
ունենայ,
որուն
շահը
նախատեսելով՝
Պօլսեցի
ազնիւ
հայերէն
քանիները
առանձնաշնորհութեան
արտօնութիւն
ստացած
են
Վեհ.
Սուլթանէն՝
ընկերութեամբ
շոգենաւ
բանեցնելու,
ածուխի
հանքերը
պեղելու
եւ
ճանապարհները
շինելու,
ինչպէս
յայտնի
է
բազմաց,
բայց
դեռ
չսկսան։
Ծովը
քաղաքէն
20
վայրկեան
հեռու
է
յարեւմուտս։
Քաղաքի
եւ
Այգեստանեայց
հիւսիսային
սահմանը
կը
գծեն
կարգ
մը
քարաբլուրներ՝
Լ
էզքայ
քարը,
Ակրփի,
Մ
հէրի
դուռն,
Զ
ըմբզըմբ
մաղարան,
Ծ
րտոտ
ք
ար
եւ
այլն,
որք
իրենց
անուանց
չափ
հետաքրքրական
աւանդութիւն,
պատմական
վէպ
եւ
յայտնեալ
ու
անյայտ
հնութիւններ
ունին՝
իբրեւ
տեղի
բերդից
եւ
մեհենեաց։
Բնակիչք
քաղաքի
եւ
Այգեստանեայց
են
Հայք
եւ
Թուրք։
Վարժարանք
Հայոց՝
9,
ուսանող
մանկունք՝
1370,
օրիորդք՝
220։
Նախ
Արարատեան
եւ
ապա
Հայոց
Միացեալ
ընկերութեան
անունով
վարժապետանոցը
յԱյգեստանն
էր՝
67
աշակերտներով,
որ,
ինչպէս
յայտնի
է,
փակուեցաւ,
եւ
այժմ
պ.
Մ.
Փօրթուգալեանն
Կեդր.
վարժարան
մը
ունի
բացած։
Ընթերցարանի
եւ
Լսարանի
ընկերութիւնները
ութն
էին,
եւ
մէկ
ժողովատեղի
(գլուպ)։
Ազգային
զգացումն
երիտասարդաց
մէջ
չափազանց
վառ,
իսկ
հին
սերունդը,
մեռեալ։
Կային
մաս
մ’ալ,
որ
այս
երկու
ծայրի
մէջ
կը
գտնուէին։
Թուրքերը
ունին
մէկ
Րիւշտիյէ
եւ
հինգ
Մէտրէսէ։
Ուսանողք՝
320։
Կլիմայն
բարեխառն
է,
բայց
ջուրը՝
ոչ
շատ
լաւ,
սերունդը՝
առոյգ,
աշխոյժ
եւ
կարմրերես,
բնութեամբ
ուրախ
եւ
զուարթ,
կանայք՝
բազմածին։
Տեղական
ախտ
կամ
հիւանդութիւնք
են
սովորաբար
դող
եւ
ջերմ,
խիթ
որովայնի
եւ
հումմայ,
որոց
ենթակայ
կը
լինին
շատերը՝
ուտեստի
եւ
ապրուստի
զգուշութիւն
չընելով։
ՇՐՋԱԿԱՅ
ԳԻՒՂՈՐԱՅՔ
ՎԱՆԱՅ։
Որոյ
սահմանակողմերն
են
Հ
այոց
ձոր,
Մահմուտի
(որ
է
Խօշաբ),
Բերկրի
եւ
ծովուն
արեւելեան
ափը,
որ
կ’ըսուի
Թիմար,
որք
հեռու
կը
գտնուին
Վանէն
կէս
ժամէն
մինչեւ
ինն
ժամ։
Օդը
բարեխառն,
դիրքը
լեռնային
եւ
դաշտային
խառն,
մշակութիւնը
ոչ
լաւ
զարգացած,
ուստի
եւ
ոչ
արդիւնաւոր։
Ջուրը
նուազ,
որուն
համար
ստիպեալ
երեք
տեղը
լճակներ
են
շինած՝
Վարագայ
լեռան
գարնանային
ջրերը
ժողվելու,
արտորայքը
ոռոգելու
համար
ամառը։
Ասոնք
են
Ք
էշիշ
կէօլ,
Է
րմանից
կէօլ
եւ
Տ
օնեայ
կէօլ։
Արճակ
գեղին
մօտ
կայ
եւ
մի
բնական
ծովակ,
բայց
անպէտ։
Վարագ
լեռն
իւր
մանր
ու
մեծ
թեւերով
բռնած
է
այս
գաւառը։
Վանայ
մերձաւորագոյն
գեղերն
են
Արտամէտ,
Շահբաղի,
Ավանց,
Ալիւր
եւ
այլն,
զարդարուած
են
Այգեստաններով,
որոց
թէ՛
պտուղներ
եւ
թէ՛
գինին
առատ
ու
անուանի
են։
Ճանիկ
գիւղն
ունի
Աղի
հանք։
Էրմանց
գեղն
ունի
քարածուխի
հանք։
Մարմետ
գեղի
առջեւէն
Սեւ
գետը
կը
թափի
ծովը,
որ
առաջին
բանդն
է
ձկանց,
գարնան
ժամանակ։
Ավանց
գեղը
Վանայ
միակ
եւ
մեծ
նաւահանգիստն
է,
ուր
եւ
նաւեր
կը
կերտուին։
Սոյն
շրջակայից
մէջ
կը
գտնուին
հին
բերդորայք։
Մասնաւորապէս
յիշելու
արժանի
է
Ամուկ
բերդը։
Կան
13
վանորայք,
յորս
նշանաւոր
են
Վարագ,
Լիմ
եւ
Կտուց
անապատները,
Խ
աթուն
Տիրամէր
եւ
այլն։
Թիւ
գիւղորէից՝
118,
բնակիչք
Հայ,
Թուրք
եւ
Քիւրտք։
Վարժարանք
Հայոց՝
16,
ուսանողք՝
2800,
որոցմէ
իբր
100
աղջիկ
են։
Միացեալ
ընկերութեան
վարժարաններ
կան
Կիւսնենց,
Խարակոնիս
եւ
Ալիւր
գեղերը։
Սոյն
գիւղորէից
հայոց
ազգային
զգացմունքը
սակաւ
զարգացումն
ունին։
ԲԵՐԿՐԻ
գաւառ
Վանայ
ծովուն
արեւելեան
հիւսիսակողմն,
ընդ
մէջ
«Շրջակայ»
կամ
«Թիմար»
անուանեալ
գիւղորէից,
«Մահմուտի»
եւ
«Արճիշոյ»
գաւառաց։
Սահմանագլուխ
ունի
Պարսկաստանը,
ուր
կ’իյնայ
Թադէոս
Առաքելոյ
վանքը՝
Պարսից
բաժնին
մէջը
եւ
Աւարայր
եւ
Նախավկայի
վանքը։
Գաւառագլուխն
է
Բերկրի
բերդաւանը՝
12
ժամ
հեռի
Վանէն։
Այս
գաւառին
կը
վերաբերի
Աբաղայի
մեծ
հովիտը,
որոյ
մէկ
ծայրը
կը
կցի
Պարսից,
միւս
կողմէն
ալ՝
Պայազիտ։
Օդը
զանազան՝
ըստ
լեռնային
եւ
դաշտային
դրից,
ջուրը՝
առատ։
Բանդի-մահի
գետը,
Աբաղայէն
ծագելով,
կուգայ,
Բերկրիի
մօտէն
կը
մտնէ
Վանայ
ծովը,
ուր
երկար
պարանոց
մը
կը
կազմէ
շամբերով
եւ
ունի
հնաշէն
կամարակապ
կամուրջ
մը։
Վանայ
ծովու
ամէնէն
նշանաւոր
գետն
է
այս՝
իւր
ջրոյն
եւ
ձկանց
առատութեամբ։
Սոյն
գաւառին
կը
վերաբերի
նաեւ
Ս
պահան
կէօլ
անուն
լճակ
մը՝
բաժակաձեւ
փոքրիկ
լեռան
մը
վրայ՝
Գործոթ
գեղին
մօտերը,
որոյ
ջուրը
կ’ոռոգէ
շրջակայ
դաշտը։
Ընդհանրապէս
հողերը
արգասաբեր
են,
իւր
լեռները՝
արօտով
լի։
Հոս
է
նաեւ
Թոնիր
ըսուած
հրաբուղխ
լեռը,
որոյ
ստորոտներէն
ծծումբ
կը
հանեն,
եւ
նաւթի
կամ
կազի
աղբիւրներ
գտնուեցան
Առաւեղեանց
պ.
Նազարէթի
ձեռամբ,
բայց
մնացին
անգործադրելի։
Աբաղայի
դաշտին
մէջ
հարիւրի
չափ
աւերակներ
կ’երեւան
գիւղորէից,
աւերակք
բերդերու
եւ
զարմանալի
այրեր
ու
խոռոչներ։
Այս
սքանչելի
ընդարձակ
դաշտին
մէջը
այսօր
միայն
400
տուն
Հէյտարանցի
քրդեր
կան։
Երկիրները
ձգուած
են
անմշակ,
միայն
ոչխարաբուծութեամբ
կ’ապրին։
Բերկրիի
շուրջը
կը
բնակին
նաեւ
Լըւեցի
աշիրաթ
քրդերը
եւ
Եզիտներ,
որ
անուանի
են
քաջութեամբ։
Ինն
գիւղորայք
կան
Հայոց,
եւ
միակ
վանքն
է
Տէր-Յ
ուսկան
որդին՝
ընդարձակ
հողերով,
բայց
շէնքերը
աւերած
այս
վերջին
պատերազմին։
Բնակիչք
են
Հայ
եւ
Քիւրդ։
Աշիրաթը՝
Հէյտարանցիք՝
իբր
4600
հոգի,
Լըւեցիք՝
500,
Եզիտիք՝
400։
Վարժարանք
Հայոց՝
2,
Ուսանող
մանկունք՝
195։
Միացեալ
ընկերութիւն
Հայոց
վարժարան
մ’ունի
Գործոթ
գիւղին
մէջը,
որ
գաւառին
ամէնէն
նշանաւոր
գեղն
է
Հայ
բնակչաց
բազմաթուութեամբ
եւ
ազգային
զգացմամբ։
ՄԱՀՄՈՒԴԻ
կամ
ԽՕՇԱԲ
գաւառը
Հայոց
ձորի,
Նորդուզի,
Աղբակու
եւ
Բերկրի
գաւառին
ընդ
մէջ,
հիւսիսէն
ալ
կը
հասնի
մինչեւ
Գօդուրը,
որ
այժմ
Պարսից
ձեռքն
անցած
է։
Գաւառագլուխն
էր
Խօշաբ
բերդաւանը,
իսկ
այժմ,
Սարայը
անուն
մեծ
գեղը,
որ
հեռի
է
Վանէն
10
ժամ։
Դիրքը
մեծաւ
մասամբ
դաշտային,
ունի
նաեւ
գեղեցիկ
եւ
արօտալիր
լեռները։
Լեռանց
մէջը
նշանաւոր
է
Չուխը։
Օդը
լեռնակողմեր՝
ցուրտ,
իսկ
հովիտները՝
բարեխառն։
Հողը՝
բերրի,
ջրաւէտ,
կը
սնուցանէ
բազմաթիւ
եւ
ընտիր
խաշինք
ու
ազնիւ
նժոյգներ։
Ունի
գետ
մի
երկճղի,
որ
միանալով՝
Խ
օշաբայ
գետ
անունով
կուգայ
մինչեւ
Հայոց
ձորը,
ուր
Անգղ
գեղի
առջեւը
կ’անուանուի
Ա
նգղայ
գետ
եւ
կը
թափի
Վանայ
ծովը։
Այս
գետէն
ալ
առատ
ձկունք
կ’որսան։
Մահմուդին
եւս
շատ
ընդարձակութեամբ
ամայի
երկրներ
եւ
աւերակ
գեղեր
ունի
(այս
գաւառի
մէջն
է
Սով.
[ելոց]
Կեդր.
[ոնական]
Յանձնաժողովոյ
գնած
Սալախանէ
գեղը)։
Գաւառիս
Քիւրդ
աշիրաթներն
են
Մուկուրցիք,
Թակուրցիք,
Մլանցիք,
Շամսկանցիք,
որոց
թիւն
է
6950,
եւ
Եզիտք՝
2100։
Թէ՛
քիւրդք
եւ
թէ՛
եզտիք
վրանաշրջիկ
են,
խաշնաբոյծ
եւ
անասնավաճառք,
որք
մեծ
հարստութիւն
ունին։
Բնակիչք
են
Քիւրդ,
Ասորիք
եւ
հայք։
Վարժարանք
Հայոց՝
2,
ուսանող
մանկունք՝
91։
Ազգային
զգացումն՝
լաւ։
ԱՂԲԱԿ
գաւառ
կամ
ՀԷՔԱՐԻ
Մահմուտի,
Ջուլամերգ
եւ
Կէվէռ
գաւառաց
միջեւ,
հիւսիսի
արեւելքէն
ալ
կը
հասնի
Պարսից
սահմանը՝
Սալմաստը։
Գաւառագլուխն
է
Պաշգալէ
աւանը՝
Վանէն
18
ժամ
հեռի։
Դիրքը՝
դաշտային,
ունի
եւ
բարձր
ու
ցած
լեռները
խոտաւէտ,
ջուրը
առատ։Կան
մի
քանի
վտակները
ձկնալիր։
Օդը
ցրտային
է,
հողը
բերրի։
Կը
սնուցանէ
ընտիր
ոչխար,
կով,
եզն
եւ
գոմէշ։
Սոյն
գաւառի
Սօրատէր
(որ
ըսել
է
կարմիր
վանք)
անուն
գեղին
մօտ
կաւիճի
բլուր
մը
կայ։
Աղբակու
մէջն
է
Ս.
Բարթուղիմէոս
առաքելոյն
անուամբ
հոյակապ
վանքը,
ուր
մեծ
եւ
ցաւալի
անցքեր
տեղի
ունեցան
այս
վերջին
պատերազմին։
Կան
նաեւ
ուրիշ
հոյակապ
վանքերու,
բերդերու
եւ
ապարանքներու
աւերակներ՝
շինուած
Արծրունեաց
հարստութեան
ժամանակը,
եւ
Արծրունի
թագաւորաց
գերեզմանք։
Վարժարանք
հայոց՝
9,
ուսանողք՝
308։
Ս.
Բ.
վանքը
13
գիշերօթիկ
աշակերտ
ունեցաւ
1880-ին,
իսկ
յաջորդ
տարին
այդ
վանքը՝
8
տարի
պայմանաժամաւ
Վանայ
Ազգ.
Վարչութեան
կողմէն
եւ
Պատրիարքարանի
բարձր
հովանաւորութեամբ
յանձնուեցաւ
Հայոց
Միացեալ
ընկերութեան՝
կանոնաւոր
վարժարան
մը
բանալու,
եւ
վարժարանին
շէնքին
համար
200
ոսկւոյ
գումար
մը
նուիրուեցաւ
Սով.
Կեդր.
Յանձնաժողովէն՝
Գույումճեան
Քերովբէ
էֆենտիի
ձեռամբ։
Վարժարանը
շինուեցաւ,
բայց
յաջող
ընթացք
մը
չ’կրցաւ
ընել։
Սոյն
գաւառի
այլազգ
բնակիչներն
են
Ասորիք,
Հրէայք։
Աշիրաթ
ցեղերն
են
Շկակ
եւ
Արտօշցիք,
թիւ
քրդաց՝
8608։
Այս
գաւառը
շարունակ
առեւտրով
եւ
ամէն
առթիւ
յարաբերութեան
մէջ
է
Սալմաստի
հետ։
Ազգային
զգացումն
նոր
արծարծած։
ԿԷՎԷՌ
գաւառը
կից
կը
համարուի
Հէքարիին
եւ
նոյնպէս
Պարսկաստանին
սահմանագլուխն
է։
Իւր
շրջապատ
գաւառներն
են
Աղբակ,
Ջուլամէրկ,
Ջզիրէ,
Ռէվանդիւզ
եւ
այլն։
Գաւառագլուխն
է
Տիզէ
մեծ
գիւղը՝
Վանէն
25
ժամ
հեռի։
Նէհրի
կամ
Նէյրի
անուն
գեղը
կը
բնակէր
հռչակեալ
շեխ
Ուպատուլլահը։
Նէհրի
գետ
է
նաեւ։
Այս
գաւառը
գրեթէ
ամբողջովին
քրդերէ
եւ
ասորիներէ
բնակեալ
է,
որք
կամաւոր
անձնանուէրներ
էին
շեխին
եւ
անոր
օճախին։
Կան
մաս
մ’ալ
Հայոց,
որք
մեծ
տարբերութիւն
մը
չունին
իրենց
գաւառակիցներէն։
Դիրքը,
լեռնային,
դաշտային
եւ
ձորուտ,
ունի
ամուր
կիրճեր։
Օդը
դրից
համեմատ
կը
զանազանի։
Երկիրը՝
ջրաւէտ,
խոտաւէտ,
մացառոտ
եւ
արգասաբեր։
Երկու
գիւղորայք
կան
հայաբնակ՝
Տիզէ
եւ
Կարպէլ։
Աւելի
բազմաթիւ
են
Քիւրդք
եւ
Ասորիք,
կան
եւ
քանի
մը
հարիւր
Հրէայք։
ՋՈՒԼԱՄԷՐԳ
գաւառ
կից
է
Կէվէռին,
Աղբակին,
Նորդուզին,
Շատախին
եւ
այլն։
Ամուր
լերանց
եւ
խոր-խոր
ձորերու
մէջ
կը
տարածի,
ունի
հովիտներ
եւ
դաշտեր։
Գաւառագլուխն
է
Ջուլամէրիգ
աւանը։
Վանէն
հեռի
է
24
ժամ։
Օդը
զանազան
է,
ջերմ,
ցուրտ
եւ
բարեխառն՝
ըստ
դրից
տեղեաց։
Ունի
անտառներ
եւ
պտղատու
ծառեր։
Կը
սնուցանէ
ընտիր
տեսակէն
այծ
եւ
ոչխար,
ջուրը՝
չքնաղ
եւ
առատ։
Բնակչաց
ամենամեծ
մասն
Նեստորական
Ասորիք
են,
որոց
կաթուղիկոսը՝
Մար-Շման,
կը
նստի
Գօջանիս
գիւղը
եւ
իր
ժողովրդեան
միանգամայն
հրամանատարն
էր՝
խորհրդակից
ունենալով
ազգին
մէլիքները,
որք
տանուտիրական
դիրք
եւ
պաշտօն
ունին։
Այս
Ասորիք
որքան
համբաւ
հանած
են,
սակայն
շնորհքը
աւելի
իրենց
լերանց
ամրութեան
եւ
ձորոց
խորութեան
է։
Սակաւապէտ
կ’ապրին
իրենք
եւ
հարստութիւն
չ’ունին։
Վարժարան,
ուսմունք
եւ
քաղաքակրթութիւն
անծանօթ
է
հոն։
Երբեմն
միսիոնարներ,
շրջող
հիւպատոսներ
կամ
ասոնց
թարգմաններ
գացեր
էկեր
են
մէջերնին,
ընկուզենիի
վաճառականներ
եւս
մուտ
գործած
են։
Վանայ
եւ
իրենց
շրջակայ
Հայոց
հետ
ծանօթութիւն
ու
յարաբերութիւն
ունին,
մանաւանդ
այս
վերջին
տարիները։
1880՝
հոկ.
ամսոյն,
մի
Գերմանացի՝
Վաալ
անուն,
Անգղիայէն
եկաւ,
շատ
մը
տպեալ
ասորերէն
գրքեր
ու
տպագրութեան
մամուլ
մը
բերելով՝
գնաց
Մար-Շմանին
մօտ՝
իբրեւ
լուսաւորութեան
առաքեալ։
Սակայն
երկու
տարիէն
վերադարձաւ
անպտուղ
զինքն
առաքողաց
քով։
Ջուլամէրգի
Հայոց
թիւ
խիստ
սակաւ
է,
Ասորիք
մինչեւ
70000
կը
հաշուին,
եւ
քանի
մը
հազար
Քիւրդք։
ՇԱՏԱԽ,
ՆՈՐԴՈՒԶ
եւ
ԿԱՎՐԿԱՆ
գաւառք
միացեալ։
Գաւառագլուխն
է
Շ
ատախի
թաղ՝
Վանէն
16
ժամ
հեռի,
դիրքը՝
լեռն
եւ
ձոր,
օդը՝
ջերմ
ու
ցուրտ,
անտառոտ,
ջրալից,
ունի
տեղ-տեղ
եւ
փոքրիկ
հովիտներ,
բարձրաբերձ
ապառաժներ
եւ
քարանձաւներ։
Ակունք
Տիգրիսի
կամ
Շատ
գետոյն
կը
բղխին
Նորդուզէն,
որոյ
ջուրը
Շատախու
միջով
կ’անցնի
եւ
իր
մէջն
ունի
բարեհամ
կարմրախայտ
ձուկն
առատ-առատ։
Այս
գաւառները
կը
սնուցանեն
ընտիր
եւ
բազմաթիւ
ոչխար
ու
այծ,
մասնաւորապէս՝
չուռ
կամ
ֆիլիկ,
յորմէ
կ’առնուն
դիւթիկ
(նոյնը
ունի
նաեւ
Ջուլամէրգ),
կը
գործեն
գոյնզգոյն
եւ
թանձր
ու
բարակ
ազնիւ
շալեր,
քազախիկ,
աբայ
եւ
այլն։
Նորդուզայ
կը
վերաբերի
հռչակաւոր
Հոգւոց
վանքը։
Անուանի
են
Շատախի
ընկոյզ,
մեղր
եւ
այլեւայլ
միրգեր։
Նորդուզի
եւ
Ջուլամէրգի
մէջը
կայ
զըռնեխի
հանք,
եւ
Շամանիս
գեղին
մօտ
ընտիր
քարածուխ
գտնուած
է։
Բնակչաց
բազմաթիւ
մասն
կը
կազմեն
Հայք,
ապա
Քիւրդք,
ապա
Ասորիք՝
Նորդուզի
կողմն։
Վարժարանք
Հայոց՝
7,
ուսանողք՝
487։
Գաւառացս
Հայոց
ազգ.
զգացումն՝
նորարծարծ։
ՄՈԳՍ,
ՄԱՄՌՏԱՆՔ
եւ
ՍՊԱՐԿԵՐՏ
գաւառք։
Գաւառագլուխն
է
Մոգս
աւանը՝
Վանէն
18
ժամ
հեռի։
Սպարկերտը
այժմ
կը
վերաբերի
Սղէրտին՝
Բաղիշոյ
կուսակալութեան
ենթակայ։
Դիրքը
այս
գաւառաց՝
լեռնային,
ամուր
եւ
բարձր
ու
խոռոչ
անտառներով
եւ
մեծամեծ
ժայռերով։
Օդը՝
ցուրտ
եւ
ջերմ։
Ջուրն՝
ազնիւ
եւ
առատ,
բնակիչք՝
կարի
քաջառողջ։
Կը
սնուցանեն
ընտիր
ոչխար
եւ
չուռ
այծ,
առատ
եւ
պատուական
մեղր
ունին։
Անուանի
են
մրգեղէնները,
խաղող,
չամիչ,
ռուպ,
ընկոյզ,
տանձն
եւ
այլն։
Հոս
ալ
պատուական
շալ
եւ
աբայ
կը
գործեն
եւ
կը
շինեն
«քապ-քապ»
կօշիկները։
Նոր
մազով
կամ
կանեփով
հիւսուած
կօշիկ
է՝
տակն
ամբողջ
բեւեռներով՝
ձիւնի
եւ
քարի
վրայ
քալելու
յարմար։
Մոկաց
լերանց
շղթայն
միեւնոյն
է,
որ
Կէվէռէն,
Ջուլամէրգէն,
Նորդուզէն,
Շատախէն
ձգուելով
կուգայ,
այն
է՝
Տաւրոս,
եւ
կը
շարունակէ
դէպի
Բաղէշ։
Մոկաց
գաւառի
մէջն
է
Փուդկոյ
Ս.
Գէորգի
վանքը,
որ
այս
կողմի
Ս.
Բեռնարդոսն
է՝
միակ
ապաստանարան
ուղեւորաց
բուքերու
եւ
փոթորիկներու
երեսէն,
հռչակաւոր
իւր
աքաղաղով։
Սպարկերտի
մէջն
է
Ապարանից
Ս.
Խաչի
հոյակապ
վանքը,
որ
այժմ
դարձեր
է
Քրդաց
ձեռքը
խոտի
մարագ։
Ջրոյ
մեծ
վտակ
մը
կը
բաղկանայ
Մոգսէն՝
համանուն,
որ
կ’օժանդակէ
Տիգրիսին։
Բնակիչք
Մոկաց,
Մամռտանու
եւ
Սպարկերտու
են
Հայք
եւ
Քիւրդք։
Մոկաց,
Շատախու
եւ
իրենց
մերձակայ
գաւառները
երթեւեկ
աշիրաթներ
կան
բազմաթիւ
եւ
բազմացեղ,
որք
Մուսուլայ
կողմերէն
կուգան
ամառը
եւ
ձմեռը
կը
մեկնին,
որոց
վրայ
յատուկ
ծանօթութեամբ
պիտի
խօսինք
յետոյ։
Այս
գաւառաց
Հայոց
ազգ.
զգացումն
լաւ
է,
գլխաւորապէս
Մոկաց
մէջ,
ուր
կայ
վարժարան
2,
ուսանողք՝
91։
ՀԱՅՈՑ
ՁՈՐ,
ՈՍՏԱՆ
եւ
ԳԱՒԱՇ
գաւառ։
Հայոց
ձորը
Վան
քաղաքի
գաւառն
է,
եւ
Ոստանը՝
Գաւաշին
միացած,
յորս
միւտիրներ
կը
նստին։
Գաւաշի
գաւառագլուխն
է
Ն
որ
գ
իւղի
խանը՝
Վանէն
9
ժամ
հեռի,
իսկ
միւսները՝
Ա.
4
ժամ,
Բ.
6
ժամ։
Ասոնք
կ’իյնան
Վանայ
հարաւակողմը,
ծովափնեայ։
Այս
գաւառաց
ետեւը
պարսպի
պէս
բարձրացած
են
Նորդուզի,
Շատախու
եւ
Մոկաց
քարալեռները։
Հայոց
ձորը
հովիտ
է,
եւ
Խօշաբայ
գետը
ու
Շամիրամայ
ջուրը
իւր
միջով
կ’անցնին։
Ոստանն
ու
Գաւաշը
դաշտային
եւ
լեռնային
են,
ջրաւէտ
եւ
օդասուն,
գեղերը
յաճախ
մրգաբեր
եւ
անպտուղ
ծառերով
զարդարուած,
բայց
երկիրը
ոչ
հաւասար
արգասաբեր։
Ազգային
նշանաւոր
եւ
նուիրական
յիշատակներով
լի
են
այս
գաւառները.
Հայկայ
ճակատամարտի
եւ
յաղթանակի
ձորը,
Աբրահամ
Խոստովանողի
վանքն
ու
շիրիմը,
Վարդ
պատրիկի
գեղն
ու
գերեզմանը
եւ
այլն,
իսկ
Ոստանայ
մէջը՝
ամենացանկալւոյն
Եղիշէի
գերեզմանը
Ս.
Նշան
վանքին
մէջը,
Գագկայ
եւ
Գուրգենայ
բերդը՝
Ոստանայ
կապանին
վրայ,
ծովափը,
ուր
քարերու
վրայ
խոշոր
տառերով
քանդակեալ
դեռ
կը
կարդացուին
անունները։
Գաւաշն
է
Ռշտունիք,
ուր
է
Նարեկայ
վանքը,
Արտօս
լեռը։
Հոն՝
ծովուն
մէջը,
իւր
շէնքով
եւ
դիրքով
հիանալի
տաճարն
Աղթամարայ
ալիքներով
կը
ծփծփայ,
եւ
հանդէպ՝
Առտէր
կղզին
եւ
այլն։
Բնակիչք
սոյն
գաւառաց
են
Հայք
եւ
Քուրդք։
Վարժարանք
հայոց՝
12,
ուսանողք՝
566։
Վարժարանին
մէկը
Նարեկայ
վանքին
մէջը
բացուած
էր
վանքին
ծախքով
եւ
մէկը՝
Հայոց
ձորի
Կեմ
գեղին
մէջը՝
Պօլսոյ
Բարեգործական
ընկերութեան
ծախիւք
բացուած
է
Հայոց
Միացեալ
ընկերութեան
ձեռքով։
Այս
գաւառներն
ունին
14
վանք։
Ազգ.
զգացումն
վանքերէն
հեռի
եղած
գիւղերու
մէջը
վառ
է։
ԿԵՑԱՆ,
ԿԱՐԿԱՌ
եւ
ԿԱՐՃԿԱՆ
գաւառք։
Կարճկանը,
որոյ
գաւառագլուխն
է
Եղէգիս
կամ
իրեն
մերձաւոր
Ողուանց
գեղը,
Վանէն
հեռի
է
18
ժամ։
Դիրքը՝
լեռնային
եւ
ձորային,
բարձր,
ամուր
եւ
սուր
ժայռեր,
խոր
եւ
պտուտաւոր
ձորեր
եւ
կիրճեր,
անտառոտ,
արօտաւէտ,
լերանց
գագաթը
մշտաձիւն։
Վան
քաղաքի
վառելափայտ
եւ
ածուխը
Կարճկանէն
կը
բերուին
ամէն
տարի
նաւերով։
Օդը
ջերմ
եւ
ցուրտ՝
ըստ
եղանակի
դրից։
Իւր
ծովափնեայք
սքանչելի
են
տեսարանօք,
բնակիչք՝
առողջ,
մշակելի
հողը՝
բերիի,
բայց
քիչ։
Ջրերը
խոխոջալով
անցուդարձ
կ’ընեն
անտառաց
եւ
ծծմակաց
մէջէն։
Զուիցերիոյ
լեռնային
գաւառները
կը
յիշեցնեն
դիտողի
մը։
Այս
շղթայն
շարունակութիւն
է
Մոկաց
լերանց,
որ
նոյնն
է
ըսել՝
Տաւրոսին։
Զանազան
հանքերով
լի
կը
պատմեն,
բայց
անյայտ,
Կապուտկող
լեռը
կապարի
եւ
երկաթի
շտեմարան
լինելը
այսօր
իսկ
կը
ցուցնէ
զինքը,
եւ
Ընձաք
գեղի
ու
Ս.
Յակոբ
վանքի
միջեւը
երկաթի
մեծ
բովատեղի
մը
ցոյց
կուտան
գեղացիք։
Պղինձ
եւս
կայ
եղեր։
Կարի
աննըման
տեսակ
մը
քար
կայ
ջաղացքի
’ի
Կեցան ,
որ
կը
բանի՝
մինչեւ
20
տարի
դիմանալով,
եւ
Կարճկանէն
աւելի
անտառներ
ունի
Կեցանը։
Կարճկանը
ծովեզերքէն
գծելով
մինչեւ
Դատվան
բերդագեղն,
Բաղիշոյ
մէկ
քանի
գեղերը
մէջ
կը
մտնան,
ինչպէս
նաեւ
Գօզալդարան,
բայց
երկրի
բնական
ձեւը
կը
պահանջէ,
որ
Բաղէշն
իսկ
իւր
գեղերով
եւ
Խիզան,
Բօհտան
ու
Բարվար
գաւառները,
որ
Սղերտին
են,
հետեւաբար
եւ
Բաղէշին,
գտնուելով
Մոկաց
լերան
գծին
վրայ,
միացեալ
համարուին
Վասպուրականին
հետ՝
իբրեւ
Տաւրոսի
լերանց
այս
երեսին
կամ
միջաբնակ
գաւառք,
ինչպէս
պատմաբանութեամբ
ալ՝
իբրեւ
Արծրունեաց
տուն։
Բնական
դիրք
Խիզանու,
Բարվարու,
Բօհտանու
եւ
Բաղիշոյ
նոյն
են,
այսինքն՝
ժայռ,
անտառք,
բարձունք
եւ
խորք,
կիրճք
եւ
անձաւք,
բայց
մրգաբերօք
եւ
այգեստանեօք
աւելացած։
Խիզանու,
Կարկառոյ,
Կեցանայ
եւ
Կարճկանից
գեղերն
ալ
վերջին
տարիներս
Բաղշոյ
կուսակալութեան
ենթարկուեցան,
որոց
բնակիչք
են
Հայք
եւ
Քիւրդք։
Հայոց
վանորայք՝
11,
վարժարանք
հայոց՝
3,
ուսանողք՝
246։
Պօլսոյ
մէջ
կազմեալ
եւ
Վանայ
մէջ
ճիւղ
մը
ունեցող
Խիզանու
ընկերութիւնը
յատուկ
վարժարան
մը
ունի
Խիզանու
Եղէգիս
գեղը
եւ
այլ
քանի
մը
տեղ։
Հայոց
Միացեալ
ընկերութիւնն
ալ
Կարճկանից
Եղէգիս
գեղի
վարժարանը
իւր
տեսչութեան
տակն
առած
էր,
ինչպէս
նաեւ
Արարատեան
ընկերութեան
ձեռքով
բացուած
վարժարան
մը,
ցայժմ
Միացեալ
ընկերութեան
ձեռքով
կը
շարունակուի
Դատվան
գեղը։
Դատվանէն
զատ
Կարճկան
ունի
շատ
մը
նաւահանգիստներ,
որոց
գլխաւորներն
են
Սորբ,
Խնծորիկ
եւ
այլն։
Ազգային
զգացումն
’ի
տեղիս-տեղիս
լաւ։
ԱԽԼԱԹ
գաւառ։
Ցամաքաւ
հեռի
է
Վանէն
30
ժամ՝
շրջան
ընելով
ծովեզերքը,
իսկ
նաւով
71/2
ժամ,
որ
կ’իյնայ
«Բաղիշոյ,
Մշոյ-Չխուրայ,
Պուլանըխայ
եւ
Ալճավազու»
միջեւ։
Այժմ
կը
վերաբերի
Բաղիշոյ
սոյն
գաւառը։
Դիրքը
լեռնադաշտ
է,
իսկ
ծովափը՝
հարթ,
օդը՝
բարեխառն,
հողը՝
բերրի,
ջրաւէտ,
ունի
նաւահանգիստներ։
Իբրեւ
քաղաք
’ի
հնումն
եւ
ծաղկեալ
Հագարացւոց
օրերէն՝
նշանաւոր
շէնքեր
եւ
աւերակներ
ունի,
քարափոր
սենեակները,
տները,
ամբողջ
եկեղեցի
մը։
Մի
տեսակ
մոխրագոյն
փուխր
քարի
երակ
կայ
տարածեալ
ամբողջ
Ախլաթի
գաւառը
եւ
կը
հասնի
մինչեւ
Բաղէշը,
Մշոյ
դաշտը,
Պուլանըխները
եւ
Մանազկերտը՝
յարմար
ամէն
կարգի
եւ
ձեւի
շինուածոց,
յորս
կը
գտնուի
նաեւ
անգոյն
կարմիր
քար
նոյն
խմորէն,
որոցմով
կառուցուած
են
շրջակայ
գաւառաց
վանքերը,
եկեղեցիները
եւ
նոյնիսկ
Ախլաթու
մէջ
տները
եւ
մահմէտականաց
գմբէթները
եւ
այլն։
Այգեստանք,
ծառաստանք,
մանաւանդ
մրգաբերները
ընտիր
են
եւ
հռչակեալ,
կեռասն,
ծիրանը,
տանձն
ու
խնձորը
իրենց
զանազան
տեսակներով։
Այս
շէնից
եւ
տնկոց
յաճախութիւնը
աւելի
Խ
արարայ
շէհիրի
մէջը
կը
տեսնուի։
Ախլաթի
Մշոյ-Չխուրայ
եւ
Բաղիշոյ
միջեւ
կ’իյնայ
այն
մեծ
տարածութիւն
տափարակին,
որ
տեղական
կոչմամբ
կ’ըսուի
Ռահվա։
Հոկտեմբերի
կէսէն
մինչեւ
մայիսը
անպակաս
է
աստի
ձիւն
եւ
բուքը.
անցորդները
դահուկներով
եւ
կարի
զգուշութեամբ
կրնան
անցնիլ։
Ռահվայի
հիւսիսային
կողմը
բարձրացած
է
մի
գլորիկ,
խորոտիկ
լեռը՝
մանր
անտառներով
ծածկուած։
Գրգուռն
է։
Սա
կից
Գրգուռին
եւ
բարձրագոյն,
քան
զայն
է
Նեբրովթ
լեռը,
որոյ
գօտին
կը
ձգի
դէպի
Մշոյ
դաշտը
եւ
իւր
երեսը
ցոյց
կուտայ
Մշոյ,
Պուլանըխայ
եւ
բոլոր
Վանայ
լեռնային
եւ
դաշտային
գաւառաց։
Նեբրովթի
բարձր
գագաթը
հրաբուղխի
բաժակ
է,
եւ
Գրգուռն՝
անոր
ժայթքած
կամ
վիժած
զաւակը։
Նեբրովթայ
գլխու
բաժակի
շրթանց
վար
սրածայր
բլրաձեւի
մը
վրայ
է
Գ
երեզման
Բելայ
«ի
տեսիլ
կանանց
եւ
որդւոց
Հայկայ»։
Ախլաթու
կը
վերաբերի
նաեւ
Ն
ազուկայ
ծով
անունով
լիճ
մը՝
Փլխուս
գեղին
մօտ,
որոյ
ջուրը
քաղցր
է
եւ
ձուկն
համեղ,
փոքրիկ
կղզեակ
մ’
եւս
կայ
մէջը,
դեռ
քանի
մը
տարի
առաջ
վտակ
մը
ջուր
կուտար
քովի
գեղերուն,
բայց
այժմ
ոչ։
Գաւառիս
մէջն
է
Թէղուդայ
Ս.
Յովհաննու
վանքը։
Բնակիչք
են
Հայք,
Թիւրք
եւ
Քիւրդ,
Հասնանցի
աշիրաթի
մէկ
մասը
հոս
կը
բնակի։
Վարժարանք
հայոց՝
2,
ուսանողք՝
81։
Ազգային
զգացումն
բաւական
վառ,
բայց
անկանոն։
ԱԼՋԱՎԱԶ
կամ
ԱՐԾԿԷ
գաւառ
կ’իյնայ
Ախլաթու,
Պուլանըխայ,
Մանազկերտի
եւ
Արճէշի
միջեւ՝
Վանայ
ծովուն
արեւմտեան
ափը,
հանդէպ
Վան
քաղաքի։
Գաւառագլուխն
է
Արծկէ
աւանը՝
Վանէն
24
ժամ
հեռի,
իսկ
ծովով
51/2
ժամ։
Այս
աւանը
զարդարեալ
է
մրգաբեր
ծառատունկներով
եւ
առատ
ու
վճիտ
ջրերով։
Դիրքը
լեռնային
է,
միայն
ծովափնեայք
հարթ
են։
Սիփան-Մասիք
մեծ
եւ
գեղեցիկ
լեռը
նստեր
է
Արծկէու
վրայ՝
պարզելով
թեւեր
եւ
ոտները
մինչեւ
Արճիշոյ,
Մանազկերտի
եւ
Պուլանըխայ
սահմանները։
Արծկէ
աւանի
գլուխը՝
Սիփանայ
աջ
թեւին
տակը,
սկաւառակաձեւ
հովիտ
մը
կայ՝
Սութէն
անունով,
որ
աւազան
է
մշտաբուղխ
ջրոց,
եւ
երկրին
ձիոց,
խաշանց,
դուարաց
պարարտ
ու
զուարթ
արօտատեղի
է։
Օդ
գաւառիս
բարեխառն,
լերանց
կողմերը
զով
եւ
Սիփանայ
գանգը
մշտաձիւն։
Հողը
բերրի
եւ
ընտիր
ցորեն
ու
խոտ
կը
բերէ։
Ունի
նաւահանգիստները
Արծկէու
առջեւ,
Կոճեր
գիւղը
եւ
այլն։
Բնակիչք
գաւառիս
Հայք,
Թուրք,
Չէրքէզ
եւ
Քիւրդք
(Աշիրաթ
է
Հէյտարցիներէն
մաս
մը
եւ
Հասնանցիներէն)։
Վանորայք՝
3.
Սքանչելագործայ
վանքը
հռչակաւոր
է։
Վարժարանք
Հայոց՝
4,
ուսանողք՝
135։
Ազգային
զգացումն
վառուն։
ԱՐՃԷՇ
գաւառ
(Քաջբերունի
)
կ’իյնայ
«Ալջավազի,
Մանազկերտի,
Ալաշկերտի,
Պայազիտի
եւ
Բերկրիի»
միջեւ,
յարեւելից
ծովափնեայ։
Գաւառագլուխն
է
Ականց
աւան,
հեռի
է
Վանէն
18
ժամ՝
ցամաքաւ
ծովուն
շուրջը
գնալով։
Բուն
Արճէշ
քաղաքն
ծովը
կոխեր,
անբնակ
ըրեր
է։
Դիրքը
դաշտային
եւ
լեռնային։
Օդը
բարեխառն,
ջուրն
առատ,
հողը
արգասաբեր։
Ունի
այգեստաններ
եւ
ծառաստաններ։
Ցորենը,
ձինը,
ոչխարն
եւ
տըւարն
ընտիր
են
գաւառիս,
եւ
բնակիչքը՝
առողջ
եւ
մեծերան։
Գետերու
մէջ
յիշուելու
արժանի
են
Օրօրանայ
եւ
Արճէշոյ
գետեր,
ունի
հանքաջուր
ջերմուկ։
Բոլոր
այս
գաւառիս
տիրող
լեռն
է
Ծաղկոց
լեռը,
Ալատաղ,
որ
յոտից
ցգլուխ
պճնուած
է
պարարտ
արօտներով
եւ
գոյնզգոյն
ազգի-ազգի
ծաղիկներով։
Այս
լեռը
իր
զանազան
մասերու
վրայ
ունի
քարայրեր
շատ
եւ
ընդարձակ,
որոց
վրայ
կան
եւ
առասպելներ,
Արնքար,
Օձաքար
եւ
այլն,
մանաւանդ
Զիլանայ
ձոր
ըսուած
տեղը։
Բնակիչք
Արճիշոյ
են
Հայք,
Թիւրք,
Քիւրդք,
Աշիրաթ՝
Հէյտարանցւոց
մէկ
մասն
են
իբր
4000
անձինք,
որ
իրենց
անասուններով
կը
սնանին
Ալադաղը
եւ
անոր
ձորերը։
Վարժարանք
Հայոց՝
3,
ուսանողք՝
111։
Վանորայք՝
4,
յորս
հռչակաւոր
է
Մեծոբայ
վանք։
Ազգային
զգացումն
բաւական
վառն
է։
Աշիրաթ
կամ
թափառական
Քրդերը
Վանայ
կողմերուն
երկու
կարգի
կրնանք
բաժնել։
Ա.
Մուսուլայ
եւ
Տիգրանակերտի
գաւառներէն
կուգան
գարնանէ
մինչեւ
խորին
աշունը
եւ
կը
սփռուին
Մոկաց,
Շատախու,
Նորդուզայ
եւ
ասոնց
մօտ
գաւառները,
որք
իրենց
եւ
իրենց
անասնոց
պարէնը
գեղերէն
կ’ընեն
ու
ձմեռուան
համար
ալ
ուտեստ
եւ
զգեստ
կը
տանին
գեղացիներէն։
Ասոնց
մարդաթիւը,
որքան
կարելի
եղաւ
ձեռք
բերել
իբրեւ
ստոյգ,
կը
դնենք
աստ։
Երկրորդ
կարգ
կազմող
Աշիրաթները
Պարսկաստանէն
եկած
եւ
սահմանագլուխը
տարածուած
են,
այսինքն՝
Աբաղայ,
Մահմուդի
եւ
Աղբակ։
Ունին
վրան
եւ
բնակարան,
բայց
անհաստատ,
թէպէտ
թիւերը
գրուած
են
եւ
մասնաւոր
տուրք
կուտան,
բայց
անուանական
եւ
երբ
ուզեն։
Անմիջապէս
ասպատակելով
այս
կողմէն՝
կ’անցնին
Պարսից
կողմը,
ինչպէս
պատերազմէն
յետոյ
Շամսկցի
Դրբազ
աղան
կէս
Աշիրաթով
գնաց
Գօթուր։