Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԲ. ԹԻՖԼԻԶՈՒ ՏՈՒՆԵԱՅ-ԳՈՒԶԱԼԻՆ
       Ժամանակաւ բաղդադցի վաճառական մը անհատնում վարիէթ դիզեր էր։ Կին մը եւ տղայ մը ունէր։ Վասիէթ ըրաւ իր տղային, թէ. «Օղուլ, տեսնաս, որ իմ ունեցածներս թագաւորները չունին, քեզի կը թողում։ Իմ գործս շարունակէ եւ ունեցածս վայելէ, միայն թէ Թիֆլիս չ’երթաս»։ Կնկան ալ իր ունեւորութեան սըռը կու յանձնէ ու. «Թէ որ տղաս աղքատանայ, այն ժամանակ սըռը տղայիս յայտնէ», - կ’ըսէ։ Մարդը կու մեռնի։ Տղան հօրը գործ կը սկսի, քառսուն բեռ ապրանք կու կապէ, կու բեռցնէ, կ’երթայ Արզրում։ Խան մը կ’իջնայ, կու տեսնայ, որ օտային մէկը երկու փարիշան մարդ կայ։ Կու կանչէ, կու հարցունէ, թէ դարդերնիդ ի՞նչ է։ Անոնք կ’ըսեն, թէ ըսելու բան չէ։ Բայց վաճառականի սիրտը այնչափ կու ցաւի, որ կ’ըսէ. «Աղաներ, ըսէք, իմ բոլոր ունեցածս ձեր օղուրը տի խարջեմ ու ձեր դարդին դարման տի անեմ»։ Վերջապէս կ’ըսեն. «Աղա, քըշքէ րաստ չի գայանք քեզ, դուն ալ մեզի պէս տի ըլլիս։ Մենք քեզի պէս բազիրկան էանք, գնացանք Թիֆլիս, լսեցանք, որ հոն թագաւորին աղջիկ մը կայ, որ Տունեա-Գոզալի կ’ըսեն, ուզեցանք տեսնել։ Ըսին, թէ քառսուն լիրայ է մէկ անգամ ճամին (ապակիին) ետեւէն տեսնելը։ Տուինք քառսուն լիրան, տեսանք ու ալ ետ չի կեցանք մինչեւ որ սաքսան բեռ մալերնիս հատաւ։ Ալ ո՛չ աղջիկը մեզի երեւցաւ, ո՛չ մեր ձեռքն ալ բան մնաց։ Մարդ մը մեր երեսը չը նայիր»։
       Բաղդադցին հանեց քանիմ լիրայ տուաւ ադոնց, իր բեռները բեռցուց, շիտակ գնաց Թիֆլիս։ Տուաւ քառսուն լիրան Տիւնեա-Գուզալի տեսոյն ու ալ ետ չ’կեցաւ մինչեւ ձեռք եղած մալն ու ստակը հատցուց։ Դարձաւ մօր քով, գլխէն անցածը պատմեց, լացաւ, աղաչեց մօրը, թէ. «Հօրս սըռտունը բան մը կայ նէ, դուրս հան, մեր ապրուստն ընենք, մեր նամուսը պահենք»։ Մարը տուաւ տղային պարապ քէսայ մը (քսակ) ու ըսաւ. «Ասօր քառսուն փարայ դիր ադոր մէջը, վաղ պիտի տեսնաս, որ քառսուն լիրայ է եղեր։ Երեք տարի փարան լիրայ կուլի, ետեւ լիրայ մէջը դնե՞ս, փարայ կուլի, ու սէնկ երեք տարուց երեք տարին սըռը կու փոխուի»։
       «Աս բարով բան է, - ըսաւ տղան, - ասով բարով կ’ապրիմ ես»։ Շիտակ կ’երթայ Թիֆլիս, ամէն իրիկուն Տունեա-Գուզալին տես կուտայ քառսուն ոսկի, ու ստակը չ’հատնիր։ Աղջկան զարմանք կը բռնէ։ Իրիկուն մը աս տղան հացկերոյթի կը ձէնէ (կանչել, հրաւիրել), սիրտը կ’որսայ, թէ. «Ես քեզի տի առնեմ, թէ որ ինծի ըսես քո վարիաթի սըռը»։ Ջահիլ տղաներ ե՞րբ չեն խաբուած կանանց ազգին։ Մարդն իր սըռը կը յայտնէ, քէսան կը ցուցնէ։ Տունեա-Գուզալին դեղով գինի կը խմցնէ տղային, քէսան ծոցէն կը հանէ, մէկալ օր տղան տնէն կը վռնտէ։ Տղան կը դառնայ մօր քով, ոտքը կ’իյնայ, թօբա՛ կ’ընէ, որ մէյմըն ալ Թիֆլիս չերթայ, դրացի, բարեկամ մէջ կը ձգէ։ Վերջապէս, մօր սիրտ է, չ’դիմանար։ Կ’երթայ սըռտունէն քուլահ մը (գտակ) կը բերէ, կ’ըսէ. «Աս քուլահի մարիֆաթն այն է, որ երբ գլուխդ դնես, դու կը տեսնաս ուրիշները, բայց ուրիշներ քեզի չեն տեսնար»։ Տղայի ուզած բանն է եղեր։ Քուլահը ղափմիշ ընելուն պէս, շիտակ Թիֆլիս, ուր ե՞ս, էկայ։ Կը մտնայ Տունեա-Գուզալի տունը, ուզած ատեն ուզածին չափ սէյր կ’ընէ։ Ադոնք կ’իմանան, որ մէկը կայ տանը մէջը, բայց չեն տեսնար, ի՛նչ հնարք կ’ընեն, չըլլիր։ Օր մը աղջկան միտքը կուգայ աս տղան, անունը կու կանչէ, կու գերենայ (կ’աղերսէ), թէ. «Երեւցիր ինծի, ես քեզի պիտի առնեմ»։ Տղան քուլահը գլխէն հանեց, երեւցաւ։ Աղջիկ հազար կտոր ըլլիլով, նազանքներ ընելով՝ ըսաւ. «Ա՛յ էֆէնտիմ, քու սիրովդ ես վառուեր էի, գնացած օրէդ ի վեր քու անունը կու կանչէի, ես քուկդ էի ու քուկինդ եմ, քու սըռդ ըսէ ինծի նայիմ»։ Բաղդադցին, Տունեա-Գուզալին քաղցր խօսքերէն խաբուելով, պատմեց քուլահին մարիֆաթը։ Հաց ու բարին քաշեցին, դեղով գինին խմցուց մարդուն, քուլահը ձեռքէն առին ու մէկալ օր անպատիւ կերպով դռնէն դուրս ըրին։
       Տղան մուրալով դարձաւ Բաղդադը։ Երես չունէր մօր քով երթալու։
       Տղան, Բաղդադու մայրերը լալով, արցունքով աղաչեց, գնացին իր մայրը ղանմիշ ըրին, ձեռք պագնել տուին։ Տղան երդուընցաւ, թէ. «Տարածս բաները ետ պիտի բերեմ, թէ որ հօրս սըռերէն սըռ մ’ալ տաս ինծի»։ Մայրն ալ երդուընցաւ, թէ. «Սօն (վերջին) սըռն է մնացեր, թէ որ աս ալ ձեռքէ հանես, կը մնանք դռները անօթի ու ծարաւ»։ Եւ բերաւ տուաւ տղային դուդուկ մը ու ըսաւ. «Փըչէ»։ Քանի փչեց դուդուկը, լեռն ու ձորը ասքար կտրեցաւ (զօրքով լցաւ)։ Մայրն ըսաւ. «Դուդուկի վարի կողմէն փչէ»։ Փչեց, եւ բոլորն ալ անտես եղան։ Տղան ըսաւ մօրը. «Հարսա՛ (մայր իմ), իզնովդ (հրամանաւդ) երթամ, ծեծ ընեմ ու եղածներս առնեմ, գամ»։ Ըսել ու գնալը մէյմ ըրաւ, հասաւ Թիֆլիս, քաղքին դէմը բարձր տեղ մը նստաւ, դուդուկը չալեց, այնքան ասքար լցուեցաւ, որ գետնի վրայ ալ տեղը չմնաց։ Քաղաքը սարսափի մէջ ինկաւ, թագաւորի կողմէն մարդ գնաց հարցնելու, թէ ինչ է իրենց ուզածը։ Տղան պատասխան տուաւ. «Ծեծ կ’ուզեմ, ծեծ։ Դուք ընծի ի՞նչ զանն ըրիք»։ Ճանչցան, թէ բաղդադցի տղան է։ Թագաւոր կանչեց իր աղջիկն, ըսաւ. «Այս մեծ չարիք քո երեսէն է։ Գնա տղանը տես, այս կրակի առջեւն առ, չէ նէ, ես գիտեմ քեզի ընելիքս»։ Տունեա-Գուզալին մէկը կը խրկէ տղային, թէ. «Իրեն քով տի գամ, իր ուզած ժամն երթանք պսակուինք, ապա թէ մեր տունը դառնանք, որ հաւատայ, բայց պէտք է իր ասքարը ցրուէ, որ իմ երեսը չի տեսնան»։ Խաբրաբերի ետեւէն աղջիկն ալ կ’երեւայ։ Տղան դուդուկը վարի կողմէն կը չալէ, խայիբ կ’ըլլին։ Աղջիկը քով կը հասնի, շատ կարօտ ու փափաք ցոյց կուտայ։ Թագաւոր հօրէն ալ գիր բերած էր, որ կամք տուեր էր զինքն փեսայ ընելու։ Տղան կը պատմէ աղջկան իր դուդուկի մարիֆաթը, բայց ալ ձեռքէ չ’հաներ։ Աղջիկ կ’ըսէ. «Դէ՛ դիր սնտուկի մէջը մօհրէ, թող տանին տունը, դուդուկով ժամ չեն երթար, մեղք է, պսակուինք դառնանք, մօհուրդ նայէ, դուդուկդ հան»։ Տղան կը համոզուի, ու երբոր ժամին մօտ կը հասնին, աղջիկ կ’ըսէ. «Ա՜յ, հապա մոռցայ, հօրս ու մօրս ձեռք պագնեմ, գամ, պսակուինք»։ Տղան կը հաւատայ։ Աղջիկ տունը կը մտնայ, սնտուկը կոտրել կուտայ, դուդուկը կը վերցնէ եւ մարդ կը ղրկէ, տղային անարգելով՝ քաղքէն կը վռնտեն։ Տղան կը մտածէ, թէ երթայ ո՞ւր, ոչ ումուտ մնաց մօր, ոչ երեսատեղ մնաց իր քաղքցւոց առջեւ։ Կ’առնէ իր գլուխ, կ’երթայ ծովերը։ Կ’ըսէ. «Երթամ իյնամ աշխարհին ծայրերը, հասնիմ Ամերիկա, ուր ինծի ճանչցող մը չ’կայ»։ Վաբօռ կը նստի, կ’անցնի ովկիանոսին վրայ, ֆուռթունայէն փառչալամիշ կուլի վափօռը։ Տղան տախտակի մը կտորով կ’ելնէ, ադայ մը (կղզի), անօթի, ծարաւ հոգին կ’ելնէ։ Ադային ծառերու պտուղներով կ’ապրի խել մը ժամանակ։ Օր մի կու տեսնէ խնծորի երկու ծառ, որ ոչ տեսած էր, ոչ լսած։ Կու նայի, կու հիանայ ու կ’ըսէ. «Պու նէ՛ հիքմէթ, այս ի՞նչ աննման ծառեր, գեղեցիկ աչաց տեսանելոյ, եւ հիանալի պտուղներ՝ հաճոյ առ ’ի ուտելոյ»։ Մէկ ծառին խնծորը մարդու մը գլխոյ չափ էր, մէկալ ծառինը՝ հասարակ խնծորի չափ։ Կու վերցնէ ան մեծ խնծորէն հատ մը կ’ուտէ, ուտելուն պէս էշ կուլի՝ պոչով, էրկան ականջով։ Անբան չորքոտանին խել մը ժամանակ կ’արածուի ադ տեղերը, միայն գիտէր, թէ ինքն մարդ էր ու էշ եղեր էր։ Օր մի կու հասնի արածելով ադ ծառերուն տակ եւ ան պստիկ խնծորէն գետին թափուածէն կ’ուտէ։ Ուտելուն պէս կու դառնայ կուլի առջի մարդ։ Կու մտմտայ, որ աս խնծորներ իր բանին շատ աղէկ կուգայ։ Ադ օրեր գամի (նաւ) մի կու տեսնայ, կու բօռայ, կու կանչէ։ Գամին մօտ կուգայ ադային։ Աս մարդ երկու կերպ խնծորէն ալ կ’առնէ հետ, կու մտնայ գամին։ Կու հարցնեն, թէ. «Ո՞ւր տի երթաս»։ Կ’ըսէ. «Թիֆլիս»։ Կու խղճան վրան, ձեռք մը հին լաթ կու հագցունեն ու առանց նաւլուի կու բերեն։ Կ’երթայ Թիֆլիս։ Երկու մանր խնծոր կու պահէ, մեծերը շուկան կու դնէ, ծախէ, մէկ խնծորի գինը՝ տասն լիրայ։ Ամէն մարդ կուգայ, կու նայի, ամէն մարդ կու զարմանայ ու ադոնց վրայ կու խօսի։ Թագաւորին աղջիկը լսելով, բերել կուտայ, կու հաւնի, կու հանէ քսան ոսկին կուտայ։
       Մեր մարդ կու գնէ ձեռք մի տօքթօրի զգեստ, քիչ մ’ալ դեղ ու մեղ։ Խանութ մը կու բանայ, անուն ալ կու դնէ Տօքթօր Քարապոպո։ Տունեայ-Գուզալին կու ձէնէ իր բարեկամները զիաֆաթի ու հացէն յետոյ կու բաժնէ ադ երկու խնծոր։ Քառսուն հոգի էին, քառսունն ալ ուտելուն պէս էշ եղան ու բաղչան էլան զռալով ու արածալով։ Թագաւորն իր իշխաններով, քաղաքն իր մեծով, պզտիկով իմացան աս բանը, եկան ու իրենց աչքով ալ տեսան։ Տունեա-Գուզալին կը ճանչցուէր. էշութեան մէջն ալ ըռընտիկ էշ մ’էր եղած։ Բժիշկ չմնաց, եկան, գացին, ճար մը չ’գտան։ Թագաւորին ըսին, որ. «Ամերիկացի բժիշկ մը մնաց, Քարապոպոյ անուն, կ’ուզես, ան ալ կանչենք»։ «Կանչեցէք», - ըսաւ։ Անոնք կանչելու երթան։
       Անդին կարգաւոր, դավրիշ, կարդացող, թուղթ արող, թիզ չափող, աստղի նայող, բագլայ ձգող, ջրի թասին նայողը, ծեր, պառաւ, լեցուեր են ու զարմանք բռներ զիրենք, բան մը չեն հասկնար, ճար մը չեն կրնար ընել։ Վերջապէս ամէնքը մէկ բերան ըսին, որ Աստուծոյ պատուհասն էր, Տունեա-Գուզալին իր չարութեան համար պատժուեր էր։
       Այս պահուս եկաւ տօքթօր Քարապոպո, խօսք տուաւ թագաւորին, թէ. «Ես կրնամ ասոնք մարդ ընել նորէն, բայց երկու պայման ունիմ. քո աղջիկդ ինծի կնութեան տաս եւ ինչ որ ուզեմ, ինծի տաս»։ «Կուտամ», - կ’ըսէ թագաւորն։ Պայմանագիրը կու գրեն, թագաւորն ու տասներկուքը կու մօհրեն, թուղթն կու դնէ ծոցն ու կ’ըսէ. «Առաջին անգամ ան երկու բազիրկեանին սէքսէն բեռը կ’ուզեմ»։ Կու բերեն։ Կ’ընէ, որ ղրկէ։ «Չէ՛, - կ’ըսեն, - աղեկցուր հապա»։ «Ադե՞նկ»։ «Հա»։ «Է, բարով, բարով։ Բերէք, - կ’ըսէ, - բաղդադցիին քառսուն բեռը, անոր քէսանը, ան քէսայէն էլած ասքան տարուան օրական քառսուն ոսկին, բերէք քիւլահը, բերէք դուդուկը»։ Ասոնց ամէնն ալ կու բերեն, զարմանք կու յայտնեն, թէ աս մարդ ինչպէս գիտէ ասոնք ու կ’աղաչեն, որ քէսայի ոսկիները իրենց բաշխէ։ Ադքան ոսկի չունին խազինան։ Մեր տօքթօր Քարապոպոն դուդուկը ձեռք պատրաստ կու պահէ, որ եթէ վտանգի գայ, փչէ ու ասքարն իրեն օգնութեան կանչէ։ Ապա կու հանէ ծոցէն փոքրիկ խնծորները, ամէն մէկին կտոր մը կուտայ, կ’ուտեն, կուլին մարդ այդ էշերը։ Դուդուկ կը փչէ, բիւրաւոր զօրքերով ճամփայ կ’ելնէ, կուգան Արզրում։ Ան երկու բազիրկանը կը գտնայ, անոնց բեռները կուտայ։ Երբ Բաղդադին կու մօտենան, առաջուց մարդ կու ղրկէ իր մօրը, բարեկամներ կ’ելնեն առջեւ, կու բերեն տունը։ Տօնեա-Գուզալին տղայի մօրը ձեռքը կու պագնէ։ Տղան կ’ըսէ. «Հարսա՛, ահա իմ կորուսած բաները, ահա ան աշխին՝ Թիֆլիսու Տունեա-Գուզալին, որ այնքան չարչարանք հանեց քո տղայի գլուխը, մինչեւ իրեն երեսէն ես էշ եղայ, ապա դարձայ մարդ եղայ ու զինքն յաղթեցի։ Ինքն ալ մինչեւ էշ չեղաւ, իր չարութենէն վազ չանցաւ։ Ու հիմա մարդ եղած է, կուգայ քո տունը, քեզի հարս կուլի»։
       Մեծ հարկ ու հարսնիք ըրին, քառսուն օր, քառսուն գիշեր կերան, խմեցին, զարկին, խաղցին ու տարան եկեղեցին, առքով-փառքով պսակեցին։ Անոնք հասան իրենց մուրատին, մենք ալ հասնինք մերին Մուրատատուր Մշու Սուլթան Սուրբ Կարապետին։