Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ե. ԴԷՊ Ի ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԲՈՒԹԱՅ
       Նախորդ գլխոյ մէջ յիշուած Քռէլ գիւղէն ճամբայ ելնելով ուղինիս դարձնեմք յԱրեւմուտ ու Գնամք ‘ի Սուրբ Աստուածածին Բութայ:
       Բաւական յառաջ երթալով կը կտրեմք ընտիր արտօրայք եւ դաշտօրայք: Մեր ճանապարհի Արեւմտակողման վերայ կը գտնուին մի քանի աննշան լերինք, յորս անուանին է Պաշէթայ լեռ կոչուածն, ո՛ւր վայրի ոչխարներն բազմաթիւ են ամառ եղանակին: Սոյն ոչխարներն երբեմն կ’իջնեն լերան ստորոտը ջուր խմելոյ, մերձակայ տեղերը գտնուած աղային հանքերն բաւական լիզելէ զկնի, որպէ սովոր են:
       Որսորդներն իւրեանց դարանները կըլարեն այն աղային տեղեաց մէջ եւ շատ անգամ կը յաջողին յիշեալ վայրի ոչխարներ (կէյըկ) որսալ: Այս կողմերու Հայք այդ կենդանիք “վէրու ոչխար” կ’անուանեն: Որսորդներէն էն ճարպիկն Ուղեւորիս ուղեկից եղաւ եւ շատ հետաքրքիր տեղեկութիւնք հաղորդեց ինձ այդ սիրուն կենդանեաց վրայօք: “Նոյն վայրի ոչխարներն, ըսաւ մարդն, միշտ զոյգ կը ծնանին եւ մենք զանոնք կարող կը լինիմք իրենց գառանց կաթ տուած ատեն միայն որսալ, վասն զի ոչխարն երբ զիւր ծիծն գառան բերանը դրած է, աւելի լաւ կը համարի զինքն որսորդի մահահոտ հրացանի գնտակին զոհ տալ, քան թէ իւր պտուկներն (մէմէ) իւր երկւորեակ գառնուկներու բերնէն հանել կամ քաշել՝ փախ տալոյ համար”:
       ՊԱՀԱՆՑ. - Պաշիթայ ընդարձակ լերան յԱրեւելակողմն փոքր ինչ հեռու գիւղ մի է, որ ունի 16 տուն բնակիչ, յորմէ 2 տուն Հայկական եւ մնացեալքն Քրդական են:
       Արմենական գիւղիս, իբրեւ յետին մնացորդ, 2 տուն բնիկ Հայ տանց տարեւորն Ուղեւորիս հետեւեալ իմաստով պատմեց ըսելով թէ “Ասկէ 50 տարի առաջ 45 տուն Հայ էինք այս տեղ, որոնք չ’կրնալով ինչ ինչ անբնական դժբաղդութեանց տոկալ, գնացին ‘ի տար աշխարհ եւ կորսնցուցին իւրեանց նամն եւ նմուշն (անուն եւ հետք)”: Միւս ընկերն աւելցուց “մենք չուր մկայ (մինչեւ հիմա) փախած էինք, թէ որ ՄԵՐ կակօյի (մեծ պապ) հանգստարան (գերեզման) էսա տեղ չէլնէր. իշտէ կիրակմտէ կիրակմուտ (շաբաթէ շաբաթ) կերթամք խունկ կը դնեմք ինոր (անոր) պառկած խաչքարին վերայ եւ կը ծխեմք, երեսնիս կառնեմք ու փառք կը տամք մեր երկնաւոր թագաւոր Ստեղծողին եւ կը դառնամք նորէն տուներնիս. տեսնանք Աստուած ինչ լոյս կանի, ախըր (արդէն) մեր չ’գիտութենէն (տգիտութենէն) բաներնիս պօշի (պարապ է)”. առ այս իւրեան մնաս բարով խօսքս չմոռցած՝ ես ելայ իմ ճանբան շարունակել:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ. ՔԱՐԱՑԵԱԼ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ՔԱՐԱՑԵԱԼ ՈՉԽԱՐ
       Պահանց գիւղէն մեկնելով ուղինիս այս դրախտանման տեղերէն եւ Պաշեթայ լերանց կողերէն յառաջ տանելով պատահեցանք, գրեթէ մարդանման կերտած, մի բարձրահասակ քարի, որոյ շրջապատն կային ոչխարանման բազմաթիւ քարինք փռուած աստ եւ անդ, ցիր ու ցան, որք կիսով թաղուած էին ‘ի հող:
       Տեղւոյս սոյն երեւոյթն բնականաբար Տեղագիր-Ուղեւորիս հետաքրքրութիւնն պէտք էր զարթուցանել. հետամուտ լինելով գտայ հետեւեալ աւանդութիւնն. “մի ճգնաւոր մարդ ասկէ ի Բութայ Ս. Աստուածածին գնալու համար աստ կը հանդիպի եւ կը տեսնէ զհովիւն շրջապատեալ իւր ոչխարներէն, սեւազգեստ կրօնաւորն շատ քաղցած գոլով հովիւէն քիչ մը կաթ կուզէ հացի հետ ուտելու, ճգնաւորն որչափ որ սաստիկ քաղցած կը լինի, հովիւն եւս ընդհակառակն այնչափ քարասիրտ կը դառնայ, որով կը պատասխանէ “կաթ չ՛մնաց”, կրօնաւորն կրկին կը թախանձէ եւ հովիւն յայնժամ կը բարկանայ ըսելով “չիք” առ այս բան քաղցած վանականն կանիծանէ զհովիւն ասելով “չիք լինիս դու եւ քար կտրիս (դառնաս) ոչխարներուդ հետ, այս խօսքին վերայ հովիւն ընդ իւր ոչխարս կը քարանայ եւ այս պատճառաւ ց’արդ քարն կանուանեն քարացեալ հովիւ եւ ոչխարներն քարացեալ ոչխար այս կողմերու մեր Հայերն”:
       Ահա այսպէս ուղինիս յառաջ տանելով 21/2 ժամէն կը հասնիմք ի Բութ գիւղն եւ անոր վանքն: