Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԵ. ՎԱՆՈՒՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ՇԱՐ. )
       Վանուց աջ թեւն երբեմն երկրաշարժէ վնասուած լինելով նորոգուած է, որոյ նկատմամբ հետեւեալ յիշատակագիրն կայ քարերէն միոյն վրայ, զոր նոյնութեամբ ընդօրինակելով կը նշանակեմ աստ. “ՌԲՃ (1200) ամին նորոգումն եղեւ Ս. ուխտին իշխանութեամբ Հաքարու (այժմ Հէքեարի) Էզտին Շէրիֆ Խոսրով փաշային“:
       Վանուց ձախակողմեան թեւին վերի կողմն կայ նաեւ հետեւեալ անթուական յիշատակութիւնն. “Շնորհիւ բարերարին եւ մարդասիրին, կարողութեամբ Ս. Հոգւոյն շինեցաւ ուխտը Զրատին հրամանաւ Փիլիպպոս կաթողիկոսի ձեռամբ Ս. Կիրակոս վարդապետի առաջնորդութեամբ Ս. ուխտին հոգեւոր”:
       Սոյն յիշատակագրոյն յարակից երկու կարգ եւս կային, սակայն ափսո՜ս որ եղծեալ լինելով, հակառակ ջանքերուս մնացին անընթեռնլի:
       Հռչակաւոր մենաստանիս մեծ կաթուղիկէն նորոգուած է նախորդ վանահայր հանգուցեալ (8-9 տարի առաջ) Եղիազար վարդապետի օրովն, որ 18 տարի վանահայրութիւն ընելով՝ ամենամեծ խնամ տարած է վանուցս շինութեան, պայծառութեան եւ բարեկարգութեան (սոյն լուսահոգի վարդապետի յիշատակն օրհնութեամբ լսեցի Աղբակու բոլոր Հայոցմէ):
       Վանուցս արտաքին շրջապատի պարիսպներն դարձեալ հսկայ եւ միանգամայն պաշտպանողական դիրք ունին եւ անզօր չեն:
       Ս. Բարթուղիմէոս Սրբազան Առաքելոյ սոյն հռչակաւոր վանքն ունեցած է երբեմն արտաքոյ կարգի պայծառութիւն եւ դարձեալ արտաքոյ կարգի անշքութեան հակապատկեր թուականներն, որոց վերայ ներկայիս մէջ լռութեամբ անցնիլ պարտաւորեալ եմ, զի մի գուցէ շրջանս ընդլայնելոյ ունեցած փափաքովս ինքզինքս դնեմ յանգէտս անել շաւղի մը մէջ, որ կրնայ տակաւին գարուն կենացս վերջի դատակնիքն համարուիլ եւ չ’կարողանամ խլրտիլ:
       Այս վանուց համար իմ ցաւոտ սիրտն շատ ցաւած է ընդդէմ արեւապաշտ ազգին:
       Ծերունիքն արդէն պարծենալով կը պատմեն թէ “ՄԵՐ Ս. Բարթուղիմեոս բազմաթիւ միաբանական ուխտ ունեցած է հանդերձ հարուստ եւ ճոխ պարագաներով”: Աւանդութիւնն կը յաւելու թէ “ասկէ 70-75 տարի յառաջ Իսրայէլ անուամբ եպիսկոպոսի օրովն, (զոր թերեւս տեսնողներ կան գաւառիս մէջ) 13-15 վարդապետ եւ ըստ այնմ մենաստանցիք գտնուած են եղեր աստ. նոյն թուականէն սկսեալ օր ըստ օրէ կը նսեմանայ մեր մեծ Առաքելոյ ՇԷՆ ՏՈՒՆՆ եւ կը հասնի այս ողբալի վիճակին, որ դարձեալ ամենափառաւոր վիճակն է բաղդատելով մերձակայ անցելոյն հետ:
       ***
       Ապրին մեր պարսկահայ եղբարք, որ վանուցս կրած դառնութիւնք ամոքեցին եւ վանքն վերստին ելեւմտից բնակավայր ըրին ու Պարսկաստանէն հասան վերստին օգնութիւնք ամեն տեսակէն, որով փոքր ինչ մխիթարութիւն զգեցաւ Ս. Առաքելոյն վանուց… վիճակը:
       Երկու տարին մի անգամ յատուկ նուիրակ կը խրկուի ի Սալմաստ, յորմէ պտղաբեր ուխտաւորք եւս ամեն տարի չեն պակաս:
       Վանքն ունի եզական տեսարան, պատուական օդ, ջուր, ընդարձակ մարգագետինք եւ դաշտօրայք:
       Մենաստանիս անմիջական քովն 20 տնէ բաղկացեալ Հայ գիւղ մի կայ, որոյ բնակիչք “Վանքցի” կըսուին, վասն զի գիւղն Ս. ուխտիս սեպհականութիւնն է: Նմանապէս 25-30 տուն քուրդեր կը բնակին, նոքա եւս Վանքցի կ’անուանին, զի նոքա եւս նման են առաջնոյն: Առաջ տեղւոյս Հայ բնակութեանց թիւն 75 էր, որ պակսելով կամ ցամքելով 20ի իջած է:
       Այժմեան երկու մասն գիւղացիք՝ վանքցի Հայք եւ վանքցի Քուրդք, առանց ամենափոքր բացառութեան, կապրին վանուցս հողերովն եւ ջրերովն, ինչպէս նաեւ ԿԵՆՍԱՏՈՒ ՕԴՈՎ եւ այս դրութիւնն թերեւս դարաւոր իսկ լինի: Ամենազօրաւոր ջանքեր պէտք են, որպէս զի կարելի լինի յիշեալ Քրդաց ձեռքէն վանուց սեպհական հողային կալուածներն ետ առնուլ:
       Սոյն տարասեռ բնակիչներն վանուցս ներքին գործերուն խառնուելոյ չափ յառաջ կերթան երբեմն, պատճառելով թէ վանքն մերն ալ է, ըստ որում մեր պապերն ժամանակին եթէ մենաստանս չ’պաշտպանէին ընդդէմ նեղչաց, այժմ քար քարի վերայ չէր մնացած”:
       Պատրիարքարանի յատուկ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ կը հրաւիրեմ սոյն ամենակարեւոր կէտի վերայ, որով եւ Ս. Բարթուղիմէոս վանուց վերայ, որ Աղբակ գաւառի հոգին եւ սիրտն կը կազմէ, ու Ազգին կրնայ ամենամեծ ծառայութիւն մատուցանել բարոյական տեսակէտով:
       Վանուցս տարեկան հասոյթն 150-200 ոսկի կը լինի, նոյնչափ ալ ծախք. սակայն եթէ օրինաւոր վիճակի մէջ դրուի եւ տնտեսագիտաբար մատակարարութիւն մը ձեռք առնուի քանի մը անգամ 200 ոսկի պիտի գոյանայ, որով վանքն կը լինի համայն գաւառիս լուսաւորութեան կեդրոն մը կամ լուսատու Արեգակ մը, որոյ շառաւիղներն թերեւս Պարսկաստանի (որմէ 5 ժամ հեռու է) մեր համարիւն եղբարց եւս հասնի եւ զանոնք ջեռուցանէ Ազգի եւ Հայրնեաց սիրով, յայնժամ միայն իւր հիմնարկութեան ՍՈՒՐԲ նպատակին իրապէս ծառայած կը լինի եւ պատիւ կը բերէ մեր Բարեխնամ Տէրութեանն եւ Մեզ: