Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԶ.
       ԱՄԱՌ
       ՅՈՒՆԻՍ, ՅՈՒԼԻՍ, ՕԳՈՍՏՈՍ
       Ամառուան ամսոց սկիզբը խոտերն կսկսին քաղուիլ, բազմաթիւ սարակներ (բանւոր կամ առօրեայ վարձկան) սարերը եւ ձորերն, դաշտերը եւ լեռները կը բռնեն, երկիւղն արդէն փարատած է ամեն կողմերէ. այսպէս մի ամսոյ չափ խոտաքաղութիւնն շարունակելով` կը մերձի հնձոց ժամանակն, այս ատեն մեր Հայ գիւղացիք խորին մտատանջութեամբ եւ գուրգուրալով կը նային արտօրէից վերայ, որոց հասկերն ատոքի ծանրութենէն գլուխնին ծռած են, որք մալուլ (տրտում) գիւղացւոյն դէմքը պահ մը ժպիտներով կը ծաղկեցնեն, որով իւր տխուր սիրտն կը լենայ գեղեցիկ յոյսերով:
       Տարի կը լինի՝ որ արմատներն ուտող խլուրդներ կամ հասկերն կրծող թրթուրներ կը գոյանան եւ մեծ աղէտ կը բերեն յուսալից արտերու գլխին, խեղճ գիւղացիք մարդոցմէ յոյսերնին բոլորովին կտրած՝ կը դիմեն Երկնից գթութեան. բերել կըտան Ս. Գեղարդ կամ այլ եւ այլ սրբոց մասունքներ, զանազան անուամբ Աւետարաններ, որովք հանդիսաւոր եղանակաւ անդաստան կ’օրհնեն երկարօրէն եւ սրտառուչ աղօթքներ տեղի կունենան դաշտաց մէջ, ուր մատաղ կընեն պարարակ եզներ “’ի բարձումն Աստուածային պատժոց” որպէս կանուանեն: Կը հասնի վերջապէս զարտօրայս քաղելոյ ժամանակն եւ ահա հունձք բազումք են եւ մշակք ոչ սակաւք:
       Մեծ արտերու մէջ կը լեցուին հնձաքաղներն, իւրաքանչիւր կարգն կամ խումբն ունի իւրեան գլխաւորն, զոր “հոնած” կանուանեն, որ ամենէն լաւ եւ արագ հնձողն է եւ որոյ պաշտօնն է միանգամայն սահման գծել միւս հնձողաց եւ այդ սահմանն, զոր հոնածն նեղ ճանապարհի պէս կը բանայ “հոն” կանուանեն, հոնածէն անմիջապէս ետքը եկողն “հոնած եղբայրն” է: Հնձողներն ցորեկուան ճաշերնին կընեն, որոց գլխաւոր կերակուրն է լոկ ապուր եւ աղջրոյ մէջ պահպանուած բանջարեղէնք, եթէ օրն պահք է. իսկ եթէ ուտիք՝ կերակուրնին է թանապուր եւ կամ շիկաթան: Շաբաթ երեկոյ արտի տէրն արդէն կը բերէ ճաշ (կորկոտով շինուած), որոյ երեսին իւղն կալեկոծի, նոյնպէս մածուն, որ իրենց ամենասիրելի եւ շատ սովորական եղած ուտելիքն է: Ցորեկուան ճաշէն ետքը կուտեն սխտոր կամ կը խմեն սխտորաջուր, նոյնպէս եւ քացախ. իրենք արդէն փորձառութեամբ գիտեն թէ սխտորն եւ քացախն շատ առողջապահական են ամառուան այդ տաքուն երբ Արեւն կիզիչ է, որոյ ներքեւ օրն ի բուն չարաչար աշխատելոյ կոչուած են:
       Կը յիշեմ թէ մի օր երբ ընդարձակ արտի մը հնձողաց այցելութեան գնացի, զիս թախանձանօք վար դրին եւ կարապետիս հետ ճաշերնիս ըրինք այդ գիւղացւոց հետ, որոց ճաշի եղանակն կամ կերակուրն, ինչ ալ լինէին, արդէն չէին կարող ինձ դժգոհութեան մը տեղի տալ, երբ իմ նպատակն էր անոնց կեանքն անձամբ շօշափել եւ սերտել: Քանի՞ հետաքրքրական էր տեսանել, որ սոքա ի վերջոյ սկսան, իբրեւ մարսեցուցիչ բարկ (քէսկին) քացախ խմել կարգաւ, նախ եւ առաջ ուղեւորիս հրամցուցին, իբրեւ վառուած սրտի զօրավար, եւ իրենց խելքով իրարու կը բացատրէին քացախի այդ տաք պահուն ունեցած օգտակարութիւնն, ես արդէն անսովոր էի այժմ եւ չ’կրցայ ընդունիլ կամ ‘ի ձեռին առնուլ քացախին ամանն, սիրով թող տալով իմ բաժին ագահ կարապետիս, որոյ գինւոյ նման խմելու փափաքին արդէն ծանօթ էի. աստ հնձողաց մէջ կայր մերձակայ գիւղի գիտնական-վարժապետն, որ խնդրեց ինէ պատճառն հասկցնել քացախէն չ’խմելուս, որպէս զի իրենք ալ այնուհետեւ այդ սովորութիւնն ձգեն. պէտք զգացի այս պահուս գոհացուցիչ պատասխան մի տալ այդ անձին` որ ներկայացնողն էր ամենուն, “ո՛վ գիւղացիք ասացի, դուք շատ իրաւունք ունիք քացախ խմելոյ եւ միանգամայն սխտոր վրան ուտելոյ, վասն զի դուք օրն ողջոյն Արեգական ճառագայթից ներքեւ չարաչար կաշխատիք եւ ձեր սիրտն, անշուշտ եղանակի բնական տաքութենէն, այրած եւ թերեւս մրկած է. իսկ ինձ գալով` իմ սիրտն ալ ձեզ նման այրած է թէպէտեւ. սակայն…, այս վայրկենիս Արեւուն ձեզ տուած նեղութեան դարմանն քացախն ընտրած էք եւ չունիք այլ դարման մ’ ‘ի ձեռին. ուստի դորա գործածութիւնն կրկին կը յանձնարարեմ ձեզ ‘ի զովացումն. առ այս իրենք շարունակեցին քացախի այդ օրինակ գործածութիւնն եւ ապա վերջացուցին գեղջկական ճաշն, որմէ յետոյ սոքա ունեցան հանգստութեան ժամեր, յորս ոմանք սկսան խուրձերու շուքին տակ անհոգօրէն քուն քաշել, ոմանք մանքաղնին կամ գերանդինին սրել:
       ***
       Արդ քաղելոյ ատեն, երբ պատուաւոր անցորդ մը մերձակայ ճանապարհէն անցնելոյ լինի, յայնժամ արդի հոնածն մեծ խուրձ մը կապած՝ կը տանի եւ անցորդին առջեւ եւ ‘ի պատիւ անոր յոտին կը կանգնեցնէ զխուրձն, իւր բնական դիրքովն, ապա պարգեւն, ինչ որ է, ընդունելով կրկին իւր խուրձովն կը վերադառնայ առ իւր ընկերս. դարձեալ յաւարտ արտին մի եւ նոյն բանն կընէ հոնածն իւր տիրոջ նկատմամբ, որմէ շալ մը կսպասէ:
       Շաբաթ երեկոյները արտօրէից հնձողներն խաղալով եւ ուրախութիւն ընելով ‘ի գիւղ կը վերադառնան, զի հետեւեալ օրն ՕՐ ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ է, հետեւաբար դառն քրտանց մէջ մտնել չ’կայ, եւ պէտք է Ս. պահել զայդ օրն, երկիւղածութեամբ յԵկեղեցի գնալ, ուրկէ դուրս կրնան կեանք չունենալ, հոգւով ու մարմնով կամ նամով եւ նմուշով անհետանալ այդ Երկրի կապոյտ կամարի տակից: