Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԲ. ԱՍՏՂՆԲԵՐԴ ԿԱՄ ՄՈԿԱՑ ԲԵՐԴ
       Մշոյ Արեւելակողմը 11/2 ժամ հեռու «ԱՍՏՂՆԲԵՐԴ կամ ՄՈԿԱՑ ԲԵՐԴ կոչուած աւերակ մի կայ յիշատակութեան արժանի, որ կը թուի լինիլ Տարօնոյ նախնի ամրոցներէ մին, կառուցեալ լեռնակի մը գագաթան վերայ՝ պատուական եւ զուարճալի մի տեղը, որոյ չորս կողմերն են ահագին հովիտք խոտաւէտք։ Ամրոցիս վիթխարի պարսպաց մեծագոյն մասն, ՚ի բաց առեալ Արեւմտակողմանն, տակաւին կանգուն կը կենայ։
       Աստղնբերդէն վար իջնալով շարունակեմք մեր ուղին գնալոյ ՚ի Վանս Ս. Առաքելոց, ճանապարհին կը հանդիպիմք կարգաւ Մոկունք, Տերկեվանք եւ Արաղ կոչուած հայ գիւղից, յորոց վերջինն ընդարձակ ձորի բերանը շինուած է, որոյ համար կ՚աւանդեն թէ «մի գեղեցիկ քաղաք եղած է նախապէս »։ Սոյն դարաւոր խօսքն հաւանականութեան կը մօտի տեղւոյս այժմեան նշմարելի հնութեանց բեկորներովն։ Նոյնպէս ձորերէն վազող ջրերն երբեմն իւրեանց հեղեղանման հոսանքներով տուները կը խորունկցնեն եւ դուրս կը հանեն շատ հին կարասիներ, որք պահուած կը թուին երկրի նախնական խաւերուն մէջ անթուական ժամանակէ, որպէս գիւղացիքն իսկ ականատես ինձ պատմեցին թէ «Մեր գիւղի հողերուն եւ ջրերուն տակերը շատ բաներ կը գտնուին, սակայն մեր մէջ իմաստուն եւ կարդալուն խասը գիտցող մարդիկ չ՚կան, որ գիտնան տեղերն եւ հանեն զայնս. որք անշուշտ մեր պապերու հարստութիւնքն են ու լուսահոգիները մեռած»։
       Սոյն գիւղէն բաւական բարձրանալով լեռնահովտաց մէջէն կը հասնիմք Մշոյ Ս. Առաքելոց վանք։
       Սոյն հռչակաւոր մենաստանն Մուշէն երկուք ու կէս ժամ հեռու՝ մասամբ մը նորա յԱրեւելահարաւ, կը գտնուի Տօրոս լերանց մասնաւոր երկու կատարներու միջեւ՝ գեղեցիկ եւ լաւ տեսարան ունեցող տեղւոյ մը վրայ, կառուցեալ կոփածոյ քարերէ. ունի մի եկեղեցի տաճարով, որոյ վերայ կաթուղիկէն շինուած է ճաշակաւոր եւ ճարտարարուեստ։
       Տաճարին աջ ու ձախ կողմերը կը տեսնուին յանուն Մարկոս եւ Ղուկաս Աւետարանչաց երկու տապաններ, յորս անոնց նշխարներէն մասունքներ կան ամփոփուած։ Նոյնպէս աւանդութեամբ կը պատմուի թէ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին ձեռամբ 12 առաքելոց մասունքներ կան ամփոփուած տաճարիս խորանին մէջ »։ Անշուշտ այս պատճառաւ սոյն մենաստանն «Առաքելոց վանք » կոչուած է։
       Եկեղեցին փոքրիկ զանգակատունով մը շինուած է Հայոց ՌԴ. թուականին (329 տարուան ) Կարապետ Արքեպիսկոպոսի շնորհիւ. ՚ի յիշատակ իւր ծնողաց, իսկ տաճարն իւր տեսքով ցոյց կը տայ թէ հին է, որոյ կառուցման թուականը չկայ եւ կամ ժամանակն կորուսած է զայն։
       Տաճարի տանիքը փոքր եւ կոկիկ քարերէ պատեալ է, որոյ վերայ կան տեղ տեղ անծանօթ գրեանք, որք Յունական կամ Ասորիական պէտք է լինին։ Վանուց շրջապատն քարէ հսկայ պատերով պարսպեալ է. դուրսն յԱրեւելակողմ կան կարգ մ՚ընտիր ծաղիկներով եւ այլ քանդակներով մեծ խաչաքարինք ամենքն հաւասար եւ մի օրինակ, որք խմբովին կը կոչուին «ԳԵՐԵԶՄԱՆՔ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ », որք աստ թերեւս տարիներով հոգնած եւ տքնած են ՚ի թուղթ եւ ՚ի գրիչ գրելով, թարգմանելով եւ հեղինակելով։ Ահա սոյն խաչաքարանց առջեւ լռին եւ տխուր տապանի մէջ ՚ի Տէր կը ննջեն ոմանք Հայրենի Աշխարհի նախնի լուսաւորիչներէն, որք են Մովսէս Խորենացին՝ հանճարալից ծերունի Պատմաբանն, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայն, Ղազար Փարպեցի Ճարտասանն, Մամբրէ քաջ վերածանողն եւ այլ մի քանիքն, որոց տապանաքարանց յիշատակագրեանքն գրեթէ ամենքն ալ անընթեռնլի եղած են։
       Կրթական գործով թափառող Հայ մ՚երբ աստ կը հանդիպի եւ կը տեսնայ զայնս չ՚կրնար կարօտակէզ շրթամբ չ՚համբուրել սոյն նուիրական Հարց վերայ տնկուած օծեալ սպիտակ քարինքն, որոնցմէ մի քանի քայլ հեռու եւ առընթեր իրարու կան նաեւ երկու այլ զուգահաւասար տապանաքարինք, որք ըստ աւանդութեան «են գերեզմանքն Սահակայ եւ Համազասպայ»։
       Վանուց մերձակայ այլ եւ այլ տեղերը կը տեսնուին տակաւին մասնաւոր վայրեր, որք կը յարգուին եւ երբեմն իսկ կը խնկարկուին ՚ի բարեպաշտ ուխտաւորաց։
       Անցնիմք վերոյիշեալ սրբազան վայրերէն եւ իջնամք ճահապարհին վերայ, գնալով դէպ ՚ի յԱրեւելահարաւ Ծծմբակ կոչուած բերդանման տեղէ մ՚անցնելով, որ բաւական երկիւղալից է, կը հասնիմք Խաս-գիւղ, որ Մուշէն 4 ժամ հեռու է դէպ ՚ի Բաղէշ։