ԳԼ.
ԼԳ.
ԱՅԳԵՍՏԱՆԻ
ԲՆԱԿԱՆ
ՎԻՃԱԿՆ
Վանայ
“Այգեստան”
կոչուած
մասն,
որպէս
յիշած
եմ,
իւր
անունէն
յայտնի
է,
ամենափոքր
բացառութեամբ
իւրաքանչիւր
տուն
իւր
յատուկ
այգին
կամ
մրգաստանն
ունի
կամ
գոնէ
պարտիզակ
մը
եւ
ոմանք
եւս
բնակութիւններէն
դուրս
Արեւելահիւսիսակողմն
1/2-1
ժամ
հեռաւորութեամբ
ունին
խաղողի
պատուական
այգիներ
ահագին
ընդարձակութեամբ,
յորս
փոքրիկ
աշտարակի
կամ
դղեակի
նման
հնձաններ
կը
բարձրանան,
որոց
վերի
յարկին
մէջ
կը
բնակին
ամառ
եղանակին
եւ
ասկէ
խաղողի
ժամանակը
կը
դիտեն
տճկած
(ուռեցած)
ողկոյզները,
որոց
թշնամի
են
գիշերաշրջիկ
այլ
եւ
այլ
կենդանիներ:
Հնձանի
վարի
մասն
կը
բաղկանայ
նմանօրինակ
քառակուսի
սենեկէ
մը
մաքուր
եւ
սալայատակ,
որոյ
ստորին
կողմն
2
մեթր
խորութեամբ
եւ
11/2
մեթր
լայնութեամբ
փոս
մի
կայ:
Խաղողներն
կթելէն
(քաղելէն)
յետոյ
հնձանի
ներքնայակի
վերնակողմն
իրարու
վերայ
կը
դիզեն
եւ
4-5
օր
կը
թողուն,
որպէս
զի
ողկոյզներն
թառամին
(թուլնան)
կամ
մեռնին,
այնուհետեւ
տան
կտրիճներէն
կամ
հրաւիրեալ
բարեկամներէն
ոմանք
ոտքերնին
կը
չլտեն
(կը
մերկացնեն)
եւ
ձեան
պէս
ճերմկցուցած՝
կ’սկսին
զխաղողն
կոխել,
որով
քաղցուն
(շիրան)
կ’սկսի
առուի
նման
վազել
եւ
գլխիվար
ուղղութեամբ
գնալով
կը
լեցուի
յիշեալ
փոսը,
յորմէ
չափան
կոչուած
ամաններով
դուրս
կը
հանեն
զքաղցուն
եւ
երբ
խաղողէն
քաղցունը
ամբողջապէս
ցամքեցնելոյ
անկարող
լինին,
կ’ստիպուին
մնացեալ
խաղողներն
‘ի
մի
ժողովել
եւ
վրանին
մեծամեծ
քարեր
դիզել:
Կրկին
ցամքեցնելոյ
համար
սոյն
վերջի
գործողութիւնն
կ’անուանեն
“Թերքամ”
մեր
Վանեցի
հայրենակիցք:
Վանցիք
տակաւին
անտեղեակ
լինիլ
կը
թուին
մեքենայի
զօրութեան,
որով
կարող
կը
լինին
խաղողներն
լաւ
քամելով
մեծ
քանակութեամբ
ստանալ
քաղցուն.
նախ
որ
խաղողն
կթելէն
յետոյ
այլ
եւս
պէտք
չ’կայ
4-5
օր
ձգել,
որոյ
միջոցին
խաղողն,
բնականաբար,
կրնայ
ցամքելոյ
ենթակայ
գտնուիլ,
որով
եւ
քաղցուին
քանակութիւնն
պակսիլ.
իսկ
մամուլն
(փայտէ)
ընդհակառակն
իւր
զօրութեան
տակ
այնպէս
կը
սեղմէ
ողկոյզները,
որոց
չանչն
(մէջի
կուտ)
անգամ
կը
չորցնէ,
որ
ունիցի
ականջս
լսելոյ՝
լուիցէ:
Ինչ
որ
է,
սպասեմք
ժամանակին,
ո՛ւր
“պէտքն
կը
դրդէ
զմարդն
‘ի
հանճար”:
Իմ
Հայրենեաց
վերոյիշեալ
այգիներն
ընդհանուր
առմամբ
կ’անուանեն
“նորատունկներ”:
Նորատունկերն
ամառ
եղանակին
մէջ
կը
ծառայեն
նոյնպէս
ուրախութեան
եւ
զբօսանաց
տեղւոյ՝
Վանեցւոց
մի
մասին
համար,
որք
ծառոց
հովանեաց
ներքեւ
պօռալ,
կանչել,
ցատկել,
կոնծել
(գինին
մինչեւ
‘ի
յատակ
պարպել)
զկարմիրն
եւ
զճերմակն
ու
խորովածն
ուտել
քաջ
գիտեն,
թո՛ղ
իմ
այդ
զուարթ
Հայրենակիցներն
աշխարհիս
ներկայ
մակերեւութի
ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ
անտեղեակ
շարունակեն
իւրեանց
“անզրաւական”
ուրախութիւնն
կամ
քէֆ
եւ
ես
Հայաբնակի
դաշտերէն
եւ
լեռներէն,
Սարերէն
եւ
Ձորերէն,
Հիներէն
եւ
Նորերէն
ժողոված
ծաղիկներովն
եւ
հիւթերովը
պատրաստեմ
ՁԱԳՈՒՑ
մեղր
մեր
ժողովրդեան
եւ
մեր
ՀԱՅ
ուսանողաց
համար,
որոնք
հաւատարմութեան
ԱՆԱՐԱՏ
կաթն
արդէն
‘ի
մանկութենէ
կը
ծծեն
իւրեանց
ՄՕՐ
գրկաց
մէջ,
ուրկէ
դուրս
կեանք
չունին,
որպէս
ճնճղուկն
ՕԴԷ
զուրկ
տեղւոյ
մը
մէջ:
***
Երբոր
այգիներու
խաղողներն
կը
հասնին
կսկսին
այգեկութք
եւ
այգի
ունեցողներն
կը
կոչեն
յայգեկութ
իւրեանց
դրացիներն
եւ
բարեկամները,
ընդ
որս
կսկսին
ողկոյզներն
զմելիով
կտրել
ճութ
ճութ
(ողկոյզ
ողկոյզ)
եւ
ճռաքաղն
թողուլ
ճանապարհորդաց,
ըստ
Մովսիսական
պատուէրին:
Վանայ
այգեաց
թիւն
թէեւ
ի
առ
մի
չը
համրեցի,
այսու
ամենայնիւ
2000
էն
աւելի
հաշիւ
տուին
ինձ.
այս
ընդարձակ
այգիներէն
յառաջ
եկած
գինիներն
մի
միայն
Վանեցիք
կ’սպառեն,
գրեթէ
ամեն
տուն
իւր
գինւոյ
յատկացեալ
կարասներն
ունի
մեծափոր,
որոյ
փոքր
տեսակներն՝
զորս
տուճիկ
(փոքր
կարաս)
կ’անուանեն,
հասարակ
դասուն
յատուկ
է:
Վանայ
այգիք
յառաջ
կը
բերեն
մի
քանի
տեսակ
խաղողներ,
զոր
օրինակ
սեւ
խաղող,
ճերմակ
խաղող,
առաջինն
ունի
իւր
տեսակներն
ինչպէս
խիզնայ
խաղող,
քիշմիշ
խաղող,
զոր
տեղական
բարբփառով
կ’անուանեն
լօրիկ,
որոյ
ողկոյզներն
շատ
ցանցառ
կը
լինի
եւ
հատիկներն,
նման
հաւու
աչաց,
խիստ
փոքր.
սակայն
ամենէն
աւելի
քաղցր
կը
լինի,
եւ
ասոր
բնական
պատճառն
իւր
մէջն
է
արդէն,
վասն
զի
Վանայ
մէջ
խաղողներն
իւրեանց
բոլոր
տեսակներովն
մի
եւ
նոյն
ժամանակի
մէջ
կը
կտրեն.
բնական
է
որ
մանր
հատիկ
ունեցողն
(լօրիկ)
շուտով
կը
հասնի
եւ
իւր
կոճղին
վերայ
կը
մնայ,
որ
այնուհետեւ
երթալով
Արեգական
կիզմամբ
տակաւ
առ
տակաւ
իւր
մէջ
պարունակեալ
հեղուկի
(քաղցուն)
քանակութիւն
կը
պակսի
շոգիանալով,
հետեւաբար
մնացեալ
մասին
մէջ
կը
մնայ
աւելի
շաքար,
որով
կը
լինի
աւելի
քաղցր,
մինչդեռ
մեծ
հատիկ
ունեցող
տեսակն
նոյն
միջոցին
տակաւին
հասնելոյ
վերայ
կը
լինի.
ճերմակ
տեսակն
իւր
մէջ
աւելի
ունի
այծու
պտուկ
(քէշի
մէմէսի)
կոչուածէն.
սոյն
վերջնոյն
ուշ
հասնելուն
պատճառաւ
զատէն
կը
քաղեն
եւ
փոխանակ
քաղցու
ընելոյ,
որ
թթու
կը
լինի,
քացախի
մէջ
կը
պահեն
ձմեռուան
համար
պաշար
(սօղուքլուք
կամ
թուռշու)
զոր
իրենք
պռուածք
կ’անուանեն.
սոյն
անունն
թերեւս
առած
լինի
այն
պատճառաւ,
որ
մի
քանի
ամիս
կարասի
մէջ
կը
բանտարկուի
կամ
կը
բռնուի
մինչեւ
որ
գործածելոյ
վիճակին
հասնի:
Դժբաղդաբար
պէտք
է
ըսել
որ
տեղւոյս
ժողովուրդն
քաղցր
խաղողէն
տակաւին
անուշեղէններ
պատրաստել
չ’գիտեր
(քիչ
բացառութեամբ):
***
Վան
քաղաքի
այգեստանեայց
մրգեղէն
պտուղներն
դարձեալ
բազմատեսակ
են,
զոր
օրինակ
տանձ,
խնձոր,
ծիրան,
սալոր,
տամոն
(սալորի
երկայնահասակ
տեսակն)
դեղձ
եւ
այլն:
Սոյն
պտուղներն
մեծ
մասամբ
տեղւոյ
կլիմայի
4
եղանակաց
վերայ
բաժնուած
են
եւ
նոյնովք
կը
կոչուին,
ինչպէս
ոմանք
գարնան
ատեն
կը
հասուննան
եւ
կը
կոչուին
շուտահաս
կամ
գարնանահաս,
ոմանք
ամառ
եղանակին
կը
հասնին
(կը
հասուննան)
եւ
կըսուին
ամռնուկ,
(ամառուան
վերաբերեալ),
ոմանք
կը
հասնին
աշնան
միջոցին
եւ
կանուանեն
աշնանահաս,
ոմանք
ձմեռ
ատեն
կը
հասնին
եւ
կը
կոչուին
ձմռենուկ
(ձմեռուան
վերաբերեալ):
Աւելորդ
չեմ
համարիր
յիշեալ
պտուղներէն
կամ
մրգեղէններէն
մի
քանի
գլխաւորներու
մանրամասնութեան
վերայ
խօսիլ,
մանաւանդ
իւրեանց
հետաքրքիր
անուանց
համար,
որպէս
տանձն
իւր
տեսներովն,
զոր
օրինակ
մեղրի
տանձ,
որ
շատ
դեղին,
փոքր
եւ
քաղցր
կը
լինի,
որմէ
իւր
անունն
ծնած
է,
մալաշէկ
տանձ,
որ
է
միջակ
մեծութեամբ
եւ
երկայնապոչ.
տղտղեկ,
որ
կլոր
եւ
շատ
ջրոտ
կը
լինի,
մալաղի,
որոյ
մի
հատն
երբեմն
կէս
օխայէն
աւելի
կշիռ
կունենայ
եւ
ամենէն
աւելի
քաղցրահամ
կը
լինի,
այնպէս
որ
երբեմն
մեղրի
պատուոյն
կրնայ
դպչիլ:
Վերոյիշեալ
երեք
տեսակներն
ծառի
վերայ
պէտք
եղածին
չափ
չեն
հասուննար,
ուստի
զգուշութեամբ
զայնս
ծառէն
վար
կառնուն
եւ
պոչերն
չ’կտրած՝
խումբ
խումբ
կը
կապեն
ու
կը
կախեն
մասնաւոր
զովութիւն
ունեցող
սենեկաց
առաստաղներէն
եւ
այնուհետեւ
2-3
ամիսէն
ինքնին
հասուննալով
կը
դեղնին
աւելի,
եւ
կը
քաղցրանան:
Տանձերու
այս
խումբ
խումբ
կապոցներն
մելղզ
կանուանուին:
Խնձորներն
նոյնպէս
բազմատեսակ
են,
յորոց
իւրաքանչիւրն
իւր
մասնաւոր
անունն
ունի,
զոր
առած
են
իւրեանց
բնական
վիճակէն,
այսինքն
դիրքէն,
գոյնէն,
համէն
եւ
հասուննալոյ
ժամանակէն,
ինչպէս
կարմիր
տէլասլիկ
կամ
կլաթ
ամենէն
պատուականն
է
իւր
բոլոր
յատկութեամբն.
սոյն
խնձորն
երբ
կը
հասնի
եւ
մերձ
կը
լինի
ծառէն
վար
առնելոյ,
յայնժամ
իւր
գոյն
կը
զարնէ
ի
գետին
եւ
հոտն
կը
բուրէ
ամեն
կողմը,
բնութեան
այս
կլոր
պարգեւի
ծառն
հեռուանց
դիտողի
մը
համար
արեամբ
ներկուած
կը
թուի.
թթու-մարխօշ
միջակ
թթուութեամբ
խրխիր,
կակուղ
եւ
փուխր
է,
որ
ծերոց
համար
շատ
յարմար
կը
գայ,
վասն
զի
առանց
աղռայի
կրնայ
լմլմելով
(լնտերով
ծամել)
եւ
վար
խրկել
դիւրութեամբ.
սոքա
եւս
տանձերու
նման
տեսակներն
ունին,
ինչպէս
եւ
յատուկ
ժամանակնին:
Նմանապէս
ծիրաններն
եւ
սալորներն
բազմատեսակ
են
եւ
մեծութեամբ
ու
համով
նշանաւոր:
Վանայ
մրգեղինաց
ծառերն,
ի
բաց
առեալ,
կան
նաեւ
բարդի,
ուռենի,
կաղամախի,
թեղի,
եւ
այլ
ծառեր,
յորոց
առաջինն
ամենէն
շատ
կը
գտնուի
եւ
սոյն
վերջի
տարիներն
գովելի
ջանիւք
ամեն
տեղ
առուներու
եզերքները
եւ
մասնաւոր
տեղերը
հարիւրաւոր
եւ
երբեմն
իսկ
հազարաւոր
տնկած
են
եւ
կը
տնկեն:
Տանց
շինութեան
համար
բարդի
կը
գործածեն:
Գիւղացիք
երկրագործական
գործիքներու
համար
կը
գործածեն
թեզին,
որ
շատ
դիմացկուն
է.
ուռենւոյն
ծերացեալներն
կը
ծառայեն
վառուելոյ,
դուն
ուրեք
բնակութեանց
շինութեան
համար
եւ
երբեմն
մէջ
պարապ
չեղող
հաստ
տեսակէն
իւր
երկայնութեամբ
կը
փորեն
եւ
խողովակի
ձեւի
մտցնելով
կը
գործածեն
ջրաղացքի
վաքի
տեղւոյ:
Վաք
ըսելով
պէտք
է
հասկնալ
այն
խողովակային
փայտն,
որ
ջրաղացի
դրսի
կողմէն
վերէն
ի
վար
պառկած
է
գլխիվայր,
որոյ
մէջէն
ջուրն
սաստիկ
արագութեամբ
իւր
ընթացքն
ուղղած
է
դէպ
‘ի
քարն
դարձնող
անիւը,
ոյր
վերայ
ջուրն
զարնելով
կը
դարձնէ.
փորձուած
է
որ
ընթացող
ջրոյ
մէջ
ուռենին
շատ
կը
դիմանայ:
Նշանաւոր
է
լէլաղի
ծառն
որ
գարնան
ատեն,
նման
համեստափայլ
հարսի
կը
զարդարուի
առատ
եւ
սիրուն
ծաղիկներով:
Նոյնպէս
բազմատեսակ
են
պարտիզաց
վարդերն,
ինչպէս
կարմիր
վարդ,
ճերմակ
վարդ,
դեղին
վարդ,
քեաֆուր
վարդ,
եւն:
***
Այգեստանքն,
առանց
բացառութեան,
ջրարբի
են
եւ
մեծագոյն
մասամբ
ունին
իւրեանց
սեպհական
ջրերը
եւ
անոնց
տեւողութեան
ժամերը,
որք
ամառ
ատեն
ջրբաշխ
(ջրաբաշխ)
անուամբ
պաշտօնէից
ձեռամբ
կը
բաժնուին
կարգաւ,
այնպէս
որ
15
օր
մի
անգամ
բոլոր
այգիներ
եւ
ածուներ
կը
ջրուին
կշտօրէն:
Այգեստան
20ի
չափ
աղբիւրներ
ունի,
յորս
4-5
մեծերն
փոքրիկ
վտակ
ըսուելոյ
արժանի
քանակութեամբ
կը
բղխեն,
ամենքն
առ
հասարակ
արհեստապէս
հանուած
են՝
ջրհորներ
փորելով
ընդհանրապէս
յԱրեւելէն
յԱրեւմուտ
շինուած
ականներու
միջոցաւ
բերած
եւ
հանուած
են
այլ
եւ
այլ
թաղերու
մէջ
եւ
զորս
կանուանեն
քահրեզ:
Սոյն
բոլոր
ջրերն
կը
գան
Վարագայ
լերան
ստորերկեայ
խաւերէն,
հետեւաբար
Վանեցիք
պարտին
երախտապարտ
լինիլ
Վարագայ
աւագ
Ս.
Նշանին,
որոյ
սեպհական
լեռնէն
կիջանեն
այդ
ջրերն,
որք
յետ
այսու
թերեւս
իւր
պատուանդանէն
միայն
կարենան
բղխել,
որով
կժաբարձ
Սամարացի
կին
կարենայ
կենդանութեան
ջրոյ
երես
տեսնել:
Սոյն
ջրերն
իւրեանց,
ընթացից
շարունակութեան
մէջ,
մասամբ
մ’անուշութիւննին
կը
կորսնցնեն
երբ
յԱյգեստան
հասած՝
ակներէն
դուրս
կը
գան
(կը
թուի
թէ
ճանապարհին
այլ
եւ
այլ
աղային
հանքերու
վրայէն
կ’անցնեն):
***
Վանայ
վերոյիշեալ
քահրէզներն,
որք
գրեթէ
Վանեցւոց
կեանքն
կը
կազմեն,
արդիւնքն
են
իւրեանց
նախնիքներուն,
որոնք
իմաստուն
հեռատեսութեամբ
եւ
անխոնջ
ջանիւք
բնութեան
դէմն
մրցելով
պատրաստած
են
յիշեալ
ջրերը,
զորս
այժմեան,
կարելի
է
ըսել,
բաղդաւոր
սերնդեան
ժառանգ
ձգած
են:
Արդէն
Բզնունեաց
կամ
Վանայ
ծովն
սոյն
ջրերու
աւազանն
է,
միշտ
ծեր
եւ
միշտ
նոյն:
Ամփոփումն
միջին
հաշուոյ
Քաղաքիս
Հայոց
կրօնական
եւ
կրթական
կողմանց
վերայ
համառօտութեամբ
խօսելով
կը
գտնեմք
Վանայ
մէջ
12
եկեղեցի,
30
քահանայ,
10
վարժարան
եւ
1650
ուսանող,
յորմէ
300
հոգի
իգական
սեռէ
կը
բաղկանայ
եւ
մնացեալ
1350
արական:
Պաշտօնէից
թիւն
40,
տարեկան
ծախքն
600-700
ոսկի.
մասնաւոր
վարժարանաց
աշակերտաց
եւ
պաշտօնէից
թիւն,
ինչպէս
նաեւ
ծախքերն
սոյն
հաշուոյն
մէջն
են,
սակայն
արդարութեան
դէմն
ըրած
չըլլալու
համար
պէտք
է
կրկնել
թէ
մասնաւոր
վարժարաններն
համեմատաբար
աւելի
ծախք
ունին
քան
թէ
ծխականներն,
որոց
ծախքերն
եկեղեցեաց
կալուածոց
եկամուտներէն
կը
հոգացուին
ընդհանրապէս
եւ
դարձեալ
մասնաւոր
վարժարանքն
շատ
աւելի
արդիւնաւոր
են
ծխականներէն:
***
ՎԱՆԱՅ
նկատմամբ
ընդհանրապէս
խօսելոյ
պահուս
գոհ
եմ
ըսել
որ
իմ
հայրենակիցներն
անմխիթարականէն
աւելի
մխիթարական
կողմեր
ունին
եւ
ես
աստ
չունիմ
շատ
տրտմելոյ
զօրաւոր
պատճառ
մը:
Տեղւոյս
ընտանեկան
կեանքն
պարզ
եւ
անարատ
է,
մարդիկն
ջերմեռանդ,
ժիր
եւ
գործունեայ:
Առ
եւ
տրոյ
նուազութեան
պատճառաւ
դժբաղդաբար
մեծագոյն
մասամբ
զուրկ
են
նիւթական
բարւոք
վիճակ
մ’ունենալէ:
Գովելի
են
իւրեանց
յառաջադիմական
ձգտումներն,
եթէ
կրթական
տեսակէտով
գործադրեն
‘ի
պատիւ
Ազգին
եւ
‘ի
փառս
Օսմանեան
մեծազoր
գահուն,
որուն
դարերով
հաւատարիմ
կեցած
եւ
հաստատուն
համոզմամբ՝
ց’արդ
ուխտերնին
պահած
են
ու
պիտի
պահեն
ց’վերջ:
***
Ներկայիս
պատեհ
առթիւն
ինձ
նուիրական
պարտք
կը
համարիմ
տեղւոյս
ձեռնհաս
մասի
խորին
ուշադրութիւնն
հրաւիրել,
որպէս
զի
կըրկնապատկեն
իւրեանց
ջանքերն,
որովք
միայն
կարելի
է
քաղաքիս
ծխական
վարժարանաց
բարոյական
վիճակն
իւր
համեմատական
աստիճանին
բարձրացնել
եւ
ասոր
համար
անհրաժեշտ
հարկ
են
ուսուցչաց
եւ
դաստիարակաց
վերաբերութեամբ
իմաստուն
ընտրութիւնք
ընել
եւ
մանաւանդ
սահմանել
Տեսչական
(ընդհանուր
եւ
մասնաւոր)
դրութիւնն,
որով
ժամանակիս
պահանջման
համաձայն
ԴՐԱԿԱՆ
ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
մը
կամ
ԲԱՆԱՒՈՐ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
մը
տալ
Վանայ
նոր
սերնդեան,
որոյ
վերայ
արդիւնաւորել
ԻՐԱՊԷՍ
տեղական
կարգ
մ’անձնանուէր
ուսուցչաց
եւ
դաստիարակաց
ջանքերն,
որք
առ
ի
չ’գոյէ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՀՐԱՀԱՆԳԻ
կը
մնան
ապարդիւն,
այսու
հանդերձ
խոստովանիլ
պէտք
է,
որ
տակաւին
ՎԱՐԺԱՊԵՏԻ
սովն
կը
տիրէ
‘ի
քաղաքիս,
որոյ
համար,
առանց
երկմտելոյ,
կը
հաւատամ
թէ
մի
օր
Հայաբնակի
լուսաւորութեան
գլխաւոր
կեդրոններէն
առաջինն
պիտի
լինի,
բաւական
է
միայն
որ
այժմեան
մի
քանի
ծանուցեալ
անձնաւորութիւնք
ապրին
ԿՐԹԱԿԱՆ
ԳՈՐԾԻ
համար
եւ
ապա
ամենքն
միահամուռ
Տեղագիր-Ուղեւորիս
հետ,
ներքին
համոզմամբ,
հաւատան
ԼՈՒՍՈՅ
ԵՒ
ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ՀՐԱՇՔԻՆ
կամ
ընդհանուր
առմամբ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԶՕՐԻՆ:
Ես
‘ի
պահեստի
ունիմ
տակաւին
Նազովրացի
Երկնային
վարդապետի
կրօնի
վսեմ
ԲՆՈՒԹԻՒՆՆ,
որ
բացարձակապէս
սահմանեալ
է
մարդկային
կենաց
ճիւաղ՝
տգիտութեան
դէմն
մաքառիլ
եւ
տիեզերաց
մէջ
անարդար
մարդոց
ընթացքն
ուղղել
ու
մշտապէս
հաստատուն
պահել
հետեւեալ
օրէնքն,
այսինքն
“տալ
զկայսերն
կայսեր
եւ
զԱստուծոյն՝
Աստուծոյ”:
ՎԵՐՋԻՆ
ՀՐԱԺԵՇՏՍ
ԵՒ
ՄԵԿՆՈՒՄՍ
ՎԱՆԷՆ
Իմ
վերջի
հրաժեշտ
կը
մատուցանեմ
մանկութեանս
որորանին,
մեր
խոնարհ
բնակարանին,
իմ
պապկնական
տան
եւ
տնակին,
ազնիւ
եղբայրներուս
եւ
մեր
համայն
գերդաստանին,
սիրական
շրթանց
կրկնահամբոյր
դրոշմն
նոցա
փոքրիկ,
կլոր
մլոր
զաւակաց
կարմրուկ
այտերուն,
իմ
որդիական
քաղցր
համբոյր
կաթոգին
մայրիկիս
խնամոտ
ձեռաց,
կը
կրկնեմ
չեմ
մոռնար
վերջի
մնաս
բարեաւս
իմ
անձուկ
կարասին
՝
թըղթով
եւ
մղթով,
գրչով
եւ
մրչով,
գրքով
եւ
մրքով
լի
գրասենեկիս.
սէրս
առ
համայն
բարեկամս
եւ
հայրենակիցս
եւ
‘ի
վերջոյ
իմ
նուիրական
այլ
տխուր
յարգանք
Կարապետ-Միրախորի՝
հանգուցեալ
հօրս
վերջի
օթեւանին
կամ
գերեզմանին
յայտնելով
կը
հեռանամ
աստի:
***
Այսչափ
բաւ
կը
համարիմ
եւ
հետեւեալ
գլխովն
կը
թողում
զԱյգեստան՝
զիմ
հայրենեաց
սիրուն
դրախտ
եւ
տասնամեայ
պանդխտութենէս
թէպէտեւ
վերադարձ
ըրած՝
սակայն
տակաւին
ծերունի
ՄՕՐՍ
արտասուք
չ’սրբած,
ահա
Վահան
Գողթնացւոյն
զգացումներովն
ալեկոծեալ՝
ճամբայ
կելնեմ
ՏԵՂԱԳՐԵԼ
ԵՒ
ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ
տեղւոյս
Արեւելագծովն,
որոյ
վերայ
կը
յուսամ
աւելի
հանգիստ
ՈՒՂԵՒՈՐԵԼ: