Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԷ. ԿԱՐՆՈՅ ԴԱՇՏԻ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԱՆՈՒԱՆՔՆ
       Կան, Օձնի, Ձիթահող, Ագարակ, Խարարզ, Կեզ, Ըլըճա, Հինձք, Ումուտում, Կըրիչք, Մուտուրկա, Արծաթի, Տիարիգոմ, Ճինիս, Ըղտաձոր, Ղարահասան, Թուանջ, Գոմք, Սօվուք-ջերմիկ, Դուընիկ, Շեխնոց, Թեթկիր, Գեղախոռ, Ապըլհինտի, Սէօկիւթլի, Պատիշէն, Գզըլքիլիսէ, Բլուր, Միւտիւրլիւկ, Սալաձոր, Թօփալ-չավուշ, Նոր-շէն, Կրճնկոց, Սնկառինջ, Երկնուստ, Երկայն-մասուր, Շեփիկ, Եօզպէկ, Արշնի, Վերին գիւղ:
       Շարունակեմք այժմ մեր գիւղագրութիւնն այս կողմերուն եւ այն կարգաւ, զոր վերեւ յիշած եմ, նշանակելով հանդերձ կարեւոր մասի դիրքն եւ հեռաւորութիւնը Կարնոյ քաղաքի նկատմամբ: Գիւղօրայքն մեծագոյն մասամբ կը գտնուին Կարնոյ դաշտի (որոյ ընդարձակութիւնն արդէն սահմանած եմք երես 136) յԱրեւմտեան Հիւսիսակողմն, միջին հաշուով 31/4-4 ժամու շառաւիղով կիսաբոլորակ մի կը կազմեն, որոյ կեդրոնն գրեթէ զԿարին քաղաք համարելով:
       ԿԱՆ. - Գիւղս կը գտնուի յԱրեւմտահիւսիս Կարնոյ եւ անկէ 1 ժամ հեռաւոր, որոյ դաշտավայրի բոլոր գիւղերու մէջ բազմահայութեամբ եւ կարեւորութեամբ առաջինն է, զոր կրնամք գաւառիս Գիւղաքաղաք կամ Մայրագիւղ սեպել: Բնակութեանց թիւն է 280, որմէ 200 տուն Արմենական են եւ 80 Մահմետական: Հայք ունին Ս. ՓՐԿԻՉ անուամբ կոկիկ եկեղեցի մը, կառուցմամբ ոչ դարաւոր, չորս հատ քահանայ եւ ծաղկոց, ո՛ւր ծաղկելոյ փափաքով կը դիմեն 120-ի մօտ ուսանողք, յորս 25-30 իգական սեռէ են: Բնակիչք աւելի արհեստաւոր են քան թէ հողագործ: Տեղւոյս մերայնոց մասին կ’աւանդեն թէ “Շիրակայ մեծ քաղաքէն (Անի) գաղթած են” եւ չ’կարծեմ որ սոյն լակոնական խօսքն ստուգութենէ հեռու լինի:
       ՕՁՆԻ. - Բնակիչք 160 տուն, որմէ 100 Հայկական եւ 60 Տաճկական են, Հայք յանուն Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ կառուցեալ ունին եկեղեցի մը. կայ նաեւ ծաղկոց մը, որոյ մէջ 50 մանչ եւ մի քանի աղջկունք կը դաստիարակուին գեղջկական ուղղութեամբ: Տեղւոյս բնակիչքն եւս գրեթէ կիսով չափ արհեստաւոր են: Հայերն ունին ընտանեկան եւ ընկերական գովելի կեանք մը եւ իրարու հետ սիրով կ’ապրին:
       ՁԻԹԱՀՈՂ. - Ունի 100 տուն բնակիչ, մեծագոյն մասամբ Հայ եւ մնացեալն Մահմետական: Մերայինքն ունին Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուամբ գեղեցկակերտ եկեղեցի մը, որոյ մէջ կայ ճարտարարուեստ խաչկալ մի, զարդարեալ կրօնական խորհրդաւոր պատկերօք. սոյն ընտիր ձեռակրտն Կարնոյ հին արհեստաւորաց շէնքն է, որով մարդս դիւրաւ կրնայ գաղափար մի կազմել այս ժողովրդեան մտաւոր ճարտարութեան եւ արհեստական ունակութեան վերայ. ունին նախակրթարան մը 50-60 արական եւ իգական սեռէ բաղկացեալ մանուկներով. գիւղս շատ անգամ դրսէն ուսուցիչ չունենալով` տեղական քահանայից ձեռամբ կը դաստիարակուի տեղւոյս նոր սերունդն, որ տակաւին կարեկցութեան արժանի վիճակ մ’ունի:
       Ձիթահողի սահմանէն կանցնի գիտակ մը, որ կը բղխի Հիւսիսակողմի “խաչափայտի” լերանց ճեղքուածքներէն, ոլորապտոյտ շրջելով կը դառնայ յԱրեւմուտ եւ կը խառնի ‘ի Մօրին :