ԳԼ.
ԺԴ.
ՎԱՆՔ
Ս.
ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ
ՍՐԲԱԶԱՆ
ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ
Սոյն
նշանաւոր
վանքն
կը
գտնուի
Աղբակ
գաւառի
կեդրոնական
Արեւելը,
ո՛ւր
կը
բարձրանայ
դէպ
‘ի
Երկնից
կապուտակ
կամարն,
արհեստական
մի
բարձր
բլրոյ
վերայ,
ընդարձակ
նստուածքով
մը.
կառուցեալ
կոփածոյ
ընտիր
քարերէ՝
ահաւոր
եւ
հսկայաշէն
դիրքով
մը:
Հռչակաւոր
վանուցս
շինութեան
թուականն
գտնելոյ
համար
շարունակ
հետաքրքուեցայ,
սակայն
ես
չ’կրցայ
հասնիլ
իմ
ցանկութեան,
զի
չ’տեսի
ո՛չ
‘ի
քարի,
եւ
ոչ
իսկ
‘ի
թղթի,
միայն
թէ
ըստ
բանի
ծերունի
քահանայի
մը
“այդ
յիշատակագիրն
կը
գտնուի
վանուց
վաղեմի
մեծակամար
դրան
երկու
կողերուն
վերայ”:
Սոյն
աւանդութիւնն
կը
թուի
լինել
ճշմարիտ,
վասն
զի
արդէն
ականատես
իսկ
եղայ,
որ
վանքն
նախապէս
ունեցած
է
ահագին
մեծութեամբ
մի
դուռ
համեմատ
ամբողջ
շէնքի
հսկայութեան,
յետոյ
ԻՆՉ
ԻՆՉ
կամ
լաւ
եւս
է
ասել
երկիւղներէ
ոչ
բնական
շարժեալ,
պզտիկցուցած
են
դուռը
մի
այլ
կամարաւ,
որ
ծածկած
է
իւր
նախորդը՝
ետեւ
գտնուող
կողերովն
կամ
արեւատես
դէմքովն,
ոյր
վերայ
փորուած
պէտք
է
լինին
այդ
թանկագին
ԳՐԵՐՆ,
որք
անշուշտ
կրկին
մի
օր,
թէ
ներկայ
սերունդն
պիտի
յաջողի
տեսնել
զայն
թէ
չէ,
զայդ
գիտեմ
ես
ոչ,
որով
եւ
չ’կարեմ
իսկ
այժմէն
վճիռ
մի
տալ,
միայն
թէ
յուսալ,
սպասել
եւ
մեր
Վեհափառ
Սուլթանի
կենաց
համար
աղօթել
պէտք
է,
որպէս
զի
փորձն
կարճի:
Վանուցս
շինութիւնն
հաւանականաբար
չորրորդ
դարուն
մէջ
տեղի
ունեցած
պէտք
է
լինի
եւ
թերեւս
ժամանակակից
Ս.
ԷՋՄԻԱԾՆԱՅ
“մի
քանի
տարիներու
տարբերութեամբ”
երբ
Արշակունեաց
քաջակորովն
Տրդատէս
զՍ.
Գրիգոր
ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
թող
տալով
հրաման
տուաւ
եւ
միանգամայն
աջակցութիւն
խոստացաւ
իւրեան
այս
կողմերը
վանօրայք
շինել
տալոյ:
Ս.
Բարթուղիմէոս
Առաքելոյ
վանքն,
որպէս
վերեւ
յիշեցի,
կոփածոյ
քարերէ
շինուած
է,
ներքին
կողմն
տարբեր
եւ
արտաքին
կողմն
տարբեր
քարերէ
բաղկացած,
կառուցեալ
է
շատ
հսկայաձեւ,
մի
հոյակապ
տաճարով.
շէնքն
կը
թուի
լինել
մեհենական
ճաշակաւ
եւ
է
արդարեւ
բարձրագոյն
ճարտարապետութեան
մը
գործ,
ամբողջ
գաւառիս
հիանալի
եւ
միանգամայն
անգին
հրաշակերտն
է
Ազգ.
Ս.
եւ
նուիրական
եւ
այժմ
ի
շնորհս
մեր
կառավարութեան
երկիւղ
մը
չունի
Պարսիկներէն,
որպէս
երբեմն:
ՎԱՆՈՒՑ
ՏԱՃԱՐՆ
Վանուցս
տաճարն
կը
բաղկանայ
3
գլխաւոր
մասերէ.
Ա.
միջին
մասն,
որ
է
ԱՒԱԳ
ՍԵՂԱՆ:
Բ.
աջակողմեան
ՀԱԶԱՐԱՊԵՏԻ
ՍԵՂԱՆ:
Գ.
ձախակողմեանն՝
մի
փոքրիկ
մատուռ,
ո՛ւր
է
Ս.
ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ
ԳԵՐԵԶՄԱՆ,
խնկելի
եւ
պաշտելի,
որոյ
հին
տապանաքարին
վերայ
առանց
թուականի
գրուած
է
հետեւեալն
“Այս
է
տապան
հանգստեան
Սրբոյ
Բարդուղիմէոսի
Սրբազան
Առաքելոյ
առաջին
Լուսաւորչին
Հայաստանեայց
աշխարհի”:
Սոյն
ամենապարզ
տապանաքարի
վերայ
կայ
մարմարիոնէ
մի
այլ
տապանաքար
նոր,
ոյր
յիշատակագիրն
է
հեեւեալն
“ԹՎԻՆ
ՌՄԼԷ,
այր
Լեւոնին
յիշատակ
է
տապանաքարս,
սա
է
գիւղացի
վարդանի
որդի
Մելիք
Սաֆարին
‘ի
յիշատակ
կողակցին՝
ծողկին”:
Այս
տապանաքարն
առաջնոյն
վերայ
ետքէն
տրուած
է,
որպէս
կը
տեսնուի
իւր
թուականէն:
ՎԱՆՈՒՑ
ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Ս.
Բարթուղիմէոսի
սոյն
վանուց
ահարկու
եկեղեցին
հաստատեալ
է
6
կլորակ
քարէ
սիւներու
վերայ,
իրարմէ
համեմատական
հեռաւորութեամբ՝
կանգնած
են
պարսպաց
առջեւ,
մէջ
տեղերը
չ’կայ
սիւն
կամ
մի
այլ
յենարան,
եկեղեցւոյ
ներքին
շրջապատը
կը
զարդարեն
յիշեալ
6
սիւներն,
որոց
վերի
գլուխներն
հրաշակերտ
արուեստիւ
կը
բարձրանան
եւ
կը
խառնւին
եկեղեցւոյ
հսկայական
ԿԱՄԱՐԻՆ,
որոյ
շինուածքի
ճարտարապետութեան
եւ
ամրութեան
վերայ
նայողն
արդարեւ
կը
հիանայ
ու
կ’ապշի,
մի
եւ
նոյն
տեսակ
կամար
մը
կը
կազմէ
նաեւ
տաճարի
ԱՌԱՍՏԱՂՆ:
Սոյն
երկու
ներքին
կամարաց
կեդրոնական
ուղղութեամբ
դէպ
‘ի
դուրս
շինուած
են
երկու
միջակ
մեծութեամբ
կաթուղիկէներ
առանց
զանգակատան:
Վանուց
շրջապատը
ընդարձակ
եւ
զարմանալի
ձեւով
կերտուած
կան
պահարաններ,
զոր
օրինակ
պարսպաց
մէջ
անկիւնական
տեղուանքն
եւ
այլ
կողմերը.
պարսպաց
լայնութիւնն
ընդհանրապէս
11/4
մեթրէն
պակաս
չէ
հաստատուն
եւ
զօրաւոր,
որոց
թէ
ներսի
եւ
թէ
դրսի
կողերուն
վերայ
կան
քանդակուած
բազմաթիւ
խաչեր,
ոմանք
դարաւոր
եւ
ոմանք
տարեւոր
թուականներ
կրող,
զորս,
ըստ
վաղեմի
սովորութեան,
բարեպաշտ
ուխտաւորք
փորել
տալով
օծել
տուած
են
‘ի
յաւէրժական
ՅԻՇԱՏԱԿ,
ո՛ւր
սիրտեր
կը
բանտարկուին,
հոգիներ
կը
կապուին
եւ
զգացումներ
շատ
ագամ
կը
յուզուին
նման
ովկիանի:
Վանուցս
Եկեղեցւոյ
դրան
արտաքին
ճակտի
վերի
կողմն
սքանչելի
արուեստիւ
ՀԱՅՐ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ
պատկերն,
համաձայն
Եզեկիէլ
մարգարէի
տեսլեան,
առիւծներով
եւ
հրեշտակներով
փորագրուած
է,
վարի
կողմն
Սուրբ
Բարթուղիմէոս
տէգն
‘ի
ձեռին
նժոյգ
հեծած՝
կ’սպանանէ
զվիշապն
(որոյ
վերայ
ետքէն
աւանդութեանց
մէջ
կը
խօսուի):
Դրան
2
վիթխարի
կողերուն
վերայ
փորագրեալ
են
վանուց
4
ճարտարապետաց
պատկերները
մեծութեամբ
իւրեանց
հասակներուն
եւ
իւրաքանչիւր
ճարտարապետն
իւր
գործածած
գործիքն
‘ի
ձեռին
բռնած
յարմարական
տրիւք
կը
կենայ,
որոց
մէջ
տեղը
կը
գտնուի
նաեւ
Յովհաննէս
Մկրտչի
ԳԼՈՒԽՆ
եւ
դրան
երկու
կողմերը
2
մարդ
բուռվար
‘ի
ձեռին:
Սոյն
արուեստական
նշանաւոր
գործն
երբ
ուշադրութեամբ
կը
դիտէին,
զարմանքս
տեղի
տուաւ
սրտիս
մեծ
ցաւին
տեսնելով
որ
այդ
գեղեցիկ
քանդակներն
շատ
անգամ
ընդունած
են
նաեւ
իրենց
վերայ
կրակապաշտից
հարուածներ,
զոր
օրինակ
ճարտարապետաց
ԳԼՈՒԽներն
կոտրտուած
եւ
պատկերի
վերայ
մի
քանի
պատուականապէս
արուեստեալ
բարակ
սիւներն
աւերեալ
էին
մոխրապաշտից
անկարեկեր
ձեռքէն
եւ
որք
թէպէտեւ
վանուցս
շքեղութեան
եւ
հաստատութեան
վնաս
մը
չեն
բերած,
այսու
ամենայնիւ
նոյն
դարու
արձանագործութեան
կամ
քանդակագործութեան
արհեստի
զարգացման
աստիճանն
մասամբ
մը
կրնայ
մնալ
‘ի
մթան,
որով
մեր
ներքին
մարդն
սրտակոտոր,
որ
պիտի
յառաջ
գնայ
հետեւեալ
գլխովն: