Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Գ. ՎԱՐԶԱՀԱՆ ԿԱՄ (ԻՒՉ-ՔԻԼԻՍԷ)
       Սոյն նախնական գիւղն կը բաղկանայ 50 տան չափ Հայերէ՝ պատկանող Բաբերդի Առաջնորդութեան. ունին Ս. Աստուածածին անուամբ խիստ անճաշակ եւ մութ եկեղեցի մը, 25 տարուան շէնք, 2 ալեւոր բարի քահանայք՝ իւրեանց կրօնական պիտոյքն մատակարարող, եւ մի ծաղկոց, ուր կ՚աշակերտին ձմեռը 50, իսկ ամառը 10-15 ուսանողք, որք յանձնուած են «ճարտար » դաստիարակի մը, որոյ տաղանդին վրայ գաղափար մը տալոյ համար բաւական է ըսել թէ երկու տարիէ ՚ի վեր աստ ուսուցչութեան պաշտօն վարելով հանդերձ՝ տակաւին յիշեալ եկեղեցւոյ անունը չ՚գիտէր, եւ երբ իրեն հարցուցի, փութաց ամենայն պաղարիւնութեամբ պատասխանել թէ «ժամ է Եկեղեցւոյ սուրբ անուն»։
       Գիւղս շինուած է մի տափարակ դաշտի վրայ. գիւղացիք ունին ընդարձակ հող եւ ջուր, սակայն աղքատ եւ ողորմելի են։
       Աստ կան երեք հատ կիսակործան տաճարներ կոփածոյ ճերմակ քարերէ կառուցեալ, հսկայաշէն եւ բարձրագոյն ճարտարապետութեան մը գործ. այդ հնութեանց անուանքն են Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ, Ս. ՍԱՐԳԻՍ եւ Ս. ԳԷՈՐԳ . երեքէն երկուքն ց՚վերին կամարներն կանգուն են, իսկ միւսն իւր ստորին կամարները միայն կարողացեր է պահել քանդիչ հնութեան ձեռքէն. երեքն ՚ի միասին առնելով մեծ եռանկիւն մը կրնայ կազմուիլ, որոյ գագաթներուն վրայ շինուած են։ Բազում հետաքրքրութեամբ հազիւ կարողացայ հետեւեալ թուականքն գտնել։ Աստուածածնայ պարսպի մի քարին վրայ «Թվին ՉԼԲ »։ Ս. ՍԱՐԳՍԻ սեան վրայ «Թվին ՉՂԵ »։ Ս. ԳԷՈՐԳԱՅ ներքին դրան սեմին վրայ «Ս. ԽԱՉՍ ԲԱՐԵԽՕՍ Ֆռանկին, Թվին ՉՁԹ»։
       Սոյն երեք աւերեալ եկեղեցիք ունին զարմանալի դիրք, տեսք եւ շինութեան ձեւ. սեանց վերի եւ վարի խարիսխներուն վրայ գեղեցիկ եւ ընտիր ճաշակաւ փորագրուած են զանազան ծաղիկներ, որոնց համար, ինչպէս նաեւ ամբողջ շինութեանց նկատմամբ աւանդութեամբ կը պատմուի թէ «Բասենցի Հայ արհեստաւորաց գործերն են»։
       Գիւղիս մէջ հողին տակը գրեթէ ամեն կողմն այլ եւ այլ ուղղութեամբ խողովակներ կան հաստատուած, զորս ժամանակ առ ժամանակ հանելով կը գործածեն նոր աղբիւրներու ճանապարհաց համար։ Գիւղիս չորս կողմը կը տեսնուին 8-10 եկեղեցեաց տեղեր, ամենքն ալ ո՛ գիտէ քանի՜ դարերէ ՚ի վեր կենդանի պահած են նոյն իսկ փոքրիկ մանկան բերնին մէջ իւրեանց որոշակի անուանքն։
       Տեղւոյս աւանդութեանց նկատմամբ շատ հետաքրքիր եղայ. այսչափ միայն կրցայ հասկնալ թէ «2-2500 տունէն աւելի բնակիչք եղած են յիշեալ տաճարաց շէն ատենը. ասկէ առաջ որ կը պատկանի 8-10 եկեղեցեաց շէն ժամանակամիջոցին, չունիմք տեղեկութիւն մը, զի հնութեան դարերու մէջ մոռցուած է անյիշատակ »։ Գիւղիս շրջակայ ոլորտն ընտիր քարանց հանքեր կան։ Վարզահան գիւղէն մեկնելով ուղեւորիմք դէպ ՚ի յԱրեւելահարաւ 3 ժամէն կը հասնիմք ՚ի Բաբերդ։