Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ի. ՍՈՒՐԲ ԿՈՆՈՆՈՍԻ ՎԱՆՔ
       Հզու գայմագամանիստ է։
       Մեկնիմք Հզու գիւղաքաղաքէն դէպ ի Վանըս Ս. Կանոնոսի ճանապարհնիս ուղղելով յԱրեւելահիւսիս, եւ այսպէս մի ժամ քարոտ զառիվայրեր եւ ծառոտ ձորավայրեր կտրելէն ետքը կը ժամանեմք յիշեալ վանքը։
       Ս. Կոնոնոսի վանքը կառուցեալ է երեք կողմէ զինք շրջապատող լերանց եւ բլրոց միջեւ, եւ է օդաւէտ ու ջրաւէտ. ունի բաւական ծառաստանք թթենեաց, թզենեաց եւ նռնենեաց, որք վանուց շրջապատի սահմանը կը զարդարեն ու կը գեղեցկացնեն նորա տեսարանն։ Մենաստանն գեղեցկաշէն եւ օրորոցաձեւ է, որոյ շինութեան թուականն ինձ մնաց անծանօթ, հակառակ հետամտութեանս։
       Վանուց դրսի ձախակողմեան մուտքին քով եկեղեցւոյ պատին կից կը տեսնուի Ս. Կոնոնոսի տապանն, մի անշուք վիճակի մէջ, առ որ ամեն կողմանէ Հայ գիւղացիք կըգան յուխտ, նոյնպէս եւ Քուրդք, որք զայն կանուանեն «Շէյխ-Էօմէր » եւ ունին վանուց մէջ իւրեանց յատուկ աղօթատեղին։ Աստ կայ մի այլ փոքրիկ տեղի, ո՛ւր ՚ի վանս ուխտի բերուած խելագարներ կը կապեն ցցոյ յատուկ շղթայով մը, եւ մի քանի օր կապեալ կենալէն զկնի «իր մուրատ » առած կը համարուի եւ կը թողուն զայն։
       Տաճարի Հարաւային անկիւնը կը տեսնուի մարդոյ նստուածքի չափ մէկ մեթր բարձրութեամբ հողակոյտ մը, որոյ մէջ, կ՚աւանդեն թէ «սատանայի պետն կը բնակի , որ մշտնջենապէս շղթայակապ բանտարկութեան դատապարտուած է Ս. Կոնոնոսի կողմէ։
       Սոյն վանք երբեմն ունեցեր է ճոխ վիճակ մի 100էն աւելի թեմական գիւղերով, իսկ այժմ անշքացեր է եւ խիստ ամփոփուեր են իւր պարագայք։ 20 գիւղ չունի թեմական. ամենքն գաղթած եւ ցիրուցան եղած են։
       Ս. Կանոնոսի մենաստանն կը գտնուի Սղերդի Առաջնորդութեան ներքեւ, ունի միշտ մի քահանայ կամ վարդապետ վանահայր եւ մի քանի կով եւ ոչխար, որք կը ծառայեն պահապան Քրդաց ու 3-4 մշակներուն ՚ի կերակուր։ Եթէ օրինաւոր վանահայրութեան մը ներքեւ մտնայ սոյն վանք, կրնայ ունենալ այնպիսի ցանկալի վիճակ մի, որով կարենայ Ազգի բարոյական բարգաւաճման ծառայել, տալով պարզ ուսուցիչներ սոյն կողմերու քրդացեալ Հայ գիւղօրէից։
       Վանուց մերձակայ աղի հանքերու լճակներ կան եւ հորեր, յորոց մեծ քանակութեամբ մաքուր եւ ձեան պէս ճերմակ աղ կ՚արտադրուին կառավարութեան տրամադրութեան ներքեւ։
       Ս. Կոնոնոսի վանքէն մեկնեցանք վերադառնալոյ ՚ի Սղերդ մի այլ ճանապարհով։ Սոյն ուղեւորութեան մէջ հանդիպեցանք Զոխ կոչուած Հայ գիւղը, որ երբեմն 200 տուն զուտ Հայ եղած է, իսկ այժմ 80 տուն միայն, որոց հետ կը բնակին նաեւ 150 տուն քուրդ, որոց Ֆաթիհ պէյ կոչուած պետն հրամայողն է ամբողջ գիւղին, որ կ՚անուանի նաեւ «Ֆաթիհ պէյի գիւղ » պետին անուամբ։ Տեղւոյս Հայք ունին մի եկեղեցի, այլ ոչ դպրոց. սոցա լեզուն բաւական շատ խորթ է հայկական խօսուածքին։ Գիւղիս ընդարձակ եւ խոտաւէտ դաշտօրայք ու եկանք Պարահ հայկական գիւղը, ո՛ւր կայ աննշան եկեղեցի մի առանց դպրոցի, եւ յետոյ բաւական ուղի կտրելով վերադարձանք կրկին ՚ի Սղերդ եւ անտի ՚ի Բաղէշ։ Որմէ յաջորդով կը մեկնիմք ՚ի Բզնունիս, ուր է այժմեան Խլաթ կամ Ախլաթ կոչուած գաւառակն։