Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԽԱ. ԿՂԶԻԷՆ Ի ԽԱՌՆՈՒՐԴ
       ԽԱՌՆՈՒՐԴ. - Գիւղս 1/4 ժամ հեռու է Կղզիէն եւ որոյ մէջ հազիւ 3 տուն բնիկ մնացած է, իբրեւ այրած սրտի մխիթարանք։ Տեղւոյս եռատուն Հայերն հին աւուրց յիշատակներէ զուրկ չեն բարեբաղդաբար, թէեւ նոքա լինին
       այժմ իւրեանց նշանակութիւնք բոլորովին կորսնցուցած։ Աստ կը բնակին 10 տուն եկովի (անբնիկ ), այլ հարուստ քուրդեր, որք տիրաբար կը վարեն իրենց կեանք։
       Շամիրամայ ջուրն, որոյ ական վերայ քիչ մ՚ետքը պիտի խօսիմ, իւր բաժանեալ ճիւղերովն 40 հատ ահագին ջրաղացներ կը բանեցնէ աստ, յորոց մեծագոյն մասին ուրոյն ուրոյն ջուր կը տայ՝ կազմելով հետաքրքիր եւ պատուական տեսարաններ։ Սոյն ջրաղացներն, զորս «չլաշ» (պարսկերէն 40 աչք ) կ՚անուանեն, սովորականներէն մեծ տարբերութիւն ունին իրենց աւելի քանակութեամբ ցորեան աղալովն, մի եւ նոյն ատենուան մէջ. շատ դիւրին է գիտնալ թէ սոյն տարբերութեան պատճառն է ջրոյ առատութիւնն, որով եւ երկանաքարանց մեծութիւնն, որ գրեթէ 11/2 մէթր տրամագիծ եւ 1/2 մէթր բարձրութիւն ունի, եւ կը դառնայ կայծակի արագութեամբ։ Այս աղօրեաց ջրերը յիշեալ գիւղի առջեւը գալով կը միանան կամ կը խառնուին իրարու, եւ կը կազմեն ամբողջութիւն մը. սոյն պատճառաւ տեղւոյս անունն «Խառնուրդ » կոչուած է, որ խառնուած տեղի ըսել է, տեղական նշանակութեամբ։
       ԽԱՉ - ԿԱՄՈՒՐՋ
       Խառնուրդ գիւղի հիւսիսակողմն 5 քարընկէց հեռու կամուրջ մի կայ «Խաչ-կամուրջ » ըսուած, որ իրապէս խաչաձեւ է, վասն զի Խօշապայ կամ Անգղայ գետն (որոյ վերայ խօսուած է ) Արեւելքէն կուգայ դէպ ՚ի յԱրեւմուտս եւ կը գնայ ՚ի Վանայ ծով, իսկ Շամիրամն կը գայ Հարաւէն եւ նորա վերայ փոս կամուրջի մէջէն անցնելով կ՚երթայ ՚ի Հիւսիս, զիրեար այսպէս խաչաձեւ կ՚ողջունեն սոյն երկու գետերն։ Աստ ուղեւոր մը չ՚կրնար կանգ չ՚առնուլ տեղւոյս բնութեան գեղեցիկ եւ զուարճալի տեսարանաւն պահ մը զուարճանալոյ համար։
       Խաչաձեւ կամուրջիս հանդիպելոյ Արեւմտակողմն 3 քարընկէց հեռու ահագին լեռնակարկառի մը հարաւային ճակատի վերայ կը տեսնուին մի քանի տող սեպաձեւ գրեանք, հնութենէն բոլորովին անընթեռնլի. սոյն անծանօթ յիշատակարանն կը թուի լինել Շամիրամ թագուհւոյն ժամանակակից կամ նորա գործ։
       Շամիրամ կոչուած գետն Անգղայ գետոյն վերայէն անցնելէն անմիջապէս յետոյ իւր հպարտ եւ հսկայ գլուխն կը ծռէ յԱրեւմուտս, եւ անոր հետ իրարմէ քիչ մը հեռու զուգընթաց կ՚ընթանայ մինչեւ Մաշկակտակ (որոյ վերայ խօսուած է ). ասկէ յետոյ իւր վերջի հրաժեշտն կը տայ ընկերին եւ զիւր ընթացս կ՚ուղղէ հետզհետէ դէպ ՚ի Հիւսիս ու կ՚երթայ յԱրտամետ (որոյ տեղագրութիւնն գործոյս Բ. մասին մէջ պիտի տեսնուի ), ո՛ւր բազմաթիւ այգիներ եւ արտորայք ոռոգելէն ետքը կ՚երթայ ՚ի Վան, որոյ մէկ մասին եւս ջուր կը տայ , եւ վերջապէս կը թափի Վանայ ծովը։
       Շամիրամն սկիզբէն ց՚վերջ 12 ժամ կը ճանապարհորդէ առատ բարիք մատակարարելով երկրին, որով եւ ժողովրդեան, որ յանհնարինս կը տառապի երբեմն նորա առուներն մաքրելոյ համար, որոց աշխատութիւնն կարգաւ է։
       Շամիրամայ գետոյն հետ զԽօշապայն բաղդատելով՝ պէտք է զվերջինն ժլատ կոչել, վասն զի գաւառիս ամբողջ երկայնութիւնն կը չափէ եւ հազիւ թէ 7-8 գիւղօրէից մասնաւոր արտօրայք կ՚ոռոգէ. ժողովուրդն ալ դժբաղդաբար բնութեան դէմն մրցելոյ ոգին չ՚ունի, որ կարենայ իրապէս գետոյ ընթացքին տիրելով՝ անոր իւր ուզած ուղղութիւնն տալ, որով շահաբեր առնել զայն, որ ըստ ինքեան անշահ չ՚է։ Անիրաւութիւն մ՚ըրած չ՚լինելոյ համար պէտք է ըսել որ սոյն գետն Շամիրամէն ուրիշ առաւելութիւն մ՚ունի, այն է թէ գարնան ատենները բազմաթիւ «տառեխ » ըսուած ձկունք կը խաղան իւր մէջ, որոց որսորդութիւնը տեղական կառավարութենէն կը ծախուի տարին մի անգամ գարնան ժամանակը։
       ՆԵՐՔԻՆ ՊԺՆԿԵՐՏ. - Խառնուրդ գիւղի Հարաւակողմն կը գտնուի եւ անկէ 3/4 ժամ հեռու է, ունի մի քանի տուն Քուրդեր եւ 9 տուն բնիկներէն մնացած խեղճուկ Հայեր, որք իւրեանց մեծ պապերու խաչաքարանց ստուերներու նման օր ըստ օրէ աներեւութանալոյ վրայ են։
       ՎԵՐԻՆ ՊԺՆԿԵՐՏ. - Ունի 16 տուն բնակիչք, յորոց 6 տուն Հայ եւ մնացածը Քուրդ է։ Հայք ունին մի անշուք , այլ բաւական ընդարձակ եկեղեցի, որ գիւղիս կեդրոնը կը բարձրանայ եւ դրօքն փակելովք կը կենայ, առանց քահանայի կամ փոխասաց տիրացուի մը, ուստի ժամասացութիւնք եւ սաղմոսք լռած են՝ հակառակ իւր հին ժամանակի ճոխութեան եւ բազմահայութեան։ Չ՚մոռնալ պէտք է աստ յիշել թէ բազմաթիւ բուեր եւ անախորժ թռչուններ շարունակ մուտ եւ ել կ՚առնուն իւր անձուկ պատուհաններէն, որոց եզերքն երթալով կը հալի։
       Սոյն գիւղի մէջ, հակառակ իմ եւ կարապետիս խոնջեալ վիճակին, չուզեցի փոքրիկ հանգիստ մի առնուլ. սորա պատճառն շատ երկայն է եւ ես կարճ տեղին կապելոյ խոհեմութենէն բռնուած՝ կը մեկնիմք տեղէս դէպ ՚ի Հարաւ 3/4 եւ ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ տեղին։
       ՇԱՄԻՐԱՄ ԳԵՏՈՅ ԱԿՆ
       Սոյն մեծահռչակ գետոյ ակն կը գտնուի «Սարպուլաք » կոչուած լայնայատակ լերան ստորոտը, որոյ 8-10 քովէքով եղող ճեղքուածներէն դուրս կը տայ ջուրն հանդարտօրէն եւ մեղմիկ ու զուլալ (վճիտ ) նման արտասուքի, որ նախ կը ծովանայ, յետոյ կը լճանայ եւ վերջապէս կը գետանայ, դարձեալ հանդարտիկ եւ մեղմիկ։ Գետոյս ակնէն կէս ժամ հեռու միեւնոյն լերան Հիւսիսային կողմերէն մի քանի տեղերէ պատուական ջուրեր կը բղխին եւ կը թափին անմիջապէս ՚ի Շամիրամն, որ կը ընթանայ իւրեանց առջեւէն։ Տեղւոյս բնական դիրքին եւ կազմութեան նայելով կրնայ կարծուիլ՝ որ Շամիրամն կը բղխի այդ Սարպուլաք լերան ներքին պորտէն, ո՛ւր ջուրն հորիզոնական դիրքով ընթացք չ՚ունենալու է, այլ վարէն ՚ի վեր դուրս տուող պէտք է լինի եւ լերան կեդրոնական յատակը դաշտանալով կը տարածուի եւ դուրս կը տայ այլ եւ այլ կողմերէ ցած ճամբաներ գտնելով։ Յիշեալ մասնաւոր ջրերն , որ անմիջապէս կը թափին ՚ի Շամիրամն եւ որոյ ակնէն 3/4 ժամու չափ հեռու կը գտնուին, պէտք է լինին Շամիրամայ մասն միեւնոյն կեդրոնէն բաժնուած եւ մեկնած, ու դուրս տուած տարբեր ուղղութեամբք։
       Շամիրամ գետն, որ իւր յորդութեան ամենամեծ կէտին կը հասնի տակաւին կէս ժամ ճանբայ չ՚առած, Հայոց Ձորոյ վերին եւ ներքին մասերու սահմանը կը կազմէ եւ արդէն ինքն է բաժանող այդ գաւառի ամբողջութիւնն երկու գլխաւոր մասերուն, զորս վերեւ յիշած եմք։
       Շամիրամն գաւառիս 23-25 գիւղօրէից մեծապէս օգտակար լինելով, որպէս ըսուեցաւ, Հարաւէն կը դիմէ ՚ի Հիւսիս եւ Խառնուրդ գիւղի նկատմամբ խօսածիս համաձայն ուղղութեամբ յառաջ կ՚երթայ եւ զիւր ընթացս կ՚աւարտէ ՚ի Վանայ ծովն։ Յիշեալ գետոյ ական քովերն բազմաթիւ Հայ բնակութիւնք եղած են յանցելումն, ապրողք սոյն պատուական ջրոյն առընթեր եւ շնչողք տեղւոյս կենսատու օդոյն։
       Ներկայիս մէջ բնակութեանց հետքն անգամ չ՚երեւիր, միայն թէ աստ եւ անդ կը տեսնուին հին յիշատակութեանց բեկորներն, որք դարերու ձեռամբ, թաղուած են տեղւոյ հողին տակը, զոր վարած ատենն երբեմն ակոսի մէջ եւ երկրագործող խոփին դէմն գալով ամբողջ գութան պահ մը կանգ առնելոյ կ՚ստիպեն□: