ԳԼ.
ԼԴ.
ՈՉԽՐԱՆԻՑ
ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ
Արեւմտեան
Հիւսիս
գրեթէ
1
ժամ
հեռու
ձորակի
մի
բերանը
կը
տեսնուին
«Տաղձրանց
»
կոչուած
աւերեալ
գիւղի
մը
հետքեր.
սոյն
գիւղին
վերաբերութեամբ
՚ի
ծերոց
կը
պատմուի
աւանդաբար
թէ
«բազմահայ
եւ
ճոխ
եղած
է,
որոյ
գիւղապետի
խաչօրհնքի
համար
եփուած
ճաշին
1
քիլէ
աղ
գործածուած
է
եւ
ըստ
այնմ
հաշիւ
ընելու
է
նաեւ
ուրիշ
բաներ
»։
Աստ
կայ
մի
այլ
աւանդութիւն,
որ
կենդանի
կը
պահուի
նոյն
իսկ
ամենափոքր
մանկան
բերնին
մէջ,
որ
շեշտելով
կ՚արտասանէ
թէ՛
՚ի
տան
եւ
թէ՛
՚ի
դաշտի
անկեղծօրէն.
իսկ
Ուղեւորիս
գալով՝
տժգոհ
եմ
ես
այդ
բերանացի
պատմութենէն,
զոր
չ՚կամիմ
եւ
չ՚կարեմ
իսկ
աստ
նշանակել
վիշտ
պատճառելոյ
ազնիւ
ընթերցողիս։
Այժմեան
Վարի
Ոչխրանց
գիւղին
մէջ
նահատակուած
են
Ատովմանք
Պարսկական
եւ
արեւապաշտական
մոլեկրօնութեան
առջեւ
եւ
կ՚աւանդուի
թէ,
«այն
ատեն
ոչխարի
նման
մորթուած
լինելուն
պատճառաւ
գիւղիս
անունն
մնաց
«Ոչխրանց
».
այս
առթիւ
Սուրբ
Ատովմայ
համար
կըսուի
թէ
«այն
բլրակի
գլխէն,
ո՛ւր
յանուն
իւր
մատուռ
շինուած
է,
թաշկինակի
մէջ
մի
մեծ
քար
դրած՝
պարսատիկի
նման,
դարձնելով
նետած
է
առ
Պարսիկ
թշնամիս
դէպ
՚ի
Հարաւ.
այս
աղագաւ
նոյն
քար
կը
կոչուի
«Ալնխի
քար»
(թաշկինակի
քար
),
որ
այժմ
կը
գտնուի
մատռան
Հարաւակողմն
4-5
քարընկէց
հեռու
արտի
մի
մէջ,
ո՛ւր
գնալով
տեսի
զայդ
քար՝
որ
կապտագոյն
է
եւ
կլոր,
սակայն
եթէ
ստոյգ
է
աւանդութիւնն,
պէտք
է
ըսել
թէ
մարդկային
կարողութեամբ
ձգուած
չէ
այդ
քար
յիշեալ
տեղէն։
Երբ
տեղս
եկայ
եւ
ուզեցի
մի
փորձառու
տարեւորէ
պարզ
տեղեկութիւնք
ստանալ .
գտայ
մի
մարդ՝
ճերմակ
սրտով
եւ
սեաւ
դիմօք,
այլ
չ՚կարաց
ինձ
ասել՝
զոր
ինչ
լսել
կը
ցանկայի
իրմէն.
նա
շատ
բաներ
ինձ
պատմեց,
եւ
շատագոյնն
իրեն
պահեց՝
կասկածելով
թէ
անծանօթիս
ըսելով
մի
գուցէ
ինքն
անուղղակի
պատճառ
լինի
գիւղիս
արքունական
տրոց
յաւելման,
յորմէ
զինքն
ապահով
ըրած՝
մեկնեցայ։
Վերստին
շարունակեմք
մեր
ուղեւորութիւն
այն
տեղէն,
ո՛ւր
2
օր
կանգ
առնելոյ
հարկադրուած
էինք
□
Յ՚Ոչխրանից
մեկնելով
կէս
ժամէն
կը
հասնիմք
հետեւեալ
գիւղը։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇԷՆ.
-
Ունի
50
տուն
բնակիչ,
յորոց
30
տուն
Հայ
եւ
մնացած
Քուրդ
են։
Հայք
ունին
մի
եկեղեցի
կառուցեալ
յանուն
Ս.
Ստեփաննոսի
եւ
մի
բարեպաշտ
քահանայ.
իսկ
կրթական
կողման
գալով՝
ո՛չ
դպրոց
ունին
եւ
ո՛չ
ունենալոյ
միտք,
վասնզի
իրենք
դժբաղդաբար
անսիրող
են
իմաստութեան
եւ
չունին
մտաց
հեռաւոր
հորիզոն,
որ
կարենան
այդ
ԳՈՀԱՐԻՆ
արժէք
ճանաչել.
ունին
շատ
նուազ
ջերմեռանդութիւն
առ
եկեղեցին։
Գիւղիս
քահանայն
թէպէտ
եւ
չէր
բանգէտ,
սակայն
մեծ
սէր
ունէր
առ
կրօն
եւ
առ
ուսումն,
որոյ
վերայ
յաճախ
կը
փափաքէր
խօսիլ
ընդ
իս,
որ
արդէն
իմ
ուզած
բանն
էր։
Բարեմիտ
քահանայն
ինձ
առանձին
գանգատներ
յայտնեց
ըսելով
թէ
«Իմ
Քրիստոսի
ժողովուրդ
Աստուծոյ
եկեղեցին
չ՚սիրեր
եւ
ես
ճարտասանութիւն
չ՚գիտեմ՝
որ
զիրենք
համոզեմ,
բանն
տիրոջ
է
մնացեր,
զի
քարոզիչ
վարդապետ
ալ
չունիմք
»։
Մի
գիշեր
որ
յայս
գիւղ
իջեւանելոյ
պարտաւորուած
էի,
բնաւ
չ՚զղջացի
կենալուս,
ըստ
որում
գտայ
այն
ներքին
եւ
արտաքին
գաղտնիքներն,
որք
զիրենք
կը
հեռացնէին
այդ
հոգւոյ
եւ
մտաց
լուսատու
տաճարներէն։
Նախ
եկեղեցին
450
տարուան
է,
եւ
իրենց
խօսքին
նայելով
«ծերացած
է
այլ
եւս
չը
լսեր
իրենց
աղօթից
ձայն
»,
ասոր
համար
չեն
սիրեր
զայն,
երկրորդ՝
միտքերնին
զբաղած
է
անակնկալ
ինչ
ինչ
դէպքերով,
յորս
ընկղմած
են
ու
ժամանակ
չունին
խորհիլ
իւրեանց
զաւակաց
ուսման
եւ
դաստիարակութեան
վերայ։
Տեղւոյս
ժողովուրդն
ունի
մի
այլ
նախնական
պատճառ
զեկեղեցին
չ՚սիրելոյ,
այն
է
թէ
իրենք
թերեւս
սերնդական
շառաւիղ
են
այն
հարց`
որք
երբեմն
չաստուածներ
կը
շինէին
գիւղիս
մէջ,
որոյ
համար
աւանդութիւնն
կը
պատմէ
թէ՝
«Հայկ
նահապետ
տակաւին
յայս
կողմերն
չեկած՝
գիւղս
կռապաշտից
արհեստարան
էր.
աստ
կը
շինէին
զանազան
չաստուածներ,
որոց
պատճառաւ
Աստուածաշէն
կոչուեցաւ
»,
որ
ինչպէս
յայտնի
է,
կը
նշանակէ
Աստուածներ
շինող։
Երբ
յիշեալ
Նահապետ
կուգայ
յայս
կողմն
քար
ու
քանդ
կընէ
կռոց
արհեստարաններն,
զարհեստաւորսն
յայնժամ
կը
դարձնէ
յԱստուածպաշտութիւն։
Աստ
տեղւոյն
բնակութեանց
փոքր
թուոյն
հակառակ՝
կը
տեսնուի
մի
բաւական
ընդարձակ
գերեզմանատուն,
ուր
կան
զանազան
ձեւեր
եւ
գոյներ
ունեցող
խաչաքարինք,
որք
վնասուելէ
պարիսպներով
ապահովեալ
են.
եւ
շատ
հին
քարեր
դըժբաղդաբար
թուական
չունին,
ինչպէս
նաեւ
յիշատակութեանց
գրեր
կամ
նշաններ։
Գիւղիս
յԱրեւմտահիւսիս,
փոքր
ինչ
հեռու
կը
նշմարուին
երկու
աւերեալ
գիւղերու
տեղուանք.
նոյնպէս
՚ի
Հիւսիսակողմն
1/2
ժամ
հեռու
2
բլրակաց
մէջ
կը
գտնուի
Կասրիկ
անուն
փոքրիկ
գիւղ
մի,
ո՛ւր
2
տուն
Հայ
եւ
3
տուն
Քուրդ
կը
բնակին։
Հայք
ունին
Աստուածածին
անուամբ
անշուք
եկեղեցի
մը,
ո՛ւր
երեկոյ
եւ
առաւօտ
կ՚երթան
աղօթել,
առանց
քահանայի
եւ
առանց
տիրացուի,
երբ
եկեղեցիէն
դուրս
կելլեն՝
կը
նային
մի
անգամ
իւրեանց
պապերու
60-70
տան
խաչաքարանց
վերայ
ու
մխիթարուելով
կ՚երթան
՚ի
դաշտ
երկրագործել
արեւուն
տակ,
եւ
յարաբերութեան
մէջ
մտնել
ձեռօք
բնութեան
հետ
եւ
մտօք
երկնից
հետ։