Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԱ. ՀԱՅՈՑ ՁՈՐՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱԿՈՂՄՆ
       Խորգոմէն կամ Հիւրգոմէն մեկնիմք դէպ ՚ի յԱրեւելակողմն ՚ի Քէօշկ։ Այսուհետեւ առանց կողմերու անուն տալոյ՝ ամենափոքր տարբերութեամբ, մեր ուղին կ՚երթայ ընդ միշտ յԱրեւելակողմն մինչեւ գաւառիս Հիւսիսային այս երկայն մասի Արեւելածայրն, եւ հետեւաբար ուղղութեան գծերնիս ամեն ատեն յիշելն աւելորդ է, ՚ի բաց առեալ այն բացառիկ տեղերըն, ո՛ւր զգալի է մեր ճանապարհի շեղումն յիշեալ ուղղութենէն։
       ՔԷՕՇԿ. - գիւղս նախորդէն կը գտնուի 20 վայրկենի չափ հեռու. ունի 22 տուն, մի եկեղեցի Ս. Գէորգ անուամբ 1 քահանայով, եւ մի ծաղկոց, ո՛ւր կ՚աշակերտին ձմեռը 25-30 ուսանող, իսկ ամառն 12-14։ Ժողովուրդն առ հասարակ ուսումնասէր եւ շատ կրօնասէր է, նիւթական վիճակնին բարւոք։
       Գիւղս ունի բաւական լաւ տեսարան, սակայն ո՛չ մաքուր օդ պէտք եղածին պէս, վասն զի Արեւմտեան կողմանէ որչափ որ մաքուր մի օդ կը փչէ, ասոր հակառակն եւս Արեւելակողմէն գիւղիս մերձ գտնուող եղեգնոցն կ՚ապականէ զմաքուր օդն։ Սոյն եղեգնոցն, որ բաւական ընդարձակ է, կը պատկանի գիւղին ամբողջութեան. տարին մէկ անգամ ձմեռ ատեն երբ ջրերն կը սառին եւ կարելի կը լինի մէջ մտնել, յայնժամ կը քաղեն եւ խուրձ խուրձ կապելով մէջերնին կը բաժնեն` համաձայն իւրեանց աստիճանին եւ արքունական տրոց։ Սոյն եղեգի հաստութիւնն բթամատի չափ է, իսկ բարձրութիւնն երկու մարդոյ հասակէն աւելի։ Գիւղացիք զայնս կը ծախեն՝ որ կը գործածուին տանեաց առաստաղներն ծածկելոյ համար. ոմանք եւս եղէգները կը դնեն ՚ի ջուր եւ կակղելէն յետոյ մասերու կը բաժնեն, ու կը գործեն փսիաթ (հասըր ), որ դարձեալ մի եւ նոյն նպատակի կը ծառայէ։
       Աստ պէտք է դիտել՝ որ տգիտութիւնն իւր դեր կը խաղայ դարձեալ։ Ես անձամբ ականատես եղած եմ երբեմն այլ ուղեւորութեանցս մէջ Գերմանացւոց բնակութեանց տանիքներուն, զորս բարակ փայտերով նախ կը տախտկեն երկանիստ անկեան ձեւով, որոյ մակարդակի երկու անկեան բացութիւնքն տան առջեւի եւ ետեւի ճակատներ կը կազմեն. յետոյ նման սոյն ձեւոյ, 4 մատի թանձրութեամբ, եղեգով կը ծածկեն, եղեգներու բարակ ծայրն վեր պահելով, որոց վերայ հեղեղի նման անձրեւներ ցօղեն, կաթիլ մի ներս չեն վազեր, եւ այդ եղեգնածածքն կը դիմանայ 15-20 տարի ու շատ տնտեսօրէն է։ Մինչդեռ աստ բնութիւնն պարգեւած է անոնց ունեցած տարերքներէն լաւագոյնն. սակայն, ցաւ է տեսնել, որ ժողովուրդ չ՚գիտեր թէ ի՛նչ բանի գործածէ զայն աւելի օգտակար է. իրենք փոխան եղեգի՝ կէս մեթրէն աւելի թանձր կաւով կը ծեփեն տանիքնին՝ տակէն դնելով ահագին գերաններ, որ կարող լինին այդչափ ծանրութեան դիմանալ, անոնց վերայ քովէ քով թեւի մը հաստութեամբ, փայտեր, որոց վերայ եւս այդ եղեգներ, այսու ամենայնիւ ձմեռը դարձեալ ջրերն շատ անգամ վար կը վազեն եւ տան ամեն կողմն դըժբաղդութիւն կը տիրէ։
       Յիշեալ եղեգնոցի մէջ ամառ եղանակին երբեմն թռչուններ կ՚որսացուին, ըստ որում եղեգնոցի լճակին վերայ տեղ տեղ ահագին մեծութեամբ միակտուր մարգեր նաւու պէս կը ծփան, որոց վերայ բուսած են եղեգներն եւ երբ պատահի որ եզերքը գան գիւղիս, ճարտար երիտասարդք վրանին ցատկելով պտոյտ կ՚ընեն, իբրեւ ՚ի նաւակի եւ կ՚որսան այսպիսով զթռչունս։
       ԻՇԽԱՆԻԳՈՄ. - Սոյն գիւղ նախորդէն 1/4 ժամ հեռու է, ունի 40 տուն, մի եկեղեցի 25 տարուան կառուցեալ եւ մի քահանայ, առանց դպրոցի։ Գիւղս ունի մի այլ եկեղեցի կիսակործան, որոյ նախկին ծխերն ՚ի Ռուսաստան գաղթած են. տեղէս 25 հոգի պանդուխտ կայ ՚ի Կ. Պօլիս։ Գիւղիս Հարաւակողմն փոքր ինչ հեռու կայ «քավայ » Աստուածածին (քաւիչ Աստուածածին ) անուամբ մի հին վանուց տեղի, որոյ հիմունք տակաւին կը նշմարուին։ Սորա բոլորտիք են իւր խաչաքարինք սփռուած։
       Գիւղիս Արեւմտակողմն մի քանի քարընկէց հեռու կայ «ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԴԱՐ » անուանեալ մի բլուր, որոյ համար կ՚աւանդուի թէ «Առաքելաշէն վանք մի եղած է ժամանակին ». եւ յիւր շրջապատ մասնաւոր խաչաքարինք կան։ Դարձեալ գիւղիս քովերը Ս. Սարգիս եւ Ս. Յարութիւն անուամբ աւերակաց տեղիք կը նշմարուին լի տխրութեամբ։ Տեղւոյս բնակիչք նախնապէս բազմաթիւ եղած են ունենալով մեծամեծ այգիներ, որովք ժամանակին զբաղած են։
       Գիւղիս անուան նկատմամբ կը պատմուի թէ «՚ի Քէօշկ նստող բնիկ Իշխանաց ոչխարներուն գոմն եղած լինելուն համար նոյն անուամբ կոչուած է»։
       Իշխանագոմի տապանաքարաց մէջ անընթեռնելի թուականաւ հետեւեալ յիշատակութեան արժանի ողբ կը տեսնուի։
      
       «Է ՈՂԲ»
      
       «Աստ սպանաւ մեծն ՚ի նախարարս, որոյ անունըն Ատում »։ Հաւանական է` որ Եղիշէ պատմաբանի յիշած Գնդունեաց տոհմի Ատումն եղած լինի։ Տեղւոյս մի քանի գերեզմանատանց նայելով` շատ դիւրին է երեւակայել իւր նախկին բարգաւաճ վիճակն։ Յիշեալ երեք գիւղերն ընդարձակ մարգագետիններ ունին, սովորական կենդանեաց հետ ձիեր ալ կը պահեն. նիւթական կողմերնին բաւական մխիթարական կրնայ համարուիլ, եւ անկախ ինչ ինչ արկածներէ, որք երբեմն յայլ տեղիս կը պատահին։
       ՄԱՇԿԱԿՏԱԿ. - Սոյն գիւղ նախորդէն 1/2 ժամ հեռու, ունի 50 տուն բնակիչ, մի եկեղեցի Աստուածածին անուամբ 13 տարուան նորոգուած, որոյ տաճար շատ հին կ՚երեւի, ափսո՜ս, որ անթուական է կամ եղած եւ դարերու ձեռամբ եղծուած, դպրոց չունին։ Աստ կան 10 տուն Քուրդեր։ Գիւղիս մէջ Ս. Դանիէլ անուամբ մի ՏԱՂԱՒԱՐԻԿ կայ, որոյ մէջ շաբաթ իրիկունները ճրագ կը վառեն եւ խունկ կը ծխեն «՚ի յիշատակ անցելոց »։ Արեւմտակողմն քիչ մի հեռու ցոյց կը տրուի Ս. Յարութիւն անուամբ եկեղեցւոյ մի հիմունք, որոց շրջապատը լի է տապանաքարերով։ Սոյն հնութեանց համար կը պատմուի թէ «անոնց շէն եղած ատեն գիւղս 300 տուն բնակիչ ունեցած է », որոյ անուան ծագումն չ՚կրցայ տեղէ մի նշմարել թէեւ անհետամուտ չ՚եղայ։
       Գիւղիս տեսարան բաւական լաւ է եւ ունի մի քանի ծառ մրգեղինաց եւ մէկ խաղողի այգի, թերեւս բաժակի համար տնկուած։
       ԱՆԳՂ. - Նախորդէն գրեթէ 1 ժամ հեռու, ունի 70 տուն բնակիչ, մի եկեղեցի Ս. Գէորգ անուն 30 տարուան շինուած, իսկ տաճարն հին է, թուականն անծանօթ՝ բերանացի «առաքելաշէն » դպրոց չունին եւ ունենալու պէտքն շատ զգալի է։ Գիւղիս տեսարանն լաւ է եւ ունի ծառաստան։ Պանդխտողաց թիւն 45ի կը հաշուի։ Անգղայ մէջ երկու բլրակներ կան , մին Ս. Սարգիս եւ միւսն Ս. Ծիրանաւոր, որոց եկեղեցեաց տեղուանքն են տակաւին նշմարելի։ Գիւղիս մէջ սովորական բերքէն զատ յառաջ կը բերեն մեծ քանակութեամբ շողգամ, յորոց մին մէկ օխայի կշիռ կ՚ունենայ երբեմն, որ նշանաւոր է իւր քաղցրութեամբ, որով շատ անգամ խնձորի նման կուտեն մեծ ախորժակաւ։