Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԱ. ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԽՆՈՒՍԻ ԳԻՒՂՕՐԷԻՑ
       ՔԱՂՔԻԿ. - Բնակիչք 43 տուն, ունին եկեղեցի, քահանայ եւ դպրոց, որոյ մէջ անձնանուէր դասատու մը կը կրթէ 30-էն աւելի ուսանողներ եւ կը դաստիարակէ:
       Սոյն գիւղն Խնուս գաւառի Հարաւային մասի կարեւոր գիւղերէն մին է. շինուած բնականէն ահռելի լեռնակուտակաց միջավայրը, որոյ չորս կողմն բնութեան տեսարանն մարդուս աւելի զարհուրանք կը պատճառէ քան թէ հրճուանք. ունի ընտիր օդ եւ պատուական ջուր. իրեն առջեւէն մի գետ կ’անցնի, զոր կ’անուանեն “Ս. Դանիէլ”, որ գարնան եղանակին շատ յորդառատ կը լինի եւ երբեմն իսկ դժբաղդ զոհեր տեղի կ’ունենան իւր մէջ: Գիւղիս մերձ լեռ մը կայ, զոր տեղական գիւղացիք, “Ղամեքայ բերդ” կ’անուանեն:
       Քաղքիկ, որպէս կ’աւանդեն, եղած լինել կը թուի “ընդարձակ քաղաք մը պարսպապատ”, որոյ հետքերն տակաւին նշմարելի են թէպէտ եւ ընդ աղօտս: Հիւսիսակողմն մի քանի քարընկէց հեռու աւերակ մի կը տեսնուի “Խաչ-քարեր” կոչուած: Քաղքիկին մօտ է ախըր զէման անուանեալ ընդարձակ եւ հռչակաւոր մարգագետին…: Գարնան ատեն սոյն մարգագետին Երկնից դրախտ Երկրին վրայ կը պատկերացնէ իւր բազմատեսակ ծաղիկներով: Տեղւոյս Հարաւակողմն բարձրանալով դէպ ‘ի Ղամեքայ բերդն՝ ձորակ մի կայ որ կ’անուանի “ի մի լարի”, զոր կ’ստուգաբանեն իբրեւ թէ “Ղամեք զԿայէն սպաննելու նպատակաւ երբ աղեղն կը լարէ, յանկարծ աներեւոյթ ձայն մի կը լսուի թէ “թէ մի՛ լարեր”, որ դարերու հոլովմանց մէջ աղաւաղուելով եղած է “ի մի լարի”. կը կարծուի թէ աստ Ղամեք սպաննած լինի զԿայէն, որոյ գերեզմանն իւր անուամբ կը յիշեն անորոշ բլրակ մը ցոյց տալով:
       ***
       Քաղքիկին դրացի կը տեսնուին երկու այլ աւերակներ՝ մին “դանելոյ” (թերեւս Դանիէլի) եւ միւսն “քաղքիկ” ըսուած. երկուքն եւս զուրկ չեն իրենց անցեալ փառաց տխուր պատկեր ցոյց տուող նշաններէ, եւ խաչակիր քարերէ: Գիւղիս մէջ տեղը առուակ մի կայ՝ որ կը կոչուի “խառն ի փողան”:
       Տեղւոյս պարագայքն երբ սիրտող աչօք դիտեմք շատ դիւրաւ կարող եմք գուշակել թէ նախապէս քաղաք եղած է, եւ ապա պզտիկնալով քաղքիկ անունն առած:
       ***
       Ասկէ տակաւին չ’մեկնած երբ ուզեցի եկեղեցին ալ տեսնել (որմէ հեռու շինուած էր դպրոցն), գիւղին հիւրընկալ Հայն կոչեց բարձրաձայն զժամկոչն, որ փայտէ փանալին պիտի բերէր եւ բանայր ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆՆ՝ որ շինուած էր անտաշ քարերէ, որք այս կողմերը առատ են: Եկաւ մեր կուզլան (քամպուռ) ժամակոչն, որ կը քայլէր Երկնքի եւ Երկրի մէջտեղէն եւ տուաւ ինձ հետեւեալ պատասխանն “ծառէդ եմ, մեր ժամ տեսնելու բան չէ, զի ոչ զարդ կայ եւ ոչ պատկեր, շարական մ’ունիմք ինորն էլ ճոթերն (անոր ալ եզերքներ) անտէրի մկներն կռծած են, խսիր (փսիաթ) էլ Աստուած տայ”. սոյն գանգատանաց խօսքերն ըրած պահուն բանային ձեռքը դէպ ‘ի յեկեղեցին կերթայր զայն բանալոյ Ուղեւորիս համար, որ արդարեւ սրտայոյզ պատասխանեցի իւրեան տխուր բացատրութեան թէ “ժա՛մկոչ, թէ որ ձեր ժամտուն զարդարուած էլնէր, շարականն մկներէն չ’վնասուելով նոր մնայր եւ ունենայիք խսիր կամ գորգ փռուած, ես չ’պիտի փափաքէի ներս մտնել, վասն զի ‘ի Պօլիս զարդարուն եկեղեցիներ շատ տեսած եմ, յորոց պարզագոյնին մէջ միայն կը բնակի ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՆ եւ ահա այս մտօք դուք կրնայք մխիթարուիլ ձեր այդ ՀԻՆ եկեղեցիովն:
       Եկեղեցին չունէր նշանակելի մի բան եւ ես իմ վերջին բարեւն մեր կուզլան ժամկոչին տուած՝ մեկնեցայ:
       ՔՈՓԱԼ. - 35-37 տուն, ունին եկեղեցի եւ քահանայ, այլ ոչ դպրոց: Աստ կը բնակին նոյնպէս 15 տուն Քուրդ…:
       ԱՂՃԱՄԵԼԻՔ. - Ունի 36 տուն Հայ բնակիչք, ընդ որս նաեւ մի քանի տուն Քուրդք. Հայք ունին եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոց “Աստուած տայ”:
       Գիւղիս հնութեանց եւ աւանդութեանց մասին զանց կառնում գրել, մինչ Գեր. Հայր Գ. Սրուանձտեանց յիշատակութիւն մ’ըրած է իւր Գրոց եւ Բրոցին մէջ:
       ՊՈՒՐՆԱԶ. - Ունի 30 տուն, եկեղեցի մը Թուխմանուկ անուամբ, որ “շատ դիւահարներ կը բժշկէ” կըսեն: Գիւղս շատ ջրարբի է եւ խոտաւէտ ընդարձակ մարգերովն, ունի Ս. Սարգիս անուն տաղաւարիկ մը, որոյ քովերը կը տեսնուին մի քանի տապանաքարինք, որոնց կը դիմեն ջերմեռանդօրէն քամի (եէլ) ունեցող հիւանդներ:
       ՄԱՐՈՒՖ. - Յար եւ նման նախորդին՝ եկեղեցիովն, քահանայովն եւ դպրոցի չ’կայութեամբն: Աստ տարազգիք չ’կան եւ կարելի է ասել իրենք աւելի նուազ ջերմեռանդ եւ ուսումնասէր են քան թէ Պուրկազցիք:
       ԵԱՀԵԱ. - Բնակիչք 28 տուն, ունին փոքրիկ աղօթարան մը եւ քահանայ մը. իսկ դպրոց, ազնիւ վերծանող, մի՛ հարցներ, զի պատասխանն բացառական լինելով՝ անբնական չէ՝ որ զքեզ վշտացնէ: Գիւղիս Արեւելեան Հիւսիսակողմն մեծ բլրոյ վերայ ահագին վէմ մի կայ, որոյ բարձրութիւնն 5-6 մեթր կը լինի, սորա համար ‘ի ծերոց կաւանդեն թէ “երկու եղբայր եղած են, յորոց մին առատ խոտ կունենայ իւր կենդանեաց տալու եւ միւսը չունենար, որ մի օր իւր եղբօրմէն խոտ կուզէ, իսկ ունեցող եղբայրն տալ չուզէր եւ կանգթանայ, որով քար կը դառնայ” զոր ց’արդ “քարացեալ եղբայր” կանուանեն:
       ԽԸՐԹ. - 45 տուն բնակիչ ունի՝ կիսով չափ Քուրդ. Հայք եկեղեցի ունին, քահանայ շատ անգամ չունին, իսկ դպրոց բնաւ:
       ԵԷՆԻ-ՔԷՕՅ. - 23-25 տուն կայ, եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոց “Աստուած տայ”:
       ԽՐԻՄՆԽԱՅԷ. - Բնակիչ 26 տուն, որ դժբաղտաբար… կրօնական որ եւ է մխիթարութիւն չունին, միայն թէ երբեմն այցելու քահանայ մի կը պատահի, որ կը մատակարարէ իւրեանց հոգեկան պիտոյքն. սոցա համոզումն այս է թէ “Աստուած եթէ ուզէ, մեզ եկեղեցի ալ, քահանայ ալ եւ դպրոց ալ կուտայ”: Սոյն գիւղն խորին արգահատանաց արժանի է:
       ՇԱՊԱՏԻՆ. - Ունի 23 տուն բնակիչ, եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոց ոչ. գիտես թէ իրենց համար Արեւու կամ աչաց լոյսն բաւական է, այլ եւս ի՞նչ պէտք է մտաց ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ:
       ԼԱՔՊՈՒՏԱՂ. - Բնակութեանց թիւն 20, եկեղեցի ունին առանց դպրոցի եւ իրենք նախանձելի վիճակ մը չունին դժբաղդաբար:
       ՍԱՌԼԻ - Բնակութիւն 20, ունին միայն եկեղեցի:
       Գըզ-մուսա. - Գիւղս ունի 20 տուն բնակիչ, յորմէ 15 Հայկական եւ 5 Քրդական են. Հայք կրօնական եւ Ազգ. բան մը չունին, հանգամանքներով գրեթէ օտարացած են, թէպէտեւ կը խօսին Հայ լեզուաւ. կորուսած են Ազգ. յատկանիշնին եւ ստացած օտար յատկութիւնք, որով անբնական չէ իւրեանց համար թէ հեռանան եւ պաղին…:
       Սէօկիւթլու. - Ունի 12 տուն բնակիչ՝ մեծագոյն մասամբ Քուրդ. տեղւոյս Հայք նախորդէն մեծ տաբերութիւն մը չունին:
       ՍԱՅԼՒՈՐԻ. - Սոյն գիւղն շինուած է գաւառիս յԱրեւելահիւսիս՝ փոքրիկ հովտի մը մէջ քիչ հեռու Քարաչօպանէն. ունի 10 տուն: Աստ 5 տուն եկաւոր Քուրդ կը բնակի, որոնցմէ Հայք մեծ դժգոհութիւն մը չունին: Տեղւոյս մերայնոցն եկեղեցի, քահանայ եւ դպրոց Աստուած տայ”, այսուամենայնիւ գովելի է իրենց միաբանական ոգին, որով կը սիրեն… եւ զՍուրբ կրօն (Քարաչօպան գիւղի դէպքին մէջ յաղթանակ տանող մեր անվեհեր պղտօնն այս գիւղէն է):
       Գիւղս ունի մի սրբիկ՝ որ ուխտատեղի է ջերմ ունեցողաց համար:
       Սայլւորի բնակիչքն ուրիշ գիւղերու հետ բաղդատելով` շատ աւելի կանեփ կը ցանեն:
       Պաշ- քէօյ. - Գիւղս ունի Երրորդութեան թուով բնակութիւնք, որք մնացորդ են նախնի բազմահայութեան եւ այժմեանքն գոհ կը լինին ապրելով միայն իրենց պապերու ապրած տեղը, հոգ չէ թէ ներկայիս մէջ եկեղեցի եւ դպրոց անուն չունի ‘ի Պաշքէօյ:
       ***
       Խնուս գաւառի 27 գիւղերու վիճակագրութիւն ամփոփելով` կարող եմք գտնել 1360 տուն զուտ Հայ, 15600 բնակչօք եւ արդէն վերջի վիճակագրութիւնն եւս այսպէս ցոյց կըտայ: Գաւառիս համայն գիւղօրայք ենթարկեալ են Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանուց իրաւասութեան, որմէ շատ դժգոհ են այժմ եւ բնաւ յօժարամիտ չեն երեւիր վանական տուրքերնին (պաղի) վճարել. իսկ քաղաքականապէս Կարնոյ առաջնորդութեան կը պատկանին, 4-5 տարիէ ի վեր: Ընդհանրապէս խօսելով` գիւղերն 1/4-2 ժամ հազիւ հեռաւորութիւն ունին իրարմէ յաջորդաբար: