Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԸ.
       Քարաչօպան. - Ունի 150 տուն՝ բաժնուած 3 թաղերու, պատուական տեսարանաւ, կենսատու օդով եւ առատ ջրով: Նիւթական վիճակնին շատ լաւ է. ունին յանուն Ս. Յակոբայ կառուցեալ եկեղեցի մը՝ շինուած քարուկիր, 6 սիւներու վերայ եւ 3 խորանաւ: Սոյն եկեղեցին գաւառիս մէջ նմանը չունի, որոյ տանիքին վերայ երկու գերաններու մէջ տեղը կախած են Տփղիսէն բերուած երկու հատ բաւական մեծ զանգակներ, որք երեկոյ առաւօտ զգիւղացիս կը կոչեն յաղօթս, մանաւանդ տօնախմբութեան օրերը. կայ երկու քահանայ՝ մտային ողորմելի կարողութեանց տէր եւ մէկ նախակրթարան, շէնքով եւ պարագայիւք շատ կանոնաւոր: Ուսանողաց միջին թիւն ամառն ու ձմեռը 50, որք են խիստ աշխոյժ եւ կորովի. միայն թէ ցաւալի կէտն հոս է, որ այդչափ ուսանողք մի դասատուի յանձնուած են, որ միանգամայն կառավարչութիւն ընելոյ եւս դատապարտեալ է:
       Քարաշօպանի Հայոց մէջ կը գտնուին այնպիսի անհատներ, որք ձայն ունին Խնուսայ դատարանին մէջ եւ մեծ ազդեցութիւն գաւառին վերայ: Տեղւոյս գիւղացիքն սովորութիւն չունին իրենց ննջեցելոց տապանաքարինքն օծել տալոյ, այլ քարին կիսակլոր ձեւ մը կը տան եւ կը նմանցնեն ըղտու եւ աւելի յաճախ ձիու՝ հանդերձ թամբովն, որ նշան է մեռնողի ձիավարժութեան եւ քաջասրտութեան:
       ***
       Գիւղիս մէջ մի գիշեր ‘ի ժամ 4-ին տեղի ունեցած փոքրիկ դէպքն արժան կը համարիմ աստ նշանակել եւ ուշիմ ընթերցողին ցոյց տալ երկրի մի հետաքրքրաշարժ սովորութիւնն:
       Մինչ ամեն ոք ‘ի քուն մտնելոյ վերայ էր, եւ կալպաններէն (խարմանճը) ոմանք դէմքերնին դարձուցած ընդդէմ նորածին լուսնոյ կերգէին մի երգ, յանկարծ գիւղիս Հիւսիսակողմն Սայլւոր անուն Հայ գիւղի ոչխարաց վերայ գողեր յարձակած էին, մինչ այս եւ մինչեւ այն տեսնուեցաւ որ մի կարճահասակ ծերունի անուանեալն Պղտօ (Պաղտասար), կուրծք լայն, բաց եւ մազոտ, գլուխն գունտ, ճակատն դուրս ընկած, իւր մէկ թեւին տակը խուրձ մը զէնք եւ միւս ձեռքը բռնած մի ճերմակ զամբիկ ‘ի գիւղս մտաւ հաւարով (աղմկաւ), զամբիկն աչքի մէջ ընդունած գնտակի հարուածէն, նման զգայուն մարդոյ, արտասուք կը թափէր եւ գիտես թէ բանականի զգացմունք եկած էին այդ անլեզու կենդանւոյն վերայ, ոյր ետեւի ոտքէն եւս սուրէ հարուածուելով` արիւն կը հոսէր յերկիր աղբիւրի նման: Մեր Պղտօյի ետեւէն հասաւ մի երիտասարդ՝ իւր հետ ունենալով երկու բարձրահասակ գողեր, որք ‘ի շնորհս կառավարութեան տեղս գտնուող երկու պաշտօնէից տարուեցան գիշերանց ‘ի բերդաքաղաքն, ո՛ւր շղթայի զարնուեցան. դատաւորի հարցման վերայ՝ բռնողներն պարզապէս կառավարութեան պատմած էին թէ “սոքա յարձակեցան մեր հօտին վերայ եւ մենք մեր կենաց վերջի վտանգովն զիրենք բռնեցինք ու 4-էն երկուքն յաջողեցան փախչիլ. տեղւոյ գայմագամն զիւր պարտք կը կատարէ եւ դէպքն այսպէս կը վերջանայ: Մի ամիսէն ետքը գաւառիս մէջ կրկին ինձ պատահեցաւ Սայլւոր գիւղի մեր քաջասիրտ Պղտօն, որ իւր յիշեալ զամբիկ հեծած՝ կերթար ‘ի Խնուս: Բայց այս անգամինձին միականի դարձած էր ամիս մը յառաջ ընդունած հարուածէն: Բնական էր որ Պղտօյին հարցանէի թէ ո՞ւր կերթաս, մանաւանդ որ իւրեան հետ արդէն կանխաւ ծանօթացած էի եւ թէ մի եւ նոյն կողմն կը ճանապարհորդէինք ‘ի միասին. ահա իւր պատասխանն՝ զոր տուաւ մի շատ վեհանձն զգացմամբ. “Կերթամ աֆ անելու մեր ոչխարաց վերայ յարձակող եւ զիմ աննման ձին վիրաւորող գողերուն եւ զիրենք բանտէն դուրս հանելու…”:
       ՔՈ-ՎԱՆ-ՏՈՒՔ. - Սոյն գիւղն Քարաչօպանի յԱրեւմտակողմն է եւ անկէ կէս ժամու չափ հեռաւոր. իւր բնական վիճակաւն զնախորդն կը գերազանցէ. նիւթականն գրեթէ անոր հաւասար: Ունի 90 տուն բնակիչ, Ս. ԳԷՈՐԳ անուամբ հնաշէն եկեղեցի մը, երկու քահանայ եւ մէկ նախակրթարան, Միացեալ Ընկերութեան պատկանող: Նախակրթարանիս ծախքն տեղացիք կը հոգան, տեղացիք շինած են կանոնաւոր վարժարան մը եւ պէտք եղած գրասեղաններն. իսկ դպրոցական պիտոյքն կը հոգայ Ընկերութիւնն, որոյ ընդհանուր տեսչի ուղղութեան ենթարկեալ է նախակրթարանն, ուր 55-60 ուսանողներ կ’աշակերտին, եւ ամառ ատեն չեն պակսիր, որ ուրախառիթ պարագայ մի է, զոր չ’տեսի դժբաղդաբար այլ գիւղերու մէջ: Գիւղիս նախակրթարանն 4 տարիէ ‘ի վեր ունէր տեղացի երկու ուսուցիչք՝ Խորեն Մկրտիչեան եւ Մկրտիչ Մուրատեան, որք էին ազնիւ եւ առաքինի, բառին բացարձակ նշանակութեամբ, լի ազգային զգացումներով, հոգիք անձնանուէրք եւ հաւատարիմք իւրեանց սուրբ կոչման, զոր կը սիրէին ջերմապէս, սոքա յաջողած էին ամառ եղանակին աշակերտաց թիւն աննուազ պահել ձմեռուան թիւէն, ասոնց շնորհիւ սուղ ժամանակի մէջ տեղւոյս նոր սերունդն մեծամեծ յոյսերով բեռնաւորիլ սկսան. սակայն քանի՜ տխուր է ինձ յիշել աստ թէ անցեալ տարի այդ երկու երիտասարդներն մէկ շաբթուան մէջ փոխուեցան առ Աստուած, զոր շատ կը սիրէին եւ աշակերտաց եւս սիրել կը տային: Սոյն տողերն աստ յիշեցի Ի ՅԱՒԷՐԺ ՅԻՇԱՏԱԿ այդ երու դաստիարակաց, որք իրարու հետ այնպէս էին որպէս երկու հարազատ եղբարք, եւ արդէն Ս. Կարապետի վանուց մէջ, (Խրիմեանի վանահայրութեան օրովն) մի եւ նոյն գրասեղանին վերայ դաստիարակուած էին. Նախախնամութիւնն ալ գիտես թէ չուզեց՝ որ սոքա իրարմէ բաժանեալ մնան, ուստի ‘ի միասին, կոչեց առ ինքն զանոնք, որոց յիշատակն ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ եղիցի յաւիտեան:
       ***
       Քո-վան-տուքէն տակաւին չ’մեկնած՝ կարժէ որ գրեմք իւր մերձակայ տեղիքն, որք թէ օգտակար եւ թէ քիչ հետաքրքրական չեն:
       Գիւղիս Հարաւակողմն՝ իւր սահմանին մէջ կէս ժամու հեռաւորութեամբ փոքր ձորակի մը միջավայրը կայ ջրաղացքի եւ ձիթահանի համար ընտիր քարի հանք մը, որոյ շրջապատը կան պատուական ջրոց աղբերակներ, զորս կ’անուանին “սպիտակ եւ խորունկ” աղբիւրներ, տեղւոյս վերնակողմն գտնուող բլրակի վերայ ծառ մի կայ հինաւուրց, զոր կ’անուանեն “Ս. ծառ”, որոյ բոլորտիքը կը տեսնուին մորենիք եւ մասուրենիք. վերջնոց պտուղն կարմիր է եւ աւելի կլոր, կը հասուննան աշնան վերջի ամսուան մէջ, որք գիւղացի մանուկներու համար սիրելի պարգեւներ են բնութենէն տրուած:
       Յիշեալ քարահանքի ձորոյ ձախակողմն 3-4 քարընկէց հեռաւորութեամբ բլրակ մի կայ, զոր տեղացիք “կարմիր կատայ” կ’անուանեն ոյր վերայ աւերակի մը հետքեր նշմարելի են: Սորա վերի կողման ճանապարհի աջակողմն կը տեսնուի ձորակ մը անուանեալ “Խամշով ձոր”, որոյ Արեւմտակողմն կը գտնուի լեռնակ մի “Գիտուրա” անուն եւ յԱրեւելակողմն լճակ մի “մեծ կէօլ” կոչուած. սորա վերայ կան այլ ընդ այլոյ աւանդութիւնք, յորոց մին է թէ “մեծ կէօլայ մէջ հրեղէն ձիեր կը գտնուին, որ ամեն մարդոյ չեն երեւիր”. լճակիս յԱրեւմտակողմն, փոքր ինչ տարակայ գտնուող աղային հանքն ասկէ 10 տարի յառաջ Հայոց կը պատկանէր, իսկ այժմ անցած է կառավարութեան, որ անդ շինած է փոքրիկ շէնք մը եւ պաշտօնէից ձեռամբ աղերն արտադրելով կը վաճառուին նախնի տէրերուն եւ այլոց:
       Քո-վան-տուք գիւղի Հիւսիսակողման սահմանին վերայ կը նշմարուի աւերակ մը վերաբերեալ Հայոց եւ միանգամայն Քրդաց, որք զայն կ’անուանեն “Թալալոց”, ո՛ւր կայ ջուր եւ մի քանի ծառեր. սոյն վայրն ուխտատեղի է անխտիր երկու ազգաց, որոց մանր տղայքն, երբ ճղային հիւանդութենէն բռնուած լինին, կը բերեն, տեղւոյս ջրովն, կը լուանան եւ խանաֆիլով ըսուած աղբերակէն եւս ջուր կը խմցունեն հիւանդին: Թալալոցիս շրջապատը շատ են պտղաբեր արտօրայք եւ խոտաւէտ մարգեր. այս կողմն է Քարամահմէտ անուանեալ գիւղն, ոյր մի մասի աւերակներէն երբեմն աղճապակիներ դուրս եկած են. աստ կը տեսնուին Հայոց եւ Քրդաց պատկանող մի քանի անյիշատակ գերեզմաններ:
       Տեղւոյս Հարաւակողմն 10 վայրկեան հեռաւոր կայ “Բոկ-մահմէտ” անուն մի գիւղակ, ո՛ւր դարձեալ կը տեսանին Հայկական ննջեցելոց տապանաքարինք…: