Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԾԴ. ԹԻՄԱՐԱՅ Գ. ԳԻԾՆ (ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ)
       ԿԻՐԱՇԷՆ. - Սոյն ծովեզերեայ գիւն ունի 30 տուն Հայ բնակիչք, որք մեծագոյն մասամբ բրուտ են. կը շինեն հողէ այլ եւ այլ ամաններ, որոց հողն արդէն գիւղի սահմանին մէջ է. շինուած ամաններն ‘ի Չանաք-գալէ շինուածներէն շատ գերազանց են թէ՛ դիմացկունութեամբ եւ թէ՛ ջուրը պաղ պահելոյ յատկութեամբ, միայն թէ արհեստապէս չեն գեղեցիկ կամ ոսկեզօծեալ. Վասպուրականի յամեն կողմեր կը տարուին ‘ի վաճառ:
       ՄԱՐՄԵՏ. - Նախորդի Արեւմտահիւսիս եւ անկէ 11/2 ժամու հեռաւորութեամբ: Ունի 120 տուն Հայ բնակիչք, որք այգեգործ եւ երկրագործ են: Գիւղն ունի լաւ տեսարան եւ Սեւ կամ իւր անուամբ “Մարմետ” կոչուած գետն իւր առջեւէն կ’ընթանայ: Ունին եկեղեցի, քահանայ եւ դպրոց, ու թուով 30 պանդուխտ:
       ԱՄԵՆԱՇԱՏ. - Ունի 28-30 տուն Հայ, մեծաւ մասամբ չ’քաւոր. ունին եկեղեցի եւ քահանայ առանց դպրոցի: Տեղւոյս տեսարան շատ սիրուն է իւր խաղողի այգիներովն: Աստ բաւական նշանաւոր պրակ մի կայ պատկանող Կտուց անապատայ, եւ որոյ մէջ 7-8000 հատ թեղի ծառեր կը գտնուին:
       ԱՆՆԱ-ՎԱՆՔ. - Բնակիչ 30 տուն նախորդին գրեթէ յար եւ նման: Ունին գովելի կրօնասիրութիւն. ուսումնասիրութիւն եւ օրինակելի ընտանեսիրութիւն: Պանդխտութեան գնալն բնաւ չեն սիրեր: ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուամբ հին եկեղեցի մ’ունին հաստատուն շինուածքով զոր կառուցանել տուած է Աննա Շիրակացին, որոյ գերեզմանն եկեղեցւոյ մէջն է, ո՛ւր տարին մի անգամ պատարագ կընեն:
       ԱԼԻՒՐ. - Սոյն գիւղն Թեմարայ Մայր գիւղն է եւ կը գտնուի Վանայ Հիւսիսային Արեւմուտքը 4 ժամու հեռաւորութեամբ. շինուած է մի ընդարձակ եւ տափարակ դաշտի վերայ` շրջապատեալ պտղատու ծառաստաններէ եւ 100էն աւելի խաղողի այգիներէ: Բնակութեանց թիւն է 250 զուտ Հայ, որոց նիւթական կողմն լաւ է: Եկեղեցին ճաշակաւոր եւ կոկիկ է: Աստ կայ Միացեալ Ընկերութեանց պատկանող անուանական նախակրթարան մը: Գիւղս ունի 60 հոգիէ աւելի պանդուխտ ‘ի Կ. Պօլիս:
       Կարմիր Վանք
       Ալիւրի յԱրեւմտակողմն յիշեալ անունով աւերակ մի կայ, որ դուն ուրեք ուխտատեղւոյ կը ծառայէ բարեպաշտ գիւղացւոց համար: Տեղւոյս անկորուստ խաչաքարինք բնական լեզուաւ մը կրնան զանցելոց պատմել, բայց որովհետեւ ես մտիկ ընելոյ պատեհ ժամ չունիմ, կ’անցնիմք հետեւեալ շէն տեղին, ո՛ւր հարուստ ԺԱՄ կրնամ ունենալ:
       ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԱՆՔ
       Սոյն մենաստան գիւղէն 6-7 քարընկէց հեռու է եւ շինուած սրբատաշ քարերէ` կառուցման թուականն չ’գտի եւ տաճարն շատ աւելի հին է:
       Վանահայր-Վարդապետին հետ խօսեցայ աշխարհիս չորս կողմերու ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ վերայ, մի գիշերօթիկ վարժարանի վերայ, գիւղացի բոկոտն եւ թափառական մանկանց ապագային վերայ, թուղթ եւ գրչի վերայ ու վերջապէս ԼՈՒՍՈՅ եւ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ վերայ, առ որս նա դժգոհութիւն մի զգաց, եւ այս խօսքիս ճշմարտութեան համար, խիղճս ալ կը վկայէ, սիրտս ալ կը վկայէ եւ միտքս ալ լաւ կը յիշէ: Վանքս նիւթական վիճակի տէր է եւ կը պատկանի Լիմ Անապատայ . Գէորգ):
       Ժրաջան վարդապետին իմ վերջի հրաժեշտս տալով մեկնեցայ եւ ինքն ուրախ լինելով շարունակեց իւր խոտաքաղութիւնն երկայն գերանդիովն, զոր քաշելոյ շատ յարմարութիւն ունէր եւ առաջուց արդէն վարժ:
       ԷՐԷՐԻՆ. - Ունի 100 տուն Հայ բնակիչ, յանուն Ս. Սահակայ աննշան վանք մը, եկեղեցի եւ պարզ դպրոց մը: Գիւղիս մէջ կան խաղողի մի քանի այգիներ:
       ԱՄԿՈՒ ԲԵՐԴ. - Ունի 25 տուն Հայկական եւ 20 տուն Մահմետական: Աստ կայ բնականէն բերդակ մ’աննշան, որ ժամանակին իւր նպատակին ծառայած է եւ այժմ անշքացեալ:
       Գիւղիս մէջ կը պահուի “Ամկու Աւետարան” կոչուած ձեռագիր Աւետարան մը, “որոյ գրողն օր մէկ ոսփան հատ կերած է”:
       ***
       Վան-Տոսպ գաւառի Հիւսիսակողման Թէմար ըսուած սոյն մասի վերոյիշեալ գիւղերէն զատ կան նաեւ Խժիշկ, Էջմիածին, Նոր-շէն եւ այլ մի քանի աննշան գիւղակներ, զորոց խօսիլ չ’արժեր:
       Ուստի այսչափովս լրումն կը տամ Տեղագրութեանցս Բ. Մասին, զոր նման առաջնոյն, հաւատարմութեան եւ անկեղծութեան դրոշմով կը կնքեմ եւ քանի որ ըստ Արաբական առածին, “’ի հաւատարմութեան է փրկութիւն”, ուրեմն սոյն պատեհ առթիւս ջերմապէս կը յանձնարարեմ իմ համարիւն եղբարցս միշտ սիրել զԱզգն եւ զՆորա Տէր, սիրել Հայրենիք եւ Մայրենիք, սիրել իւր օդն կենսատու, սիրել հողն եւ ջուրը, սիրել առուք եւ կարկաջք առուակաց, սիրել լերինք եւ բլուրք, յորս են ոչխարք եւ գառինք Արմենական գիւղացւոյն, սիրել դաշտք եւ հովիտք, որք լի են խնկունի ծաղիկներով, սիրել բոյսք եւ անդաստանք, որոց մէջ յաճախ կը լսուին քաղցրանուագ սոխակներու անուշ դայլայլիկք, սիրել տունքն եւ տեղիքը, ո՛ւր կապրին ԱՒԱՆԴԱՊԱՀ Հայ գիւղացիք, սիրել շէնք եւ աւերակք, սիրել եւ միանգամայն խնկել համայն վանօրէից եւ ամայացեալ նուիրական վայրաց, յորոց առ հասարակ կը բուրեն ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՔ եւ ԱՆՈՒՇԱՀՈՏՈՒԹԻՒՆՔ: Սիրել նոյնպէս Արարատայ վճիտ Երկնից պայծառ կամարէն աննեցուկ կախեալ Արեւն եւ Լուսին, մարդկութեան այդ երկու լուսատու ՃՐԱԳՆԵՐ, որոց շնորհիւ միայն կարող են, այս ծուռ ու մուռ աշխարհին մէջ, անսխալ քայլել մեր Երկրի անԳԻՐ Հայածինք, որոց կոյս արտօրէից վրայէն քաղցր ակամբ նայելով կանցանին ամեն օր Երկնային այդ երկու լուսեղէն գունտերն:
       Հուսկ ուրեմն պարտիմք սերտօրէն ընդմիշտ սիրել մեր Օսմանեան Օգոստափառ եւ Բարեխնամ Վեհապետն եւ որպէս վերեւ ակնարկեցի, փարել միանգամայն նորա հզօր գահուն, որոյ փառաւորութեամբ անտարակոյս կապրիմք յաւիտեան: