Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԸ. ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐՆՈՅ ԳԻՒՂՕՐԷԻՑ
       ԱԳԱՐԱԿ. - Բնակութիւնք 105 տուն, յորմէ 70 Հայկական եւ 35 Տաճկական են: Հայք ունին ՍՈՒՐԲ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ կոչուած եկեղեցի մը, կայ 2 քահանայ եւ մէկ ծաղկոց: Գիւղս Ազգին տուած է մի գոհար Պ. Մկրտիչ Խաչիկեան՝ ազնիւ երիտասարդն, զգայուն եւ հեռատես… որ բնակութիւնն այժմ հաստատած է քաղաքին մէջ, ո՛ւր ‘ի շարս ուսեալ մասին պատուաւոր տեղի մը կը գրաւէ եւ որոյ պապու վերայ եղած հետեւեալ տեղեկութիւնք կարեւոր կը համարիմ պատմել եւ ապա շարունակել:
       Կարնոյ ընդհանուր գաղթականութեան ժամանակը (տես էջ 255-256) միմիայն այս Ագարակ գիւղի Հայերն իւրեանց տեղէն չ’շարժեցան, ըստ որում Քահեա-Թորո (Թորոս) Խաչիկեանն կարող կը լինի տեղւոյ Հայերն հանդարտեցնել եւ միանգամայն դիմադրել Կարապետ Եպիսկոպոսի կրից բռնութեան, որով գաւառիս համայն Հայերն կամէր տանիլ ‘ի Ռուսաստան. յիշեալ Եպիսկոպոսն երբ զԹորոն կրկին համոզմամբ եւ մասամբ մը սպառնալեօք կուզէ իւր նպատակին բերել, այս անգամին մեր ազնիւ Թորոն բարկութենէն Բաբելոնեան հուր կտրած ոտքերն գետին կը զարնէ, նման ճշմարտախօս Գալիլէին Երկրագնդիս դառնալու վկայութեանն, եւ կը գչէ ասելով “մենք աւելի նախապատիւ կը համարիմք մեռնիլ մեր Օսմանցու հողին վերայ եւ չ’թողուլ զՀայրենիս քան թէ երթալ օտարին հպատակ լինելով` չունենալ տուն եւ տեղիք”: Այս վեհանձն պատասխանն համբաւ կը հանէ գաւառիս մէջ` մինչեւ որ կը հասնի Ճէնէթ մէքեան Սուլթան Մահմուտի ականջը եւ անմիջապէս հրաման կընէ Կարնոյ նոյն ատենուան կուսակալ հռչակաւոր Իսէթ փաշային, որ պատուէ զՀայ Թորոն, որոյ հաւատարմութեան հոգին զիւր համբաւն, որպէս ասացի, մինչեւ կայսեր ականջը հասուցած էր:
       Կուսակալն կը կոչէ առ ինքն զանի (Հայ Թորոն) եւ շատ մը խալէթներ (պարգեւ) այս ազնիւ Հայուն տալէն ետքը անոր կը հագցունէ կարմիր եւ գեղեցիկ ծերանի մը եւ կը վերադարձնէ յիւր գիւղ ու մունետիկ հանելով ամեն կողմերը կը պատուիրէ թէ “ով որ ագարակ գիւղի բնակչաց, որք իրենց հայրենի օճախ սիրելով չեն գաղթած, վնաս մը հասցնելու լինի “չարաչար պիտի պատժուի” այսպէս ահա մեր հայրենասէր Թորոն առօք եւ փառօք ‘ի գիւղն կը վերադառնայ եւ դրացի Մահմետականացմէ ամեն տեսակ արգանք ընդունելոյ բաղդին կը հանդիպի եւ ահաւասիկ իր վերջի կտակն, զոր ըրած է մեռած պահուն “իմ մահուանէն սօնրա եթէ աշխարհիս գործերն դարձեալ պատերազմ կը բերեն մեր այս Երկրին վերայ, դուք սիերէցէ՛ք հոգւով եւ մարմնով զՕսմանցին, սիրեցէ՛ք ձեր Հայրենիք, որոյ օճախ քակողին դէմն իմ չորացեալ սոկրոտիք պիտի բողոքեն՝ այս աշխարհի մէջ Սուլթանին առջեւ, եւ ‘ի հանդերձելումն արդարոյն՝ եւ թող նա (գաղթող) երեւի թշնամի թէ՛ մեր Տէրութեան, թէ՛ մեր Ազգին եւ թէ՛ մեր այս Ագարակին, ո՛ւր ծնած եւ սնած եմք գիւղովին”:
       մահամերձ Թորոն Ագարակցի
       ԽԱՐԱՐԶ. - Բնակիչ 90 տուն, յորմէ 60 Հայ եւ 30 Տաճիկ են: Հայերն ունին Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուն եկեղեցի մը, սիրուն տեսքով եւ ճաշակաւոր կառուցմամբ. իւր խաչկալն ճարտարարուեստ գործ մի է, նուրբ եւ ընտիր. ‘ի ծերոց կ’աւանդի թէ “այս է Արծն քաղաք, հռչակաւոր եւ պատմական, բազմաթիւ եկեղեցիներով եւ հազարաւոր բնակիչներով”. սոյն աւանդութիւնն ճշմարտութեան կը մերձի երբ գիւղիս շրջապատի ընդարձակ աւերակաց տեղերն ‘ի նկատ առնուի, որոցմէ, նման Մանազկերտ քաղաքին, դուրս եկած են երբեմն հին բաղանեաց եւ այլ շէնքերու հետքեր, պղնձէ անօթք, այլ եւ այլ զարդերու նշաններ եւ Հելլենական դրոշմ կրող դրամներ. մենք թողումք տեղւոյս հին վիճակի նկարագիրն Լաստիվերտացւոց ճարտար գրչին եւ անցնիմք յայլ գիւղ:
       ԸԼԸՃԱ եւ ԿԵԶ. - Սոյն երկու գիւղերուն վերայ մեր Տեղագրութեանց Ա. Մասի երես 17-18 խօսած լինելով՝ աստ կրկնել աւելորդ կը համարիմ:
       ՀԻՆՁՔ. - Կարնոյ յԱրեւելահիւսիս եւ անկէ 3 ժամու չափ հեռաւոր. բնակութեանց թիւը 80, որմէ 50 Լուսաւորչական Հայ, 20 Հռոմէական Հայ եւ 10 տուն Մահմետական: Մերայինքն ունին յանուն Ս. ԽԱՉԻ շինուած եկեղեցի մը բարձր բլրոյ մը կողին վերայ շրջապատեալ բազում տապանաքարերէ: Տեղւոյս Հայոց գերեզմանատան մի եզերաց վերայ մատուռիկ մի կայ, ոյր նկատմամբ կը պատմուի թէ “Մեծն Ներսէս Հայրապետի ճգնարանն եղած է”: Հինձք գիւղն ունի գետակ մը՝ որ կը բղխի մերձակայ լեռներէն. սոյն ջրոյ մէջէն գիւղացիք մանր ձկունք կ’որսան երբեմն:
       ՈՒՄՈՒՏՈՒՄ (յոյսս). - Կարնոյ լերանց Հիւսիսակողման ստորոտը կը գտնուի, շինուած ընդարձակ բլրոց մը կողին վերայ, եւ բաւական լաւ տեսարանաւ. ունի 78 տուն, որմէ 50 Արմենական եւ 28 Մահմետական են: Արմենականքն ունին Ս. ՅԱԿՈԲ անուամբ գետնափոր եկեղեցի մը, հին եւ շատ ողորմելի. եկեղեցւոյս վիճակին նայելով կարելի է ասել թէ իւր շինութեան ատենը զԱստուած միայն գետնի տակ պաշտելոյ ազատ կրցած են լինիլ: Երկու տարակրօն բնակիչք թաղերով իրարմէ անջատեալ կը բնակին…:
       Տեղւոյս մերձակայ լերանց մէջ երբեմն “կովծուծ” կոչուած վայրի կենդանիք կ’երեւին, որոց մասին տեղացիք կը պատմեն թէ գառան չափ մեծութիւն ունի եւ երկայն պոչ մը, որով կը շրջապատէ ոչխարի սրունքները, այնպէս որ խեղճ ոչխարն կը մնայ անշարժ եւ ինքն զնորա կաթ ծծելով կը թունաւորէ, որմէ այլեւս ոչ ոք կը համարձակի ուտել. գիւղացիք բժշկական այլ եւ այլ դեղեր ‘ի գործ կը դնեն ոչխարէն այդ թոյն դուրս բերելոյ համար. զոր օրինակ արիւն կ’առնուն եւ յաճախ սառի նման պաղ ջրով կը լուանան ոչխարի ծիծերն եւ այնպէս կը կթեն ու կը թափեն. սոյն գործողութիւնն մի ամսոյ չափ կը շարունակեն եւ ապա կը համարձակին այդ ոչխարի կաթէն ուտել: Կարնոյ միւս լերանց մէջ սոյն օրինակ վնասակար կենդանիք ց’արդ չեն տեսնուած:
       ԿՐԻՉՔ . - Բնակութեանց թիւն 75, որմէ 40 տուն Հայ եւ 35 Տաճիկ են: Հայերն ունին ՔՐԻՍՏՈՍ ԹԱԳԱՒՈՐ անունով պարզ եկեղեցի մը: Գիւղէս 1/2 ժամ հեռաւորութեամբ քարայր մի կայ փորուած, զոր “քարաքիթ” կանուանեն, որոյ նկատմամբ անորոշաբար կաւանդեն թէ “Ֆէհրատ անուն մէկէ մը մնացած է”:
       ՄՈՒՏՈՒՐԿԱ. - Կարնոյ Հիւսիսակողմն, բնակիչ 74 տուն, որմէ 60 Հայ եւ 14 Տաճիկ են. Հայք ունին ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ անուամբ բաւական ճաշակաւոր եկեղեցի մը, քահանայ եւ ծաղկոց:
       ԱՐԾԱԹԻ. - Բնակութեանց թիւն 70, որմէ 10 տուն Լուսաւորչական Հայ են, 40 Հայ Կաթոլիկ եւ 20 Մահմետական: Լուսաւորչականքն ունին մի եկեղեցի, կառուցեալ յանուն ՍՈՒՐԲ ՆՇԱՆԻ. գիւղս քաղաքէն 4 ժամ հեռու է դէպ ‘ի Հիւսիսակողմն եւ շինուած Տումլու լերանց ստորոտը. ունի ջերմուկ մը, որ կը ծառայէ յառողջութիւն այս կողմերու բնակչաց:
       ՏԻՆԱՐԻԳՈՄ. - Բնակիչ 70 տուն, կէսէն աւելի Մահմետական, Հայկականքն ունին ՍՈՒՐԲ ՄԻՆԱՍ կոչուած պարզ եկեղեցի մը եւ խեղճուկ ծաղկոց մը, սոքա ունին նմանապէս գետնափոր եկեղեցի մը, ուր զԱստուած պաշտելոյ համար մտնելն այժմ պէտք չեն զգար որպէս զգացեր են երբեմն:
       ՃԻՆԻՍ . - Ունի 68 տուն, որմէ 20 Հայ եւ 48 Տաճիկ են. առաջինքն ունին ողորմելի եկեղեցի մը՝ շինուած ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳԱՅ անուամբ, կայ ծաղկոց մը, որ չունենալէն տասն անգամ աւելի գէշ է, աստ կը տեսնուի 3-4 տուն Յոյն:
       ԸՂՏԱՁՈՐ . - Շինուած լերանց միջավայրը ունի 65 տուն, 35 Հայ են եւ 30 Տաճիկ. եկեղեցին ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ: Գիւղիս մերձակայ լեռներէ կը բղխին մի քանի աղբիւրք, պաղ եւ անուշահամ, որոնք գլխիվայր կը վազեն կարկաջասահ ընթացիւք ‘ի դաշտն Կարնոյ եւ հոն կոռոգեն բաւական ուռենիք եւ բարդենիք ու միացմամբ երկու ջրաղացքներու ջուր տալով կը թափին Կարնոյ դաշտի Մօրին մէջ: Գիւղիս յԱրեւմտակողմն հայոց հին գերեզմանատան մէջ փոքրիկ եկեղեցի մը կայ եւ աւանդութիւն կըսէ թէ “Յունաց Հերակլ կայսեր ժամանակը երբ կենաց փայտն գերութենէն կը վերադարձնեն, այս գերեզմանատունէն անցած ատեն նոր մեռած պատանի մը դագաղէն յարութիւն կառնու, այս պատճառաւ բարեպաշտ քրիստոնեայք աստ փառաւոր եկեղեցի մի կը շինեն եւ կանուանեն զայն ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ‘ի յիշատակ տեսնուած հրաշիցն” այժմ ուխտատեղի է սոյն եկեղեցին, որ հաւանօրէն պէտք է յաջորդ եղած լինի փառաւոր նախորդի մը:
       ՂԱՐԱՀԱՍԱՆ. - Բնակութիւն 65 տուն, 30 Հայ եւ 35 Թուրք: Հայք ունին ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անունով եկեղեցի մ’առանց ծաղկոցի, զոր ունենալոյ յոյսն ալ կը պակսի: