Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԷ ՀԱՐԱՏԵՆՑԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Հարատենցէն մեկնելով դէպ ՚ի յԱրեւելահիւսիս 2 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղն։
       ՆՈՐ-ԳԻՒՂ. - Ունի 50 տուն, մի եկեղեցի՝ սուրբ Ստեփաննոս անուն 150 տարուան եւ մի քահանայ, կենդանի եւ աշխոյժ։ Ունին մի ծաղկոց, ո՛ւր կ՚աշակերտին 30-35 ուսանողք, յորոց մեծագոյն մասն ամառը եւ ձմեռը կը յաճախէ ՚ի վարժարան։ Ժողովուրդն ունի սէր առ եկեղեցին եւ փափաք առ ուսումն եւ դաստիարակութիւն։ Դպրոցն յանձնուած է Վանցի մի պարկեշտ երիտասարդի, որ իւր զարգացմամբն գոհ կ՚ընէ զուսանողս, սակայն հրահանգի, շատ պարագայից մէջ, կրնայ կարօտիլ։ Հոգւով չափ բերկրութիւն զգացի երբ առոյգ եւ կայտառ գտայ տեղւոյս մանկտին, որոյ եռանդին դժբաղդաբար չեն պատասխաներ գրական պիտոյքն։
       Գիւղիս մէջ բաւական թուով երիտասարդներ կը գտնուին, որք ունին կորով. տեղւոյս տուարներ եւ ոչխարներ իրենց հանգստութիւնն եւ ապահովութիւնը պարտական են յիշեալ երիտասարդաց սոյն օրինակելի վիճակին։
       Նոր-գիւղն շինուած է տափարակ դաշտի մը վերայ, որոյ Հիւսիսային Արեւելը կայ Ս. Գէորգ անուամբ փոքրիկ մատուռ մը կառուցեալ ապառաժի մը վերայ։
       Սոյն գիւղն ժամանակակից չէ Հայոց Ձորոյ միւս գիւղերուն, որպէս իւր անունէն կը յայտնուի: «80 տարի յառաջ աստ կը բնակէր 130 տուն բնակիչ » ըստ աւանդութեան։
       Գիւղիս ճանապարհի վերայ գտնուիլն ամենամեծ դժբաղդութիւն կրնայ համարուիլ բնակչաց համար, որոնցմէ բարեբաղդաբար 3-4 հոգի հազիւ կը գտնուին ՚ի Պօլիս պանդուխտ։
       Նոր գիւղի Արեւմտահարաւը 20 վայրկեան տարակայ՝ Տիս անուամբ աւերակ քաղաքի մը տեղն ցոյց կը տրուի, որոյ հնութեանց բեկորները գրեթէ աննշմարելի չեն։ Սոյն քաղաքի անուան վերաբերութեամբ ՚ի ծերոց կ՚աւանդուի թէ «ժամանակին շքեղ եւ լաւ գիւղաքաղաք մը լինելով՝ հեռաւոր տեղերէն իրեն ՚ի տես կը գային, այս պատճառաւ անունն մնաց տե՛ս որ յետոյ փոխուած եւ եղած է տիս։
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Նոր-գիւղէն ելնելով շարունակեմք ընթացքնիս միեւնոյն ուղղութեամբ կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը։
       ԱՌԵՂ . - Նախորդ գիւղէն 11/ 2 ժամ հեռու կը գտնուի 14 տուն Հայ եւ 3-4 տուն Քուրդ։ Հայք ունին աննշան եկեղեցի մի, յուսահատ քահանայ մը. իսկ դպրոցին գալով՝ ոչ թէ միայն չ՚ունին, այլ նաեւ ունենալոյ յոյսեր կը պակսին, վասն զի իրենք շատ ողորմելի եւ աղքատ են աւատական դրութեան մը տակ։
       ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ
       Գիւղիս յԱրեւելակողմն կէս ժամ հեռու կայ Ս. Վարդան անուամբ մի փոքրիկ վանք՝ կառուցեալ ընդարձակ բլրակի մը ստորոտէն քիչ վերեւ։ Յիշեալ վանքն այժմ ամայի կը կենայ փակեալ դրամբ. տարին մի անգամ Ս. Վարդանայ տօնին գիւղիս քահանայն երթալով կը պատարագէ ՚ի ներկայութեան բազում ուրախալից ուխտաւորաց։
       Աւանդութեամբ կը պատմեն թէ «Ս. Վարդանայ գլուխն սոյն վանուց մէջ թաղուած է մի անծանօթ անկիւնը »։ Սոյն աւանդութիւնն ստուգութենէ շատ կը շեղի, երբ Արտազու դաշտ միտքերնիս բերենք, ո՛ւր Վարդանն ինկաւ։
       Առեղ կը գտնուի Հայոց Ձորոյ Հիւսիսային երկայնութեան Արեւելածայրը։